Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուղթին Ծագումը

April 11, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

4-11-15_toughtԱյն թուղթը, որուն վրայ մենք կը գրենք, միշտ գոյութիւն չէ ունեցած: Անոր գիւտէն առաջ եգիպտացիները պապիրոսի բոյսէ էջերու վրայ կը գրէին, հռոմէացիները` մոմէ կամ փայտէ տախտակներու վրայ: Միջին դարերու գիրքերը մագաղաթէ կը կազմուէին` անասուններու մորթէ էջեր… Չինացիներն են, որոնք առաջին անգամ մտածած են ինչպէ՛ս թուղթ շինել:

105 թուականին արեւելքի Հան չինական կայսրութեան (Ք.Ե. 25-220) աշխատանոցներուն մէջ, աշխատանոցի պատասխանատու մը` Քայ Լուն, ծառի կեղեւներ, կանեփ եւ ձկնորսութեան հին ցանցեր կը գործածէ թուղթ շինելու համար: Ան ասոր արդիւնքը կը ներկայացնէ Հան կայսր Հետիի, որ զայն կը վարձատրէ:

Քայ Լունի շինած թուղթը շատ աւելի աժան է, քան մետաքսը, զոր չինացիները կը գործածէին վրան գրելու համար. անիկա շատ աւելի գործնական է, քան նաեւ` պամպու եղէգէ շինուած ծանր տախտակները:

Պատրաստութեան Յատուկ Հանգրուաններ

Այս թուղթի պատրաստութեան սկզբնական «խոհագիրը» մեզի չէ հասած: Ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ` մենք գիտենք, թէ հին թուղթերը շինուած էին բուսական թելերէ, ինչպէս` կանեփը, հնդկականեփը, թթենին կամ պամպուն: Թուղթը աւելի բարակ, տոկուն եւ փայլուն դարձնելու համար կ՛աւելցուէին նաեւ տարբեր բուսական նիւթեր:

Այս բոլոր նիւթերը եռացած ջուրի մէջ կը դնէին քանի մը օր եւ կը ծեծէին խիւս մը ստանալու համար: Ապա այս խիւսը կը տարածուէր մաղի մը վրայ, որպէսզի չորնար, ապա քարով մը կը տափակցուէր:

Չինաստանի մէջ վրձինին, չինական մելանին եւ կաղամարին կողքին, թուղթը կը դառնայ ուսեալին գանձերէն մէկը: Կարգ մը գրագէտներ թուղթերը շինել կու տային պղպեղի հատիկներով պատրաստուած յատուկ նիւթով մը, որ միջատները հեռու կը պահէր:

Գիւտ Մը, Որ Աշխարհը Կը Նուաճէ

Ճկուն, թեթեւ եւ մատչելի գինով թուղթը շատ շուտ կը տարածուի չինական կայսրութեան եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ` ներկայի Վիեթնամ եւ Քորէա: Անոր շինութեան գաղտնիքը կ՛անցնի Միջին Արեւելք, 8-րդ դարուն, եւ ապա արաբները զայն կը տարածեն Եւրոպայի մէջ` միջին դարերուն:

15-րդ դարուն տպագրութեան գիւտին շնորհիւ` անոր գործածութիւնը ընթացիկ կը դառնայ:

 

Հետաքրքրական

4-11-15_hedakrkragan-1Աշխարհի ամէնէն փոքր եւ մեծ քանակով շինուած ինքնաշարժը` «Փիիլ Փ-50», իր վարորդէն աւելի թեթեւ կը կշռէր:

1962 թուականէն 1965 թուականներուն միջեւ շինուած «Փիիլ Փ-50» ինքնաշարժը 1,4 մեթր երկարութեամբ, 1 մեթր լայնքով եւ 1,1 մեթր բարձրութեամբ պզտիկ ինքնաշարժ մըն էր: Անիկա հազիւ 59,5 քիլօ կը կշռէր, ինքնաշարժը վարող գրեթէ ոեւէ անձէ մը պակաս, եւ կը բանէր յատուկ շարժակով մը: Անոր արագութիւնը կը հասնէր առաւելագոյնը ժամական 64 քմ-ի: Սակայն զայն կայանելը դիւրին էր: Վարորդը կրնար ինքնաշարժէն դուրս ելլել, եւ պարզապէս զայն հրելով «տեղը կը դնէր»:

– 2010 թուականին «Փիիլ Փ-50»-էն նոր օրինակ մը շինուեցաւ: Անիկա կը բանէր փոքր ելեկտրական շարժակով մը, որ ինքնաշարժին կը հայթայթէր առաւելագոյնը ժամական 16 քմ արագութիւն:

***

4-11-15_hedakrkragan-2Անգլիացի ազնուական մը սովորութիւն ունէր շատ շքեղ ընթրիքներ կազմակերպելու իր շուներուն համար:

Ֆրանսիս Էկըրթըն ծնած էր 1756 թուականին. ան Պրիտճուաթըր Ըրլի տիտղոսը ստացաւ 1823 թուականին: Ան ընթրիքի սեղանին կը նստէր իր շուրջը հաւաքելով իր շուները, որովհետեւ ան կը նախընտրէր իր սիրելի անասուններով շրջապատուած ըլլալ, քան` մարդոց ընկերութեամբ գտնուիլ: Իւրաքանչիւր շան կը հագցնէին նորոյթին համապատասխան հագուստներ, եւ իւրաքանչիւր շուն ունէր իրեն անձնական սպասաւորը:

– Էկըրթըն ամէն օր կը հագուէր զոյգ մը նոր կօշիկներ, եւ ապա զանոնք քով-քովի կը շարէր գիտնալու համար, թէ քանի օրեր անցած էին: Էկըրթըն չամուսնացաւ եւ մահացաւ առանց զաւակի. սակայն ան Անգլիոյ ամէնէն հարուստ անձերէն մէկն էր:

***

 

4-11-15_hedakrkragan-3Ամէնէն աւելի կոլեր նշանակուած ֆութպոլի խաղի մը արդիւնքը եղած է 149-0:

 

Ֆութպոլի այս մրցումը տեղի ունեցած է Մատակասքարի լիկայի մրցաշարքին` «Էմիրնի սթատ օլեմփիք» (ՍՕԷ), եւ լիկայի նոր ախոյեան «ԱՍ Ատեմա» խումբերուն միջեւ: ՍՕԷ-ի խումբը գոհ չէր նախկին մրցումի մը ընթացքին իրաւարարին որոշումներէն մէկուն, եւ իբրեւ բողոք` սկսաւ իր ցանցին մէջ նետել գնդակը` միւս խումբին ի նպաստ կոլեր նշանակելով:

Ըստ ֆութպոլի օրէնքներուն, երբ խումբի մը ցանցին մէջ կը մտնէ գնդակը, այդ խումբին կ՛անցնի գնդակը: Եւ որովհետեւ գնդակը բնաւ «Աս Ատեմա»-ի մարզիկներուն ոտքը չանցաւ, ՍՕԷ-ի մարզիկները շարունակեցին իրենց ցանցին մէջ գնդակները մտցնել 90 վայրկեան տեւող մրցումին ընթացքին 149 կոլ նշանակելով: Մրցումէն ետք ՍՕԷ-ի խումբին մարզիչը երեք տարի կախակայուեցաւ:

– Միջազգային ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին նշանակուած ամէնէն բարձր արդիւնքը արձանագրուած է 2001 թուականին, երբ Աւստրալիա յաղթեց Ամերիքըն Սամոայի 31-0 արդիւնքով:

 

Հարցարան

Ընդհանուր Գիտելիքներ

4-11-15_hartsaran1) Ափրիկէի մէջ ձիւնի բնաւ չենք հանդիպիր:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

2) Աւելի շատ հաւանականութիւն կայ, որ անձրեւէ, երբ ամպերը երկնքին մէջ բարձր կը գտնուին, քան երբ անոնք ցած են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

3) Որքա՞ն ժամանակէն երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ
ա – 1 օրէն, բ – 1 շաբաթէն, գ – 1 ամիսէն, դ – 1 տարիէն

4) Երկրագունդի մակերեսի կէսէն աւելի պակաս տարածք մը միայն ծածկուած է ջուրով:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

5) Ի՞նչ է Սահարան:
ա – Աշխարհի ամէնէն մեծ եւ աւազով ծածկուած անապատը, բ – Աշխարհի ամէնէն մեծ եւ քարով ծածկուած անապատը, գ – Աշխարհի ամէնէն մեծ եւ աղով ծածկուած անապատը, դ – Աշխարհի ամէնէն մեծ եւ սառոյցով ծածկուած անապատը:

6) Քանատայի տարածքը աւելի մեծ է, քան` Միացեալ Նահանգներու տարածքը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

7) Ո՞ւր կարելի է տեսնել արեւը կէս գիշերին (երբ արեւը մար չի մտներ բազմաթիւ շաբաթներ):
ա – Միայն հիւսիսային բեւեռ, բ – Միայն հարաւային բեւեռ, գ – Հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռ, դ , Միշտ երկրագունդէն տարբեր վայրերու մէջ

8) Ընդհանրապէս քանի՞ թեւ կ՛ունենան ծովային աստղերը:
ա – 2, բ – 5,  գ – 8, դ – 15

9) Ծովային բոլոր անասունները կրնան լողալ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

10) Դլփինները ստնաւոր անասուններ են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

11) Երբ շանաձուկը լողալէ կը դադրի…
ա – Ան կ՛ընկղմի, բ – Մակերեսին վրայ կը ծփայ, գ – Նոյն տեղը կը մնայ, դ – Կլոր կը դառնայ

12) Ծովամայրերը մեծ մասամբ ջուրէ կազմուած են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

13) Ինչի՞ միջոցով է, որ ծովափիղերը իրենց ուղղութիւնը կը գտնեն:
ա – Իրենց գլխուն, բ – Իրենց պոչին, գ – Իրենց լողակներուն, գ – Իրենց ստամոքսին

14) Քանի՞ ոտք ունի խեչափառը:
ա – 6, բ – 8, գ – 10, դ – 12

15) Հիւսիսային կիսագունդին կարապները միշտ ճերմակ կ՛ըլլան:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

16) Ի՞նչ լեզու կը խօսուի Արժանթինի մէջ:
ա – Իտալերէն, բ – Սպաներէն, գ – Փորթուգալերէն, դ – Անգլերէն

17) Ի՞նչ կը կոչուի Պրազիլի դրամը:
ա – Եէն, բ , Ռիալ, գ – Քուրոն, դ – Փեսօ

18) Աւստրալիա Նոր տարին կը տօնէ Ամերիկայէն առաջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

19) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ երկիրը:
ա – Ռուսիա, բ – Չինաստան, գ – Քանատա, դ – Աւստրալիա

20) Հաւերը սուրբ անասուններ են Հնդկաստանի մէջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

21) Ի՞նչ պտուղ կ՛ուտուի Նոր տարուայ գիշերը Սպանիոյ մէջ:
ա – Ելակ, բ – Խաղող, գ – Խնձոր, դ – Սալոր

22) Ի՞նչ կը կոչուի Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Դանիոյ  մէջ գործածուած դրամը:
ա – Քուրոն, բ – Մարք, գ – Եւրօ, դ – Լիր

23) Առաջին համակարգիչը…
ա – Մուկէ մը աւելի փոքր էր, բ – Գիրքի մը չափ մեծ էր, գ – Ինքնաշարժի մը չափ մեծ էր, դ – Դասարանի մը չափ մեծ էր

24) Լէոնարտօ տա Վինչի հնարած է անիւը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

25) Ձայնասփիւռը պատկերասփիւռէն առաջ հնարուած է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել խմիչքի թիթեղէ տուփին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել խմիչքի թիթեղէ տուփին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ոստիկանները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ոստիկանները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1 – բ, 2 – բ,  3 – դ, 4 – բ, 5 – ա, 6 – ա, 7 – գ, 8 – բ, 9 – բ, 10 – ա, 11 – ա, 12 – ա, 13 – գ, 14 – բ, 15 – բ, 16 – բ, 17 – բ, 18 – ա, 19 – ա, 20 – բ, 21 – բ, 22 – ա, 23 – դ, 24 – բ, 25 – ա

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Ապրիլ 1965)

Յաջորդը

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ Ուսուցիչներու Եւ Լրագրողներու. Աղուերանի Մէջ Աւարտեցաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Զարգացման Նպաստող Ծրագիրը

RelatedPosts

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը
Մանկապատանեկան

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը

January 31, 2026
Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ

January 24, 2026
Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը
Մանկապատանեկան

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.