Բրիտանական Համայնագիտարանը Կը Յօժարի Ուղղել Իր Սխալները Հայկական Եղեռնի Առնչութեամբ
Աշխարհահռչակ «Էնսայքլոփիտիա Պրիթանիքա»-ն, որ ամէնատարածուած համայնագիտարանն է, եւ որ մեծ հեղինակութիւն եւ վարկ կը վայելէ յատկապէս մտաւորականներու, ակադեմականներու եւ քաղաքական մարդոց ու դիւանագէտներու շրջանակներու մէջ, որոշած է իր ապագայի հրատարակութիւններուն մէջ ուղղել շարք մը կարեւոր սխալներ թուրքերու գործած ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Ֆլորիտայի Աթլանթիք համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս, փրոֆ. Վահագն Տատրեան ութ էջնոց ընդարձակ յօդուածով մը քննադատած էր համայնագիտարանի խմբագիրները, որոնք թոյլ տուած են լուրջ սխալներ, դիտումնաւոր խեղաթիւրումներ եւ գիտութիւնը վարկաբեկող մակերեսայնութիւն:
Անոր դիտողութիւնները հիմնուած էին բազմաթիւ աղբիւրներու, մէջբերումներու եւ փաստաթուղթերու վրայ: (Սոյն յօդուածը տպուած է «Արմինիըն Ռիվիու»-ի վերջին թիւին մէջ): Երեք ամիս ուշի ուշով քննելէ ետք պարագան, թէ՛ յօդուածներու խնդրոյ առարկայ անգլիացի հեղինակները եւ թէ՛ համայնագիտարանի խմբագրութիւնը ընդունած են մատնանշուած սխալները եւ թերիները, ու յանձնառու եղած են ուղղել զանոնք յառաջիկայ թիւերուն մէջ` միանգամայն ջերմ շնորհակալութիւն յայտնելով տոքթ. Տատրեանին:
Հայ ընկերաբանը հրաւիրուած է դասախօսութիւններու շարք մը տալու Մեքսիքայի պետական համալսարանին մէջ, օգոստոսի վերջերը: Օգտուելով այս առիթէն` փրոֆ. Տատրեան պիտի այցելէ Հարաւային Ամերիկայի շարք մը հայ գաղութները, ի միջի այլոց` Մեքսիքայի, Ուրուկուէյի, Արժանթինի եւ Պրազիլիոյ գաղութները, ուր հրաւիրուած է Հայ դատին մասին ելոյթներ ունենալու:
Նորագիրներ
Երկուշաբթի հաղորդած էինք, որ յունիս 14-ին Պուէնոս Այրեսի մէջ, կնքահայրութեանբ ազգային հերոս Արշաւիր Շիրակեանի, կատարուած է երդման արարողութիւն 65 նորագիր դաշնակցականներու: Այս առթիւ, մեր պաշտօնակից «Արմենիա»-ի յունիս 27-ի թիւին մէջ լոյս տեսած է հետեւեալ յօդուածը, որ անկեղծ խանդավառութիւն մը կը փոխանցէ մեզի:
Անսահման գոհունակութիւն կը զգանք, երբ կը տեսնենք, որ օտարութեան մէջ հասակ նետած 65 երիտասարդներ մուտք կը գործեն յեղափոխական հայ քաղաքական կազմակերպութէնէ մը ներս։
Անկասկած` կրկնակի գոհունակութիւն մը, որ տարիներու աշխատանքը անոնք, որոնք անձնուիրաբար բան մը տալով իրենց էութենէն` հասցուցեր են զանոնք մինչեւ կազմակերպութեան սեմը, որուն շարքերէն ներս կը մտնեն ահա, ինքնակամօրէն:
Միայն Հայ դատը կամ Հայ ժողովուրդի անկախութեան հարցը չէ, որ առաջնորդած են զանոնք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մէջ: Այդ քաղաքական նպատակէն անջատ, ցեղային ու տոհմային ազդակներն ալ կարեւոր դեր մը ունին անտարակոյս:
Անհատի մը նկարագիրն ու մշակութային մակարդակը բարոյական նպաստ մը պէտք է բերէ կազմակերպութեան, նպատակի մը ծառայելու:
Մօտ անցեալին դաշնակցականը բուռն ուժով կը պայքարէր հայ ժողովուրդի ազատագրման համար տեռորն ու սարսափը ազդու միջոցներ էին թշնամին ու դաւաճանը ահաբեկելու, պատուհասելու. կ՛ապրէր իր հայրենական հողերուն վրայ եւ յեղափոխական մը ըլլալու ինքնայատուկ առօրեան, կը ստիպէր խստապահանջ կեանք մը հազար ու մէկ զրկանքներով: Վերջապէս, կը զոհէր իր անձը, ամէնէն թանկագինը, վսէմ իտէալի մը իրականացման համար:
Հայկական հարցով ոգեւորուած երիտասարդութիւն մը կ՛ապրի ու կը գործէ հայրենիքէն դուրս` իբրեւ ազատ քաղաքացի, իր ծնունդ առած միջավայրին մէջ:
Այս պարագան շատ աւելի կը դժուարացնէ ու կը խափանէ պայքարին ճանապարհը:
Ներկայիս թաւալած է հայ ճակատագրին շրջագիծը, կանգնած ենք այժմ այլ իրողութեանց առջեւ, ուր դիմագրաւելու համար արտաքին ազդակներու շլացուցիչ պատրանքը` արտակարգ ճկունութիւն անհրաժեշտ է պահպանելու համար դարերէն մեզի փոխանցուած աւանդը:
Բնական հայրենիքի մը մէջ ծառայել անբնական մայրենիքի մը: Այսօր այս է, որ կը պահանջուի կազմակերպութեան մէջ մուտք գործող երիտասարդէն. ան իր կառուցուածքը պէտք է կաղապարէ` այս երկու իրական ու վերացական տուեալները մէկ յայտարարի բերելով:
Սերունդ մը արդէն տառապեցաւ այս իրականութենէն:
Դաշնակցութեան նպատակը եւ առաջադրանքները բխած են իրական կեանքէն, բայց երբ կը փոխուին այդ կեանքի պայմանները, կը փոխուի նաեւ գործելու եւ ծառայելու կերպը:
Ազգային հպարտութեամբ կը ջանանք օղակ մը ըլլալ քաղաքակիրթ ազգերու շարանին մէջ` առանց ժխտելու մեր ցեղային ինքնուրոյն արժանիքները, ազգային դիմագիծը:
Բայց մեր Դատին իրականացման աշխատանքներուն ճամբուն վրայ հիմնական ձեւ մը գոյութիւն չունի, այլ` մտահոգութիւն մը, որ կը կրծէ մեր միտքը:
Դաշնակցութիւնը անհատ մը, իր բարոյական, ցեղային ու ընկերային ըմբռնողականութեամբ, գործի կը մղէ եւ գիտակից տրամաբանութեամբ մը կը ձգտի դէպի ճշմարիտն ու լաւագոյնը, կեանքին կու տայ բնականին առընթեր, նաեւ վերացական իմաստ մը եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ հայ մարդուն մէջ կ՛ամրապնդէ հայկական դրոշմը:
Աշխարհ կը դիմագրաւէ երիտասարդութեան խարխափումին ստուերը. ատենն է, որ գիտակցինք ու զգուշ ըլլանք, բարոյական արժէքներու կողքին, պէտք չէ անտեսենք իրականին ալ հրաշագործ դերը:
ՍՏԵՓԱՆ ՏԻՐԱՏՈՒՐԵԱՆ
Պուէնոս Այրես, յունիս, 1968