Խմբագրական
Վարդանանց Ոգին
Դարերու խորերէն եկող հրաշավէպի մը շքեղութիւնը ունի աւելի քան մէկուկէս հազարամեակ առաջ Տղմուտ գետի ափին մղուած այն ճակատամարտը, ուր հայութեան ազատախռով ոգին ծառացաւ անագորոյն բռնակալութեան դէմ:
Վասն հայրենեաց եւ կրօնի Յազկերտի փիղերուն դէմ կուրծք ցցող Վարդանն ու իր զինակիցները իրենց արի կեցուածքով հաւատարիմ կը մնային հայոց պատմութեան, այդ պատմութիւնը հրաշակերտող առասպելական դէմքերուն, որոնք այլ պայմաններու մէջ եւ տարբեր առիթներով նոյն խիզախութեամբ արհամարհած էին մահը ի խնդիր հայութեան առհաւական ժառանգութեան պահպանումին:
Ժողովուրդները ընդհանրապէս կը տօնեն իրենց փառաւոր յաղթանակները, կը պանծացնեն այն զօրավարները, որոնք յաղթանակի պսակով կը վերադառնան ռազմադաշտէն: Պարտութիւնները տեղ չեն ունենար ժողովուրդներու սրտին մէջ, մաս կը կազմեն պատմութեան, բայց երբեք չեն կրնար աղբիւր ծառայել ներշնչումի:
Աւարայրի ճակատամարտը դուրս կու գայ այս ընդհանուր կանոնէն եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ կ՛արժեւորուի իբրեւ բախտորոշ դէպք, որ հիմնական ուղղութիւն պիտի տար հայ ժողովուրդի գոյութեան պայքարին:
Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին թշնամին հասած էր տեղ մը, ուրկէ անդին վտանգը կը սպառնար այն բոլոր արժէքներուն, որոնք ժողովուրդ մը կանգուն կը պահեն` հակառակ բոլոր դժբախտութիւններուն:
Հայրենական հողերէն աւելի, որոնք օտար ուժերու գրաւման տակ կը գտնուէին, Վարդան եւ ընկերները կռուի դաշտ կը նետուէին պաշտպանելու համար հոգեկան այն անկախութիւնը, որուն դէմ ուղղուած էին բռնութեան դաւադիր ուժերը:
Այսպէս է հայ ժողովուրդը: Երբ թշնամին կը սպառնայ իր հոգեկան արժէքներուն, երբ իր նիզակները կը ճօճէ իր գոյութեան հիմքը կազմող ցեղային առաքինութիւններուն դէմ, կը ցցուի յանկարծ եւ տարերային պոռթկումով մը, որ որեւէ հաշիւի ենթակայ չէ, կը նետուի պայքարի դաշտ` փրկելու համար իր ազգային գոյութիւնը պահպանող հիմնական տարրերը:
Ինչ որ ամրացուց մեր մէջ Վարդանանց դիւցազնամարտը` ազատ ու անկախ ազգ ապրելու այն հաստատ կամքն է, որ այսօր, հազար հինգ հարիւր տարի ետք, նոյն ուժգնութեամբ ընթացք կու տայ հայութեան հաւաքական կեանքին:
Գիտակցաբար մահուան գիրկը նետուող մեր նահատակները իրենց այդ վսեմ արարքով, անձնուիրութեան այդ գերագոյն օրինակով անմահութեան ճամբան լայն բացին իրենց ժողովուրդին առջեւ` դարերուն վրայ դնելով կնիքը Վարդանանց այն ոգիին, որ մերն է դարձեալ այսօր, պիտի ըլլայ նաեւ վաղը, կեանքի բոլոր փորձութիւններուն դէմ:
Որեւէ ժամանակէ աւելի այսօր պէտք ունինք այդ ոգիին, մեզ կանգուն պահող, մեր ապագան տնօրինող այն անիրական ուժին, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է գտնէ իր ցեղային ժառանգութեան մէջ, իր հոգիին մէջ:
Որովհետեւ Վարդանանց ճակատամարտը վերջ չէ գտած տակաւին, չի կրնար վերջ գտնել, այնքան ատեն որ իր ճակատագիրը ազատ ու անկաշկանդ տնօրինելու կարելիութենէն զրկուած կը մնայ մեր ժողովուրդը, պահանջատէր ժառանգորդը արդար Դատի մը, որ իր լուծումին կը սպասէ:
Այդ Դատին համար, գոյատեւման այն աննախընթաց պայքարին մէջ, որ կը մղենք բոլոր ճակատներու վրայ, վարդանի ոգին ներշնչումի աղբիւր պէտք է ըլլայ բոլորին, մանաւանդ` նոր սերունդներուն, որոնք պարտականութեան պիտի կոչուին վաղը, կոչուած են այսօր, երբ հայութիւնը պէտք ունի իր բոլոր զաւակներուն միահամուռ կամքին արդիւնաւոր արտայայտութեան:
Այս վստահութեամբ եւ հաւատքով վաղը խունկ պիտի ծխենք Աւարայրի քաջերուն անմահ յիշատակին առջեւ` վերանորոգելով մեր ուխտը, որ դարեր շարունակ եղաւ մեր ժողովուրդինը, յաւիտենականութեան ճամբաներուն անխոնջ ուղեւորին:
Անփոխարինելի Շաղախ
Տասնհինգ դար ու երկու տասնամեակներէ ի վեր Վարդանանց պատերազմը հսկայ ջահի մը պէս կը լուսաւորէ հայոց պատմութիւնը եւ կ՛ողողէ իրենց երակներուն մէջ Վարդաններու արեան նոյն կարկաչը զգացող սերունդներու հոգին:
«Մենք ֆիզիքապէս պարտուեցանք, բայց բարոյապէս յաղթեցինք»-ը այս առիթով ըսուած ու շատ տարածուած խօսք է, թէեւ երեւութապէս շատ բախտաւոր խօսք մը չէ ու մեծ յարգ չի վայելեր: Գործնապաշտ մարդիկ յաճախ հեգնանքի առարկայ կը դարձնեն զայն` երանի տալով ֆիզիքապէս յաղթողին ու ողբալով ճակատամարտին բարոյական երեսները յաղթանակի վերածած դափնեկիրներուն վրայ, որ մենք եղանք:
Գործնապաշտներուն միտքը, սակայն, գործօն դեր չի կատարեր կեանքի մեծ ճշմարտութիւններուն մէջ եւ յաճախ կը խոնարհի այն միւս ուժին առջեւ, որ կը հանդիսանայ հաստատուն կռուանը, ժամանակին ու փորձութիւններուն դէմ ժողովուրդ մը կանգուն պահող միակ զօրութիւնը:
Ժողովուրդները հաւաքական պոռթկումներով կ՛արտայայտեն իրենց հոգին, հաւաքական պոռթկումներու այդ ալեկոծ տարերքին մէջ կը կազմուի եւ յետնորդներուն խառնուածքը, որուն մղումներով կը շարժին այնուհետեւ յետնորդները, կը տքնին, կը կերտեն կեանքը, պատմութիւնը, ա՛յն ինքնուրոյնը, որուն հրամայականներով մարդիկ կ՛արիանան «ընդդէմ մահու»:
Հայը պատմութեան բեմէն ջնջելու քաղաքականութիւն մը կը վարէր պարսկական արքունիքը եւ դժուար պիտի չըլլար մեր ձուլումը, եթէ Վարդանանք իրենց «յաւերժատես աչքերով» չկարենային կշռել ապագան եւ նախամեծար համարէին պարսից խոստացած շռայլ կաշառքներով օրօրել իրենց հողեղէն գոյութիւնը: Հնազանդութեան կոչերուն չարձագանգեցին անոնք, այլ բարձրացուցին ըմբոստութեան դրօշը: Վարդան ու իր քաջերը քաջատեղեակ էին թշնամիին մարտական գերազանց կարողութեան, կը զգային նոյնպէս բախումի մը արիւնոտ հետեւանքները, բայց իրենց գիտակցութեան մէջ տասնամեակ մը կամ երկու աւելի ապրիլը նշանակութիւն չունէր այդ ճակատագրական օրերուն, ապրիլը նպատակ մը չէր այլեւս իրենց համար, ազգը ապրեցնելու կոչուած նորայայտ աւիշը, նորածագ լոյսը, նորաստեղծ ոգին նուիրագործելու գաղափարական ո՛ւժ մըն էր զիրենք ղեկավարողը, որ տուեալ պահուն արիւն կը պահանջէր, ու արիւնը ուղխօրէն տրամադրուեցաւ իրեն, ու արիւնը գիրք եղաւ յետոյ, բանաստեղծութիւն, թատրերգութիւն, ազգը ազգ պահող ու ամրացնող անփոխարինելի շաղախ:
Պ. Ս.