Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Յուլիս 1968)

Յուլիս 10, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էրեբունի – Երեւան

Հնագոյն Քաղաքը

Ժողովուրդներու նման` քաղաքներն ալ ունին իրենց պատմութիւնը: Կը ծնին, կ՛ապրին եւ յաճախ կը մեռնին` թողնելով լոկ յուշ, զարդարելով միայն պատմութեան էջերը:

Եւ շատ են այն քաղաքները, որոնք ծնած են հնագոյն դարերէն, ապրած են անկումներով եւ վերելքներով լի կեանք մը եւ այսօր ալ կը շարունակեն ապրիլ կենսունակ ու հաստատուն` հայեացքը յառած գալիք դարերու փորձութիւններուն:

Այդ քիչերու մէջ առաջիններէն է մեր մայրաքաղաք Երեւանը, որ իր ժողովուրդին նման ու անոր հետ, յաջորդաբար անցած է մարդկային պատմութեան գրեթէ բոլոր փուլերը:

Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ, ՔԱ 9-րդ դարուն պատմութեան բեմ ելաւ Ուրարտական պետութիւնը` կեդրոն ունենալով Վանը, իր շրջակայքով:

Ուրարտական մեծ նուաճող եւ շինարար Արգիշտի Ա. (ՔԱ 8-րդ դարու առաջին կէս) Արաքս գետի ձախ հովիտը գրաւելէ ետք, երկրի տնտեսական, վարչական եւ ռազմական գործունէութիւնը լայնօրէն ծաւալելու նպատակով, ձեռնարկեց, ինչպէս ցոյց կու տան պեղումները, շինարարական մեծ աշխատանքներ, որոնց արդիւնքն են առայժմ մեզի յայտնի երկու նշանաւոր կեդրոնները Արաքսի ձախ հովիտին մէջ` Էրեբունին եւ Արգիշտիխինիլին:

1950-ին Երեւանէն հարաւ-արեւելք գտնուող եւ Արինբերդ կոչուող բլուրի վրայ յայտնաբերուեցաւ Արգիշտի Ա.ի մէկ արձանագրութիւնը պազալթէ կարծր քարի վրայ, որ Էրեբունի բերդաքաղաքի կառուցման վաւերագիրն էր:

Գիտական նոր նիւթերն ու հետազօտութիւնները վերջնականապէս պարզեցին, որ Էրեբունին կառուցուած է այժմեան Երեւան քաղաքի հարաւարեւելեան մասին մէջ, եւ որ Երեւան անունն ալ կը ծագի ուրարտական Էրեբունի անունէն: Պարզ է ուրեմն, որ Էրեբունի ուրարտական անունը, սերունդէ սերունդ փոխանցուելով, հայերու շրթունքին վրայ հնչած է Էրեւունի, իսկ այնուհետեւ` Էրեւան կամ Երեւան:

Էրեբունի բերդ-քաղաքի ռազմական կարեւոր նշանակութիւնը ընդգծուած է ոչ միայն համապատասխան արձանագրութեան բովանդակութեամբ, այլեւ` իր անունով:

Բերդը անուանակոչած է Արգիշտի Ա.ը, ուրեմն Էրեբունին պէտք է ըլլայ ուրարտերէն բառիմաստ: Այժմ արդէն կրնանք ուրարտերէնի բառապաշարին մէջ որոշակիօրէն մատնանշել այդ բառը, որ կը թարգմանուի «գրաւել, նուաճել, յափշտակել», փոխաբերական իմաստով, երեւի նաեւ` «յաղթել», եւ, հետեւաբար, բերդ-քաղաքը, մեր կարծիքով, Արգիշտին կոչած է «Գրաւում», «Յաղթանակ»:

Պեղումները բացին հոյակապ բերդ-քաղաք մը` իր պալատական շէնքով, հասարակական եւ արքունի տաճարներով, իր սիւնազարդ, ընդարձակ դահլիճներով, սրահներով, անհրաժեշտ պահեստներով, եւ մեր կարծիքով, նաեւ զօրանոցներով: Ի զուր չէ, որ Արգիշտի Ա. պարծանքով կը նշէ, որ ինքը կատարած է այնտեղ այլ «հզօր ձեռնարկումներ»:

Էրեբունիէն պեղուած նիւթերուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն որմնանկարչական արուեստի հոյակապ բեկորները:

Էրեբունի բերդ-քաղաքը, ըստ երեւոյթին, ունեցած է իր խորհրդանիշը, ինչպէս կը վկայէ Կարմիր բլուրի մէջ գտնուած պրոնզէ եօթը սանթիմեթր տրամագիծով գողտրիկ պատուանդանը, որ իր վրայ կը կրէ սեպագիր արձանագրութիւն մը, որմէ կը պարզուի, որ ան պատրաստուած է Էրեբունի բերդ-քաղաքի կառուցման առիթով:

Արգիշտի Ա.էն բացի` Էրեբունիի մէջ շինարարական կարեւոր աշխատանքներ կատարած է նաեւ իր որդին եւ յաջորդը` Սարդուր Բ., որ յաջողութեամբ շարունակեց Սեւանի աւազանի նուաճման ծրագրի իրագործումը, անշուշտ, ռազմական ելակէտ ունենալով նոյն Էրեբունի բերդ-քաղաքը:

Այսպիսի բարձր մշակոյթ ունեցող բնակավայրը, պարզ է, չէր կրնար անհետ կորսուիլ: Ան, աւելի կամ պակաս նշանակութեամբ, գոյատեւած է երկար դարեր ու հասած է հայերուն:

Արինբերդի պեղումները երեւան հանեցին նաեւ աքեմենեան ժամանակաշրջանի Հայաստանի մշակոյթի ակնյայտ հետքերը: Նշենք նորէն 5-րդ դարու (ՔԱ) միլիտեան դրամները, որոնք թուագրեցին պեղումներով բացուած ուրարտական մեծ տաճարի, ՍՈՒՍ-ի արքունի տաճարի եւ այլ կառոյցներու հետագայ վերանորոգումները:

Հետագայ ժամանակաշրջաններուն վերաբերող հնագիտական նիւթերը նոյնպէս կը խօսին Էրեբունի բերդ-քաղաքի յարատեւութեան մասին:

Այսպիսով, արձանագրութիւնները, պատմալեզուագիտական ու հնագիտական պարզորոշ տուեալները, նաեւ առողջ բանականութիւնը կը թելադրեն ըսելու, որ ո՛չ տեղաբնակ ցեղերը, ո՛չ ալ ռազմագերիները իրենց մշակոյթով, նիստուկացով, արիւնով անհետեւանք չկորան, այլ կազմեցին հայկական էթնոսը, որ նոյն երկրամասի վրայ կերտեց մշակոյթի յաջորդ` անմիջական օղակը, բնականօրէն ժառանգելով նախորդ սերունդներու ստեղծած արժէքները:

Այժմ մենք ունինք քաղաքի հիմնադրման ճշգրիտ տարեթիւը, մշակութային շարք մը կարեւոր տուեալներ, որոնք անոր պատմութիւնը կը հասցնեն մինչեւ մեր դարերը, իսկ 7-րդ դարուն Երեւանը յիշատակուած է իբրեւ արդէ՛ն գոյութիւն ունեցող քաղաք` իր ժամանակի համար անառիկ բերդով:

Անտարակոյս, հնագիտական նոր նիւթերը, մանաւանդ հին հայկական յուշարձաններու գիտական լուրջ ուսումնասիրութիւնը հնարաւորութիւն կու տան առաւել ամբողջացնելու հնագոյն Երեւանի պատմութիւնը:

Մէկ բան պարզ է, որ ան իբրեւ բնակավայր ունի 6 հազար, իսկ իբրեւ քաղաք` շուրջ երեք հազար տարուան պատմութիւն, եւ այս տարի հայ ժողովուրդը իրաւունքով ու հպարտութեամբ պիտի նշէ մշտանորոգ Երեւանի ծննդեան 2750 տարին:

Մ. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Անդրանիկ Պատարագի Մատուցում

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?