25-ամեակ ՀՅԴ «Զաւարեան»
Աշակերտական Միութեան
Նախագահութեամբ Մ. Իշխանի, շաբաթ, 18 յունուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տպաւորիչ հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ ՀՅԴ «Զաւարեան» աշակերտական միութեան 25-ամեակը:
Հանդէսին բացումը կատարեց եւ օրուան նախագահը բեմ հրաւիրեց աշակերտականի վարչութեան ատենապետ Թորոս Մանկասարեան:
Մ. Իշխան իր բացման խօսքին ընդհանուր գիծերու մէջ ըսաւ.
«Հայ իրականութեան մէջ մեր բոլոր տօնակատարութիւնները մեր հոգին կը սնուցանեն ազգային զգացումներով: Բայց այսօրուան հանդիսութիւնը բացառիկ տեղ մը կը գրաւէ, որովհետեւ, իրենց կեանքի գարնան մէջ գտնուող տղոց եւ աղջկանց 25-ամեայ փառատօնը պիտի կատարենք: Հաճոյք է ինծի համար տեսնել նոր սերունդ մը, որ պիտի բացուի մեր կեանքին մէջ, ծառ ու ծաղիկ պիտի դառնայ եւ մեր կեանքը պիտի լեցնէ նոր բոյրով մը:
Իբրեւ մշակ մօտենալով այս կազմակերպութեան, մեր կեանքին արտը ծլած, կանաչցած կը տեսնեմ:
Այս կազմակերպութիւնը ընդունած է «Զաւարեան» անունը, որովհետեւ ան իր նպատակին դրօշ ընդունած է Զաւարեանի գաղափարները: Այդ գաղափարները մեր յեղափոխութեան պատմութիւնը կերտած են ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ:
Արդարեւ, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեան եղած է անոր լուսապայծառ դէմքերէն մէկը: Ո՛չ միայն հիմնադիրներէն մէկը եղաւ, այլեւ դրաւ իր գաղափարին անջնջելի դրոշմը այդ կուսակցութեան վրայ:
Այս մտածումներով ես կ՛ողջունեմ այս միութեան 25-ամեակը: Քառորդ դար շարունակ պատանիներ եկած են այս միութեան շարքերը, սորված են հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, գալիք օրերու Ա. Բ. Գ.-ը, դառնալու համար անդամները Դաշնակցութեան:
Ամէն տեղ երիտասարդական եռուզեռ կայ: Երիտասարդութիւնը խռովքներ կ՛ապրի, կ՛ուզէ բան մը փոխել մեր կեանքին մէջ դէպի լաւը, դէպի լաւագոյնը: Մեր պատանիները կ՛ապրին իրենց հոգիին մէջ տեւական խռովք մը, տեւական անհանգստութիւն մը, որովհետեւ կը զգան հոգեպէս, եթէ նոյնիսկ գիտականօրէն պատրաստուած են: Հայ երիտասարդը անխուսափելիօրէն ինքզինքը զինուորը կը զգայ Հայ դատի իրագործումին:
Կ՛ողջունեմ այս 25-ամեակը եւ ի սրտէ կը մաղթեմ, որ «Զաւարեան»-ը կանգուն մնայ, բարգաւաճի, ուռճանայ եւ շարունակ նուիրեալ գաղափարապաշտ զինուորեալներ պատրաստէ այն մեծ կազմակերպութեան, որ բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը ծառայէ հայ ժողովուրդին: Ռուբէնի յուշերէն ապրումով հատուածներ կարդաց Սօսի Յակոբեան:
«Զաւարեան» աշակերտական միութեան կողմէ ուղերձ կարդաց Սիլվիա Պոյաճեան:
Զաւարեանական խումբ մը երիտասարդներ, յաջորդաբար եւ միաձայն խմբերգեցին «Վէրքերով լի», «Զարթի՛ր որդեակ» եւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» յեղափոխական երգերը, որոնց սրտաբուխ եւ մեղմաձայն իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկաները:
Օրուան բանախօս Վարդգէս Տէր Կարապետեան հաղորդական լեզուով ներկայացուց «Զաւարեան» ուսանողական միութեան գործունէութիւնն ու հետապնդած նպատակը: Բաղդատած օտար ուսանողին հետ, ընդգծեց սփիւռքահայ ուսանողին կատարելիք դերը եւ ստանձնելիք պարտականութիւնները, յատկապէս Հայ դատի առնչութեամբ իր բերելիք ամբողջական նուիրաբերումը:
Ան նշեց, որ աշակերտական միութեան 25-ամեակը, իր վրան կը կրէ ՀՅ Դաշնակցութեան կնիքը եւ Զաւարեանի անունը: Մեր առջեւ կը ներկայանայ Զաւարեանը իր մեծութեամբ եւ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը, որ այս գաղութին ամէնէն հին միութիւնն է:
«Ծանօթ է բոլորիդ, որ պետութիւնները ի՜նչ համբերութեամբ կը դիմագրաւեն իրենց ուսանողներուն խռովքները: Ուսանողութիւնը մտաւորական այն շտեմարանն է, որմէ պիտի գան դէմքեր` կանգուն պահելու պետութիւնը, ստանձնելու պետական կարեւոր վարչամեքենան:
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մենք չունինք վարչագիտական ուսում տուող կեդրոններ: Հայագիտական, քաղաքագիտական մեր համալսարանները կրթական մեր բարձրագոյն հաստատութիւններն են, ուսանողական միութիւնները:
Հայ ուսանողը պէտք է ըլլայ եւ է՛ բաց պատուհան մը, ուրիշներու հետ տեւաբար հաղորդակցութեան մէջ մնալու համար: Հայ ուսանողը պէտք է ապրի նաեւ մեր առօրեայի կարիքները, պէտք է պատրաստ ըլլայ:
Ուսանողութիւնը մէկ չնչին տոկոսը կը կազմէ ժողովուրդին: Բարձրագոյն ուսում ստացողները շատ աւելի նուազ են յատկապէս հայ իրականութեան մէջ, եթէ բաղդատենք օտար ազգերու հետ: Սակայն, հայ իրականութիւնը պէտք չէ բաւարարուի միայն հայ ուսանողներու թիւով: Հայ ուսանողը ունի իր գաղափարաբանութիւնը իր պատրաստութիւնը պէտք է գայ Աշակերտականէն: Հո՛ն պէտք է պատրաստուի ու երբ անցնի Ուսանողական, շարունակէ իր գործը եւ ստանձնէ հանրային պատասխանատուութիւններ:
Ասկէ 20-25 տարի առաջ, թիւով շատ քիչ էին Լիբանանի մեր երկրորդական վարժարանները: Օտար շրջանակներու մէջ, դժուարին աշխատանքներ տարաւ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը: Ներկայիս, ուրախ ենք, որ բազմաթիւ են մեր երկրորդական վարժարանները, որոնք մէկական պատնէշներ են ձուլումի վտանգին դէմ: Գաղափարական մարդը պատրաստող դերը կը կատարէ աշակերտականը: Հայապահպանումը միակ մտահոգութիւնը պէտք չէ ըլլայ մեզի համար: Մեր աշխատանքները պէտք է տանինք Հայ դատի ուղղութեամբ: Մեր ուսանողները պէտք է լծուին այդ աշխատանքին: Ունինք դատ մը, մնացած ենք մինակ: Պէտք ունինք զոհաբերողներու: Սակայն, այդ զոհաբերութիւնը կ՛արժեւորուի, եթէ մեր ուսանողները բերեն իրենց ամբողջական նուիրաբերումը: Այս կրկնակ աշխատանքները ստիպուած ենք պահանջելու մեր աշակերտներէն»:
Դերենիկ Թերճանեանի «Ֆետայիները» ընթերցանութենէն ետք, իր փակման խօսքին մէջ Մ. Իշխան ի միջի այլոց ըսաւ.
Այս պատանի սերունդը ընդհանրապէս խորհրդաւոր է, որովհետեւ աւելի գալիք է եւ ապագայ: Այս սերունդէն կարելի է շատ բան սպասել: Չենք գիտեր, թերեւս ապագայ հերոսներ կան, թերեւս դէմքեր, որոնք անջնջելի յիշատակներ պիտի ձգեն: Գոնէ քանի մը հոգիներ անոնցմէ, պիտի դառնան այն աստղերէն, որոնց լոյսերը կը շողշողան հայոց երկնակամարէն: Կեանքի դէպքերն են, որ կը ստեղծեն պատմութեան հերոսները:
«Զաւարեան»-ի աշակերտները, ըստ իս, առանձնաշնորհեալներ են մեր սփիւռքի կեանքին մէջ: Որովհետեւ, բացի իրենց դասերէն, իրենց կը տրուի հայոց պատմութիւն: Թիւով 75 հոգի են անոնք: Պիտի ուզէի, որ երբ անոնք մտնեն հին ֆետայիի նկարներով զարդարուած մեր ակումբները, փնտռեն, գտնեն եւ նոյն բախտին կանչեն ուրիշ եօթանասունհինգներ, որոնք թէեւ մեր ազգին զաւակներն են, բայց օտար վարժարաններու մէջ չեն ստանար այն շունչը, որ զանոնք հայ պիտի պահէր: Ձեր պարտականութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ գտնել ձեզի հասակակիցներ եւ հաղորդակից դարձնել այն ապրումներուն, որոնք կը ներշնչեն ձեզ: Այս ալ արուեստ է: Ձեր անձին օրինակով, ձեր կեցուածքով պիտի կրնաք ազդել եւ ասիկա մեծ գործ է:
Վերջացնելէ առաջ պիտի ուզէի օրինակ բերել Ա. Ահարոնեանի մէկ խօսքը` ըսուած ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան մասին: Քրիստափոր Դաշնակցութեան միտքն էր, Ռոստոմ կամքն էր եւ Զաւարեան խիղճն էր:
Միտք կարելի է գտնել, մանաւանդ ներկայ դարուս: Կամքն ալ կարելի է դարբնել կեանքի վերիվայրումներուն մէջ:
Ամէնէն դժուարը խիղճն է, բարոյական հասկացողութիւնները, որոնց մարմնացումն էր Զաւարեանը: Ձեզի համար ամէնէն աւելի օրինակելին պիտի դառնայ Զաւարեանը, անոր կեանքը, անձը եւ գործերը: Ան մարմնացումն էր անխաթար բարոյականի մը, ծառայութեան ոգիին, անշահախնդրութեան եւ անաչառութեան:
Ահաւասիկ այն անբասիր անձը, որուն անունով կնքուած էք: Կը մաղթեմ, որ գոնէ որոշ չափով նմանիք Զաւարեանի բարոյական տիպարին:
Հանդէսը վերջ գտաւ ներկաներու յոտնկայս «Յառաջ Նահատակ» քայլերգի խմբերգումով:
ՀՐԱԶԴԱՆ