Մեր Հայրենիք
Պատմաբանի Գնահատելի
Կեցուածք Մը
Ընդհանրապէս թրքագիտութեան եւ մասնաւորապէս Հայ դատի ծառայող աշխատութիւններ են այն երեք հատորները, որոնք լոյս տեսան Հայաստանի մէջ: Այդ հատորները ունին գիտական բնոյթ, եւ որ կարեւորն է, թրքական աղբիւրներու միջոցով ցոյց կու տան Օսմանեան կայսրութեան դարաւոր քաղաքականութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կովկասի մէջ:
Այս աշխատանքը աւելի կարեւոր կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք, որ Թուրքիա, մասնաւորապէս վերջերս, դիւանագիտական, ելեւմտական եւ քարոզչական բոլոր հնարաւոր միջոցները ի գործ դրած է պատմական աղաղակող ճշմարտութիւնները հերքելու եւ իրեն ի նպաստ միջազգային հանրային կարծիք մը ստեղծելու համար: Ան, հասկնալի միջոցներով, կ՛օգտագործէ նաեւ օտար պատմաբաններ:
Հայաստանի արեւելագիտութեան ճիւղի Թուրքիոյ պատմութեան բաժնի վարիչ փրոֆ. Երուանդ Սարգսեանը ստորագրած է յօդուած մը, որ ուշադրութեան արժանի է մէկ քանի տեսակէտներով:
Ըսելէ ետք, թէ` «թուրք պատմագիրներ իրենց ընկերային-քաղաքական դիրքով, իրենց դասակարգային եւ հասարակական պատկանելիութեամբ ու կրօնական մոլեռանդութեան հետեւանքով անընդունակ էին հասկանալու եւ իրենց երկրում արտայայտելու հայ ժողովրդի ողբերգական վիճակը, որով եւ` դա համարել են բնական, իրերի եւ դէպքերի անհրաժեշտութեան արդիւնք», կը մատնանշէ, թէ` «դարեր շարունակ հրով ու սրով իրենց գերիշխանութիւնը ապահովելու ձգտող թուրք աշխարհակալների եւ ենիչերիական հորդաների բարբարոսութիւնները գովաբանող թուրք պատմագիրները հիացմունքով ու առանձնակի գովասանքով են խօսում, «բանաստեղծական» վառ գոյներով են նկարագրում կատարուած գազանութիւնները, հարիւր հազարաւոր անմեղ մարդկանց կոտորածը, աւերումներն ու կողոպուտները»:
Փրոֆ. Ե. Սարգսեանը կ՛անդրադառնայ նաեւ թուրք պատմագիրների այն «անհեթեթ պնդումին, թէ հայ ժողովուրդը պատմական անցեալ չի ունեցել եւ Արեւմտեան Հայաստանը նրա հայրենիքը չի եղել»: Փրոֆ. Ե. Սարգսեանին տուած ծանօթութիւններուն համաձայն, Հայաստանի ակադեմիային թրքագիտութեան ճիւղի աշխատողները արդէն ձեռնարկած են թրքական աղբիւրներու, ինչպէս նաեւ Մատենադարանը գտնուող ձեռագիրներու թարգմանութեան, որոնք առնչութիւն ունին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ:
Ծրագրուած աշխատանքին կարեւորագոյն մասերէն մէկն ալ ոչ թուրք, հետեւապէս նաեւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի խնդիրն է, «Թուրքիայի քաղաքականութիւնը Արեւմտեան Հայաստանում ու մեծ պետութիւնները», «Ազգային փոքրամասնութիւնների դրութիւնը օսմանեան Թուրքիայում», «Երիտասարդ թուրքերի կուսակցութեան ազգային քաղաքականութիւնը» եւ այլն: Արեւելագիտութեան թրքական բաժանմունքը կը զբաղի նաեւ քեմալական Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հարցերով:
Խօսելով Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրական պայքարի մասին` փրոֆ. Ե. Սարգսեանը` իբրեւ արտայայտիչը իրմով գլխաւորուած գիտական բաժանմունքին, առողջ ու խոր գնահատանքի արժանի տեսակէտ մը կը պարզէ. «Յատկապէս նշում ենք, որ,- կը գրէ ան,- հայ ժողովրդի ազգային ազատագրական պայքարը 19-րդ դարի երկրորդ կէսին եւ 20-րդ դարի առաջին տասնամեակում ո՛չ թէ հայերի ազգ. կուսակցութիւնների եւ մեծ պետութիւնների գործունէութեան հետեւանքն էր, այլ կերպ ասած` դրսից հրահրուող պայքար, այլ օսմանեան բռնապետական քաղաքականութեան արգասիքն էր: Արեւմտահայերի սուլթանական ֆէոտալական – բռնապետական կարգերի դէմ մղած ազգային-ազատագրական պայքարը պէտք է դիտել որպէս արդարացի եւ առաջդիմական պայքար»:
Պատմաբանի` հետեւաբար գիտական մարդու այս ուղիղ ու վճռական կեցուածքն ու բնորոշումը անշուշտ պատասխան մըն է նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անձնական նախասիրութիւններէ կամ հատուածային տրամադրութիւններէ մղուած` ծուռ հայելիով մը դիտած են կամ կը շարունակեն դիտել հայ յեղափոխական շարժումը: Փրոֆ. Ե. Սարգսեանը, հայ յեղափոխական շարժման ճշգրիտ պատճառը բնորոշելէ ետք, նոյնքան յստակ ու մեկին կը ճշդէ նաեւ հետեւանքը.
«Պէտք է հակադրուել,- կը շարունակէ ան,- այն տեսակէտին, ըստ որի, այդ շարժումը արկածախնդրական, դրսից բերուած արհեստական շարժում էր, որն իբր թէ Արեւմտեան Հայաստանում նպաստաւոր հող չունենալով` պատճառ դարձաւ հայերի զանգուածային ջարդերի: Այդ տեսակէտի կողմնակիցները, կամայ ակամայ, արդարացնում են թուրք ջարդարարներին եւ ժխտում արեւմտահայերի ազգային-ազատագրական պայքարի կապը հայ ժողովրդի ազգային ինքնագիտակցութեան զարգացման հետ»:
Բնութագրումը այնքան պարզ ու յստակ է, որ յաւելման կամ բացատրութեան չի կարօտիր: Անիկա առաւե՛լ եւս յատկանշական է դարձած, երբ փրոֆ. Ե. Սարգսեանը հայ յեղափոխական շարժումը կը նկատէ ոչ միայն իբրեւ բնական հետեւանքը կիրարկուող գազանութիւններուն, այլեւ զայն ապացոյց կը նկատէ մեր ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան զարգացման:
Ուշադրութեան արժանի է նաեւ փրոֆեսէօրին հետեւեալ պարբերութիւնը.
«Այստեղ հարկ ենք համարում նշել, որ միայն արտասահմանեան, այլեւ միութենական (խորհրդային) թուրքագէտների մի մասը Օսմանեան կայսրութեան եւ յատկապէս քեմալական Թուրքիայի պատմական դէպքերն ու փաստերը մեկնաբանելիս հեռանում է պատմական ճշմարտութիւնից եւ առարկայական գնահատական տալուց: Մինչդեռ լենինիզմը սովորեցնում է, որ ժողովուրդների անցեալին եւ ներկային վերաբերող փաստերի եւ դէպքերի լուսաբանման հիմքում պէտք է լինեն պատմականութեան սկզբունքները: Պատմաբանը պէտք չէ քաղաքական կոնյունկտուրայից ելնելով` հեռաւոր անցեալի դէպքերը յարմարեցնի ներկայ քաղաքականութեանը, որը շատ դէպքերում հասցնում է պատմութեան աղաւաղման ու նենգափոխութեանը»:
Այսպէս, ուրեմն, Հայաստանի թրքագիտական բաժանմունքը, պատմական իրողութիւնները լոյսին բերելու իր գիտական աշխատանքին մէջ ստիպուած է թիավարել երկու հոսանքի դէմ` արտասահմանեան վարձկան պատմաբաններու խեղաթիւրումներուն եւ խորհրդային կարգ մը պատմագիրներու քաղաքական նկատումները պատմական ճշմարտութիւններէն գերադասելու ձգտումին դէմ:
Խորհրդային պետութեան խարիսխը, ըստ իրենց, գաղափարաբանութիւն է: Ճիշդ է, որ այդ վարդապետութեան հիմքը տնտեսութիւնն է կամ ընկերայինը: Այսուհանդերձ, ան հետեւողական ըլլալու համար ինքնաբնորոշումին` պէտք է տարբերի այն պետութիւններէն, որոնք իրենց շահերը կը գերադասեն բոլոր սկզբունքներէն: Մասնաւորապէս պատմական-բանասիրական մարզին մէջ պատմագիրը պէտք է ըլլայ զերծ` քաղաքական նկատումներէ եւ ազատ` պատմական ճշմարտութիւնները ըսելու:
Ինչ կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան ոչ թուրք տարրերու նկատմամբ, օտար պետութիւններու, ինչպէս նաեւ ցարական Ռուսիոյ դիւանագիտական արխիւները բազմաթիւ փաստաթուղթեր ունին, որոնք կ՛ապացուցեն բնաշրջումի դարաւոր քաղաքականութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանէն առաջ Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ արիւնահեղութիւնները առաւել փաստեր են, որ Թուրքիայ հետեւողական կերպով կիրարկած է բնաջնջումի իր քաղաքականութիւնը: Եւ զայն աւելի՛ սաստկացուցած է Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ ազատագրումէն ետք` եւրոպական Թուրքիոյ վիճակուածը կանխելու համար ասիական Թուրքիոյ մէջ` ինչպէս յայտարարած ու գրած են կարգ մը թուրք պետական գործիչներ:
Մենք, մեր կարգին, խորապէս սխալած պիտի ըլլայինք, եթէ հայկական ջարդերը բնորոշէինք կամ շարունակէինք բնորոշել «Ապրիլեան եղեռն» որակումով, որ, ճիշդ է, զանգուածայինը կը յատկանշէ, բայց կը սահմանափակէ զայն միայն երեք տարիներու նեղ շրջագծի մը մէջ, մինչդեռ ան դարաւոր Եղեռն մըն է:
ՎՐՈՅՐ
