Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Յուլիս 1968)

Յուլիս 14, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ազատութիւնը
Կիսամիջոց Չի Ճանչնար

Այսօր ի՛նչ կ՛ըլլայ` չենք գիտեր: Բայց երէկ կացութիւնը շատ ծանր էր Չեխոսլովաքիոյ մէջ: Լարուածութիւնը այնքան սաստկացած էր Մոսկուայի եւ Փրակայի միջեւ, որ ամէնէն զգուշաւոր դիտողներն իսկ մօտալուտ կը նկատէին բռնկում մը:

Անցեալ ամսուան վերջերուն Վարշաւիոյ ուխտին զինեալ ուժերը միացեալ ռազմափորձ կատարած էին Չեխոսլովաքիոյ մէջ` իբր թէ Արեւմտեան Գերմանիայէն գալիք յարձակում մը ետ մղելու համար: Բայց երեւոյթները չէին խաբեր: Բոլորն ալ կը զգային, որ ռազմափորձերուն վայրին ընտրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած էր Չեխոսլովաքիոյ ներքին կացութիւնը: Մոսկուա եւ իր հաւատարիմները անհրաժեշտ նկատած էին զինական ներկայութեան մը նպաստը ընծայել չեխ համայնավարներու այն թեւին, որ տակաւին Նովոթնիներու կարօտով կը տոչորի:

Այդ նպաստը, սակայն, երբեք չկրցաւ փոխել դէպքերուն ընթացքը: Ազատութիւնը թեւեր առած` քալեց Մազարիքի երկրին մէջ, ուր Տիւպչեք եւ չեխ նոր ղեկավարները խորհրդային ուժերուն հեռացման պահանջը դրին` բոլոր յեղափոխականներուն անհրաժեշտ խիզախութեամբ մը:

Խորհրդային Միութիւնը եւ արեւելաեւրոպական չորս երկիրներ անմիջապէս հակազդեցին` գրեթէ նոյն օրերուն եւ նոյն բովանդակութեամբ նամակներ ղրկելով Չեխոսլովաքիոյ վարիչներուն: Այդ նամակներուն բառացի պարունակութիւնը յայտնի չէ, բայց իմաստը կասկածէ վեր է, հիմնուելով այն արտայայտութեանց վրայ, որ ունեցան չեխ ղեկավարները` անգամ մը եւս ընդգծելով իրենց ներքին գործերուն մէջ որեւէ միջամտութիւն չհանդուրժելու որոշումը:

Ակներեւ իրողութիւն է, որ Փրակա հետզհետէ  դուրս կու գայ խորհրդային շառաւիղէն եւ կ՛ընդգրկէ ուղղութիւն մը, որ ազգային ըլլալուն համար իսկ կը վնասէ Մոսկուայի սեփական շահերուն: Քրեմլին պիտի հանդուրժէ Չեխոսլովաքիոյ ինքնավարութիւնը, եթէ անոր մէջ չտեսնէ ուրիշ վտանգ մը, այս անգամ` ներքին, որ կը սպառնայ նոյնինքն խորհրդային վարիչներուն:

Տակաւին փաստուած չէ, որ ռուս երիտասարդութիւնը նուազ ազատասէր է, քան` չեխականը: Ճիշդ է, որ Չեխոսլովաքիոյ պարագային արժանապատուութեան խնդիր մըն ալ կայ, բայց պայքարին էութիւնը նոյնն է խորհրդային կամ անոր տիրապետութեան ենթակայ բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր ազատութեան հարցը հաւաքականութեան եւ անհատի խնդիր է միաժամանակ:

Արդ, եթէ Չեխոսլովաքիա այսօր վերջնականապէս իր ենթակայական կապերը խզէ Խորհրդային Միութենէն, կասկած չկայ, որ քսան եւ աւելի տարիներէ ի վեր ռուսական տիրապետութեան ենթակայ եւրոպական այլ երկիրներ ձեռնածալ պիտի չմնան, նոյնիրաւ իրաւունքներու պահանջ պիտի դնեն եւ անպայմանօրէն ստանան, որովհետեւ իրենց պարագան տարբեր պիտի չըլլայ չեխականէն:

Այդ պարագային ի՞նչ պիտի ըլլայ: Քրեմլին պիտի կրնա՞յ իր ժողովուրդին մերժել այն, որուն տիրացած են երբեմնի իր հարկատուները: Հո՛ն է վտանգը Պրեժնեւ-Քոսիկին-Փոթքորնի երրեակին համար, որ դժուար թէ կարենայ աւելի երկար ժամանակ զսպել երիտասարդ համայնավարներու սերունդը, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան յիշատակներով չէ կապուած վարչակարգին: Լսովի է իր յեղափոխականութիւնը: Բայց տեսած է ու կ՛ապրի այդ յեղափոխութեան ծնունդ եղող ստրկատիրութեան մը չարիքները:

Անշուշտ բռնատէրը կրնայ նորէն արթննալ խորհրդային նոր ղեկավարներուն մէջ: Կարմիր բանակի հրասայլներուն կրնայ վերստին հրահանգ տրուիլ, որ «չէզոքացնեն» Չեխոսլովաքիոյ «հակայեղափոխական» տարրերը: Յետո՞յ: Հարցը կը լուծուի՞: Պուտափեշտը լուծե՞ց: Լուծեց տասը տարուան համար գուցէ, բայց ահա, Պուտափեշտի յեղափոխականներուն պահանջածէն շատ աւելիին կը հանդուրժուի այսօր Չեխոսլովաքիոյ մէջ, միայն թէ Տիւպչեք աւելի առաջ չերթայ:

Բայց պիտի երթայ: Ազատութիւնը կա՛մ ամբողջական կ՛ըլլայ, կամ` երբե՛ք: Կիսամիջոց չի ճանչնար: Կիսամիջոցի չի դիմանար: Փրակայի ազատատենչ ղեկավարներուն դրօշակին վրայ այս նշանաբանը կը տեսնենք: Ամբողջ ժողովուրդ մը անոր ետեւէն կը քալէ:

Վաղը պիտի քալեն այլ ժողովուրդներ, որոնց համար գիշերը երկար տեւեց:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Երազելի Վայրեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?