Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1969)

Փետրուար 13, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Հին Աստուածներ»-ու
Ներկայացման Առթիւ

«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, բեմադրութեամբ Պերճ Ֆազլեանի, յունուար 24, 25, 26 եւ փետրուար 1 եւ 2-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց Լեւոն Շանթի «Հին աստուածները»-ը:

***

Թատրերգութեան նիւթը առնուած է վանական կեանքէ:

Վանահայր մը իր միաբանութիւնը հիմնած է Սեւանայ կղզեակին վրայ, ուր ան կառուցելու վրայ է նոր եկեղեցի մը` իշխանուհիի մը ծախսերով:

Փոթորիկի բռնուած նաւակի մը ճամբորդներուն օգնելու պահուն խոստմնալից աբեղայ մը կը սիրահարի մանկամարդուհիի մը, որուն սակայն երբեք չի հանդիպիր այլեւս, բայց որ բնաւ իր մտքէն չի կրնար հեռացնել: Ասկէ իր մէջ կը սկսի եւ հետզհետէ կը զօրանայ պայքարը. հետեւիլ իր կրօնական կոչումի՞ն, թէ՞ վերադառնալ աշխարհիկ կեանքին:

Ի յայտ կու գայ, որ վանահայրը, ինք եւս, երիտասարդութեանը շրջանին, առիթով մը, ծանօթացած է իշխանուհիին, որուն հանդէպ տածած է լուռ, բայց խորունկ սէր մը: Փոխադարձ եղող սէրը մղած է իշխանուհին` գալու կղզին եւ հոգալու ամբողջ ծախսը կառուցուող եկեղեցիին, որ կ՛երեւի իր պատուհանէն:

Տարիքի եւ պատրաստութեան հասունութեան հասած եւ կրօնի իրաւ սպասարկու վանահայրը, իր կամքին ուժովը կը կարողանայ վերջնականապէս խզել իր կապերը աշխարհիկ կեանքի հետ: Բայց կեանքին նոր բացուող եւ անոր անխուսափելի փորձութիւններուն չհանդիպած աբեղան կ՛ընկրկի:

***

Պէյրութահայ թատերասէր հասարակութիւնը առիթը ունեցած է ներկայ ըլլալու այս թատրերգութեան ներկայացման:

Պերճ Ֆազլեան այս հասարակութեան ներկայացած է միշտ ալ մեկնաբանելու իր ուրոյն ոճով: Ան նորութեան եւ ճնշիչ մթնոլորտը, եթէ կայ թատրերգութեան մէջ, քիչ մը թեթեւցնելու հետամուտ եղած է. այն աստիճան, որ կարելի է ըսել` ան քիչ մը «ֆանթեզի»-ն կը սիրէ:

Պերճ Ֆազլեան Լ. Շանթի «Հին աստուածներ»-ը մեզի ներկայացուց իր ոճով: Բայց որեւէ ոճ որեւէ թատրերգութեան կը պատշաճի՞: Բեմադրիչը պիտի կարենար դրական պատասխան մը տալ այս հարցումին, եթէ քիչ մը չափաւոր ըլլար:

Արդարեւ, որքան որ ալ մեզի հրամցուած յայտագիր-գրքոյկին մէջ մէջբերուած ըլլայ Եդուարդ Պոյաճեանի մէկ հապճեպ դատումը` Լ. Շանթի ընդհանրապէս գրական վաստակին եւ մասնաւորաբար թատերական ստեղծագործութիւններուն, ուր ան թատերագիրին կու տայ «պատուաւոր միջին մը», եւ որքան որ ալ նոյն գրքոյկին մէջ զետեղուած ըլլայ ծանօթագրութիւն մը` «Ինչպէս գրուած է «Հին աստուածներ»-ը խորագրով, հանդիսականին մտքին մէջ կանխապէս ստեղծելով այն կարծիքը, թէ կը գտնուի արդէն իսկ «խոցելի կողմերով» թատերագրի մը` առանց երկար խոկումի գրած մէկ գործին առջեւ, եւ այս մէկը ձախողութիւնն է թատերախումբի թեքնիք յանձնախումբին, Լ. Շանթ է, ինչպէս բնորոշած է Ն. Աղբալեան, «մտաւորականութեան թատերագիրը»: Լ. Շանթի գործերուն մէջ գաղափարը չ՛արտայայտուիր հերոսի մը բերնով, այլ ան «գործող անձեր»-ու շարքին է: Հոն եղողը գոյութեան իրաւունք ունեցող գաղափարներու պայքարն է, եւ ոչ թէ` նկարագիրներու բախումը: Բայց մասնաւորաբար «Հին աստուածներ»-ուն մէջ (ինչպէս նաեւ «Շղթայուածը»-ին մէջ) այդ գաղափարը որքան որ ալ «գործող անձեր»-ու շարքին ըլլայ, «նիւթականացած» չէ: Եւ բեմադրիչի առջեւ ցցուող գլխաւոր խոչընդոտը ա՛յս է ահա: Հոս պզտիկ անզգուշութիւն մը` եւ գործը ձախողեցաւ:

Այս առումով, «Հին աստուածներ»-ուն մէջ, ինչպէս առհասարակ նաեւ` կեանքի մէջ, սիրահարին տանջանքը աւելցնողը անոր իր սիրածին չկարենալ դպչիլն է. դպա՞ւ, իր տագնապը կը դառնայ կեղծ: Ասոր համար ալ ճիշդ էր եւ շատ աղուոր` առաջին պատկերին ներկայացումը, ուր Սեդան աբեղային երեւցաւ շղարշի մը ետեւէն: Աբեղան չէր կրնար դպչիլ իր սիրուհիին, այդ Երազ Աղջկան` առանց պատռելու այդ քողը, առանց իյնալու «ծովը» (որ Լ. Շանթի մտքին մէջ աշխարհիկ կեանքն էր): Դժբախտաբար յաջորդ տեսարաններուն այս աղուորութիւնը չքացաւ, երբ Սեդան եկաւ, շատ մօտէն եւ շատ ամուր բռնեց աբեղան, շոյեց անոր գլուխը. իրականացաւ. «նիւթականացաւ», չքացաւ Լ. Շանթի Երազ Աղջիկը:

Միգանուշներու պարագան ալ նոյնն էր:

Հապա ո՞վ էր այդ «փլէյ պոյ»-ը, այդ սեւ տաբատով, բարձր օձիքով ճերմակ պլուզ հագած տղան, որ նախ ներս մտաւ, կարծես` գաղտագողի բան մը մտիկ ընելու, յետոյ շեղակի ետ եկաւ` թեւերը կէս մը պարզած, աջին բռնած բարձրախօսի ընկալուչը, պահ մը կեցած այդպէս, կարծես պատրաստ` եւրոպական արդիական պարի երգ մը երգելու, եւ յանկարծ… գոռաց:

Չէ՛. այս արդէն չեղաւ. «ֆանթեզի»-ն ալ չափ ունի:

Հոյակապ էր աբեղան (Յարութիւն Գնդունի). աբեղայի տարիքով այս տղուն խաղարկութիւնը պարզապէս հոյակապ էր: Ձայնին հնչականութի՞ւնը, շե՞շտը, բայց ամբողջ խումբը կը տառապէր ատկէ:

Համակրելի էր կոյր վանականը (Գէորգ Սողոմոնեան): Ընդունելի խաղարկութիւն մը ցուցաբերեց իշխանուհին` Աստղիկ Գասպարեանը, որ քիչ մը երիտասարդ եւ հակառակի պէս աւելի գեղեցիկ թուեցաւ մեզի, քան` Սեդան (Անի Նաճարեան), որուն դէմքը իրականութեան մէջ լաւ չտեսանք, որովհետեւ միշտ մեզի երեւցաւ կէս մթութեան մէջ, մինչդեռ ոեւէ սիրահար իր սիրուհին մտքին մէջ կը պատկերացնէ լուսաւոր դէմքով. լոյսերու ձախող խաղ:

Գ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ԼՕԽ. Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեան Ներկայացուց «Ուղեղի Կաթուածէ Ետք Խօսելու Վերականգնման Միջոցներ» Նիւթը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?