Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Փետրուար 1969)

Փետրուար 9, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

 Ընկեր Տոքթ. Բ. Փափազեանի
Դասախօսութիւնը Նիսի Մէջ

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Մարսէյի Շրջ. կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ Նիսի «Գէորգ Չաւուշ» խումբին, յունուար 23-ին Նիսի մէջ ընկ. տոքթ. Բ. Փափազեան տուած է բանախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով «Հայ ազգային կեանքի ներկայ դարուս վիճակուած հարցերու քննութիւնը»:

Ներկաները երկու ժամ լարուած հետաքրքրութեամբ լսած են ընկ. Փափազեանի ուսումնասիրուած բանախօսութիւնը:

Ստորեւ գլխաւոր կէտերը.

Ա.) Նախ Հայաստանի աշխարհագրական սահմանները գծենք: Հայաստան չորս կողմէն լեռնային շղթաներով պաշարուած: Հայ ժողովուրդը դարերով կռուած է իր զանազան թշնամիներու դէմ յաղթած ու յաղթուած է, եւ նոյն այս ցեղը` հայը, երեք հազար տարիներ, իր կամքի ուժով, արի ժողովուրդ, ողջ մնացած է եւ այսօր ոտքի է:

Բ.) Հայ քաղաքական կեանքի անցեալը ապրուած, վերջացած է: Անցեալի փորձառութիւնը հիմ ունենալով, անցեալէն դաս առնելով` կը մնայ մեզի դէպի ապագան նայիլ: Ապագան կերտել: Առողջ մտայնութեամբ հետեւիլ աշխարհի մեծերուն քաղաքականութեան գծած ու հետեւած ուղիներուն, ու առաջնորդուելով այդ գծուած, մշակուած ուղիներէն` ելք մը որոնել մեր ազգային տենչերուն, մեր անիրաւուած Հայ դատի իրականացման ուղին փնտռել:

Գ.) Պատերազմը ներկայ դարուս միջոց մը չէ իրականացնելու համար որեւէ յաղթանակ, որեւէ դատ: Յաղթողն ալ, յաղթուողն ալ տուժողներ են: Քաղաքական հարցերը լուծելու ներկայ դարուս միակ միջոցը համերաշխօրէն դէմ առ դէմ նստիլ ու լուծել է հարցերը:

Դ.) Դարու ոգին է անկախութեան ձգտումը: Ներկայ դարուս ոեւէ ազգ, որ գոյութիւն ունի երկրագունդին վրայ, կը տենչայ ազատ, անկախ ապրիլ: Իր տունին, իր անձին տէրը կ՛ուզէ ըլլալ: Դարուս ոգին է այս: Վկայ` դարերէ ի վեր ափրիկեան ցեղերու ապստամբութիւնն ու ազատագրումը: Վկայ` Եւրոպայի ցամաքամասին վրայ ապրող փոքր պետութիւնները, որոնք ի խնդիր ազատութեան` կը մարտնչին, կը զոհաբերուին: Եւ այն պետութիւնները` մեծ կոչուած, եթէ չեն ըմբռներ դարուս պահանջը, օր մը պիտի զգան իրենց սխալը:

Ե.) Ազգերը չեն շինուիր արհեստական կերպով: Համայնավարութիւնը վարդապետութիւն մըն է, որ կ՛ուզէ ազգերը իր մէջ լուծել, ձուլել, ազգերը նոյն կաղապարին յարմարցնել: Այդ պատմութեան դէմ երթալ է: Ամէն ազգ ունի իր ձգտումները, նկարագիրը, ոչ մէկ ազգ կը նմանի ուրիշ ազգի մը: Ամէն ազգ ունի իր պատմութիւնը, իր պապենական հողը, իր լեզուն, իր կրօնը, իր ըմբռնումները, իր ապրելակերպը` գործելու, մտածելու: Հնարաւոր չէ կաշկանդել ազգ մը: Համայնավարութիւնը կէս դարէ ի վեր չէ յաջողած իր «չքնաղ» ծրագիրը իրագործել, որովհետեւ այդ ծրագիրը հակառակ է մարդկային ըմբռնումին եւ ազգերու պատմութեան:

Զ.) Մեր Դատը չէ լուծուած: Պահանջատէր ենք: Աշխարհի մեծերու շահը մեզ ողջակէզ ըրաւ: Հայ արի ժողովուրդը իր միլիոնաւոր զաւակներուն արիւնով իր հայրենի հողին մէկ մասին տիրացաւ 1918-ին. աւերակներուն մէջէն արիւնով իր պետութիւն կերտեց: Փոքր ժողովուրդ` մեծ սրտով: Օտար հոսանք մը եկաւ հիւսիսէն, խեղդեց մեր ազատութիւնը: Խորթ վարչաձեւ մը եկաւ կաշկանդելու հայուն ազատ ապրելու տենչը: Փա՛ռք հայ բազուկին, փա՛ռք հայ մտաւորականութեան, հայ ժողովուրդին, եւ ինչո՞ւ չէ, Հայաստանի վարիչներու բռնած խոհեմ ընթացքին, մեր փոքր հայրենիքը, թէպէտ ճնշուած` համայնավար թաթին տակ, կը բարգաւաճի: Մենք կ՛ըսենք ներկայիս Հայաստանի վարիչներուն` բարգաւաճեցէք, պահպանեցէք ներկայ Հայաստանը: Ոչինչ կը սպասենք Հայաստանի կառավարութենէն ներկայ վարչաձեւին տակ` Հայ դատի արծարծման նկատմամբ:

Հայ դատը արծարծել, հետապնդել` կը մնայ արտասահմանի հայութեան: Դատի հետապնդումը կը ծանրանայ ողջ հայութեան ուսին վրայ: Մէկ մարմին, մէկ ամբողջութիւն, նուիրուինք մեր արդար Դատի հետապնդման: Ազգերը մեր Դատով հետաքրքրել: Մեր Դատը ծանօթացնել կառավարութեանց: Մեր Դատը տանիլ` օրակարգի դնել տալ մեծերու ժողովներուն: Ազգերու դաշնակցութեան ժողովներուն ներկայացնել մեր պահանջը: Անշուշտ այս աշխատանքը կը կարօտի դրամական եւ կամքի ուժին: Կ՛ընենք արդէն այն, ինչ որ կրնանք, միամիտ չենք երբեք, թէ այսօր կամ վաղը կը վայելենք մեր աշխատանքին արդիւնքը: Մենք չենք կրնար ու չենք ուզեր մեր արդար Դատը թաղել մեր ձեռքով: Կը պահանջենք, կը դիմենք, կը կազմակերպուինք,  այն յոյսով, որ արդարութիւնը չի խաչուիր, պիտի ունենանք մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքը:

Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եթէ ուսումնասիրեն աշխարհի երկու հզօրները, իրենց իսկ շահուն համար, կանգնել է հայկական պետութիւն մը` իբրեւ պատուար, նման` չէզոք Զուիցերիոյ կամ Աւստրիոյ, որ բարեկամ է ամէնուն: Այս կերպով` ջնջել սահմանագլուխ դիրք բռնող, դէմ առ դէմ թշնամի ամերիկեան եւ ռուսական բանակները, անհաշիւ ծախքերու դուռ այդ բանակները: Անշուշտ կ՛ըսենք այս` ոչ թէ Ռուսիան կամ Ամերիկան մեզ բարեկամ նկատելով, քաղաքականութիւնը բարեկամ չի ճանչնար: Ազգեր կը շարժին իրենց շահերուն համապատասխան ձեւով եւ ոչ թէ` հիմնուելով բարեկամութեան վրայ:

* * *

Դասախօսութեան աւարտին, ընկ. տոքթ. Բ. Փափազեան սիրով պատասխանած է ներկաներուն ուղղած հարցումներուն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սիպերիոյ Մէջ Կեանքը` – 50 Աստիճան Ցուրտին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?