Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1969)

Փետրուար 2, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ի՞նչ Պէտք Է Ընէ Բանաստեղծը

Ներկայ եղա՞ծ էք որեւէ ատեն արուեստի եւ յատկապէս գրականութեան վերաբերող հրապարակային վիճաբանութեան մը: Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, թէ ինչպէ՛ս անձէ անձ կարծիքները կը փոխուին, իրարու կը հակադրուին եւ մինչեւ անգամ զիրար կը հակասեն` ի խնդիր ճշմարտութեան: Ամէն մարդ համոզուած է անշուշտ, որ ի՛ր կարծիքն է բուն ճշմարտութիւնը:

– Բանաստեղծը իր ժամանակին շունչը պէտք է դառնայ,- պիտի ըսէր մէկը` ձայնակցելով Չարենցին:

– Ո՛չ, սխալ է,- պիտի առարկէր ուրիշ մը,- բանաստեղծը իր ժամանակէն վեր պէտք է մնայ եւ պատկանի բոլո՜ր ժամանակներուն:

– Գրականութեան առաքելութիւնն է ժողովուրդի մը ազգային ապրումներուն հարազատ արձագանգը հանդիսանալ,- պիտի յայտարարէ երրորդ մը:

– Հանճարեղ գրողները անոնք են, որոնք համամարդկային ապրումներ կ՛երգեն,- պիտի հակաճառէ ուրիշ բանիմաց մը:

– Մենք հիմա հիւլէական դարու մէջ կ՛ապրինք եւ հիւլէաշարժ քերթուածներ կ՛ուզենք,- պիտի ըսէ արդիասէր երիտասարդ մը:

Ափսո՜ս, ո՞ւր են Դուրեանները, Մեծարենցները, Տէրեանները, ինչո՞ւ հիմա Սիամանթոներ չունինք,- պիտի ողբայ սրտցաւ ունկնդիր մը:

– Բանաստեղծութիւնը լալկան եւ տխուր պէտք չէ ըլլայ, այլ մարտական ոգի պէտք է ներշնչէ բազմութիւններուն,- պիտի վճռէ յանկարծ մէկը:

– Առանց զգացումի` բանաստեղծութիւն չ՛ըլլար, մնացեալը ճառ է ու քարոզ,- պիտի պատասխանէ ուրիշ մը:

Եւ այսպէս, ժամեր տեւող զրոյցի ընթացքին ի զուր պիտի դառնաք մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ` սպասելով, որ ի վերջոյ ճշմարտութեան լոյսը ծագի անկիւնէ մը:

Այդ լոյսը պիտի չծագի երբեք:

Եւ ո՞վ կրցած է սահմանել, թէ ի՛նչ է բանաստեղծութիւնը: Ո՞վ կրցած է ցոյց տալ այն միակ կարճ ճամբան, ուրկէ անսայթաք կարելի է Պառնաս հասնիլ:

Արուեստը, ըստ էութեան, մէկ է թերեւս, բայց իրեն տանող ճամբաները շատ են, ինչպէս նաեւ իր արտայայտութեան կերպերը` բազմազան: Գեղեկութիւնը կ՛իրագործուի եւ կը մարմնանայ իւրաքանչիւր արուեստագէտի ու բանաստեղծի նայուածքին պրիսմակով եւ սրտին տրոփով:

Ի նախագունէ արձակուած վճիռները, նախագծուած ծրագիրները, որոշադրուած սահմանները ոչ միայն չեն հասունցներ իրական բանաստեղծութեան ծաղիկը, այլեւ խորշակահար կ՛ընեն զայն:

Անբնական չէ ի հարկէ տարակարծիք ըլլալը որեւէ երեւոյթի հանդէպ: Ինչպէս առօրեայ կեանքի փափաքներուն մէջ, այդպէս ալ արուեստի մարզին վրայ ճաշակները կը տարբերին: Մէկը կրնայ բանաստեղծութեան մէջ մտածումի փայլակներ փնտռել եւ ատոնցմով խանդավառուիլ, ուրիշ մը` յուզումի ջերմութիւն: Ընթերցող մը հակում ունի քերթողի լեզուական      ճարտարութիւններով հմայուելու, ուրիշ ընթերցող մըն ալ սիրահար է պարզ բառերու տակ թաքնուած խորհուրդներու:

Ո՞վ իրաւունք ունի:

Բոլո՛րն ալ: Որովհետեւ բանաստեղծութիւնը այս բոլորն է միանգամայն, որոշ տարրերու գիտակցութեամբ: Վերջին հաշուով, տաղանդն է, որ պիտի արժեցնէ զանոնք` հրաշափոխելով զանոնք արուեստի մնայուն արժէքներու:

Այլադաւան կարծիքներու մոլորեցնող քաոսին մէջ ի՞նչ պիտի ըլլայ սկսնակ գրողին դիրքը: Որո՞ւ մտիկ ընէ եւ ինչպէ՞ս շարժի: Ժամանակին շո՞ւրջը դառնայ, թէ՞ ժամանակներէն վեր բարձրանայ, մտածումնե՞ր սերմանէ, թէ՞ զգացումներ քնարերգէ, պատկերներու հրթիռնե՞ր բռնկեցնէ, թէ՞ իր երգը վերածէ մեղմասաց եւ ամօթխած խոստովանանքի:

Խնդրեմ` հրամեցէ՛ք եւ արձակեցէ՛ք անբեկանելի վճիռը:

Ես պիտի չհամարձակէի նման յաւակնութեան մը տէր կանգնիլ: Ես մտերմաբար եւ բարեկամաբար պիտի շշնջէի սկսնակ բանաստեղծի ականջին.

– Բարեկա՛մ, եթէ տաղանդ ունիս, եթէ մէջդ կրակ կայ, եթէ բանաստեղծ ծնած ես, մի՛ մտահոգուիր, ճամբադ կը գտնես: Ո՛չ մէկուն պատգամը թող քեզ շփոթութեան մատնէ: Դուն ականջ դիր միա՛յն քու ներքին ձայնիդ եւ ստեղծէ քո՛ւ բանաստեղծութիւնդ: Աշխատէ աստիճանաբար վրայէդ թօթափել բոլոր ազդեցութիւնները, որքան ալ համբաւեալ անուններէ գան անոնք, եւ եղիր հարազատ դուն քեզի: Իրագործէ ինքզինքդ, ուրիշ ոչի՛նչ:

Եթէ գրականութիւնը, մանաւանդ բանաստեղծութիւնը արտայայտութիւնն է մեր հոգիին, ուրեմն կարեւորագոյն պայմանը անկեղծութիւնն է: Առնուազն` առաջին պայմանը: Նորոյթի համաձայն, ասկէ անկէ ձեռք բերուած դիմակները շուտ կը մաշին եւ գունաթափ կ՛ըլլան ժամանակի շունչին տակ:

Կրնա՞ք Մեծարենցը մեղադրել մահուան հանդէպ Դուրեանի հոգիին ըմբոստացումը եւ հզօր մարտունակութիւնը ցոյց տուած չըլլալուն համար: Կամ արդար պիտի ըլլա՞ր ապրիլեան Եղեռնէն անմիջապէս ետք Մ. Զարիֆեանը ամբաստել իբրեւ եսակեդրոն բանաստեղծ, որ իր սէրն ու ցաւը միայն երգեց:

Ներքին ձայնը, այո՛, ներշնչումի խորունկ եւ անբացատրելի այն ձայնը, զոր բանաստեղծը ինք միայն կրնայ լսել… վստահելի է այդ ձայնը, որ երբեմն կրնայ ժամանակի շունչին հետ միանալ, երբեմն կրնայ ժամանակներէն անդին անցնիլ, երբեմն կրնայ աշնանային տխուր հեծքերուն խառնուիլ, երբեմն երկինքներէն որոտալ…

Թող լսելի դառնայ այդ ձայնը անխարդախ եւ մշտախօս իր քաղցրութիւններով, ինչպէս նաեւ` իր դառն ու ցնցող հնչիւններով:

Ան է ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը:

Մնացածը` վէճ, կարծիք, մոլորում, որոնում եւ անցաւոր գրականութիւն:

Մ. ԻՇԽԱՆ

… Եւ Այդ Շունչը

Երեւանի 2750-ամեակին տօնակատարութիւնները անգամ մը եւս առիթ տուին, որ աշխարհ նոր ակնարկ մը նետէ հայոց պատմութեան վրայ եւ թուէ մարդկային քաղաքականութեան վրայ գումարած մեր կարգ մը նուաճումները: Միջազգային մամուլը այս առիթով բազմաթիւ սիւնակներ նուիրեց մայրաքաղաքներուն մէջ ամէնէն հին ու ամէնէն երիտասարդ մե՛ր մայրաքաղաքին` անոր փարթամ պատկերին մէջ դիտելով քարին շունչ տուող եւ անապատին կանաչազարդ կեանք պարգեւող հայութեան առհաւական բնազդը:

Ի հարկէ, եթէ արարչագործ այդ բնազդին իբրեւ առհաւատչեայ ունենայինք Երեւանի ծաղկումը միայն, մարդիկ հաւանաբար դժուարանային ընդհանրացումներ ընել եւ ընդգծել այն արժանիքները, որոնք տարբերիչ յատկութիւններն են խաղաղութեան քիչ օր տեսած, բայց պատմութեան բեմին Երեւանէն երկու անգամ աւելի տեւած այս վաղեմի ազգին:

Իր արիւնին ու պատմութեան հաւատարիմ կեանք մը ապրեցաւ հայը ամէն տեղ, բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Գիտութեան, արուեստի, վաճառականութեան թէ արհեստագիտութեան մարզերէն ներս մեր արձանագրած յաջողութիւնները կրնան նախանձը գրգռել նոյնիսկ իրենց սեփական հողին վրայ ու դրօշին տակ ապրող ժողովուրդներուն: Հիւրընկալ երկիրները ժամանակաւոր կայաններ չեն եղած մեզի համար, մեր վաստակը հնչուն ոսկիներու մէջ խտացնելով` կայքէ կայք չեն շտապած, նախաձեռնութեան մեր ոգիէն, աշխատելու, արարելու ցեղային մեր տաղանդէն բաժին հանած ենք ամէնուն, տուն շինած ենք, թաղ, քաղաքամաս, դպրոց, եկեղեցի, հիւանդանոց. երգով լեցուցած ենք մեր շրջապատը, բեմ ելած ենք ծառայելով միշտ «գեղեցիկին, բարուն, վսեմին, լաւին»:

«Թերեւս,- կ՛ըսէր Երեւանի տօնակատարութեան առիթով բանաստեղծ Սայիտ Աքլ,- նախախնամութիւնը ուզեց, որ այս ժողովուրդը խաչուի, ինչպէս Քրիստոս խաչուեցաւ, որպէսզի հայկական այս բոլոր արժէքները ցրուին աշխարհի չորս կողմերը եւ չմնան յատակը սահմանափակուած հողաշերտի մը»:

Առանց խորանալու վարկածին մէջ` պիտի ըսենք, որ խաչեցեալները ամէնուրեք զգացուցին իրենց յարութիւնը, զգացուցին իրենց յարուցիչ շո՛ւնչը ամէնուրեք եւ ըսել տուին քաղաքական մեծ դէմքերուն եւ մեծ բանաստեղծներուն, թէ «Ի՜նչ մեծ է այս ժողովուրդը, որուն գրեթէ մէկ երրորդը դպրոցներու մէջ է. ժողովուրդ մը որուն մէկ մասը եկեղեցի է, միւս մասը` երաժշտութիւն»:

Այսինքն` միշտ լաւին հետ, միշտ ազնիւ ճամբաներու վրայ, վսեմին ծառայութեան մէջ:

Եղեռնի, Սարդարապատի եւ Երեւանի յիսնամեակներուն ու 2750-ամեակին նոր շունչ մը ծաւալեցաւ մեր մէջ եւ այս շունչը լաւատես կը դարձնէ հայ մարդը` գալիք տասնամեակներուն հաշուոյն:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կրինլենտի Գաղտնիքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?