Թեսաղոնիկէ
ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակի
Տօնակատարութիւնը
Յունուար 26-ին Թեսաղոնիկէի «Մաքետոնիքոն սփուտոն»-ի դասախօսութեանց յատուկ ընդարձակ սրահին մէջ արժանի շուքով տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակի տօնակատարութիւնը:
Երկսեռ հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած է սրահը: ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ հանդիսականներուն կուրծքերը զարդարած են ՀՄԸՄ-ի նշանակներով:
«Ադամեան» երգչախումբի յունական եւ հայկական քայլերգներու խմբերգումէն ետք, բացման խօսքը կատարած է օրուան նախագահ Արշաւիր Ճամճեանը: Վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգուած է յիշատակը ՀՄԸՄ-ի հանգուցեալ հիմնադիրներուն եւ մահացած ՀՄԸՄ-ականներուն:
Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղին կողմէ Կարապետ Գասպարեանը կարդացած է տեղեկագիր մը: Սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուցած է մասնաճիւղի քառասուն տարիներու բազմարդիւն գործունէութիւնը:
Յաջորդաբար խօսք առած են Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչ Պատրիկ Սարգիսեանը եւ սկաուտ խմբապետ Լեւոն Գայեանը: Նշած են ՀՄԸՄ-ի ազգօգուտ գործունէութիւնը, զոր ան ունեցաւ իր գոյութեան յիսուն տարիներու ընթացքին, իբրեւ համահայկական կազմակերպութիւն: Թուած են նաեւ անոր առաջադրութիւնները:
Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Տեղի ունեցած է նաեւ մետալներու եւ վկայականներու բաշխում:
Վերջին խօսքը տրուած է Ազգ. իշխանութեան ատենապետ Ռուբէն Գալֆայեանին: Յանուն Թեսաղոնիկէի հայութեան` Գալֆայեանը ողջունած է ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակը եւ նշած է ՀՄԸՄ-ի ազգային դիմագիծը:
Երգչախումբին կողմէ ՀՄԸՄ-ի քայլերգի եւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ի խմբերգումէն ետք, հանդէսը վերջ գտած է նախագահի փակման խօսքով եւ Անուշաւան քահանայի «Պահպանիչ»-ով:
Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան
Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը
Լիբանանահայ բժշկական միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, կազմակերպուած` ի նպաստ հայկական հիւանդանոցի հողի գնման ֆոնտին, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 25 յունուարի երեկոյեան «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ, հովանաւորութեամբ պետական երեսփոխան եւ փաղանգաւորներու պետ` Փիեռ Ժեմայելի: Վարչութեան եւ պարահանդէսի յանձնախումբի անդամներուն տարած անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ` ամէն ինչ շատ կանոնաւոր ձեւով ընթացաւ:
Պարասրահի մուտքին, ինչպէս նաեւ աստիճաններու երկայնքին նորահաս օրիորդներու եւ պատանիներու ցանցը, նուէրներով, ընդունելութիւնը վերածեց պէտք եղածէն շատ աւելի հաճելի եւ ճոխ: Իր ժամանակին սրահը արդէն լեցուն էր: Որոշ թիւով տեղացի բժիշկներ եւ բարեկամներ եւս եկած էին պատուելու Լիբանանահայ բժշկական միութեան այս գեղեցիկ ձեռնարկը:
Ճաշի ընթացքին իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերաւ ամերիկահայ երգչուհի Էլիզ Թաշճեանը:
Սոնա Փոլատեան-Օրկանճեանի պալէի սաները ճկուն, համաչափ, պարին ընդմէջէն կեանքը փոխանցելու իրենց ճիգին մէջ այնքան վառ ու կենդանի էին, որ կրցան պարի ամբողջ տեւողութեան բոլորին ուշադրութիւնը իրենց վրայ կեդրոնացնել:
Աւելի դասական ոճով սրահէն ներս մուտք գործեց տասնվեց նորահաս զոյգերու շքերթը (քոթիոն) 1969): Իր ամբողջութեանը մէջ շնորհալի ցուցադրութիւն մը եղաւ: Խանդավառուած մթնոլորտէն, գաղափարէն, այլազգի անծանօթ մեծ անձնաւորութիւն մը, մեծ ընկերութեան մը ներկայացուցիչը, սրտաբուխ հինգ հազար լիբ. ոսկի նուիրեց հայկական հիւանդանոցի հողի գնման ֆոնտին: Անհունօրէն կը գնահատենք այս գեղեցիկ ժեսթը հայ ժողովուրդի անծանօթ այս բարեկամին ու կը մաղթենք, որ օրինակ դառնայ մեր հարուստ ազգայիններուն, որպէսզի իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւններով կարելի ըլլայ իրականացնել լիբանանահայութեան սրտին խօսող ազգային հիւանդանոցի գաղափարը:
Ստեղծուած խանդավառութեան մէջ Արաքսի Կէրկէրեանը, ինչպէս նաեւ նորապսակ Շէքէրճեան զոյգը հազարական ոսկի նուիրեցին նոյն նպատակին:
Կշռոյթի ու պարի խանդավառ շունչին տակ մթնոլորտը աւելի տաքցաւ, վիճակահանութիւնն ու քոթիոնի բաշխումը եկաւ ամբողջացնելու ընդհանուր պատկերը: Պարի եւ ուրախութեան այս ալիքը տեւեց աւելի քան առաւօտեան ժամը երեքը` արձանագրելով յաջողութիւններուն գեղեցկագոյնը, բերելով նաեւ իր լայն նպաստը նպատակին:
Հարկ է շնորհակալութիւն յայտնել Լիբանանահայ բժշկական միութեան ներկայ վարչութեան, եւ մանաւանդ, տիկիններու այն պզտիկ խումբին, որուն անխոնջ ջանքն ու աշխատանքը վեր կը մնայ ամէն գնահատանքէ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Ջութակահար Յարութիւն Պետելեան
Պէյրութի Մէջ
Վերջերս «Թայմզ» շաբաթաթերթը եւ կարգ մը հայ օրաթերթեր անդրադարձան եւ գրեցին ջութակի ուսուցման հռչակաւոր վարպետ Իվան Կալամեանի մասին: Ահաւասիկ կը ներկայանայ մեզի իր խոստմնալից աշակերտներէն մէկը, որ խլելով Պի.Պի.Սի.-ի մրցանակը 25 կատարողներու մէջէն, Մենուհիի կարգադրութեամբ, 1966-ին մեկնած էր Ամերիկա` աշակերտելու համար Կալամեանին:
Յարութիւն Պետելեանը ծնած է Կիպրոս: Հինգ տարեկանին սկսած է ջութակի դասեր առնել իր հօրմէն, յայտնի ջութակահար եւ վաստակաւոր երաժշտագէտ Վահան Պետելեանէն, որ եղած է Բարիքեանին` առաջին ուսուցիչը:
Ութ տարի ետք հրաւիրուած է Աթենքի երաժշտանոցին կողմէ` ներկայացնելու համար Կիպրոսը, Պառնասոյի մրցանքներուն: Ստացած է առաջին պարգեւը: 1960-ին մասնակցած է Լոնտոնի Արքայական երաժշտանոցին կողմէ կազմակերպուած «Միջերկրականի երկիրներուն յատկացուած կրթաթոշակի մրցանք»-ին: Շահած է մրցանակը եւ անցած է Լոնտոն` հետեւելու համար սոյն երաժշտանոցի դասերուն: Իր աշակերտութեան շրջանին, դպրոցէն ներս, չորս յատկանշական մրցանակներ շահելէ ետք, ստացած է վկայականը` պատուոյ յիշատակութեամբ: 1964-ին մասնաւոր ելոյթ մը ունեցած է «Սէյնթ Ճեմզ» պալատին մէջ, Ալեքսանտր իշխանուհիին այցելութեան առիթով:
1968-ին, Ամերիկայի մէջ, «Քառնեկի հոլ»-ի ունկնդիրներուն տուած նուագահանդէսէն ետք, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի թղթակից Ալլըն Հիւղղ հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է թերթին մէջ. «Ուժեղ, փայլուն եւ պարտադրող ոճ մը: Կարելի չէ ուրանալ իր տաղանդն ու զօրաւոր անհատականութիւնը: Ան վերարտադրեց ամէն մէկ կտոր` անմիջական արտայայտչականութեամբ մը»:
Պէյրութահայութիւնը առիթ պիտի ունենայ ունկնդրելու Յարութիւն Պետելեանը այս երկուշաբթի, 10 փետրուար, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ուեսթ հոլ»-ի մէջ: Յայտագրին մէջ կան Թարթինիի, Պրամսի, Պախի եւ Խաչատուրեանի գործերը:
Նուագահանդէսը կազմակերպուած է Լիբանանահայ գեղարուեստասիրաց միութեան կողմէ:
Ն. ԽՐԼՈԲԵԱՆ