Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1968)

July 17, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պատիւ Իրեն…

Յուշարձան` Ծիծեռնակաբերդի վրայ, յուշարձան` Մոնթեպելլոյի մէջ, յուշարձան` Պիքֆայայի բարձունքին` առաւել` կոթող մը Սարդարապատի պորտին, եւ արձան մը Քալիֆորնիոյ մէջ` ի փառս ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի:

Օրըստօրէ աճող յուշարձաններու եւ կոթողներու այս թիւը յարգանք պարտադրող երեւոյթ է արդարեւ եւ կը վկայէ նահատակներուն ու հերոսներուն բացած ճանապարհը շարունակելու մեր հաւատարմութեան եւ սքանչելի յամառութեան մասին:

Առաջ գիտակցական այս լոյսով ողողուած չէր մեր ժողովուրդը: Առաջ «տիրացու ազգ» կը կոչէին մեզ ու անիրաւ չէին անփառունակ այդ մակդիրին հեղինակները: Ի՛սկ եւ իսկ տիրացու ազգ էինք: Սաղմոս կարդացող ու մեղսաթաթաւ բառեր կրկնելով` շարունակ ջիղ ջլատող տեսակ մը ամբոխ, որ բռնաւորին կամ անոր հեռաւոր մանրամասնութեան արեւշատութիւն մաղթելով` օրը իրիկուն ըրաւ, տարին բոլորեց, դարեր մաշեցուց ու մաշեցաւ գնաց` առանց հետքի:

Այսպէս ապրեցանք երկար ատեն, մինչեւ` այն լուսաւոր շրջանը, երբ զարթօնքը «հաճեցաւ շունչ փչել» մե՛ր ալ երկրին մէջ, մե՛ր ալ հոգիներուն մէջ: Զարթօնքի շունչը զգացուեցաւ ուղիղ հարիւր տարիներ առաջ, որ խորացաւ աստիճանաբար, ծաւալեցաւ եւ ի վերջոյ յեղափոխութեան վերածուելով` ամբողջովին յեղաշրջեց մեր աշխարհահայեացքը, ըմբռնելու, դատելու, մեր սեփական անձին ու «հայրենիքին տէր ու պաշտպան» կանգնելու նախկին ու ըստ ամենայնի տիրացուական ստրկային կերպերը:

Շնորհիւ յեղափոխական մաքրագործ շունչին նախ թեւ առաւ մեր մշակոյթը եւ ապա քաղաքական արթնութիւն մը լուսաւորեց ողջ ազգը: Այնուհետեւ գլխու պտոյտ պատճառող արագութեամբ մը հերոսներ ծնունդ առին մեր կեանքին մէջ` ֆետայական խումբեր, կամաւորական բանակ, իր պատմական դերին գիտակից հաւաքականութիւն մը եւ հաւաքաբար թշնամիին դէմ ծառանալու վճռական կամք մը, որ վերակերտեց հայրենիքը ու բարձրացուց հայ մարդու որակը:

Զարթօնքէն ու զարթօնքի խմորումներով պայթած յեղափոխութենէն ետք, նահատակը անորոշ նահատակ մը չէր այլեւս, թուրք բռնակալութեան տակ ապրող հայ մարդը գրաստային գոյակ մը չէր, մա՛րդ էր, գաղափարական հարստութեան մը կրողը, որ գիտէր իր իրաւունքներուն համար մարտնչիլ, պապենական աւանդներուն տէր կանգնիլ, ապրիլ արժանաւորութեամբ:

Յեղափոխութեան ստեղծած գիտակցական այս դրամագլուխն է, որ յուշարձաններու եւ արձաններու դիմաց` ահաւասիկ նորէն իր պայծառութեան շօշափելի ապացոյցները կու տայ` Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան ու Լիբանանէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաները:

Յուշարձաններն ու արձանները քաղաքակիրթ ժողովուրդներու յատուկ արտայայտութիւններ են, ու մեր ժողովուրդը, պատի՛ւ իրեն, ամէնուրեք յուշարձաններ կը խոյացնէ երկինքն ի վեր եւ արձաններ կը կառուցէ երկնայինները գերազանցող իր ազգային սուրբերուն…

Պ. Ս.

Օրը Օրին

Նոր Պատուիրաններ,
Հին Բաներ

Փիեր Կաքսոթ շահեկան պատմութիւն մը կը պատմէ շաբաթ օրուան «Ֆիկարօ»-ին մէջ: Հռոմի համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Էթթորէ Փարաթորէ լատիներէնի դաս կու տար, ու ցոյց տալու համար, որ կարելի է լատիներէնի դասատու ըլլալ ու հետեւիլ օրուան շարժումին, փոխանակ իտալական դասական կտոր մը տալու իր աշակերտներուն` լատիներէնի թարգմանելու համար, նոր բնագիր մը  կը ներկայացնէ հաստատ համոզումով, որ մեծ հաճոյք պիտի պատճառէ: Ու կը յայտարարէ. «Ութ պատուիրանները» եւ կը թելադրէ.-

1.- Քաղաքավարօրէն խօսեցէք:

2.- Պարկեշտօրէն վճարեցէք, ինչ որ կը գնէք:

3.- Վերադարձուցէք, ինչ որ փոխ կ՛առնէք:

4.- Վճարեցէք կամ փոխարինեցէք, ինչ որ կը փճացնէք:

5.- Մի՛ զարնէք եւ մի՛ նախատէք մարդիկ:

6.- Հունձքին վնաս մի՛ հասցնէք:

7.- Համարձակ մի՛ ըլլաք կիներու հետ:

8.- Գէշ մի՛ վարուիք բանտարկեալներու հետ:

 

Իտալացի փրոֆեսէօրը շատ ուրախ է, որ պիտի ուրախացնէ երիտասարդները, բայց յանկարծ աղմուկ մը կը բարձրանայ, ու մարդը կ՛արժանանայ ծանօթ նախատինքներուն.

«Ֆաշի՛ստ, յետադիմակա՛ն, քաղքենի՛»:

Իտալացին շշմած է, վասնզի մարդը կը կարծէր, որ լաւ բան մը ըրած էր, տուած դասին, տուած պատուիրաններուն հեղինակը… Մաօ Ցէ Թունկն էր…

Եւ Մաօ դեռ ուրիշ բաներ ալ կ՛ըսէ.

«Բնական է, որ երիտասարդները ծերերուն եւ չափահասներուն մօտ պէտք է սորվին եւ որքան կարելի է, անոնց համաձայնութիւնը ունենան որեւէ օգտակար գործունէութեան ձեռնարկելէ առաջ»:

Բայց երիտասարդները, որոնք կը բողոքեն, կը մերժեն, կը ժխտեն միշտ Մարքիւս կամ Մաօ չեն կարդացած ու կրնան այսպէս ծուղակներ իյնալ, երբ սրամիտ փրոֆեսէօրներ ունին, որոնք միշտ պատրաստ են բան սորվելու:

Ուրիշ շատ տափակութիւններ կան Մաոյի աւետարանին մէջ, որ տարւոյս պեսթ-սելըրն է, որովհետեւ ի վերջոյ չինական յեղափոխութեան քարոզիչները չեն, որ կը կարդան այդ գիրքը, այլ` քաղքենիները, որոնք կը վախնան տգէտ ձեւանալէ կամ ուշ մնացած մտաւորականի տեղ անցնելէ:

Թէ ոչ, ամէն ոք կը գիտնար, թէ Կոմփիկոսէն ի վեր, թէկուզ, նոր ձեւեր փորձելով, ամէն մարդ հին բաներ կ՛ըսէ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.