Խմբագրական
Պատմութեան Պայծառ Դիմագիծը
Անխախտ ճշմարտութիւններու կարգին ամէնէն անժխտելին այն է, որ պատմութիւնը քմայքներու ենթակայ չէ, չի կրնար ըլլալ: Ինչ որ տրուած է մեզի իբրեւ ազգերու եւ պետութիւններու պատմութիւն, ինչ որ կ՛աւանդուի աներկբայօրէն աշխարհի բոլոր երկիրներուն բոլոր վարժարաններուն մէջ, հարազատ արձանագրութիւնը միայն կրնայ ըլլալ եղելութիւններու, որոնք մարդոց մտածողութեան մէջ բիւրեղացած են այլեւս` իրենց ուղղակի կամ անուղղակի պատճառներով եւ անմիջական կամ հեռաւոր հետեւանքներով:
Կասկած պէտք չէ ըլլայ այն մասին, թէ այսօրուան պատմական ճշմարտութիւնները եւս, դէպքերը նաեւ, որոնց մասին երկու կարծիք չկայ այլեւս, իրենց ժամանակին կամ ժամանակէն յիսուն եւ մինչեւ հարիւր տարի ետք, ենթակայ եղած են աղաւաղուած մեկնաբանութիւններու, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար: Մարդիկ, օրուան պահանջներուն համաձայն, ուզած են իմաստ տալ մօտաւոր անցեալի իրողութիւններուն, բայց այդ բոլորը ժամանակին հետ դատապարտուած են ձախողութեան: Ճիշդ է, որ հազարամեակ մը առաջ պատահած դէպքեր, երբեմն, նոր փաստերու լոյսին տակ, տարբեր գոյն եւ հանգամանք կը ստանան, բայց նման երեւոյթներ սովորական չեն, հազուագիւտ են, ազգերու պատմութեան մէջ մատի վրայ կը համրուին, կը կազմեն բացառութիւններ, որոնք կոչուած են հաստատելու օրէնքը:
Մարքսիզմը, համաշխարհային յեղափոխութեան իր ծրագրին իրագործման առաջնահերթ նպատակին մէջ, ուզեց օգտագործել պատմութիւնը, անցեալ դէպքերուն տալով այդ նպատակին յաջողութեան նպաստող մեկնութիւններ, որոնք սակայն քմահաճ ըլլալով, իրականութեան բոլորովին անհամապատասխան` մնացին ապարդիւն:
Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը եւս, մանաւանդ ժամանակակից պատմութիւնը չխուսափեցաւ դէպքերը եւ իրականութիւնները շրջուած ներկայացնելու ընդհանուր կանոնէ մը, որուն վկայութիւնը տուաւ համայնավարութիւնը իր յիսնամեայ գոյութեան ընթացքին: Այդ նպատակին համար օգտագործուեցան զանազան միջոցներ` գրականութիւն, արուեստ, մամուլ, որոնք ղեկավարուած տնտեսութեամբ մը, վարդապետութեան նպատակներուն ծառայութեան կոչուեցան, որեւէ շեղումի հանդէպ բացարձակ անհանդուրժողութեան մը դրսեւորումով:
Հիմնականին մէջ, այդ անհանդուրժողութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր, թէեւ կարգ մը կէտերու շուրջ, կը կատարուին տարտամ խոստովանութիւններ, կ՛առնուին երկչոտ քայլեր` պատմական իրադարձութիւնները իրենց իսկական շրջանակին մէջ դնելու բնական ստիպողականութեան մը ճնշումին տակ: Մարդիկ կրնան աճապարել, բայց պատմութիւնը այդ աճապարանքին պէտք չունի: Կ՛արձանագրէ ինչ որ հաւատարիմ կը մնայ ճշմարտութեան, մնացեալը կը նետէ իր լուսանցքային մասին մէջ ու ժամանակը կու գայ ջնջելու զանոնք, կատարելու անհրաժեշտ սրբագրութիւնները, անջնջելիօրէն ձգելու համար այն` ինչ որ անհերքելի է, անուրանալի:
Տասնամեակներ ետք, ինչ որ այսօր աղաւաղում է, ինչ որ խեղաթիւրում է, ինչ որ լռութիւն է նոյնիսկ, կը թափի, կ՛իյնայ. կը մնայ այն` որ իրակա՛նն է, վաւերականը: Այս հաստատումը հիմնաւորող փաստերը բարեբախտաբար չեն պակսիր: Վերջինը անոնցմէ, ամէնէն պերճախօսը ապահովաբար, Սարդարապատն է` մեր հայրենիքին սրտին վրայ իր փառքը երգող յուշարձանով: Յիսուն տարի շարունակ Սարդարապատ չկար: Մարդիկ ոչ կռուած էին եւ ոչ ալ մեռած հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Ուրացումը սակայն չկրցաւ դիմանալ ճշմարտութեան կանչին ու մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական այդ դէպքը, որ ամբողջ ժողովուրդի մը ապագան տնօրինեց, մեծ դուռնէն մտաւ խորհրդահայ պատմութեան էջերուն մէջ, թէեւ անորոշ դերակատարներով, բայց մտաւ, տալով գրաւականը նաեւ վաւերական դերակատարներու անխուսափելի մուտքին:
Այսպէս է, ու զուր է ամէն փորձ իրականութիւնները ծածկելու, շրջելու, որովհետեւ ժամանակաւոր բոլոր ուժերէն վեր կայ ուժ մը, որ ուշ կամ կանուխ կը պարտադրէ իր կամքը, որովհետեւ իրեն հետ ունի ճշմարտութիւնը, արժէքը, անկորնչելին:
Մենք այդ ուժին կը հաւատանք, արդարագործ եւ սրբագործող այդ զօրութեան:
