Մշակոյթի Դեսպան
Սփիւռք կոչուող աշխարհատարած հայ գաղութները մեր պատմութեան վերջին յիսնամեակին մէջ բացին ցաւալի էջ մը: Ցաւալի` մեր ազգային ինքնութեան սպառնացող վտանգներուն եւ մեր ուժերու կոտորակումին տեսակէտէն: Այս մասին յաճախ է խօսուած, եւ ցաւը ծանօթ է բոլորիս:
Սփիւռքը կեանքի կոչող բացառիկ այս երեւոյթը ազգային տեսակէտէն կրնայ ունենալ նաեւ մասնաւոր առաւելութիւններ, եթէ գիտնանք օգտուիլ անոնցմէ:
Ամէն բանէ առաջ մեծ առաւելութիւն է յարաբերութիւններու այն հսկայ ցանցը, զոր հայ մարդը կը ստեղծէ աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն հետ: Հայը ներկայ է ամէն տեղ` իր շունչով եւ իր ոգիով: Անսահման հնարաւորութիւն ստեղծուած է մեզ համար` կենդանի խօսքով ու շփումով մեր արժէքները ծանօթացնելու օտարներուն: Պետութիւն մը միլիոններ ծախսելով պիտի չկարենար քարոզչական այսպիսի վիթխարի մեքենայ մը` առաջ բերել ի սփիւռս աշխարհի: Մեր դժբախտ ճակատագիրը, հակառակ մեր կամքին ու անհաշիւ կորուստներու իբրեւ հետեւանք, լարեց տարօրինակ այս մեքենան երկրագունդիս երեսին: Ուր կ՛ուզես` գնա՛, մինչեւ Չինումաչին հայու կը հանդիպիս:
Ամէն հայ իր եղած վայրին մէջ եւ զինք շրջապատող ժողովուրդին առջեւ կրնայ հայ մշակոյթին կամ առնուազն հայու հոգեմտաւոր արժէքներուն դեսպանը դառնալ:
Թող բառը խոշոր չերեւի: Գիտենք, որ ամէն հայ ո՛չ պէտք եղած պատրաստութիւնը ունի, ո՛չ ալ բնածին կարողութիւնը` մեր մշակոյթին գանձերը պատճաշ ձեւով ուրիշներուն ներկայացնելու համար: Նման առաքելութիւն մը քիչերուն տրուած է:
Պահանջուածը աւելի համեստ աշխատանք մըն է, որուն մէջ բաժին կրնան ունենալ մեր ազգակիցներէն շա՜տ շատեր: Հայ համալսարանականը մի՞թէ ի վիճակի չէ իր օտար դասընկերներուն ճաշակը տալ հայ երգին ու գրականութեան, զանազան առիթներով: Կը բաւէ յաճախ տիսքի մը ուկնդրութիւնը եւ բանաստեղծութեան մը ընթերցումը, որպէսզի հայ ոգիին գեղեցկութիւնը ճառագայթէ մեր շրջապատին վրայ: Քիչ թէ շատ բանիմաց հայ աշխատաւորն անգամ օտար բարեկամներու շրջանակին մէջ կրնայ հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի հմայքին արձագանգները բերել:
Հայկական արժէքները ծանօթացնելու գործը անշուշտ որ ծրագրուած եւ կազմակերպուած ճիգերու կը կարօտի: Խնամուած թարգմանութիւններ, շքեղ հրատարակութիւններ, ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ եւ այլն: Այս բոլորին համար նիւթական աղբիւրներ անհրաժեշտ են: Բայց մեր խօսքը նման ձեռնարկներու մասին չէ, այլ` անհատական նախաձեռնութիւններու եւ առօրեայ յարաբերութիւններու:
Պատահած է շատ անգամ, որ խաւարը լուսաւորելու կոչուած կայծը արձակուի երկու անձերու հոգեկան շփումէն: Այդպէս չեղա՞ւ Լիւք Անտրէ Մարսելի պարագան: Հայ երգի կտոր մը եւ Նարեկէն քանի մը տող բաւեցին, որ երիտասարդ ֆրանսացի արուեստագէտը սիրահարի հայ մշակոյթին եւ դառնայ անոր ամէնէն հաւատաւոր եւ անկեղծ քարոզիչներէն մէկը: Եւ յայտնագործող այս սէրը մենք շահեցանք Կ. Փոլատեանի եւ Շ. Նարդունիի անհատական ճիգերուն եւ յարաբերութիւններուն շնորհիւ:
Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա եւ մերձարեւելեան երկիրներ որքա՜ն սրտեր կրնանք գրաւել ու կապել մեր մշակոյթին ու Դատին, եթէ այդ ուղղութեամբ ամէն հայ իր կարելին չխնայէ: Այսինքն փորձէ դառնալ մեր հոգեկան հարստութիւններուն եւ մեր իրաւունքներուն անպաշտօն դեսպանը: Նման կարելիութիւններու հսկայական դաշտ մըն է սփիւռքը, որմէ օգտուիլ պէտք է գիտնան մեր տարագիր բազմութիւնները:
Օտարը տրամադիր է արտաքին երեւոյթներէն դատելու մեր ժողովուրդը: Դժբախտաբար արտաքին երեւոյթները կարգ մը պարագաներու եւ վայրերու մէջ շատ ալ նպաստաւոր չեն մեզի համար: Դուրսէն դիտելով` օտարը հայուն մէջ կը տեսնէ ճարպիկ առեւտրականը միայն, գորգավաճառը, շահագործող արեւելքցին եւ այս տուեալներով կը կազմէ իր գաղափարը ամբողջ ազգի մը մասին:
Ինչպէ՞ս ընել, որ օտարները տեսնեն մեր միւս երեսն ալ, մեր հոգեկան խորութիւններէն ներս թաղուած ստեղծագործական այն սքանչելի յատկութիւնները, որոնք հայ մշակոյթի հրաշալիքներուն ծնունդ տուին: Ինչպէ՞ս ընել, որ մեզ ճանչնան, բայց մեզ սխալ չճանչնան:
Այս ուղղութեամբ ամէն հայ ընելիք մը ունի, բայց ամէնէն աւելի նման պարտականութիւն մը կ՛իյնայ մեր զարգացած երիտասարդներու ուսերուն: Անպայման գրող ու մտաւորական ըլլալու պէտք չկայ` հայութեան Դատին ու արժէքին քարոզիչը դառնալու համար: Կը բաւէ որոշ տեղեկութիւններ ունենալ մեր մշակութային գանձերու մասին, անոնց վրայէն վարագոյրը վերցնելու համար հետաքրքիր նայուածքներու դէմ: Հազար անգամ աւելի արժէք ունի փաստական տուեալի մը յայտնագործումը, քան` մեր տառապանքին ու թափած արցունքներուն ցուցադրութիւնը: Գութ շարժելով` չենք կրնար համակրանք շահիլ: Ազգերու մրցադաշտին վրայ իրագործած արժէքներդ միայն հաշուի կ՛առնուին: Ի՞նչ տուած ես մարդկութեան` իբրեւ արուեստ ու գիտութիւն, ի՞նչ կրնաս տալ տակաւին կենսանորոգ տաղանդիդ ուժով` ա՛յդ միայն յարգանք կը պարտադրէ օտարներուն: Մենք սուտի եւ կեղծիքի դիմելու պէտք չունինք: Եթէ կարենանք իմաստուն ձեւով աշխարհին ծանօթացնել հայ մշակոյթին ինքնայատուկ իրագործումները, արդէն իսկ մեծ նպաստ մը բերած կ՛ըլլանք մեր Դատի յաջողութեան:
Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն հայ, գաղթաշխարհի տարածքին, նուիրական պարտականութիւնը ունի հայ մշակոյթի դեսպան դառնալու:
Մ. ԻՇԽԱՆ
Հայրենի Արուեստագէտներ
Փարիզի Մէջ
Յունուար 16-ին Փարիզի «Սալ տը շիմի» սրահին մէջ տպաւորիչ երեւոյթ մը տեղի ունեցած է` մասնակցութեամբ հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտներու:
Փարիզահայ հոծ բազմութիւն մը, ինչպէս նաեւ օտար հանդիսատեսներ ծայրէ ծայր լեցուցած են սրահը:
Խօսք առած է Երեւան մայրաքաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ պարոն Պապեան: Հակիրճ կերպով տուած է Երեւանի ներկայ պատկերը եւ մատնանշումներ ըրած է քաղաքի ապագայ յատակագիծին վրայ:
Ֆրանսաբնակ ռուս մը` պր. Կաքանովիչ, անձամբ եկած եւ յանձնած է Մարտիրոս Սարեանի 1928-ին ստեղծագործած մէկ նկարը` փոխադրուելու համար Երեւանի «Մ. Սարեան» թանգարանը: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ պր. Արամեան շնորհակալութիւն յայտնած է պր. Կաքանովիչին, իր այս գեղեցիկ ժեսթին համար: Յետոյ խօսք առած է ֆրանսական ձայն-պատկերասփիւռի աշխատակից, երաժշտագէտ պր. Հոֆման: Կատարած է Կոմիտասի փառաբանումը եւ յայտնած է իր գնահատանքը արդի հայ երաժշտութեան մասին:
Այնուհետեւ գործադրուած է զուտ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Առնօ Բաբաջանեան դաշնակի վրայ մեկնաբանած է իր հեղինակութիւններէն կտորներ: Հ. Ճինանեան արտասանած է «Խօսք իմ որդուն»-ը: Անահիտ Ցիցիկեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Էլէօնորա Ոսկանեանի, ջութակի վրայ նուագած է Խաչատուրեանի, Կոմիտասի եւ օտար հեղինակներու գործերէն: Սուրէն Քոչարեան մեկնաբանած է «Անուշ»-էն քաղուած հատուած մը:
Յայտագրի առաջին մասը վերջացած է Յ. Բադալեանի մեներգներով: Ներկաներու բուռն փափաքին ընդառաջելով` Յ. Բադալեան մեներգած է նաեւ «Իբրեւ արծիւ»-ը:
Միջնարարին հանդիսատեսները այցելած են քովնտի սրահը, ուր ներկայացուած են Երեւանի 2750-ամեակի հանդիսութեան նուիրուած նկարներ:
Յայտագրին երկրորդ մասը ամբողջութեամբ յատկացուած է համբաւաւոր երգչուհի Գոհար Գասպարեանին: Մեկնաբանած է օտար եւ հայ անուանի երաժշտագէտներու գործերը, որոնց կարգին` «Անուշ»-ի խելագարութեան տեսարանը:
Յունուար 17-ին նոյն սրահին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան դարձեալ գործադրուած է նոյն յայտագիրը, յաւելեալ` Գէորգ Էմին արտասանած է իր գործերէն, եւ խօսած է փրոֆ. Վարազդատ Յարութիւնեան:
