Կոչ Հայ Ժողովուրդին
Եթէ արդէն այցելած ես Քեսապ, կամ ապագային առիթը ունենաս այցելելու, առաջին առթիւ, ակնարկդ կը յանգի հսկայ կոթողի մը ճերմակ կմախքին, որ ժառանգ մըն է տեղւոյն հայ ժողովուրդին` իր նախաեղեռնեան սերունդէն:
Անոր շինութիւնը սկսաւ 1909-ին ու կանգ առաւ 1915-ին, երբ մեր ժողովուրդը ամբողջ ենթարկուեցաւ մարդկային պատմութեան առաջին ժողովրդասպանութեան` արմատախիլ ըլլալով իր պապենական շէն ու բարգաւաճ օճախներէն:
Յափշտակումներու ու խորտակումներու այդ ահաւոր ու սրտաճմլիկ ողբերգութենէն ետք, ներկայիս ամբողջ Արեւմտահայաստանի որպէս մնացորդ կը մնայ միայն Քեսապը, ուր տակաւին կը գոյատեւեն մեր նախնեաց հաւատքն ու մշակոյթը, բարքերն ու առաքինութիւնները` միախառնուած բոյրովն հարազատ հողին:
Ու այդ հայկական հարազատ հողին, այդ «փոքրիկ Հայաստան»-ի մուտքին կանգնած կիսաւարտ կոթողի ամբողջացման ի խնդիր` Քեսապի Հայ աւետարանական համայնքը ներկայիս իր վտիտ կարողութիւններով գործի ձեռնարկած է, որպէսզի ան օգտագործուի որպէս եկեղեցի, դպրոց, մատենադարան ու դարմանատուն` ապաւինելով մեր ժողովուրդին ազգային նախանձախնդրութեան ու սրտաբուխ նուիրատուութեանց:
Համոզուած ենք, որ ամէն հարազատ հայ իր բաժինը պիտի բերէ այդ շրջանի ժողովուրդի հոգիի ու մտքի շտեմարանին, որպէսզի ա՛լ աւելի ամրանայ ու ծաղկի հաւատքը, մայրենի լեզուն եւ մշակոյթը մեր ոսկեղենիկ:
Արդ, սիրելի՛ բարեկամ,
Ի մօտոյ մեր յանձնախումբը պիտի այցելէ ձեզ այն համոզումով, որ ձեր առաւելագոյն մասնակցութիւնը պիտի բերէք այդ պատուաբեր ձեռնարկին:
ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ՃԵՐՄԱԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՄԲՈՂՋԱՑՄԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Պէյրութ, 1969
Պաղտատ
Խրիմեան Հայրիկի Նուիրուած
Գրական Երեկոյ
Յունուար 23-ին, ՀՄԸՄ-ի կազմակերպութեամբ, Խրիմեան Հայրիկի նուիրուած գրական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Պաղտատի ՀԵԵ միութեան սրահին մէջ` աւելի քան 400 հանդիսականներու ներկայութեան:
Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը:
Յայտագրի առաջին մասը սկսաւ շարականով մը:
Անուշաւան Գասպարեան ներկայացուց Խրիմեան Հայրիկի կենսագրական գիծերը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Հայրիկի կեանքին հետ կապ ունեցող պատկերներ:
Յովիկ Գրիգորեան մեներգեց «Հայրիկ»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարիամ Եսայեանի: Խրիմեան Հայրիկի կեանքէն դրուագներ կարդաց Շաքէ Մուրատեան:
Ստեփան Ստեփանեանի արտասանութենէն ետք Արծրունի Սայեատեան մեներգեց «Ե՛կ, իմ սրինգ»-ը: Ապա ցուցադրուեցան «Հայ մտքի վերածնունդի դէմքեր»:
Յայտագրի երկրորդ մասին Ճորճ Գրիգորեան ներկայացուց պատկեր մը` «Շերեփի ճառ»-ը: Սեդա Սայեատեան մեներգեց «Խրիմեան Հայրիկ»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարիամ Եսայեանի:
Խրիմեան Հայրիկի գործերու մասին գրական վերլուծում մը կատարեց Իշխան Ամիրխանեան, Աշխէն Սիմոնեան կարդաց Խրիմեանի «Պապիկ եւ թոռնիկ» գրութիւնը:
Ներկայացուեցաւ «Հայգուժ» պատկերը, խօսք եւ խաղարկութիւն` Արմենուհի Կարապետեանի: Ապա «Խօսք Խրիմեան»-ի` Վանական Յարութիւնեան:
Ասողիկ եպս. Ղազարեանի խօսքէն ետք երեկոյթի փակման խօսքը ըրաւ Յարութիւն Բարսեղեան:
Ռ. Ս.
Սիսեցի Երիտասարդներու
Միութեան Ճաշկերոյթը
Ա՛լ աւանդական դարձած ու տարուէ տարի իրար գերազանցող յաջողութեամբ պսակուող Սիսեցի երիտասարդներու միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ խուռներամ բարեկամներու եւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ, շաբաթ, 25 յունուար, «Օթել Ալքազար»-ի մէջ:
Երեկոյթին թամատան` միութեան ատենապետ Յակոբ Օվայեան ձեռնհասօրէն կատարեալ կարգապահութեամբ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ տարաւ իրեն վստահուած պաշտօնը:
«Լոս Ամորես» հայկական սիրուած նուագախումբը իր առինքնող երգերով ու նուագներով, առանց տարիքի խտրութեան, ժողովուրդը միշտ բեմի վրայ պահեց:
Յարութիւն Գաբրիէլեան իր անակնկալներով յաւելեալ փայլ տուաւ արդէն եռացող խանդավառութեան:
Ստեղծուած մթնոլորտէն ոգեւորուած` եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ միութեան որդեգրած չքաւոր սաներու ֆոնտին:
Պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Վարդան Եանըգեան 1200 լ. ոսկի նուիրեցին, «Պիրա Լազիզա»-ի տնօրէնութիւն` 100, «Օղի Ապու Սաատա»-ի տէրը` շէյխ Նմըր Խազեն` 110, տէր եւ տիկին Նորայր Բակլայեաններ` 50, Սեպուհ Գարակէօզեան` 25, Սարգիս Գարակէօզեան` 25, իսկ Կիրակոս Մխճեան եւ զաւակունք 1969-ի օրացոյցները տպեցին եւ նուիրեցին միութեան:
Առաւօտեան ժամը 3:00-ը անցած է, սակայն ոչ մէկ յոգնածութեան եւ մեկնումի նշան` ներկաներէն:
Այս առիթով պարտք կը զգանք յիշել, որ Սիսեցի երիտասարդներու միութիւնը կը պահէ 15 ուսումնատենչ եւ չքաւոր սաներ` իրենց նախընտրած քոլեճներուն մէջ, վճարելով անոնց լման կրթաթոշակը` աւելի քան 5500 լ. ո.: Ունեցաւ իր «Սիսուան» պարախումբը: Կազմաւորման հունին մէջ է նաեւ թատերախումբ մը:
Գրեթէ առաւօտուն ներկաները սկսան հեռանալ սրահէն` քաջալերական կուռ խօսքերով շնորհաւորելով վարչութիւնը այս բացառիկ եւ գրեթէ անթերի ճաշկերոյթին ու անոր նպատակին համար: