Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1968)

Յուլիս 11, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գարեգին Եպս. Սարգիսեան
Ուփսալայի Մէջ, Շուէտ

Դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեան եւ հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ Արտաւազդ եպս. Թրթռեան` իբրեւ պատգամաւորներ Կիլիկեան Աթոռին, յուլիս 4-էն ի վեր կը մասնակցին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Դ. ընդհանուր համագումարին, որ տեղի կ՛ունենայ Ուփսալայի (Շուէտ) համալսարանին մէջ:

«Էսոշիէյթը Փրես»-ի կողմէ մեզի տրամադրուած այս նկարը ցոյց կու տայ սրբազանը անկլիքան եկեղեցական, Լիվըրփուլի երէց Սթիուըրթ Պլանշի հետ:

Մայիս 28-ի Յիսնամեակի Փառահեղ
Տօնակատարութիւնը Սիտնէի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի եւ մասնակցութեամբ` ՀՄԸՄ-ի, Հայ մշակութային միութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան, Սիտնէի հայութիւնը ականատես եղաւ մայիս 28-ի յիսնամեակին նուիրուած փառահեղ եւ աննախընթաց հանդիսութեան մը:

Հանդէսը տեղի ունեցաւ Գամմըրէի «Անզաք» սրահին մէջ: Ներկայ էին շուրջ 600 հանդիսականներ:

Բացումը կատարեց Յակոբ Մկրտիչեանը: Հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու պետական քայլերգը եւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ը, որոնք նուագուեցան Հայ մշակութային միութեան «Հայկական անսամպլ»-ի նուագախումբին կողմէ:

Բացման խօսքը ըրաւ Արամ Արամեանը: Ամփոփ եւ յստակ տողերով վերլուծելէ ետք 1918-ին մեր հերոսներու գործունէութիւնը եւ ազգային անկախութեան հրաշապատումը, գովքը հիւսեց իւրաքանչիւր հայ ազգայինի, որ ազգապահպանման սուրբ գործին նուիրուած` կու տայ ազգին այն, ինչ որ կրնայ:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Ղեկավարութեամբ Սարգիս Սարգիսեանի, «Հայկական անսամպլ»-ի երգչախումբին խմբերգները հիացուցին հանդիսականները:

Նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Ստեփան Տայեանի, եւ պարախումբը, ղեկավարութեամբ Կարպիս Եոզղաթլեանի, ստեղծեցին մագնիսացած մթնոլորտ մը: Ներկաները հաղորդուած օրուան խորհուրդով` սքանչացումի մէջ դիտեցին հայկական պարերը եւ ունկնդրեցին հայկական եղանակները:

Բանախօսեց Հայկ Աւագեանը: Բացատրելէ ետք մայիս 28-ի իմաստը, Աւագեանը ըսաւ, որ մայիս 28-ը մեր պատմական ամէնէն աւելի ըմբռնուած եւ ազգասիրական թուականն է: Ապա ընդգծեց, որ ազգապահպանման մեծ գործը ամէն հայու պարտականութիւնն է, եւ թէ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ եւ ամէն տեղ մեծագոյն չափով մասնակցած է այս սրբազան գործին ու կը բերէ իր լայն մասնակցութիւնը նաեւ այսօր:

Պատշաճ արտասանութիւններէ ետք փակման խօսքը ըրաւ Մաք Քահանեանը: Ան պատկերացուց ՀՅ Դաշնակցութեան կոչումը եւ անոր ազգօգուտ գործունէութիւնը:

Հանդէսի պաշտօնական բաժնէն ետք ուրախ մթնոլորտի մը մէջ սկսաւ խրախճանքի բաժինը:

Նուագախումբի խանդավառ պարեղանակներով սկսաւ պարանցիկը:

Օրուան հայկական համեղ ճաշին պատրաստութիւնը յանձն առած էր Աբրահամ Նալպանտեանը:

Եւրոպական եւ հայկական պարերով երեկոյթը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր: Ներկաները շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք «Դրօ» կոմիտէի անդամներուն, սրահէն մեկնեցան լաւագոյն տրամադրութիւններով:

ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Պատմական Հայաստանի Աւանդներու Հետքերով (Հեղինակ` Յովսէփ Պարազեան)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?