Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Յուլիս 1968)

July 7, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

 Լեզուական

(Հարց Պատասխան)

– Ինչո՞ւ ֆրանսացի կարգ մը գրողներ կը գործածեն անգլերէն բառեր իրենց գրութիւններուն մէջ:

– Չէ՞ որ անգլերէն գիտնալը նորաձեւութիւն է Ֆրանսայի մէջ: Այդ գրողները կ՛ուզեն իրենց անգլերէն գիտնալը գիտցնել: Նոյնիսկ կան այնպիսի գրողներ, որոնց ամբողջ գիտցածը քսանհինգ-երեսուն անգլերէն բառ է միայն: Անոնք ալ անգլերէն գիտցող կը ձեւանան:

* * *

– Ինչո՞ւ Հայաստանի յօդուածագիրները թրքերէն, թաթարերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, լատիներէն ու նոյնիսկ չեչեներէն բառեր կը խառնեն իրենց հայերէն ապուրին մէջ:

– Պարզապէս ըսել կ՛ուզեն, որ զարգացած են, հմուտ են, «Էնտէլիգե՜նտ» են ու բազմալեզուեան: Զուտ հայերէնը հասարակ լեզու է իրենց համար, եւ զուտ հայերէնը գրելով` վիրաւորած կ՛ըլլան իրենց «Էնտէլիգենտ»-ի արժանապատուութիւնը: Բայց իրենց հոգը չէ, երբ հազար խոց կը պատճառեն մեր մայրենի մեծասքանչին: Կարեւորը իրենց բազմալեզուեան մտաւորականի պատիւն է:

– Իսկ կան կարգ մը գրողներ ալ, որոնք յանուն լեզուի մաքրութեան, յանուն հայերէնի հարազատութեան եւ մանաւանդ օտար բառերու գործածութեան դէմ երբ յօդուածներ կը գրեն, իրենք եւս կը գործածեն օտար բառեր: Ինչո՞ւ…

– Որովհետեւ օտար բառեր գործածելու ախտը մէկ դարու հնութիւն ունի: Այդ մոլութիւնը մինչեւ իրենց արեան ու ծուծերուն մէջ անցած ու տեղաւորուած է: Եւ մոլութիւններ կան, որոնցմէ մէկէն ի մէկ հրաժարելու չէ: Ինչպէս ծխամոլ մը կտրուկ կերպով ամբողջովին հրաժարելու չէ ծխելէ: Կրնայ հիւանդանալ: Ահա թէ ինչո՛ւ օտար բառերու գործածութեան դէմ պայքար մղողներէն ոմանք կը գործածեն օտար բառեր, անոնց քանակը քիչ մը նուազեցուցած, բայց հիմնովին չհրաժարելով անոնցմէ: Վստահաբար, ըստ իրենց բժիշկին յանձնարարութեան: Ատկէ զատ, կ՛ուզեն ըսել «Մենք, որ օտար բառերու գործածութեան դէմ կը գրենք, թիւրիմացութեամբ չկարծուի թէ օտար լեզուներ չենք գիտեր: Մենք ալ ձեզի չափ, թերեւս ձենէ աւելի, զարգացած, գիտուն, հմուտ ու բազմալեզուեան էնտէլիգենտներ ենք, ինչպէս կը տեսնուի մեր գործածած բառերէն»:

* * *

– Ի՞նչ է պատճառը, որ մեր արեւելահայ գրողներէն քանի մը հատին լեզուն պերճ է, ու մնացեալներուն լեզուն, դժբախտաբար, զուրկ է պերճութենէ:

– Որովհետեւ առաջինները ամուսնանալով, միանալով արեւմտահայ լեզուին հետ` բարեփոխուած են: Անվիճելի կերպով արեւմտահայ լեզուն մշակուած է, ճաշակաւոր է ու հարուստ` իբրեւ զգլխիչ գեղուհի:

– Ուրեմն արեւմտահայ լեզուն ունի բազմաթիւ ամուսիններ:

– Այդպէս է, եւ այդպէս ըլլալուն պատճառը այն է, որ թագուհի է, թագուհի՜:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Արժանթինահայ Ազգային Կեանք

 Վազգէն Ա. Կաթողիկոս
Պուէնոս Այրեսի Մէջ

Հաղորդած էինք, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. Հիւսիսային Ամերիկայէն ետք, յունիս 15-ին ժամանեց Պուէնոս Այրես` հովապետական այցելութիւն տալու համար նաեւ Հարաւային Ամերիկայի իր հօտին:

Յունիս 19-ին, Խրիմեան կրթական հիմնարկութեան սրահին մէջ, ի պատիւ Վազգէն Ա.ի, կազմակերպուած է ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը խօսած է ազգայնաշունչ ճառ մը:

Յունիս 23-ին վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով այցելած է ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտը:

Նախ, մարզադաշտին վրայ, սկաուտները, արենուշները եւ գայլիկները տողանցք մը կատարած են վեհափառի  առջեւ, ապա իջեցուցած են արժանթինեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Եռագոյն դրօշները: Արարողութենէն ետք թէյասեղան մը տրուած է ի պատիւ հիւրերուն, որուն ընթացքին, վեհափառ հայրապետը իր սկաուտական կեանքէն օրինակներ բերելով` մատնանշած է սկաուտութեան օգտակարութիւնը:

«Մարմնակրթութիւնը,- ըսած է վեհափառը,- երեխաներուն մէջ կը զարգացնէ բարոյական ըմբռնումները, կը կերտէ երիտասարդներուն բարոյական նկարագիրը եւ ՀՄԸՄ-ի միջոցաւ անոնց մէջ կը մշակէ ազգային ոգի եւ հայրենասիրական զգացում: Ոեւէ մէկը չի կրնար գաղափարի մը ծառայել, եթէ ան բարոյական նկարագիր չունի: Գաղափարական մարդու խարիսխը բարոյական նկարագիրն է»:

Ապա  վեհափառ հայրապետը մաղթած է, որ ՀՄԸՄ-ի անդամներուն թիւը աւելնայ, եւ անոնք բարոյական ու մարմնական կրթութեան զուգընթաց, տոգորուին նաեւ ազգային ոգիով եւ հայրենասիրական զգացումներով:

Յունիս 25-ին վեհափառ հայրապետը Սան Մարթինի անունը կրող հրապարակին վրայ  ծաղկեպսակ մը զետեղած է Արժանթինի ազատարար զօր. Սան Մարթինի յուշարձանին առջեւ:

Նոյն օրը այցելած է Խրիմեան կրթական հիմնարկութեան դպրոցները: Ներկայ գտնուած է դասաւանդութեանց եւ ճաշած է աշակերտութեան հետ միասին:

Յուլիս 4-ին, վեհափառ հօր մեկնումին առիթով, ճաշկերոյթ մը պիտի տրուի արժանթինեան «Ռուրալ» ընկերակցութեան սրահին մէջ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Մենք Կը Խնդանք

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.