Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1968)

Յուլիս 19, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հանգիստ
Խադ. Արք. Աջապահեանի

Ցաւով կը հաղորդենք վախճանումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Խադ արք. Աջապահեանի, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 17 յուլիս, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազունիէի Ազգ. բուժարանին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Խադ արք. Աջապահեան ծնած էր Սիս, 1885-ին: Ուսումը ստացած էր եւ աբեղայ ձեռնադրուած` Սիսի դպրեվանքին մէջ:

Տարագրութեան տարիներուն գաւազանակիրն էր Սահակ Բ. կաթողիկոսի: Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Հալէպ, 1929-ին: Այնուհետեւ, յաջորդաբար, կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուեցաւ Դամասկոսի, ապա Անտիոքի թեմերուն: Սանճաքի Թուրքիոյ յանձնումէն ետք, 1939-ին, գաղթական ժողովուրդին հետ եկաւ Լիբանան:

1943-1945 կաթողիկոսական տեղապահ` Կարոյեան սրբազանի վախճանումէն ետք: 1946-ին նշանակուեցաւ կաթող. փոխանորդ` Լիբանանի թեմին: Երկրորդ անգամ կաթողիկոսական տեղապահ ընտրուեցաւ 1952-ին, Գարեգին կաթողիկոսի վախճանումէն ետք:

Խադ արք. Աջապահեան երիցագոյն անդամն էր Կիլիկիոյ միաբանութեան:

Վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրած է արդէն` պատշաճ յարգանքով կատարելու համար օծումն ու թաղումը: Գուժը հեռագրով հաղորդած է Ամենայն հայ կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն:

Երէկ` հինգշաբթի, կէսօրէ առաջ, լիբանանահայ առաջնորդ Տաճատ արք. ընկերակցութեամբ երկու վարդապետներու եւ քահանայի մը, մեկնեցաւ բուժարան եւ կատարեց կանոնական աղօթքը, ապա հանգուցեալ սրբազանին մարմինը փոխադրուեցաւ ամերիկեան հիւանդանոց:

Նախագահութեամբ վեհափառ հօր, եպիսկոպոսական պատարագը եւ օծումը պիտի կատարուի վաղը` շաբաթ, 20 յուլիս, կէսօրէ առաջ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Հանգուցեալ Խադ արքեպիսկոպոսի մարմինը պիտի ամփոփուի միաբաններու նորակառոյց դամբարանին մէջ:

 

Ազգ. Կեանքը
Հարաւ. Ամերիկայի Մէջ

Դասախօսութիւն

Պուէնոս Այրէսի մէջ յուլիս 6-ին տեղի ունեցաւ Խրիմեան կրթական հիմնարկութեան «Ճէրէճեան գրադարան»-ի վարչական խորհուրդին կազմակերպած դասախօսութեանց շարքին առաջինը, միութեան սրահին մէջ: «Հայ բանաստեղծները» նիւթին շուրջ դասախօսեց ծանօթ գրող, չինական եւ արեւելեան նիւթերու թատերագիր Օրքելիսա Գույումճեան:

Գրադարանը հիմնուած է Ճէրէճեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ:

«Կաճառ» Գրատուն

Արժանթինահայ համալսարանականներու միութեան ձեռնարկած «Կաճառ» գրատունը հոկտեմբերին պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան նոր տարեդարձի մը: Այս հայ գրատունը, միակը` Հարաւային Ամերիկայի մէջ, կը գործէ Պունէոս Այրէսի կեդրոնական պողոտաներէն Սանթաֆէի նոր կառուցուած «Կալերիա Արմենիա»-ի մէջ, սեփականութիւն` Աշարճեան եղբայրներու, որոնք շուրջ երկու տարիէ ի վեր ձրիաբար տրամադրած են իրենց շէնքի թիւ 40 խանութը «Կաճառ» գրատունի համար:

Ցարդ այստեղ կազմակերպուած են 15 նկարչական ցուցադրութիւններ: Կը վաճառուին ոչ միայն ցուցադրուած նկարներ, այլեւ հայերէն գիրքեր` պատմութիւն, վէպեր, Հայ դատ, Ցեղասպանութեան թրքական փաստաթուղթեր եւ այլն:

«Կաճառ» գրատունը եւ զայն ձեռնարկող արժանթինահայ համալսարանականներու միութեան ազգանպաստ այս գործը արժանի է անվերապահ քաջալերանքի ու գնահատանքի:

Հայկական Պարախումբ

Քորտոպայի մէջ (Արժանթին) գրեթէ տարիէ մը ի վեր կը գործէ «Արմենիա» երիտասարդաց միութեան «Շաքէ-Անդրանիկ» պարախումբը: Վերջերս մասնակցեցաւ «Ֆիաթ» ընկերութեան կազմակերպած փառատօնին եւ արժանացաւ գնահատանքի: Պարախումբը հետեւողական նուաճումներով, վստահ ենք յառաջիկային եւս պիտի արժանանայ հայ թէ օտար շրջանակներու գնահատանքին:

Պրազիլի Հայ Նոր Համալսարանաւարտները

Ապրիլ 17-ին Սան Փաուլոյի (Պրազիլ) «Հայ կեդրոն»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վկայուած հայ նոր համալսարանաւարտներու ի պատիւ հանդէսը:

Յանուն կազմակերպող «Պրազիլ – Արմենիա» ընկերութեան` խօսք առին նախագահ Ռուի Նազարեանը եւ քարտուղար Վահրամ Մուրատեանը:

Նոր համալսարանաւարտներուն եւ համալսարան ընդունուելու քննութեանց յաջողած ուսանողներուն յանձնուեցան վկայականներ եւ նուէրներ:

Նոր համալսարանաւարտներն են`

Իրաւաբան.- Արթիւր Շեքերտեմեան, Ճոաօ Քէշիշեան, Նազարէթ Քէշիշեան, Նազարէթ Մահսերեճեան, Զոհրապ Գոմրեան:
Գրականագէտ.- Մատլեն Քիւրքճեան, Մարլի Քիւրքճեան:
Փիլիսոփայութիւն.- Մարլեն Խունտուրեան:

1968-ի տարեշրջանին համալսարան ուսանելու ընդունուած են` իրաւաբանութեան ճիւղ ութ ուսանող, ճարտարապետութեան 8, տնտեսագիտութեան 3, մանկավարժութեան 2, կենսաբանութեան 2, ընկերային գիտութիւններու 2, փիլիսոփայութեան 1, գրականութեան 1, փորթուգալերէնի 1, մտայնագիտութեան 1, թուաբանութեան 1 եւ հայագիտութեան 1:

Հանդէսի վերջաւորութեան, փրոֆ. Ամատէօ Ա. Ֆոն Պօուքզա դասախօսեց «Մեր օրերու երիտասարդութիւնը» նիւթին շուրջ: Պահանջեց նոր համալսարանաւարտներէն` անվերջ պայքարիլ Հայ դատի արդար լուծման համար:

Երկրդ. Վարժարանի Շէնքի Հիմնօրհնէք

Նախաձեռնութեամբ Արժանթինի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նոր հոգաբարձութեան, յուլիս 6-ին, Պուէնոս Այրեսի մէջ կատարուեցաւ երկրորդական վարժարանի շէնքին հիմնօրհնէքը` ձեռամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի:

Նախապէս կազմակերպուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, ի նպաստ շէնքի կառուցման, նուիրատուութեամբ գոյացաւ 10 միլիոն արժանթինեան փեսօ (33000 տոլար):

Լին Տուրեան Պուէնոս Այրեսի Մէջ

Յուլիս 6-ին Փարիզէն Պուէնոս Այրէս ժամանեց օփերայի երգչուհի Լին Տուրեանը: Ան մասնաւոր պայմանագրութեամբ պիտի երգէ «Քոլոն» թատրոնին մէջ:

Կ. ՀԱՍԱՍԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Լուսիկ Ագուլեցի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?