Ակնարկ
Վիրաւորելու Գնով
Այս տողերը հաճոյքով չեն գրուիր: Կը գրուին սրտի բեկումով:
Եթէ կ՛ուզէք` ամօթով:
Ամօթը, զոր կը զգանք ամէն անգամ, երբ հայ մարդիկ, մանաւանդ` երիտասարդներ, որոնք ոչ մէկ արդարացում ունին, թրքերէն կը բարբառին հրապարակային վայրերու մէջ, փողոցը, սրճարանը, օթոպիւսներու մէջ, մինչ հայու արժանապատուութիւնը կ՛ուզէ, որ այդ անիծեալ լեզուն չգործածեն նոյնիսկ իրենց ընտանեկան մտերմութենէն ներս:
Այս հիւանդութեան ընդհանրապէս կ՛անդրադառնանք ամառը, որովհետեւ այս եղանակին աւելի հնարաւորութիւն կը տրուի մեզի չափելու չարիքին խորութիւնը, օդափոխութեան վայրերու մէջ, երբ սրճարանները լեցուն են թրքախօսներով: Կը տեսնէք հասած, հայու աղուոր աչքերով պատանիներ, երիտասարդներ, մեծերու խաթարող դրացնութեամբ, կոշտ, վարկաբեկիչ թրքերէն մը կը խօսին:
Իգական սեռը եւս զերծ չէ այս ախտէն: Վկայ` թրքական ժապաւէն ցուցադրող շարժանկարի սրահ մը յաճախող բազմութիւնը, որ կէսօրէ ետք հայ կիներու բանակ մըն է…
Այս երիտասարդներն ու կիները իրենց հայութիւնը, վստահ ենք, ոչ ոքի կը զիջին: Թերեւս իրաւունք ունին: Ոչ ոք կրնայ այդ պատիւը մերժել իրենց: Բայց:
Բայց ի՞նչ անուն տալ այս, ըսենք բառը, թրքասիրութեան, որուն գիտակից կամ անգիտակից ապացոյցը կու տան մեր եղբայրներն ու քոյրերը:
Գիտենք. այս տողերը կրնան միայն թշնամին ուրախացնել: Կ՛անդրադառնա՞ք ողբերգութեան:
Բայց պարտաւոր ենք գրել: Չենք կրնար լուռ մնալ, երբ թրքախօսութիւնը համաճարակի բնոյթ ստացած է, մինչ ժամանակին կը կարծուէր, թէ վաղանցուկ հիւանդութիւն մըն է: Կ՛անցնի միա՛յն թրքերէն գիտցողներու սերունդը ու նորերուն բերնէն հայերէնը կը հնչէ:
Այդպէս չէ դժբախտաբար: Հակառակն է: Երիտասարդները վարակուած են, ու վտանգը հոդ է:
Պէտք է ըլլալ անխնայ: Վիրաւորելու գնով: Պախարակելով, հրապարակային նախատինքով:
Ուրիշ միջոց չկայ:
Տ. Ո.
Ս. Թեհլիրեանի Կեանքը
Շարժանկարի Առնուած
Տարիներու մեր երազը այսօր` 20 յունիս 1968, իրականացաւ, ու Պերլինը կը ձգենք ուրախ եւ գոհունակութեամբ: Լուսանկարեցինք ու շարժանկարի համար ժապաւէնի առինք Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքին ու ազգային հերոսութեան հետ կապ ունեցող բոլոր վայրերը:
Վերջապէս յաջողեցանք, գտանք Սողոմոնի հին ընկերներէն մէկը, որ ցոյց տուաւ բոլոր վայրերը. Թալէաթի ճիշդ ինկած տեղը, փողոցը, ուր բնակած էր Թեհլիրեան, ու փողոցը, ուր բռնուեցաւ, բանտն ու դատարանը:
Ամբողջ օր մը յատկացուցինք այս գործին. սկսանք առաւօտեան ժամը 9:00-ին ու վերջացուցինք ժամը 5:30-ին: Ժամ մը ետք ձգեցինք Պերլինը:
Սողոմոնին գործակիցը չուզեց, որ իր անունը յիշուի. կը յարգենք իր փափաքը, մնացածը մենք կատարեցինք: Անուշը կատարեց սգրիբթ-կըրլի պաշտօնը` արձանագրելով բոլոր վայրերը, անունները, թուականներն ու մանրամասնութիւնները: Ես լուսանկարեցի, իսկ որդիս` Հայկազունը շարժանկարի առաւ: 15-ամեայ պատանիի մը համար ասիկա բացառիկ ու տպաւորիչ բան մը եղաւ, 50 տարի ետք:
***
Թեհլիրեանին բնակած առաջին տունը կը գտնուէր Աուկսպուրկեր փողոցին վրայ, ուր բնակած է 1920 դեկտեմբերէն մինչեւ 1921 մարտ:
Նոյն այդ շէնքին տեղ այսօր նոր մը կառուցուած է. Սողոմոն հոն բնակած է մեր ուղեցոյց հայուն հետ, սորված է գերմաներէն եւ ընկալած է գերմանացիներուն սովորութիւնները: Յետոյ փոխադրուած է 37 Հարտենպերկ փողոցը. այս շէնքը եւս այսօր գոյութիւն չունի. տեղը նոր մը կառուցուած է, բայց թիւ 36-ը կը մնայ իր նախկին վիճակին մէջ: Չկայ նաեւ Թալէաթին բնակած տունը: Այս փողոցին վրայ էր, որ առաջին ցեղասպանութեան վրէժը լուծուեցաւ Սողոմոնի կողմէ, որ պատճառ եղաւ Ճենոսայտ բառի ստեղծումին:
Պերլինի ժողովուրդը կը զարմանայ, թէ ի՛նչ կը նկարենք: Մեզի ընկերակցող ամերիկացի, չեխ, գերման եւ հնդիկ լրագրողներուն կը պատմենք եղածը` առաջին վրէժը Ցեղասպանութեան: Պատկերասփիւռի ընկերութիւններ եւս կը հետաքրքրուին: Կը պատմենք նաեւ մեր բոլոր գերման բարեկամներուն, որոնք մոռցած են պատահածը. միայն Պերլինի խորհրդարանէն կին մը յիշեց:
***
Մեր գործը չէ վերջացած. կը մօտենանք Ալթէ-Մուապիթ փողոցը, ուր դատարանի շէնքն ու բանտը կը գտնուին: Կը նկարենք դուռը, ուրկէ Սողոմոն ազատ արձակուեցաւ: Կը նկարենք բանտին դուռը ու վերջապէս` դատարանի շէնքը: Գործերնիս կրկին չէ վերջացած, Արշաւիր Շիրակեանի կատարած ահաբեկութիւնը եւս կ՛ուզենք ժապաւէնի առնել: Մեր հայ բարեկամը ճիշդ վայրը չէր գիտեր, բայց ցոյց տուաւ փողոցը` Ուլանտշթրասէ: Նկարահանեցինք այս փողոցը` զանազան կողմերէն:
Մեր բարեկամը կը կարծէ, որ Արշաւիրի գնդակը վերջ տուաւ կեանքին երկու թուրք ոճրագործներուն` Ուլանտ եւ Հոհենցոլերնտամ փողոցներուն միացման վայրը. ան ալ նկարեցինք մեր վերադարձէն ետք Արշաւիրին հետ ճշդելու համար:
ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ