Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1969)

Փետրուար 4, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան

Հնագոյն Ներկերու Առեղծուածը

Երեւան, 27 յունուար.- Հ.Գ.-ի թղթակից Գ. Գալստեան կը հաղորդէ.

Բացայայտուած է հայկական հնագոյն ներկերու առեղծուածը, որոնցմով նկարուած են Հայաստանի եզակի տաճարներու որմանկարները, նրբարուեստ մանրանկարները, որոնք դարերու ընթացքին պահպանած են իրենց պայծառութիւնն ու թարմութիւնը: Հարիւրամեակներու ընթացքին այդ ներկերու պատրաստման գաղտնիքը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ, իսկ այնուհետեւ` մոռցուած:

Ո՞րն է հայկական ներկերու գաղտնիքը, որոնցմէ, գեղանկարչութեան իտալացի յայտնի մասնագէտներ Ֆիլարետէի, Վազարիի, Պաոլոպինոյի եւ միւսներու վկայութեամբ, օգտուած են վերածնունդի շրջանի ականաւոր նկարիչները եւ, մասնաւորապէս, Լէոնարտօ տա Վինչին: Աշխարհահռչակ գեղանկարիչը, մասնագէտներու վկայութեամբ, իր յայտնի ինքնադիմանկարը կատարած է հայկական սանդուինով:

Հայկական հնագոյն ներկերու գաղտնիքը վերծանելուն` մասնագէտները  ձեռնամուխ եղան ժամանակի լաւագոյն նկարիչներէն մէկուն` Մարտիրոս Սարեանի կոչին ընդառաջելով: Այդ նպատակով ստեղծուած տարրալուծարանը զբաղացաւ բարձրորակ ներկերու ստացման եղանակներով: Իբրեւ ելանիւթեր` վերցուեցան հրաբխային եւ նստուածքային քարատեսակներ, որոնցմով այնքան հարուստ է մեր լեռնային հանրապետութիւնը:

Մասնագէտները Ծովագիւղի, Մեծքարի, Շահնազարի հանքավայրերու ֆիլզիտային տուֆերէն ստեղծեցին ներկ մը, որ ունի քսանէն աւելի երանգ, բացի մինչեւ մուգ կարմիրը: Արզաքանի օխրայէն անոնք ստացան դեղինէն մինչեւ մուգ շագանակագոյն երանգներու ներկ:

Նոր ներկերու համար սասափելի չեն բնութեան քմահաճոյքները: Արդէն երկրորդ տարին է` յատուկ խցիկի մէջ խիստ փորձարկումներու կ՛ենթարկուին այդ ներկերը, որոնք քսուած են կտաւի, քարի, փայտի, թուղթի վրայ: Խցիկին մէջ կը ստեղծուի արհեստական կլիմայ, արեւադարձային տապ եւ ուժեղ սառնամանիք, յորդ անձրեւ, ձիւն, քամի: Ըստ որուն, տարուան մը ընթացքին արհեստական եղանակի ներգործութիւնը ներկերու վրայ հաւասարազօր է բազմաթիւ տասնամեակներու ազդեցութեան:

Շուտով գեղանկարիչները հնարաւորութիւն կ՛ունենան նկարելու այն ներկերով, որոնցմով օգտուած են Վերածնունդի շրջանի նկարիչները:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՌԱՏԻՊ

ՀԵՀՈՄ

«1969 Կաղանդի Արշաւ»

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան ձեռնարկած «1969 Կաղանդի արշաւ»-ը իր լրումին հասած ըլլալով` ՀԵՀՈՄ-ի վարչութիւնը մամլոյ միջոցով իր շնորհակալութիւնները յայտնելու պարտք կը զգայ բոլոր անոնց` մամուլ, միութիւն, կազմակերպութիւն թէ անհատ ազգայիններ, որոնց օժանդակութեան, նուիրատուութեանց եւ աշխատանքին շնորհիւ միայն կարելի եղաւ իրագործել վերոյիշեալ ձեռնարկը:

ՀԵՀՈՄ-ի վարչութիւնը այս արշաւին առթիւ յաջողեցաւ`

1.- Այցելել Պուրճ Համուտի ծերանոց-այրիանոցը, հաւաքոյթ մը սարքել եւ իւրաքանչիւր պատսպարեալի յանձնել տոպրակ մը սննդեղէն եւ երեք մեծ սնտուկ հագուստեղէն (2 յունուար 1969):

2.- Կաղանդ պապայի ընկերակցութեամբ այցելել Ժիպէյլի դանիական «Թռչնոց բոյն»-ը եւ նուէրներ բաժնել 96 փոքրիկներու, ինչպէս նաեւ յանձնել 100 լ. ոսկիի նուէր մը` հաստատութեան եւ 100 լ. ոսկի ալ իբրեւ կաղանդչէք յանձնել հինգ անոք փոքրիկներու (5 յունուար 1966):

3.- Հագուստեղէն եւ խաղալիքի վերաբերեալ նուէրներ կատարել վեց ազգային վարժարաններու չքաւոր 75 աշակերտներու:

4.- 20 կամ 10 լ. ոսկի (ըստ պարագային) յանձնել քառասունի մօտ անձերու` իբրեւ կաղանչէք:

***

ՀԵՀՈՄ-ի տղաքն ու աղջիկները իրենց նպատակ ըրած են մտածել ու գործել ոչ իրենց համար, այլ` ուրիշին: Անոնք հրապարակաւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն զիրենք ծնող ժողովուրդին, որ ըստ ամենայնի քաջալեր հանդիսացաւ իրենց` ընկերային ծառայութեան նոյնքան կարեւոր մարզին մէջ իրենց նախաձեռնած այս առաջին գործունէութեան մէջ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Օդին Մէջ Տեղ Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?