Լիբանանի Օրինակը
Ծանօթ հրապարակագիր Քեսրուան Լապաքի, որ ներկայիս կը վարէ Լիբանանի դեսպանութեան պաշտօնը Պելճիքայի մէջ, վերջերս ղրկուեցաւ Միացեալ Նահանգներ` Խալտէի միջազգային օդակայանին դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումէն ետք, ամերիկեան հանրային կարծիքին ներկայացնելու մէկ կողմէ արաբական դատը եւ միւս կողմէ` միջազգային սիոնականութեան հեռաւոր ծրագիրները, Միջին Արեւելքի նկատմամբ:
Այս առթիւ լիբանանցի հրապարակագիր-դիւանագէտը հարցազրոյց մը ունեցած է ամերիկեան «Միտիոթ Ռիփորթ» հանդէսին հետ, որ առաւելաբար կը զբաղի Միջին Արեւելքի հարցերով: Ք. Լապաքիի արտայայտած կարծիքներուն մէջ ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ ըստ դեսպանին, Պէյրութի օդակայանին վրայ յարձակում գործելով` Իսրայէլի նպատակը չէ եղած վերջ տալ ֆետայիներու գործունէութեան, այլ` խանգարել Լիբանանի ներքին կեանքը ու «փարատել Լիբանանի իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու խաղաղ գոյակցութեան առասպելը»:
Պատճա՞ռը: Ք. Լապաքի կու տայ նաեւ այդ, երբ կ՛ըսէ. «Իսրայէլ կ՛ուզէր աշխարհին ցոյց տալ, թէ Իսրայէլի մէջ հայեւիսլամ պետութեան մը հաստատման գաղափարը անիրագործելի է»:
Արդարեւ, նման գաղափար մը ծնունդ առած է արեւմտեան կարգ մը մայրաքաղաքներու, յատկապէս Փարիզի մէջ, ուր զօրավար տը Կոլին կը վերագրուի այդ ծրագիրին հեղինակութիւնը: Ֆրանսայի նախագահին համաձայն, արաբեւիսրայէլեան տագնապը պիտի մնայ անլոյծ, այնքան ատեն, որ չէ լուծուած արաբ գաղթականներու խնդիրը: Մնացեալ բոլոր խնդիրները` սահմաններու, նաւարկութեան ազատութեան եւ միջազգային երաշխաւորութիւններու մասին, կը ներկայացնեն հարցին երկրորդական երեսները:
Եթէ այսպէս է, ու կը կարծենք, որ Լապաքի ամէնէն լաւատեղեակ անձերէն մէկն է այս պարագային, լիբանանեան օրինակին վերջ տալու ճամբով վերոյիշեալ ծրագիրը ձախողութեան մատնելու` Իսրայէլի ճիգերը առաւել ուշադրութեան կը կարօտին, արժանի են մեր երկրի վարիչներուն ամենալուրջ խորհրդածութեան:
Որեւէ ժամանակէ աւելի հիմա Լիբանան պէտք ունի աշխարհին պարզելու պատկերը երկրի մը, ուր զանազան համայնքներու եւ ցեղերու պատկանող մարդիկ միջոցը կը գտնեն խաղաղօրէն գոյակցելու` ի խնդիր ազգային գերագոյն նպատակներու եւ շահերու: Այս պատճառով ալ, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ կը նկատուի ազգային միութեան ամրապնդումը նաեւ անոր համար, որ դեկտեմբեր 28-էն ասդին արտաքին վտանգը շօշափելի իրականութիւն դարձաւ Լիբանանի համար:
Եթէ արտասահմանի մէջ Լիբանան ընդհանուր համակրանք կը վայելէ, ատիկա կը պարտի առաւելաբար այն իրողութեան, որ այս երկիրը, հակառակ իր այլատարրութեան, ներդաշնակ համադրութեամբ մը կը ներկայանայ աշխարհին, կը հանդիսանայ տիպարը հանդուրժողութեան մը, որ օրինակ կրնայ ծառայել այլոց:
Մեր գուրգուրանքին առարկայ պէտք է դառնայ Լիբանանի այս հանգամանքին, անոր այս հիմնական նկարագրին պահպանումը, եւ այս անհրաժեշտ ստիպողութեան առջեւ բոլոր նկատումները պէտք է կորսնցնեն իրենց գոյութեան իրաւունքը:
Տ. Ո.