Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ան ներկայ է մեր բոլոր տօներուն եւ հանդիսութիւններուն. Կաղանդ, Զատիկ, Ծնունդ, հարսանիք… Ան թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ ալ մեծերուն կողմէ շատ սիրուած տուրմն է: Հետեւինք անոր արկածախնդրութիւններուն արեւադարձային շրջաններէն մինչեւ մեր ապրած երկիրներու խանութները հասնիլը:
Վստահաբար բոլորս պիտի ուզէինք մեր տան առջեւ ունենալ ծառ մը, որուն վրայ կը բուսնին տուրմի կտորներ: Անշուշտ նման ծառեր գոյութիւն չունին: Սակայն, ծառի մը շնորհիւ է, որ մենք կրնանք պատրաստել տուրմը: Ան քաքաոյի ծառն է, որ կը բուսնի արեւադարձային շրջաններու մէջ եւ կ՛արտադրէ մեծ պտուղներ: Իւրաքանչիւր պտուղի մէջ գոյութիւն ունին տասնեակ մը քաքաոյի հատիկներ: Այդ մեծ պտուղները պէտք է բանալ` մէջէն հանելու համար հատիկները, որոնք կը չորցուին արեւուն տակ կամ փայտով վառող կրակի մը վրայ: Այս ձեւով է, որ անոնք չորնալով տուրմին սրճագոյն գոյնը կը ստանան:
Մինչեւ այս հանգրուանը, բոլոր գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան բնիկ երկրին մէջ, ուր կը բուսնի քաքաոյի ծառը (ինչպէս Քոթ տ՛Իվուար, Ղանա, Պրազիլ կամ Քոլոպիա):
Այս չորցուած հատիկները կ՛արտածուին եւ կը ղրկուին երկիրներ, ուր անոնք պիտի խորովուին: Սուրճին նման, այս քաքաոյի հատիկներն ալ պիտի տաքցուին, ապա բացօթեայ դրուին, որպէսզի անոնց ջուրը ամբողջովին շոգիանայ: Այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ ստանալ քաքաոյի փոշի, խմոր կամ կարագ: Ասիկա հիմնական նիւթն է, որ պիտի գործածուի տուրմ պատրաստելու համար:
***
Քաքաոյի ծառեր մշակելն ու անոր հատիկները օգտագործելը նոր երեւոյթ մը չէ: Կեդրոնական եւ հարաւային Ամերիկայի մէջ ապրող հին քաղաքակրթութիւնները, ինչպէս մայեաները, ազդէքները, էնքաները… արդէն ասով կը զբաղէին 15-րդ դարուն: Այդ ժամանակաշրջանին քաքաոն կը գործածուէր հեղուկ վիճակին մէջ: Անով կը պատրաստուէր քսօքօաթլ կոչուած խմիչք մը: քաքաոյի հատիկները կը գործածուէին նոյնիսկ իբրեւ դրամ:
Յաջորդ դարու սկիզբը, երբ սպանացի նուաճողները հասան հարաւային Ամերիկա, անոնք ծանօթացան կարմիր, կանաչ կամ դեղին պտուղներով այս տարօրինակ ծառին:
Անոնք են, որոնք իրենց հետ այդ հատիկները Եւրոպա տարին, երբ վերադարձան իրենց արշաւանքներէն: Ժամանակի ընթացքին քաքաոյի ծառը սկսաւ մշակուիլ ցամաքամասին հարաւային շրջանները. ապա ան Ափրիկէ անցաւ շնորհիւ փորթուգալցիներուն, եւ Ասիոյ շնորհիւ` հոլանտացիներուն:
Այդ սկզբնական շրջաններուն տուրմը արժէքաւոր նիւթ մըն էր, զոր միայն երկրին հարուստները կամ ազնուականները կրնային ճաշակել: Կ՛ըսուի, թէ Ֆրանսայի թագաւոր Լուի ԺԵ.ը այնքան կը սիրէր այս խմիչքը, որ անձամբ իր տաք տուրմը կը պատրաստէր իր պալատին, Վերսայի խոհանոցներուն մէջ… Կարելի է ըսել, թէ մեր նախասիրած քաղցրեղէնը թագաւորական է:
***
Անշուշտ մենք միակ անձերը չենք, որ շատ կը սիրենք տուրմը: Ան ամբողջ աշխարհին մէջ մեծ յաջողութիւն եւ համբաւ ունեցող քաղցրեղէն մըն է: Օրինակի համար, ամէն անգլիացի տարեկան միջին հաշուով 10 քիլօ տուրմ կ՛ուտէ: մինչ գերմանացիները` գրեթէ 11 քիլօ:
Այս շատակերութենէն հարց մը յառաջացած է քանի մը տարիներ առաջ: Հինգ տարիներէ ի վեր, մենք շատ աւելի տուրմ կը սպառենք քան կ՛արտադրենք: Ուստի, քաքաոյի պակաս կը զգացուի: Ասիկա շատ կը մտահոգէ մասնագէտները, որովհետեւ առանց քաքաոյի անկարելի է տուրմ պատրաստել: Հետեւաբար, որպէսզի մենք կարենանք քանի մը տարիներ ալ ճաշակել այս քաղցրեղէնը պէտք է քիչ մը նուազ շատակեր ըլլալ: Ասիկա շատ լաւ բան մըն է, որովհետեւ եթէ մենք գիտնանք չափաւոր կերպով տուրմ ուտել, ան շատ լաւ ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր առողջութեան վրայ:
***
Ճիշդ է, որ տուրմը շատ համով է: Սակայն ան նաեւ առողջութեան համար լաւ է, մեծ մասամբ քաքաոյին պատճառով: Օրինակի համար ան կը պարունակէ անթիօքսիտաններ, որոնք կը նուազեցնեն քաղցկեղի եւ սրտի հիւանդութիւններուն, նաեւ նման կարգ մը ծանր հիւանդութիւններուն վտանգը: Յատկապէս սեւ տուրմը կը պարունակէ իւղոտ թթուներ, որոնք կ՛օգնեն մարմնին ձերբազատուելու քոլեսթերոլէն, հետեւաբար առողջ ըլլալու:
Շնորհիւ տուրմին մէջ գոյութիւն ունեցող միւս բոլոր տարրերուն, սակայն ոչ չափազանց կերպով ուտելով, տուրմը ներուժ կու տայ, կը բարելաւէ ուղեղին եւ մկաններուն կարողութիւնները, կը պայքարի ճնշուածութեան դէմ եւ կ՛օգնէ ուրախ զգալու:
Գիտէի՞ր, Թէ
– Սեւ տուրմն է, որ ամէնէն լաւն է մեր մարմնին համար. անիկա բոլոր տուրմերէն ամէնէն քիչը իւղ եւ շաքար ունի:
– Ճերմակ տուրմը արդի գիւտ մըն է. ան հնարուած է շուրջ 1930-ին, Զուիցերիոյ մէջ:
Ձեռային Աշխատանք
Զատկուան Պատրաստութիւններ
Ա) Գարնանային Ծառ
Այս աշխատանքին համար պէտք ունիս ծառի փոքրիկ ճիւղի մը, քանի մը հում հաւկիթի, խաւաքարտէ կտորի մը եւ ձեռային աշխատանքի յատուկ կեղծ աչքերու:
Չափահասի մը օգնութեամբ հում հաւկիթները զգուշութեամբ պարպէ: Պզտիկ գնդասեղով մը հաւկիթին մէկ ծայրը ծակէ. ապա միւս ծայրը, սակայն այս պարագային ծակը մեծցնելով: Հաւկիթին մէջ փչէ փոքր ծակին կողմէն լայն ծակին կողմէն հում հաւկիթը պարպելու համար: Պարապ հաւկիթները ջուրով ցօղուէ եւ ձգէ, որ չորնան: Զանոնք տարբեր գոյներով ներկէ: Խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ կտուցները: Կտուցները եւ կեղծ աչքերը փակցուր հաւկիթներուն վրայ: Հաւկիթները զետեղէ ծառի ճիւղին վրայ, մանր ճիւղի ծայրերը փոքր ծակերուն մէջ անցընելով:
Բ) Փայտէ Դգալներու Փունջ Մը
Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս յատկապէս փայտէ դգալներու եւ ջրաներկի:
Նապաստակին համար, փայտէ դգալը ճերմակ ներկէ, ճուտիկին համար` դեղին, իսկ ծաղիկին համար` կանաչ: Անասուններուն պարագային կրնաս գործածել ձեռայինի յատուկ կեղծ աչքեր, կամ պարզապէս աչքերը, քիթերը եւ բերանները ներկով գծել: Նապաստակին ականջները եւ ծաղիկին թերթերն ու տերեւները գունաւոր խաւաքարտներու վրայ գծէ եւ կտրէ. ապա զանոնք փայտէ դգալներուն վրայ փակցուր: Ճուտիկին պարագային կրնաս պզտիկ դեղին կեղծ փետուր մը փակցնել:
Գ) Փոքրիկ Ծաղկամաններ
Այս պարագային ալ պէտք է գործածել հում հաւկիթներ եւ պարպել անոնց մէջէն հում հաւկիթը ինչպէս Ա. ձեռայինի պարագային: Ապա հաւկիթներուն պարապ կեղեւին մէջ դնել քիչ մը ջուր եւ պզտիկ իսկական ծաղիկներ: Այս փոքրիկ ծաղկամանները կրնաս գործածել Զատկուան ճաշի սեղանը զարդարելու համար, իւրաքանչիւր պնակի առջեւ դնելով ծաղկաման մը:
Դ) Փոքրիկ Կողովներ
Այս ձեռայինին համար պէտք պիտի ունենաս խաւաքարտէ կամ փոլիսբիրենէ գաւաթներու: Գաւաթները կտրէ ինչպէս նկարներուն մէջ ցոյց կը տրուի: Ապա զայն ներկէ եւ ձգէ, որ չորնայ: Կողովին կոթին համար կրնաս խաւաքարտէ երիզ մը փակցնել:
Ե) Խխունջները Շարան-Շարան
Այս պարագային կրնաս խաշած եւ ներկուած հաւկիթներ գործածել: Խխունջներուն մարմիններուն համար կրնաս գործածել բաղնիքի թուղթէ թաշկինակներու ներքին խաւաքարտը, պզտիկ շերտերու կտրելով: Մնացած խաւաքարտի կտորէն կտրէ շօշափուկները, որոնց վրայ կրնաս փակցնել ձեռայինի կեղծ աչքեր, կամ պարզապէս սեւ ներկ մատիտով աչքերը կարելի է գծել: Այս խխունջները կրնաս զետեղել հաւկիթներու մանր ծաղկամաններուն մօտ` Զատկուան սեղանը զարդարելու համար:
Ժամանց


