Գրական Մրցանակներ
«Բագին» ամսագիրը իր այս ամսուան համարով ընթերցողին ներկայացուցած է անցնող տարուան Նոպելեան եւ ֆրանսական գրականութեան մեծ մրցանակներուն արժանացած դէմքերը, որոնց մասին տրուած կենսագրական ծանօթութեան մէկ ամփոփ պատկերը փորձեցինք կազմել եւ հոս:
Հանրածանօթ է Նոպելեան մրցանակին հմայքը, իսկ ֆրանսական գրականութեան հարիւրաւոր մրցանակներուն մէջ ամէնէն աւելի վարկ կը վայելեն այս չորսը` «Կոնքուր», «Ֆեմինա», «Էնթերալիէ» եւ «Ռընոտօ»: Յայտնի գրագէտներ, քննադատներ ու հրապարակագիրներ են ասոնց իւրաքանչիւրին դատական կազմը բաղկացնող անձերը եւ, ա՛յդ իսկ պատճառով մրցանակներէն ամէն մէկը որոշիչ դեր մը կը կատարէ գրողին ու գրական հրապարակին վրայ:
Ընթացիկ տարուան մէջ երեք հարիւրէն շուրջ հինգ հարիւր նոր գիրք կը հրատարակուի Ֆրանսայի սահմաններուն, եւ աշնան ու յունուարին կը սկսի աշխուժ եռուզեռ մը գրական շրջանակներուն ու մամուլին մէջ: Թղթակիցները տեսակցութիւններ կ՛ունենան աղմուկ հանած գրողներուն հետ, իրենց տպաւորութիւնները հրատարակութեան կու տան պատկերազարդ ոճով, կը խօսին հաւանականութիւններու մասին, մինչ հեղինակներն ու հրատարակչական տուները անձկութեամբ կը սպասեն իրենց հեղինակած կամ հրատարակած երկին շուրջ տրուելիք որոշումներուն: Շատ բան կախում ունի դատական կազմին կայացուցած վճիռներէն: Իրենց երկրին կամ անոր սահմաններէն դուրս համբաւի հասած ֆրանսացի բոլոր գրողները վերոյիշեալ մեծ մրցանակներէն մէկուն կամ միւսին, կամ քանի մը հատին տիրացած են անպայման, եւ նորերէն իւրաքանչիւրը կը ձգտի հասնիլ այդ փառքին, որովհետեւ այդ հանգամանքը կը նուիրագործէ իր տաղանդը եւ իր առջեւ լայնօրէն կը բանայ շուկային դռները:
Հետաքրքրական պատկեր մը. 1966-ի «Կոնքուր» մրցանակը շահեցաւ երիտասարդ գրագիտուհի մը` Արմանտ Շարլ-Ռու, որուն պսակադրուած գործին տպաքանակը կը հասնէր 220 հազարի: Այդ գործին օրինակը վաճառուեցաւ 17,50 նոր ֆրանքի, որուն 15 առ հարիւրը, ըստ պայմանագրութեան, տրուեցաւ հեղինակին: Պարզ խօսքով, հեղինակը իր այդ գործէն ստացաւ շուրջ 150 հազար տոլարի գումար մը:
Գրական մրցանակներու ուժը այդպէս է հոն, երիտասարդ գրող մը այսպէս կը թեւաւորուի, ընթերցողը այդ ճամբով կը խուժէ դիրքին վրայ, եւ կասկածէ վեր է, որ գրականութիւնը այդ ճամբաներուն մէջ ու ա՛յդ միջոցներով կը ստանայ ուռճացման իր կարեւոր աւիշներէն մէկը:
Վերջերս, ֆրանսացիներուն օրինակով, մեր մէջ եւս ստեղծուեցան լայն տարողութեամբ մնայուն մրցանակներ, որոնք քանի մը գործ պսակեցին արդէն, եւ, լաւ երեւոյթ, անոնց շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը կը մեծնայ օրէ օր:
Պ. Ս.
Նոպելեան Մրցանակ (1968)
Նոպելեան գրական մրցանակը այս տարի տրուեցաւ ճափոնցի գրող Եասիւնարա Քաւապաթային:
Եասիւնարա Քաւապաթա ծնած է Օզաքի, 1899-ին: Ճափոնի մէջ շատ կարդացուած ու մեծ ճանաչում գտած գրող մը: Տասնչորս տարեկանին որբացած` Քաւապաթա ինքզինք գրականութեան կը նուիրէ շատ կանուխէն` հեռու մնալով պատերազմէն եւ արդի քաղաքակրթութենէն: Քսան տարեկանին վիպասան Ժոքոմիցու Ռիիշիի հետ կը հիմնէ գրական կարեւոր հանդէս մը: Իր գործերը ամփոփուած են տասնվեց հատորներու մէջ, որոնց գլխաւորները կը նկատուին` «Իզիւի պարուհին», «Ձիւնէ երկիր», «Լերան թնդիւնը», «Սպիտակ թռչուններուն երամը», «Քննիչը» եւ այլն:
Եասիւնարա Քաւապաթա առաջին ճափոնցին է, որ կ՛արժանանայ Նոպելեան գրական մրցանակին:
«Կոնքուր» Մրցանակը (1968)
1968-ին «Կոնքուր» մրցանակը տրուեցաւ Պեռնար Քլաւելին:
Ծնած է 29 մայիս 1923-ին, Ֆրանսայի Ժիւրա շրջանին մէջ:
Առաջին վէպը` «Գիշերային գործաւորը» լոյս տեսած է 1956-ին: Երկու տարի ետք «Աստուծոյ զայրոյթը» խորագրին տակ հրատարակեց իր երկրորդ վէպը:
«Երկար համբերութիւնը» ընդհանուր խորագրին տակ Պեռնար Քլաւել 1962-ին սկսաւ գրել վէպերու շարք մը, որուն չորրորդ ու վերջին հատորն է «Կոնքուր» մրցանակով պսակուած «Ձմրան պտուղները» («Les Fruits de l՛Hiver»):
«Ֆեմինա» Մրցանակ (1968)
«Ֆեմինա»-ի տիկինները այս տարի պարգեւատրեցին Մարկրիթ Եուրքենարի «Մթասքող գործը» («L՛Oeuvre au Noir»):
Մարկրիթ Եուրքենար ծնած է 1903-ին, Լիլ քաղաքին մէջ, ֆրանսացի հօրմէ եւ պելճիքացի մօրմէ: Իր ուսումը ստացած է հօրենական տան մէջ, Յունաստանի եւ Իտալիոյ ճամբաներուն վրայ, ուր կ՛ընկերանար մարդասէր իր հօրը: Գրական գործունէութեան սկսած է 1930-ին, «Ալեքսի» անուն վէպով, որուն յաջորդաբար կը հետեւին` «Նոր Էորիտիսը», «Արեւելեան նորութիւններ», «Վերջին հարուածը» եւ ուրիշներ:
«Էնթերալիէ» Մրցանակ
1968-ին «Էնթերալիէ»-ն տրուեցաւ Քրիսթին Ռիվոյրի` իր «Վաղ առաւօտուն» («Le Petit Matin») վէպին համար:
Ազնուական ընտանիքէ մը սերող Քրիսթին Ռիվոյր ծնած է 1921-ին: Ուսումը ստացած է Պորտոյի Սաքրէ Քէօր վանքին մէջ: Իբրեւ պարի ու թատրոնի մասնագէտ` նախապէս աշխատակցած է «Լը Մոնտ»-ի եւ այլ թերթերու, իսկ ներկայիս կը վարէ «Մարի-Քլեր» ամսաթերթին գրական բաժնի խմբագրութիւնը:
Քրիսթին Ռիվոյր ցարդ հրատարակած է հինգ վէպեր: Այժմ կ՛աշխատի «Անձկութեան ծաղիկը» անուն նոր վէպի մը վրայ:
«Ռընոտօ» Մրցանակ
3-ի դէմ 7 ձայնով այս տարի «Ռընոտօ» մրցանակը շնորհուեցաւ ափրիկեցի Եամպօ Ուոլոկեմի` իր «Բրտութեան ուժգնութիւնը» («Le Devoir de Violence») անուն գործին համար:
Եամպօ Ուոլոկեմ ծնած է 22 օգոստոս 1940-ին, Մալիի Պանտիակարա գիւղաքաղաքին մէջ:
Երիտասարդ գրագէտը այժմ կ՛աշխատի երեք ճակատներու վրայ. կը գրէ վէպ, ընկերաբանութեան տոքթորայի թեզ մը կը պատրաստէ եւ կը կազմէ դասագիրքեր` ափրիկեցի դպրոցականներու օգտին:
Սրամտութիւններ
Սուտ` Ամէնէն Ամփոփ Ձեւով Ըսուած
Գինետան մը մէջ երկու ստախօս բարեկամներ գրաւի կու գան, թէ ո՛վ պիտի կրնայ աւելի համոզիչ եւ ամփոփ ձեւով սուտ խօսիլ:
Մէկը կ՛ըսէ.
– Երէկ, մեր փողոցը պարոն մը տեսայ, որ ինքզինքը հինգերորդ յարկէն վար նետեց: Սակայն, երբ երկրորդ յարկ հասաւ, երեւի իր ընտանիքը մտաբերեց, զղջաց եւ յանկարծ ետ դարձաւ:
– Այո՛, իսկապէս որ շատ յուզիչ պատմութիւն է,- կը պատասխանէ երկրորդը,- սակայն ճանչցա՞ր, թէ ո՛վ էր այդ պարոնը:
– Ո՛չ, չճանչցայ:
– Այդ ե՛ս էի:
Անգլիական Պաղարիւնութիւն
Նրբանցքի մը վրայ անգլիացի երկու վարորդներ իրարու կը հանդիպին: Անոնցմէ ոեւէ մէկը չ՛ուզեր ետ քաշել իր ինքնաշարժը եւ ճամբայ տալ միւսին: Այս կացութեան մէջ վարորդներէն մէկը գրպանէն կը հանէ թերթը եւ կը սկսի կարդալ:
Երկրորդը տեսնելով իր պաշտօնակցին անտարբերութիւնը, նոյն անտարբերութեամբ խօսքը անոր ուղղելով` կ՛ըսէ.
– Երբ աւարտես ընթերցումդ, կը խնդրեմ, որ թերթը ինծի տաս, որպէսզի ես ալ աչքէ անցընեմ:
Հետաքրքրական
Սպասուհիներու Եւ Խոհարարուհիներու Պահանջները
Ամերիկայի Նիւ Ճըրսի քաղաքին մէջ վերջերս նիստ գումարած են այդ քաղաքի եօթը հարիւր սպասուհիները եւ խոհարարուհիները, որոնք երկար-բարակ խօսելէ եւ վիճելէ ետք որոշած են գործադուլ հռչակել, եթէ իրենց տիրուհիները չընդունին իրենց հետեւեալ պահանջները.
1.- Առաւելագոյնը` հինգ ժամ աշխատանք: 2.- Նուազագոյն աշխատավարձ` ամիսը հարիւր տոլար: 3.- Տան տիրուհին, ամէն կէսօրէ ետք, հինգ այցելութենէ աւելի պէտք չէ ընդունի, բացի այն պարագայէն, եթէ ինք կը ստանձնէ դուռը բանալ: 4.- Պէտք է իրաւունք ունենան ամէն իրիկուն, ժամը 8:00-10:00 ընդունելու իրենց բարեկամուհիներն ու բարեկամները: 5.- Շաբաթ գիշերուընէ մինչեւ կիրակի առաւօտ պէտք է բացարձակ ազատութիւն ունենան: 6.- Պէտք է իրենց հաւաստիք տրուի, թէ գիշերը երբեք անհանգիստ պիտի չընեն զիրենք: 7.- Պէտք է իրաւունք ունենան դաշնակ նուագելու, երբ տիկինը չի նուագեր:
