Ձախաւեր Շարժումներ
Տարի մը աւելի կ՛ընէ, որ երիտասարդութիւնը, աշխարհի չորս ծագերուն, իր վրայ կեդրոնացուցած կը պահէ մարդկութեան ուշադրութիւնը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Մոսկուա ու Եւրոպայի ամբողջ տարածութեան վրայ երիտասարդութիւնը պայքարի կրկէսին մէջ նետեց ինքզինք` տեղ մը աքսորուած ազատութիւնը վերահաստատելու տենդով, ուրիշ տեղ մը օտար խնամակալութիւնները թօթափելու առաջադրութեամբ, Ամերիկայի մէջ առօրեայ սպառիչ հեւքին դէմ ծառանալով, իսկ Ֆրանսայի մէջ` տը Կոլի վարչակարգը տապալելու կիրքով:
Մոսկուայի երիտասարդներուն շարժումը հարուածուեցաւ Կինզպուրկի եւ անոր ընկերներուն դէմ կազմակերպուած հերթական դատավարութեամբ, Միացեալ Նահանգներու մէջ հիփփի անունին տակ ծաւալածը ինքն իր մէջ փտեցաւ ու սահմռկեցուցիչ անդրադարձներէ զատ` ոչ մէկ հետք ձգեց, իսկ Ֆրանսայի գազազած ուսանողներուն յեղափոխութիւնը, իր կարգին, ճիշդ հակառակ արդիւնք մը տուաւ, երիտասարդութիւնը պարտուեցաւ չարաչար ու ծերութիւնը աւելի ամրացաւ իր պատուանդանին վրայ:
Այս շարժումներուն մէջ, ի՛նչ խօսք, յաջողութեան ամէնէ՛ն աւելի բախտ ունեցողները Խորհրդային Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի երիտասարդներն են: Որքա՛ն ալ բիրտ ըլլան այս վերջիններուն դէմ ձեռք առնոած միջոցառումները, ապագան իրենց կը պատկանի, որովհետեւ խորհրդային եւ ենթախորհրդային երկիրներու երիտասարդութեան պահանջը յստակ է ու խորապէս մարդկային: Ամէն ինչ կուսակցականացուցած կարգերուն դէ՛մ է անոնց պայքարը, մամուլի, արտայայտութեան, ազատ ընտրութեան եւ ազատօրէն ճամբորդելու կենսական պահանջի մը մղումով կը խլրտին անոնք, եւ պատմութիւնը հաստատած է, որ բանտը, աքսորը, գնդակահարութիւնները «Ազատութեան ճանապարհին» հանգրուաններն են, ազատութեան սերմերը բնաջնջող բացարձակ ուժեր չեն:
Խորհրդային երկիրներու երիտասարդութեան խստօրէն պակսածը խի՛ստ առատութեամբ ունէին Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի երիտասարդները, բայց չունէին էականը, պայքար մը յաղթանակով պսակող առաջին պայմանը, յստակ պահանջ մը: Առաջինին մղիչ պատճառը շատ քմահաճ էր, իսկ երկրորդը աստիճանաբար անձնատուր եղաւ իր խորագոյն եսին հետ կապ չունեցող խորտակիչ կիրքին ու խորտակուեցաւ:
Ամերիկայի հիփփիները հիներուն ստեղծած քաղաքակրթութենէն դժգոհ էին, ու այն պահուն, երբ սպառեցան զիրենք ոտքի կեցնող հիներուն ստեղծած բարիքները, սպառեցան նաեւ իրենք, ծուլութեան ու ձրիակերութեան բնական հետեւանքներով սնանկացաւ իրենց փիլիսոփայութիւնը, ու սկսան գլուխ ցցել ապականութիւնները, պղծումները, սպանութիւնները` հաստատելով այն ճշմարտութիւնը, թէ իրարու ծաղիկ բաշխելով եւ մայթերու վրայ մերկանալով հին քաղաքակրթութիւնները չեն խորտակուիր եւ շարունակ յղփանալով` նոր քաղաքակրթութեան հիմերը չեն նետուիր:
Հինին տեղ նոր ու համոզիչ բան մը չկարենալ դնելու նոյ՛ն դժբախտութիւնը ճակատագրական եղաւ նաեւ ֆրանսացի ուսանողներուն համար: Համալսարանը պետութեան հակակշիռէն ազատելու համար ճամբայ ելած էին այս վերջինները, սակայն առաջին իսկ քայլին այլասերեցին իրենց շարժումը, եւ առանց հրդեհուածին, քանդուածին, տապալածին տեղը նոր արժէքներով լեցնելու վստահութիւն մը ներշնչելու ժողովուրդին` սկսան այրել, քանդել, տապալել, մոլեգնիլ ամէ՛ն ուղղութեամբ: Ի հարկէ, ձախողութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը երիտասարդութեան ուսերուն չի ծանրանար: Պղտոր ջուրի ձկնորսները քիչ դեր չունեցան հոս: Պղտոր ջուրի ձկնորսները վստահելով երիտասարդներուն` սկսան նոյնիսկ նախագահական եւ վարչապետական աթոռները բաժնուիլ իրենք իրենց մէջ, մինչ կարգ մը մտաւորականներ, շարունակ աղմուկ հանած, այլ` երկար տարիներէ ի վեր աղմուկի կարօտ Սարթրի պէս մարդիկ, փոխանակ չափաւորելու, հունաւորելու, «խոհով ծանրաբեռնելու» մակընթաց ուժը, առաւել եւս բորբոքեցին երիտասարդներուն անիշխանական տրամադրութիւնները` առաւել եւս փութացնելով անոնց ձախողութիւնը:
Դիտուած է, որ մարդիկ երբ հիմնական ըսելիք ու ընելիք չունին, աղմուկով կը լեցնեն մթնոլորտը, աղմուկը կոյր ուժ մը կը խմորէ իրենց մէջ, կոյր ուժը կը տանի քանդումի ու քանդումի տեսարանները մահացու զէնք են իշխանաւորին ձեռքը, ամբոխավարութեան սքանչելի առիթ, ու վա՜յ այն շարժումին, որ ընդհանուրին լուռ համակրանքը ապահովելու փոխարէն` կ՛աշխուժացնէ ամբոխավարներուն եռանդը: Ֆրանսացի երիտասարդներուն ողբալիօրէն պակսեցաւ առաջին արժանիքը, եւ ճի՛շդ այդ պատճառով ողբալիօրէն ձախողեցան:
Պ. Ս.