Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1968)

July 23, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Ալիք»-ի Նորակառոյց Շէնքին
Պաշտօնական Բացումը

Յուլիս 9-ին տեղի ունեցած է Թեհրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթի նորակառոյց շէնքին պաշտօնական բացումը:

Ներկայ եղած են` վարչապետ Ամիր Ապպաս Հովէյտա` իր շքախումբով, ծերակոյտի եւ խորհրդարանի նախագահութիւնները, նախարարական կազմը, կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հայ ազգային ժողովներու, մարմիններու եւ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ:

Օրուան հանդիսութեան բացումը կատարած է «Ալիք»-ի արտօնատէր Ռոստոմ Ստեփանեանը:  Անդրադարձած է «Ալիք»-ի պատմականին եւ կատարած դերին:

Բարձրախօսի մօտ հրաւիրուած է վարչապետը: Ան նախ իր անսահման ուրախութիւնը յայտնած է եւ շնորհաւորած է «Ալիք»-ը եւ պարսկահայութիւնը` ձեռք բերուած նուաճումին համար: Ապա յայտնած է, որ պարսկահայութիւնը իր մեծ դերը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ Պարսկաստանի բարգաւաճման գործին մէջ: Անդրադառնալով «Ալիք»-ին` ըսած է, որ ան մշակոյթի կեդրոն-տուն մըն է, որ իր գնահատանքի նպաստը կը բերէ պարսկահայութեան եւ երկրին:

Շէնքին պաշտօնական բացումը կատարած է վարչապետը: Ներկաները պտտած են բոլոր յարկերը: Տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին նշուած է նաեւ «Ալիք»-ի հրատարակութեան 37-րդ տարեդարձը:

Այս առիթով լոյս ընծայուած «Ալիք»-ի բացառիկ թիւէն եւ Եդուարդ Կիւլպէքեանի «Հայ մամուլը աշխարհի մէջ» գործին պարսկերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած հատորէն մէկական օրինակ տրուած է ներկաներուն:»

Թեհրանի առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեանը երախտագիտութեան խօսք ուղղած է, աղօթած ու մաղթանքներ կատարած արքայից արքային, Պարսկաստանի ժողովուրդին, կառավարութեան եւ վարչապետին:

Վարչապետին եւ իր շքախումբին մեկնումէն ետք խորհրդարանի անդամ Սեւակ Սագինեանը յայտարարած է, որ վարչապետը 25 հազար մեթր հող նուիրած է Հայ «Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան` մարզադաշտի համար:

«Ալիք»-ի նորակառոյց շէնքի պաշտօնական բացումը պատմական օր մը եղած է. նոյն օրը Թեհրանի պատկերասփիւռէն եւ ձայնասփիւռէն հաղորդուած է հանդիսութիւնը: Պատկերասփիւռը ցուցադրած է նաեւ բացման հանդիսութեան ժապաւէնը:

Յաջորդ օր Թեհրանի բոլոր թերթերը արձագանգ հանդիսացած են եւ տպագրած են նկարներ` հանդիսութենէն:

 

Օրուան Դէպքերուն Հետ

Առ Ի Երախտագիտութիւն

Կարելի չէ ըսել, որ ամերիկացի նաւազները լաւ աչքով կը դիտուին բոլոր երկիրներու մէջ: Վերջին տասնամեակի ընթացքին «Yankee, Go home»-ը ամէնէն աւելի լսուած կարգախօսներէն մէկը եղաւ ասիական հարաւ-արեւելքէն մինչեւ միջերկրականեան աւազան ու անկէ` կեդրոնական եւ հարաւային Ամերիկաներ:

Քանի մը օր առաջ, երկիր մը փոխեց, սակայն, այդ կարգախօսը եւ անոր տուաւ անձնական կնիք ու գոյն, ու այդ երկիրը եղաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանեալը. այն, որուն միլիառները քսան տարուան ընթացքին հալեցան թրքական ապիկարութեան եւ… գրպաններու մէջ:

Կու տանք մանրամասնութիւնները այն ծանրակշիռ դէպքերուն, որոնք անցեալ շաբաթ պատահեցան Պոլսոյ մէջ, ուր հանգստանալու գացած էին ամերիկեան վեցերորդ նաւատորմին ծովայինները, ու փոխան հանգիստի` գտան ծեծ ու խոշտանգում, ինչպէս նաեւ` «ԵԱՆՔԻ, ԿՕ ՀՈՄ»-ին թրքական տպագրութիւնը, որ անկասկած ամէնէն կատարելագործուածն է իր տեսակին մէջ.

– Ամերիքալը Իթ, Էվինէ Կիթ.

Թէեւ թուրք ուսանողներու փափաքէն կախում չունի ամերիկացիներուն տունդարձը, եւ այնքան միամիտ պէտք չէ ըլլալ` կարծելու համար, որ ամերիկեան արժանապատուութեան դէմ արձակուած այս ծանր վիրաւորանքը իր անդրադարձը պիտի ունենայ քաղաքական գետնի վրայ, սակայն պատահածները կու գան աւելորդ անգամ մը եւս փաստելու «երախտագիտակա՜ն» այս զգացումները, որ թուրքերը ընդհանրապէս ունեցած են իրենց բարեկամներուն հանդէպ…

Կար ժամանակ, երբ ամերիկացի նաւազները գրկաբաց կ՛ընդնուուէին թուրքերու կողմէ: Փիեռ Լոթիներու արժանի սեղաններ կը սարքուէին եւ ուրիշ բաներ` կազդուրելու համար ծովային հեռաւոր ճամբորդութիւններէ եկող տոլարճիները: Հիմա ի՞նչ բան փոխուած է, որ թուրք ուսանողներ յանկարծ կրակ կը կտրին եւ թոպերով ու բիրերով կը յարձակին ամերիկացի նաւազներուն վրայ, որոնց տարբեր «յարձակումներու» ճաշակը տուած էին ցարդ:

Պատահած է այն, որ Ամերիկան քիչ մը ժլատ դարձած է թուրք անկուշտներուն համար: Ամերիկա տարիներով տոլար հոսեցուց թրքական դանայեան տակառին մէջ: Այդ միլիառներէն հետք չէ մնացած: Մնացած են միայն անոնց փոխարէն Թուրքիոյ մէջ հաստատուած ռազմական խարիսխները, որոնք այսօր ծանր կը ճնշեն Թուրքիոյ «ազգային արժանապատուութեան» վրայ, ու թուրքերը յանկարծ կը յիշեն, որ իրենք անկախ երկիր են, եւ այդ անկախութիւնը փաստելու լաւագոյն միջոցը կը նկատեն անպաշտպան նաւազներու խոշտանգումը…

Ըսինք` լաւագոյնը: Պէտք է ըսէինք` միակը: Որովհետեւ թուրքերը ի բնէ ծանօթ չեն անկախութեան ապացոյց տուող տարբեր եղանակներու: Անկախութեան ստորոգելիներէն շարունակ զուրկ եղած է Թուրքիան, նոյնիսկ իր փառքի օրերուն: Ապրած է ուրիշներու ապաւինելով եւ այդ ուրիշներուն հանդէպ իր երախտագիտութիւնը արտայայտած է տափաստանային մարդու մոլուցքով, վայրագաբա՛ր:

Ճիշդ է, որ բարեկամութեան չափանիշները փոխուած են այսօր քիչ մը ամէն տեղ, բայց այդ աղաւաղումը ամէնէն աւելի զգալի է Աթաթիւրքի երկրին մէջ, ուր մարդիկ, յանուն թրքութեան, բարեկամներ ծով կը թափեն:

Չենք գիտեր, թէ ամերիկացի նաւազները որքանո՞վ գնահատած են թրքական «հանգիստը», բայց կասկած չկայ, որ Զմիւռնիոյ աղէտեալներուն նման ծով նետուող այդ մարդիկը իրենց կեանքին մէջ այսուհետեւ մէկական կենդանի վկաները պիտի ըլլան թրքական… քաղաքակրթութեան, շարունակ յիշելով Պոլսոյ ակամայ լոգանքը, քարափին վրայ հրկիզուած ամերիկեան կառքերուն ծխապատ պատկերով:

Տ. Ո.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արուեստագէտ Լենա Այտընեան. «Կ՛երազեմ, Որ Արուեստագէտները Տուն Ունենան Թանգարանի Պէս, Ուր Կարենան Ապրիլ Եւ Գործել»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.