Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1969)

Փետրուար 25, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ Եւ Լիբանան

 102 Տարիէ Ի Վեր Այսքան Չէ Անձրեւած Լիբանանի Մէջ

 Օդաչափը Կը Նախատեսէ Աստիճանական Բարելաւում Մը

 Մէկ Մեռեալ Եւ 3 Վիրաւոր Էշրեֆիէի Մէջ

Հեղեղային անձրեւները, որոնք քանի մը օր շարունակ աղէտալի ողողումներուն պատճառ դարձան Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ, այսօրուընէ սկսեալ որոշ դադար մը պիտի ունենան:

Արդարեւ, օդաչափը կը նախատեսէ աստիճանական բարելաւում մը: Անձրեւը պիտի շարունակուի, բայց` ընդհատ: Շաբաթավերջին երկինքը հաւանաբար բացուի:

Այնքան առատ անձրեւեց վերջին օրերու ընթացքին, որ բոլոր գետակները յորդած են: Ընդարձակ տարածութիւններ ջուրերու տակ մնացած են, բազմաթիւ ճամբաներ (յատկապէս` Թրիփոլիի ճամբան) եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան գիծերը կտրուած են:

Էշրեֆիէի մէջ տուն մը փուլ եկաւ եւ 25 օրուան երեխայ մը մեռաւ: Երեք ուրիշներ` երեխային մայրը, քոյրը եւ եղբայրը վիրաւորուեցան:

Սեպտեմբեր 1-էն ի վեր տեղացած անձրեւը վերջին 102 տարիներուն համար կը հանդիսանայ մրցանիշ մը, 1235,7 միլլիմեթր քանակութեամբ: Մինչեւ հիմա ամէնէն անձրեւոտ  տարին եղած էր 1877-1878-ը` 1235 միլլիմեթրով: Բայց այս թիւը արձանագրուած էր 12 ամսուան համար (սեպտեմբեր 1-էն 31 օգոստոս): Հիմա տակաւին երեք ամիս կրնայ անձրեւել:

Հայ Լեզուն

Կ՛ըսեն, որ մայրենի լեզուն բանի մը չի ծառայեր: Օտար լեզուներ պէտք է գիտնալ: Բայց մայրենի լեզուն անհրաժեշտ է միշտ հայ ապրելու համար:

Կան մտածողներ, որ մենք կրնանք հայու հոգին անաղարտ պահել մեր մէջ` առանց հայերէնի: Ցնորք է ասիկա. տանջալից, ողորմելի ցնորք: Լեզուն միայն կը կազմէ այն պատեանը, որուն մէջ ցեղի մը ոգին իր անայլայլ մարգարիտները կը ստեղծէ: Լեզուն է այն կրակը, որուն ծաւալած ջերմութենէն կը բացուին ցեղի մը արժէքները խորհրդանշող անթառամ ծաղիկները: Լեզուն է այն հողը, որուն մէջ ժողովուրդի մը կենաց ծառին արմատները կը զօրանան:

Յիմարութիւն է կառչիլ տարբեր զօրութեանց: Գերագոյն ուժն է լեզուն, որ մեզ պիտի պահպանէ եւ ամէնէն սաստկաշունչ ամբուռքին մէջէն իսկ մեր առագաստները պիտի հասցնէ լուսաւոր ու խաղաղ ափունքները:

Գիտակցինք մեր լեզուին գեղեցկութեան: Անիկա միայն միջոց մը չէ մեր գաղափարներն ու զգացումները արտայայտելու: Անոր մէջ մեր ժողովուրդի ոգին կայ: Հոն կը բաբախեն Սուրբ Սահակի եւ Մեսրոպի սիրտերը:

Հայերէնը լեզու մը չէ` միայն բառերով հիւսուած: Անիկա տիեզերքի հեղեղացայտ աղբիւրներէն առած է իր հնչիւնը: Թէ՛ արիւն կայ անոր մէջ եւ թէ՛ արցունք, արիւնը մեր նահատակներուն եւ հերոսներուն, արցունքը, որ մեր մայրերուն եւ քոյրերուն աչքերէն հոսեցաւ` առանց բնաւ կարենալ ողոքելու քար սիրտը բռնակալներուն:

Ահա թէ ի՛նչ է մայրենի լեզուն: Զայն չգիտնալ` ինծի համար ամէնէն վատ դասալքութիւնն է: Ասով է, որ մէկը իր նախահայրերուն հրաջերմ քաղցրութիւնը կը զգայ: Անով է, որ մենք որոշ դիմագիծ մը կը ներկայացնենք մարդկութեան մէջ, մեր ցեղին հարազատ պատկերը կը կրկնենք, մեզ դիեցնող եօթն անգամ օրհնուած մայրերուն երկնային համբոյրովը կ՛արթննանք ամէն առաւօտ:

Կը բաւէ միայն գիտակցիլ, հայերէնի ճամբով հասնիլ այն լուսազարդ հանգրուաններուն, որոնք մեր մշակոյթի անխորտակելի կոթողներն են: Ճանչնալ մեր մատենագրութեան հսկաները: Գիտնել, թէ Ոսկեդար մը ունեցած ենք, ինչ որ չէ տրուած ամէն ժողովուրդի: Գիտնալ, թէ մեր լեզուով ստեղծուած սքանչելի գոհարներ գոյութիւն ունին:

Ցոլացնենք պայծառօրէն մեր կերպարանքը, մեր լեզուին անսահման խորհուրդին մէջ:

ԱՐՍԷՆ ԵՐԿԱԹ

Կարեւոր Գիտելիքներ

– Աշխարհի ամէնէն փոքր պետութիւնը Վատիկան քաղաքն է: Քաղաք կը կոչուի, բայց Հռոմի մէկ թաղամասն է:

– Մեծն Կատարինէն թէեւ Ռուսիոյ ամէնէն անուանի ցարուհին էր, բայց ո՛չ ռուս էր եւ ո՛չ ալ բուն անունը Կատարինէ էր: Գերմանուհի էր եւ բուն անունը` Սոֆիա:

– Վենետիկ 117 պզտիկ կղզիներու վրայ շինուած քաղաք մըն է: Ունի 150 ջրանցքներ եւ 378 կամուրջներ:

– Մեքսիքօ մայրաքաղաքը շինուած է 2 հազար 235 մեթր բարձրութեան վրայ: Ուրիշ ոչ մէկ մեծ քաղաք այդ բարձրութիւնը ունի:

– Նիւ Եորքի ութ միլիոն բնակիչներէն 250 հազարը բոլորովին անգրագէտ է, 250 հազարը անգլերէն չի գիտեր եւ 800 հազարը օտար լեզուներով թերթեր կը կարդայ:

– Բիւզանդիոնի Անասթասիոս կայսեր մէկ աչքը սեւ էր, իսկ միւսը` կապոյտ: Երբ շատ բարկանար, սեւ աչքը կապոյտ կը դառնար, իսկ կապոյտը` սեւ:

– Սամանէա-Սամանի կոչուող արեւադարձային հսկայ ծառը, օրուան ընթացքին իր տերեւներուն մէջ ա՛յնքան խոնաւութիւն կը հաւաքէ, որ ամէն երեկոյ անկէ թեթեւ անձրեւ մը կը տեղայ:

– Խաղաղական ովկիանոսի Թայթէ կղզիին մէջ, ատենօք, երբ թագաւորին առաջին զաւակը մանչ ծնէր, թագաւորը թագաւոր ըլլալէ կը դադրէր եւ կը դառնար փոխարքայ: Նորածին տղան կ՛ըլլար թագաւոր:

– Լենինկրատի Բնագիտութեան հիմնարկի մեքենագէտները շինած են սառնարան մը, որ մատնոցի մը մեծութիւնը ունի եւ կը կշռէ 15 կրամ: Այս սառնարանը անփոփոխ ջերմութեան աստիճանի մէջ կը պահէ մշակուած մանրէները եւ ժահրերը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Իշխանութեան Կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Օրհներգը Լուծարելու Ծրագիրը Կրկին Օրակարգի Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?