Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1968)

July 5, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Հինցած Կարօտներ

Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ մթնոլորտ կրնայ տիրած ըլլալ խորհրդային եւ հունգար բարեկամութեան այն հաւաքոյթին, որ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ Քրեմլինի մէջ` Հունգարիոյ վարչապետ Եանոշ Քատարին ողջերթ մաղթելու համար:

Մեզի անծանօթ կը մնայ նաեւ տեսակը այն բարեկամութեան, որ հաստատուած է երկու երկիրներուն միջեւ, երբ զայն պանծացնելու համար Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը զեղումի այլ աղբիւրներ չի գտներ, եթէ ոչ… յիշել եւ մանաւանդ յիշեցնել Պուտափեշտի ապստամբութիւնը, յատկապէս` այդ ապստամբութեան ճզմուա՛ծ ըլլալու պարագան:

Արդեօք ի՞նչ կրնայ ըլլալ այն բարեկամութիւնը, որուն համար հաւաքոյթներ կը սարքուին` հիւր վարչապետին ըսելու թէ տասներկու տարի առաջ իր երկրին մայրաքաղաքին մէջ ժողովրդային ապստամբութիւն մը ճզմուեցաւ… իբրեւ միակ արդարացում աւելցնելով, որ այդ ապստամբութիւնը «յետադիմական» էր:

Այդ «արդարացման» տալով այն արժէքը, որ ունի, կարելի չէ զուգադիպութիւն մը չտեսնել Կարմիր բանակի պուտափեշտեան սխրանքներուն այս բարեդէ՜պ յիշեցումին եւ այն դէպքերուն միջեւ, որոնք տեղի կ՛ունենան Չեխոսլովաքիոյ մէջ:

Ակնարկութիւնը թափանցիկ է, ազդարարութիւնը` նոյնպէս, ու սխալած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ Պուտափեշտի վրայով, խորհրդային կոմկուսի թիւ մէկը` ան, որ պատասխանատուութիւնը ունի աչքին բիբին պէս հսկելու համայնավարութեան նուաճումներո՜ւն վրայ, խօսքը կ՛ուղղէ Փրակայի, ուր մարդիկ ատենէ մը ի վեր այնպէս կը շարժին, որ կարծէք ո՛չ Մազարիք իր նախարարատան պատուհանէն նետուած ըլլար եւ ո՛չ ալ` Կարմիր բանակը գոյութիւն ունեցած:

Խնդիրը շատ պարզ է: Երկրին ստրկահաճ ղեկավարները չէզոքացնելէ ետք, Փրակայի նոր վարիչները կ՛ուզեն նաեւ ձերբազատիլ Քրեմլինի խնամակալութենէն ազգային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, ներքին եւ արտաքին: Ատիկա կարելի կ՛ըլլայ միայն այն ատեն, երբ օտար որեւէ բանակ չի մնար չեխական հողին վրայ, որքան ալ բարեկամական եղած ըլլայ այդ բանակին ներկայութիւնը, որովհետեւ քսան տարուան ընթացքին չեխերը ըստ բաւականի ծանօթացած են այդ տարօրինակ բարեկամութեան:

Խորհրդային Միութիւնը, որ ներկայիս գրեթէ անկարելիութեան մէջ նոր Պուտափեշտ մը իրագործելու, երբ տակաւին կը շարունակէ վճարել առաջինին գինը, տարբեր միջոցներու կը դիմէ Փրական ամէն գնով պահելու համար իր ազդեցութեան ծիրին մէջ: Արդեօք այդ միջոցները սպառա՞ծ են, որ Պրեժնեւի նման կշռադատ մարդ մը անհրաժեշտութիւնը կը զգայ պուտափեշտներ յիշեցնելու:

Յայտնի չէ: Յայտնին այն է, որ ներկայիս խուլ պայքար մը կը մղուի Փրակայի եւ Մոսկուայի միջեւ` մասնակցութեամբ երրորդ մայրաքաղաքի մը, կէս մայրաքաղաքի մը, ուր Ուլպրիխթ ամէն ջանք կը թափէ Քրեմլինի վարիչներուն մէջ արթնցնելու համար նախակոսիքինեան, բոլորին հասկնալի դառնալու համար, ըսենք` ստալինեան տրամադրութիւններ: Չեխ ղեկավարները կը զգան իրենց անհաւասար, սակայն ոչ անյոյս պայքարին դժուարութիւնները եւ խոհեմութեամբ կը շարժին, որպէսզի անտեղի կերպով չգրգռեն Մոսկուայի զայրոյթը, երբ շատ լաւ գիտեն, որ երեւոյթները փրկելու մտահոգութիւնը յաճախ առաջնահերթ մտահոգութիւնը եղած է բռնատիրութիւններուն:

Չեխոսլովաքիոյ մէջ ծայր տուած շարժումը եթէ արմատանայ, կասկած չկայ, որ պիտի վարակէ ամբողջ Արեւելեան Եւրոպան: Պիտի ստեղծուի նոր կացութիւն մը, եւ եւրոպական ապահովութեան տուեալները խոր փոփոխութեան պիտի ենթարկուին: Մոսկուա, ուզէ թէ չուզէ, պիտի յարմարի այդ կացութեան հետ եւ պիտի աշխատի նուազագոյն վնասով դուրս գալ իր տիրապետութեան ենթակայ երկիրներու ազատագրութենէն:

Բայց այս չի նշանակեր, որ ատենը մէկ խորհրդային ղեկավարները տուրք պիտի չտան հին նախասիրութիւններու, կարօտը պիտի չզգան այն երանելի օրերուն, երբ ամբողջ արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպան, ու նաեւ աշխարհի բոլոր կողմերը գործող համայնավար կուսակցութիւնները Մոսկուայի մատի շարժումին կը սպասէին քալելու եւ կենալու համար:

Երանի թէ Պրեժնեւի պուտափեշտեան զեղումները պարզապէս այդ կարօտին անմեղ, մանաւանդ անհետեւանք արտայայտութիւնը ըլլային:

Որովհետետւ այդպէս աւելի լաւ պիտի ըլլար թէ՛ Փրակայի եւ թէ՛ Մոսկուայի համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Արեւահարութիւն. Նշանները Եւ Պաշտպանուելու Եղանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.