Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Յուլիս 1968)

July 3, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Վկայութիւն Մը

Հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկա կատարած իր շրջապտոյտի ընթացքին Ամենայն հայոց հայրապետը վերջերս այցելեց նաեւ Պուէնոս Այրէս, ուր մեր պաշտօնակից «Արմենիա»-էն կ՛իմանանք, թէ ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ներկայ գտնուած են արժանթինեան կարեւոր թերթերու ներկայացուցիչներ:

Յայտնելէ ետք, թէ կու գայ Էջմիածնէն` «որ 1700 տարիներէ ի վեր կը մնայ կանգուն», Վազգէն կաթողիկոս կը վկայէ, որ «շատ բան փոխուած է վերջին տասը տասնհինգ տարիներու ընթացքին եւ կառավարութիւնը շատ աւելի ուշադիր եւ յարգալից է դէպի եկեղեցին»:

Այս պարագային «ուշադիր»-ը տեղին գտնելով եւ «յարգալից»-ին տալով քաղաքավարական խօսքի իր բաժինը, կ՛անցնինք բուն հարցին, ընդգծելու համար յայտարարութիւն մը, որ Էջմիածնի հայրապետին բերնին մէջ վկայութեան մը արժէքը ունի եւ նկատի պէտք է առնուի իբրեւ այդպիսին, պաշտօնական խօսքը վերին հանգամանաւորին մը:

Արդարեւ, ուրախութեամբ հաղորդելէ ետք, թէ` «Հայաստանի մէջ երթալով աւելի կը խորանայ ու կը տարածուի քրիստոնէական հաւատքը եւ կ՛աւելնայ եկեղեցի յաճախող երիտասարդներուն թիւը», Վեհափառը կը յայտարարէ.

«Շատ յատկանշական է, որ երիտասարդութիւնը ծարաւն ունի յաւիտենական ճշմարտութեան: Ուրիշ վարդապետութիւններ չկրցան անոնց հոգեկան պահանջներուն գոհացում տալ»:

Մարդիկ, մանաւանդ երիտասարդները միշտ ալ ծարաւը ունեցած են «յաւիտենական ճշմարտութեան»: Եւ այս` անսկիզբ  ժամանակներէ ի վեր ու բոլոր երկինքներու տակ: Ու, երբ յատկանշական կը նկատուի բոլորովին բնական այդ ծարաւը, կը նշանակէ, որ զայն չզգալու պատճառներ յաճախ տրուած են մարդոց, աւելին. այլ յագեցումներու առիթներ ընծայուած են, բայց բոլորն ալ անզօր մնացած «Հոգեկան պահանջներ»-ու առջեւ:

Համայնավարութիւնը եղաւ այդ «ուրիշ վարդապետութիւններ»-էն մէկը, գլխաւորը, որ չկրցաւ գոհացում տալ հոգեկան պահանջներուն, հետեւեաբար ձախողեցաւ իր հիմնական առաքելութեան մէջ, թէեւ իր միւս առաքելութիւնները եւս խոստացուած լուսաւոր հանգրուաններուն չհասցուցին պոլշեւիկեան յիսնամեայ տիրապետութեան ենթակայ ժողովուրդները:

Վեհափառը չ՛ըսեր, բայց կասկած չկայ, թէ տարբեր հասկացողութիւն չունի նաեւ այդ «հոգեկան պահանջներ»-ուն մասին, որոնցմէ առաջինը անպայման որ ազատութեան պահանջն է:

Ազատութեան պահանջի կողմնակի մէկ արտայայտութիւնն է «Դէպի իրենց հոգեկան կեանքին աղբիւրը» վերադարձող երիտասարդներու պարագան, որովհետեւ տիրող պայմաններուն մէջ անոնք հնարաւորութիւնը չունին, առ այժմ, ազատատենչութեան այլ ապացոյցներ տալու, նախ իրենք իրենց, ապա` արտաքին աշխարհին:

Ազատութեան, հոգեկան գոհացումներու պահանջը տարբեր արտայայտութիւններ կը գտնէ խորհրդային տիրապետութեան ենթակայ  այլ երկիրներու մէջ: Եթէ տեղ մը մարդիկ եկեղեցի յաճախելով կ՛արտայայտեն այդ պահանջը, այլուր, վկայութեան այլ եղանակներու կը դիմեն, ինչպէս օրինակ, Չեխոսլովաքիոյ մէջ, ուր… ազատութիւնը քառուղիներու վրայ է, մարդոց նայուածքին մէջ, խօսքին մէջ, ուրախութեան մէջ:

Ազատութիւնը բազմաթիւ ձեւեր կը գտնէ պոռթկալու համար:

Մանաւանդ մեր օրերուն, երբ այլեւս ոչ մէկ երկիր կրնայ ինքն իր պարիսպներուն մէջ փակուած մնալ: Ազատութիւնը թեւեր առած կը թռչի բոլոր «ամօթի պատ»-երուն վրայէն` յայտնուելու համար ամէնէն չսպասուած հորիզոններու տակ իսկ:

Այս պայմաններուն մէջ, ոչ մէկ կասկած, թէ ան պիտի հասնի նաեւ հոն` ուր դարեր շարունակ ազատութիւնը եղած է միակ էատարրը ազգի մը:

Մինչ այդ, վեհափառին յայտարարութիւնը կ՛արձանագրենք իբրեւ վկայութիւնը բարձր հեղինակութեան մը, որուն համար հոգեկան գոհացումներու պահանջը անպայման որ մեր բոլորին պահանջէն աւելի խոր պէտք է եղած ըլլայ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.