Վարուժան Սէթեանի
Հայաստանեան
Լուսանկարներուն Ցուցադրութիւնը
Չորեքշաբթի, 29 յունուար, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան», սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանի հայաստանեան լուսանկարներուն լուսարձակով ցուցադրութիւնը:
Առաւելաբար հայ եւ օտար արուեստասէր հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը: Ներկայ էին նաեւ մամուլի ներկայացուցիչներ:
Շուրջ յիսուն լուսանկարներ ցուցադրուեցան. Եղեռնի, Սարդարապատի, Սասունցի Դաւիթի յուշարձանները, Սեւանայ լիճը, Գեղարդը, Վայոց Ձորը, Գառնիի աւերակները, Զօրաց տաճարը, Ս. Կարապետի մատուռը, Արարատը` դիտուած Զուարթնոցէն, Հռիփսիմէի եւ Էջմիածնի տաճարները, խաչքարեր, տեսարաններ` Երեւանի 2750-ամեակի տօնակատարութիւններէն, տեսարժան այլ վայրեր եւ հայրենի գրողներ:
Հայրենի պատմական վայրերուն եւ մեծանուն դէմքերուն նուիրուած քերթուածներէն մէջ ընդ մէջ, ապրումով, տողեր արտասանելով, լուսանկարներուն մեկնաբանութիւնը կատարեց ծանօթ ասմունքող Խաչիկ Արարատեան:
Ցուցադրութենէն ետք, ժամը 9:00-ին, Ազգային երաժշտանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միեւնոյն լուսանկարներու ցուցադրութեան բացումը:
Ներկաները, անխտիր, հիացումով եւ ազգային հպարտանքով դիտեցին հայրենի պատմարժէք գեղեցկութիւնները, լուսանկարուած` արուեստագէտի նուրբ ճաշակով, այնքան բնական ու գրաւիչ:
Վարուժան Սէթեան միջազգային մրցանակներու արժանացած ծանօթ արուեստագէտ մըն է: Իր այս աշխատանքը արժանի է անվերապահ գնահատանքի եւ, մանաւանդ, քաջալերանքի:
Լաւագոյն առիթ մըն է արուեստասէրներու, նաեւ բոլոր հայրենակարօտ ազգայիններու, հայրենի այս սքանչելի կոթողներէն մնայուն ներկայութիւն մը ունենալու համար իրենց տուներուն մէջ:
Իրենց սրահները ա՛յս տեսարաններով զարդարելու պատեհ առիթ մը` նաեւ հայ վարժարաններուն եւ ակումբներուն:
Լուսանկարներու ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 6 փետրուար, կէսօրէ ետք ժամը 16:00-20:00:
Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ
Տէր Եւ Տիկին Գ. Կարմիրեաններու
Հայ հասարակութիւնը Համազգայինի Կեդր. վարչութեան կողմէ օրին մամուլի միջոցով տեղեակ պահուեցաւ Գ. Կարմիրեանի յիսուն հազար լ. ոսկիի կարեւոր նուիրատուութեան, որ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Արեւմտեան Հայաստանի ճարտարապետական յուշարձաններու գունաւոր ու գեղատիպ ալպոմի հրատարակութեան:
Այս ալպոմի վաճառքի հասոյթով հետագային պիտի հրատարակուին հայագիտական այլ արժէքաւոր գործեր:
Աւելորդ է վեր առնել ձեռնարկին կարեւորութիւնը: Աւելորդ է վեր առնել մանաւանդ կարեւորութիւնը Գ. Կարմիրեանի նուիրատուութեան` այս յոյժ շահեկան ձեռնարկի յաջողութեան մէջ:
Համազգայինի Կեդր. վարչութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանի ճարտարապետական յուշարձաններու հրատարակութեան յանձնախումբը, առ ի գնահատութիւն Գ. Կարմիրեանի այդ գեղեցիկ ու ինքնաբուխ ժեսթին, չորեքշաբթի, 29 յունուար, Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի ակումբին մէջ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց` ի պատիւ նուիրատուին եւ անոր ընտանեկան պարագաներուն:
Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ մտերմիկ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ: Համազգայինի Կեդր. վարչութեան կողմէ նուիրատուն եւ նուիրատուութեան պարագաները ներկաներուն ներկայացուց տոքթ. Ե. Գոնիալեանը` առանձնապէս ընդգծելով այն իրողութիւնը, որ Գ. Կարմիրեան, պատահաբար տեղեկանալով Համազգայինի Կեդր. վարչութեան ծրագրին, ինքնաբուխ կերպով յանձն առաւ ընել անհրաժեշտ զոհողութիւնը` անոր իրականացումը փութացնելու նախանձախնդրութեամբ: Ապա, թարգմանը հանդիսանալով ներկաներու զգացումներուն, ի սրտէ շնորհաւորեց Գ. Կարմիրեանը եւ շնորհակալութեան ու գնահատանքի ջերմ արտայայտութիւններով փակեց իր խօսքը:
Այնուհետեւ Հր. Տասնապետեան, մոգական լապտերով, ներկայացուց Արեւմտեան Հայաստանի ճարտարապետական յուշարձաններու նոր քաշուած ու գունաւոր լուսանկարները` համապատասխան լրացուցիչ բացատրութիւններով:
Ապա տոքթ. Ե. Գոնիալեանի ձեռամբ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Գ. Կարմիրեանին նուիրեց լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանին կողմէ պատրաստուած մեծադիր ու գեղատիպ լուսանկար մը, որ կը ներկայացնէր Սեւանայ լիճէն առնուած գեղեցիկ տեսարան մը:
Ընդունելութեան վերջաւորութեան ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Կարմիրեան ընտանիքը եւ մեկնեցան լաւագոյն տպաւորութիւններով:
