«… Որ Ես Աշխարհին
Մի Բանով Թանկ Եմ»
Բարութիւնը, լաւատեսութիւնն ո բարձունքներու կարօտը մեր ժողովուրդի ցեղային խառնուածքին բնորոշ գիծերէն համարուած են սկիզբէն ի վեր ու կը մնան տիրական դեռ մինչեւ այսօր: Կեանքը, հակառակ իր դաժանութեան, մեզի տուած իր բազմապիսի հարուածներուն, սպանդներուն, աւերներուն, չէ կրցած հայ մարդուն սիրտը կարծրացնել ու վարժեցնել աւերումի, բռնութեան, չարագործութեան: Ամէնէն անյոյս պահուն յոյսի մը կառչած ենք մենք, մոխիրներէն վերյառնելու ուժեղ դրուագներով լեցուցած ենք մեր պատմութեան մէկ կարեւոր մասը, ու անձնազոհութեամբ աշխարհը բանով մը հարստացնելու, չափով մը քաղցրացնելու տրամադրութիւնը երբեք ի քուն չէ մտած մեր հոգիին մէջ:
Ցեղային այս յատկանիշները իրենց արտայայտութիւնը գտած են նաեւ հայ գրականութեան մէջ ու գրականութեան բոլոր շրջաններուն` Նարեկացիէն մինչեւ Մեծարենց ու Մեծարենցէն մինչեւ մեր օրերը: Նմուշի համար յիշեցէք այս վերջին գոհարը` ըլլալու, բաշխուելու «ու բարեւի մը փոխան հազար բարիք» տալու մարդկայնական խոր ապրումներ խտացնող անխորտակելի «Հիւղը»: Ուրիշ բանաստեղծ մը` Թէքէեան, պիտի հարցնէր ու հաստատէր իր կարգին.
Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն միայն:
Այլոց ու աշխարհին տրամադրուելու, անանձնական ապրումներով բաբախելու հայ մարդուն ներքին այս խոր ճշմարտութիւնը հայրենիքի մէջ եւս իր արտայայտիչները ունեցաւ, ինչպէս կը վկայեն քովի բանաստեղծութիւնները: «Աշխարհն անլաց» ձգելու բաղձանք մը կայ առաջինին մէջ, ու վարակիչ է այդ բաղձանքը: Չմանրանալու ու մանրանալով կեանքին վրայ չծանրանալու մտահոգութիւն մը կայ երկրորդին մէջ, ու սովորական մարդու մտահոգութիւն չէ այդ մտահոգութիւնը: Աշխարհին «մի բանով թանկ» ըլլալու տագնապ մը կայ երրորդին մէջ, եւ գեղեցիկ է այս տագնապը:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին եւ երկրորդ սերունդին ներկայացուցիչներէն են այս բանաստեղծները, ու աշխարհը սեւ տեսնելու քիչ պատճառներ չտրուեցան անոնց: Իրենց օրով չար մարդեր շատ երեւցան մեր հողերուն վրայ, Նորենց չար սրտերուն պատճառած դառնութիւնը կրեց մինչեւ իսկ Սիպերիոյ դառնաշունչ քամիներուն մէջ, այսուհանդերձ`»
Ես գնայի թէկուզ լալով,
Միայն աշխարհն անլաց մնար:
Կ՛ուզէինք վերստին շեշտել, որ բանաստեղծի, արուեստագէտի քմահաճ բաղձանքներ չեն այս բաղձանքները, մաղթանքները, կարօտները. չարիքներուն, չարագործներուն, սեւ արարքներու բոլոր սեւ գործակալներուն հակադրուող առհաւական այս հին բնազդին շնորհիւ ապրած ենք ու տեւած, ու եթէ «տեղում չենք դոփած» ու` ստեղծագործած, հրաշագո՛րծ ենք նաեւ, ատիկա անոր համար, որ անհրաժեշտ համարած ենք քննութիւնը`
Որ տարիներն իմ չեն անցել ի զուր,
Որ ինձմով մի բան շահել է կեանքը:
Եւրոպացի մէկ-երկու հեղինակներուն եւ անոնց հետեւակներուն գործերը կապկելով իրենք զիրենք նոր համարողները կրնան խոժոռիլ նորէն ու դիրք ճշդել այս բանաստեղծութիւններուն դէմ: Ի՛նչ փոյթ: Նորարարութեան անունով երդում ընողներ շա՜տ մոռցած է գրականութիւնը, բայց պահած է սրտէն եկած խօսքը, պատկերի վերածուած խոհը, յոյզը: Նորարարութեան մարզին մէջ հերոսացածներէն ոմանց անունը լսած է նոյնպէս նոր ընթերցողը, բայց խիստ կասկածելի է, որ տեսած ըլլայ իմացական լոյսի մը հեռագնաց շողը անոնց կուտակումներուն մէջ, կամ լսած ըլլայ ներքին տակնուվրայութիւններ բիւրեղացնող արձագանգներ: Տեսիլք մը ի խնդիր երկարօրէն տառապող երկնողներուն կը պատկանի գործի մը հետ յիշուելու պատիւը, ու գրականութեան մէջ ոչ մէկ ատեն բախտ ունեցած են աղմուկով կամ խորամանկօրէն կազմակերպուած արտառոցութիւններով անուն շինած խորամանկները:
Կարդացէք այս բանաստեղծութիւնները, քաղցրացէք, տարածեցէք անոնց ոգին:
Պ. Ս.
***
Կեանք ու սէր բառը ինձ համար մէկ է:
Թէ սէր չկայ, ես չկամ աշխարհում,
Երկինքը կապոյտ, արեւը շէկ է,
Արեւ չլինի, որտեղի՞ց գարուն:
Իմ սիրոյ համար երկմտանք չունեմ,
Անբաւ սիրուց է իմ տառապանքը,
Միայն գիտենամ, որ սիրում են ինձ,
Որ ես աշխարհին մի բանով թանկ եմ:
Որ ժպտալով են անունն իմ յիշում,
Իմ իղձերն ամէն, ճիգերն ու ջանքը,
Որ տարիներն իմ չեն անցել ի զուր,
Որ ինձնով մի բան շահել է կեանքը:
ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ամբողջ Կեանքում…
Ամբողջ կեանքում մի՛շտ
աննկուն,
Չունենալով դադար ու նինջ,
Որոնեցի ես անվըհատ
Չգիտեմ` ի՛նչ.
Քանզի` ինչ որ գըտայ
կեանքում,
Որոնածի իմ համեմատ`
Թըւաց շա՜տ քիչ…
Եւ իմ փնտռած-գտածս ամբողջ
Բաժանեցի ես աջ ու ձախ, –
Բարի մի խօսք, մի խոհ առողջ,
Սըրտից բխած անհոգ ծիծաղ,
Կարօտեալին` օգնութեան ձե՛ռք,
Սիրահարին` ծաղկի բողբոջ,
Չար սըրտերին` բարի մի երգ,
Ծարաւներին` առուի խոխո՜ջ…
Որոնումով` կեանքըս անցաւ,
Գըտած բարին` տուի մարդկանց,
Ինչ դառնութիւն գտայ ու ցաւ,
Այդ բոլորը ինձ մօտ մընաց…
Ոչի՛նչ, եթէ իմ գընալով
Չարիքն ամբողջ հետըս գնար,
Ես գընայի թէկուզ լալով,
Միայն աշխարհն անլաց
մընար…
ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՆՈՐԵՆՑ
Ապրեմ Այսպէս
Թող աչքերիս լոյսն էլ մարի,
Միայն միտքս փոխուի բառի,
Համերգի մէջ այս աշխարհի
Չհամրանամ, չհամրանամ:
Փոշի դառնամ բարձունքներում,
Հալուեմ ես իմ արցունքներում,
Միայն կեանքի մանրուքներում
Չմանրանամ, չմանրանամ:
Թող ծանրանամ հոգսի բեռով,
Եւ ներշնչուած մնամ նորով,
Կեանքի վրայ ոչ մի օրով
Չծանրանամ, չծանրանամ:
Ապրեմ այսպէս հազար տարի,
Բախուեմ հազար ժայռ ու քարի,
Շնչեմ հազար հողմ ու քամի
Եւ ամրանամ, եւ ամրանամ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ