Թուրք Մամուլը
Հայերու Դերը
Օսմանեան Պետութեան Մէջ
«Ենի Իսթանպուլ»-ի մէջ Էրտողան Արըփընար «Հայկական հարցը» իր յօդուածաշարքին մէջ կը ներկայացնէ նաեւ հայերու կատարած դերը օսմանեան պատմութեան մէջ:
Ի միջի այլոց կը գրէ.
«Հայ ժողովուրդը ճիշդ 650 տարի ամենալաւ պայմաններու տակ ապրեցաւ թրքական հողերուն վրայ: Գնահատուեցաւ եւ ոչ ոք կասկածեցաւ, թէ կառավարութեան մէկ տկար վայրկեանին գրգռիչ ազդեցութիւններու ենթակայ պիտի ըլլար:
«Հայերը ամենաբարձր դիրքերու տիրացած էին այդ շրջանին եւ ստացած էին «հաւատարիմ ազգ» տիտղոսը: Դեռ մօտաւոր անցեալին օսմանեան կառավարութեան մէջ կային 11 հայ նախարարներ, ինչպէս` Յակոբ փաշա, արքունի արկղակալ` Միքայէլ Փորթուգալեան փաշա, Գազազեան փաշա, մարաջախտ Կարապետ Արթին Տաւուտ, Անտոն Թընկըր Եաւեր, թղթատարութեան նախարար Ոսկան Մարտիկեան, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Պետրոս Հալաճեան, իրաւագէտ` Գրիգոր Մնակեան, Գրիգոր Աղաթոն, արտաքին եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Գաբրիէլ Նորատունկեան, նաեւ` ելեւմտական նախարարը:
«Հայ դեսպաններ ալ կարգուած էին օտար պետութեանց մօտ: Յիշենք Լա Հէյի դեսպան Յովսէփ Մինասեանը, Լոնտոնի դեսպան Եդուարդ Զոհրապը, Պրիւքսէլի դեսպան Տիգրան Ալիքսանեանը, Պերլինի եւ Վիեննայի դեսպան Կարապետ Արթին փաշան:
«Օսմանեան խորհրդարանին մէջ կային 1876-ինը, 1908-ին տասնմէկ, 1914-ին տասներկու հայ երեսփոխաններ: Հայերը թուրք մամուլին, երաժշտութեան, ճարտարապետութեան եւ այլ մարզերու մէջ թրքութեան մէկ անբաժանելի մասը կը կազմեն: Միայն թէ…»:
Յօդուածագիրը այնուհետեւ կը ներկայացնէ հայոց կուսակցական շարժումը, Դաշնակցութիւնը, հնչակեանները, վերակազմեալները, կը յիշէ Սասունի դէպքը, եւ այլն, եւ այլն:
Հայաստան
Անիի Հազարամեակին Նուիրուած
Զբօսայգի-Յուշարձանի Բացումը
Լենինականէն հարաւ-արեւմուտք տարածուող բարձունքին վրայ, ուր դարեր առաջ եղած է աւանդական Կումայրի բնակավայրը, այժմ կ՛աճին վարսաթափ ուռենիներ, աքասիաներ, սլացիկ բարտիներ:
Յունիս 9-ի կիրակի օրը քաղաքի ուխտաւորները խումբերով կու գային մասնակցելու աշխահահռչակ Անիի հազարամեակին նուիրուած զբօսայգի-յուշարձանի հանդիսաւոր բացման:
Խիտ ծառախումբերէն վեր, այնտեղ, ուրկէ կը սկսին զբօսայգիի խորքը տանող աստիճաններն ու ասֆալթապատ ծառուղիները, կը բարձրանայ հոյակապ կոթող մը` նուիրուած քաղաքամայր Անիի հազարամեակին: Կառուցուած է Անիէն բերուած կարմիր տուֆէ եւ ունի 15 մեթր բարձրութիւն: Զարդաքանդակները կը խորհրդանշեն երբեմնի ծաղկուն ու շէն Անիի` գեղեցկագոյն այդ քաղաքի վսեմ ճարտարապետութիւնը, որ լուսաւորուած էր Տրդատ մեծ ճարտարապետի հանճարի շողերով:
Յուշարձանի վերի մասին մէջ Բագրատունիներու զինանշանն է. առիւծը` ընթացքի պահուն, որ միեւնոյն ատեն հայ ժողովուրդի հզօր եւ անընկճելի կամքի մարմնացումն է: Յուշարձանի կառոյցի բաղկացուցիչ մասը կը հանդիսանայ աղբիւր-յուշարձանը, որուն սրբատաշ եւ արեւահայեաց պատին վրայ փորագրուած են Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի բանաստեղծութիւններու տողերը:
Յուշարձանի նախագիծին հեղինակներն են անուանի ճարտարապետներ Յակոբ Ջիւանեանը եւ Ռաֆիկ Եղոյեանը: Ասոնցմէ առաջինը կատարած է նաեւ զարդաքանդակները: Յուշարձանի կառուցման վրայ աշխատած են քարտաշ-որմնադիր Սարգիս Մնոյեան եւ քաղաքի շինարարներու ներկայացուցիչները:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՁԱՅՆ»