Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատիկը Աշխարհին Շուրջ

Ապրիլ 4, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

4-04-15_achkharhin-chourtch-01Զատիկը քրիստոնէական տօներէն ամէնէն  կարեւորներէն մէկն է, եւ աշխարհին շուրջ տարբեր երկիրներ զայն կը տօնեն իրենց յատուկ աւանդութիւններով:

Ֆրանսայի մէջ զանգակները կը դադրին հնչելէ Աւագ հինգշաբթիէն մինչեւ Աւագ շաբաթ: Կ՛ըսուի, թէ անոնք գացած են Հռոմ, ուրկէ պիտի վերադառնան շաբաթ գիշեր` իրենց հետ բերելով քաղցրեղէններ մանուկներուն համար:

Իտալիոյ մէջ Զատիկին կը շինուի «Քոլոմպա» կոչուած պրիոշը: Անիկա ունի աղաւնիի ձեւ եւ կը խորհրդանշէ աւետիսը: Զատկուան կիրակին ընտանիքը կը հաւաքուի ճաշասեղանին շուրջ: Մինչ երկուշաբթի մարդիկ կը նախընտրեն դաշտագնացութեան երթալ:

Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ Աւագ ուրբաթը, Աւագ շաբաթը եւ յաջորդող երկուշաբթին տօնական օրեր են: Սպանիոյ մէջ Զատկուան կարկանդակը կը կոչուի Տոնա: Սպանացիները սովորութիւն ունին այս պրիոշին վրայ հաւկիթները դնել զայն եփելէ առաջ:

Ամիսներ առաջ պատրաստուած թափօրներ եւ ներկայացումներ տեղի կ՛ունենան փողոցներուն մէջ, Աւագ շաբթուան ընթացքին:

Անգլիոյ մէջ Զատկուան կէսօրին, ոչխարի փոխարէն,  խոզապուխտ կը հրամցուի: Անգլիացիներուն համար խոզը բախտաբեր խորհրդանիշ մըն է:

Անշուշտ սեղանին վրայ զետեղուած կ՛ըլլան նաեւ հաւկիթներ: Խաղեր կը կազմակերպուին թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ ալ մեծերուն համար: Մանուկ անգլիացիները սովորութիւն ունին տունէ տուն երթալու` քաղցրեղէններ պահանջելով, Հալուինի տօնին նման:

Ֆինլանտայի մէջ ալ կը շրջին տունէ տուն: Անոնք կը ծպտուին ծերուկ մամիկներու կամ վհուկներու նման եւ կ՛երթան պոնպոններ եւ տուրմեր պահանջելու դրացիներէն: Վիրփոմինէն կոչուած այս վհուկներու սովորութիւնը եկած  է հին աւանդութենէն մը, ըստ որուն, թզուկները եւ վհուկները դուրս կ՛ելլեն Աւագ ուրբաթ եւ Զատկուան կիրակիին միջեւ:

Այս սովորութիւնը գոյութիւն ունէր արդէն Շուէտի մէջ, 100 տարիներ առաջ: Ուրիշ սովորութիւններ ալ յառաջացած են սկանտինաւեան երկիրներուն մէջ: Օրինակի համար, կ՛ըսուէ, թէ Զատիկին պէտք է կանուխ արթննալ` արեւուն պարը տեսնելու համար: Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Դանիոյ մէջ արեւուն այս դեղին գոյնով է, որ կը ներկուին հաւկիթները:

Ուրիշ խորհրդանիշներ ալ կը գտնուին նաեւ Լեհաստանի մէջ: Ջուրը, որ կեանքը կը խորհրդանշէ, մաս կը կազմէ տօնակատարութիւններուն:

Զատկուան երկուշաբթին մարդիկ իրարու վրայ ջուր կը սրսկեն մեղքերէն ձերբազատելու համար: Այս երկուշաբթին կը կոչուի Սմիկուս Տինկուս, «թաց երկուշաբթին»: Մինչ Զատկուան «Մեծ գիշերուան»` Ուիլքանոքի ընթացքին կը ցուցադրուի բուրդով զարդարուած եւ գոյնզգոյն հաւկիթները

Ռուսիոյ մէջ ալ հաւկիթները մեծ տեղ կը գրաւեն: Անոնք կը ներկուին սոխի կեղեւներու մէջ խաշելով: Կարագով պատրաստուած ոչխարէն, կամ փուռին մէջ եփած խոզապուխտէն ետք կ՛ուտեն քուլիչ` ռոմով եւ քրքոմով պատրաստուած կարկանդակ, կամ` ճերմակ պանիրով շինուած փաշքան:

Յունաստանի մէջ հաւկիթները ներկուած կ՛ըլլան գլխաւորաբար կարմիր`, խորհրդանշելու համար Յիսուսի արիւնը: Ընտանիքը կը հաւաքուի Զատկուան կէսօրին ոչխարի միսով պատրաստուած ապուրին շուրջ: Անշուշտ նախ հաւկթախաղը տեղի կ՛ունենայ: Սովորութիւն է նաեւ հաւկիթները բռնել երեք մատերով:

Գերմանիոյ մէջ Զատկուան գիշերը փոքրեր եւ մեծեր կը հաւաքուին Զատկուան կրակին շուրջ: Այս կրակը հին գերմանական սովորութիւն մըն է: Անիկա արեւը կը խորհրդանշէ եւ կը տօնէ գարնան ժամանումը: Զատիկին գերմանացիները կը զարդարեն պզտիկ ծառ մը կամ թուփ մը` օսթըրպաումը, գունաւոր պարպուած հաւկիթներով, որոնք կը ներկայացնեն տաքութեան վերադարձը խոհրդանշող պտուղները:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսթըր Պաննին է` Զատկուան նապաստակը, որ մանուկներուն կը բերէ պոնպոն եւ տուրմ: Զատկուան երկուշաբթին հաւկիթներ փնտռելու մեծ արշաւ մը կը կազմակերպուի նախագահին կողմէ Սպիտակ Տան պարտէզներուն մէջ:

Վերջապէս, Մեքսիքայի մէջ Զատկուան նախօրեակին հազարաւոր մարդիկ փողոցները կ՛իջնեն, երբ արեւը մար կը մտնէ: Անոնք կը ծեծեն եւ կ՛այրեն պատկերներ եւ թուղթով պատրաստուած «փինիաթաներ», որոնք կը խորհրդանշեն Յուդան:

Իսկ գիտէի՞ր, թէ Աւստրալիոյ մէջ Աւագ ուրբաթը միակ օրն է, երբ բոլոր խանութները փակ կը մնան:

 

Խոհագիր

Պրիոշ

4-04-15_briocheԶատկուան պատրաստութիւնները մեծ մասամբ տեղի կ՛ունենան նաեւ խոհանոցին մէջ, ուր տանտիկինը կը պատրաստէ ո՛չ միայն Զատկուան յատուկը ճաշեր, այլ նաեւ` Զատկուան յատուկ անուշեղէններ: Դուն ալ կրնաս մասնակցիլ այդ աշխատանքներուն շինելով այս համեղ պրիոշը:

Պէտք Ունիս

300 կրամ ալիւրի, 170 կրամ հալած կարագի, 3 հաւկիթի, թէյի տաբակ դգալ մը փոշի թթխմորի, 3 ապուրի դգալ շաքարի, պտղունց մը աղի, 1 գաւաթ (10 սանթիլիթր) կաթի:

Պատրաստութիւն

2.- Մեծ եւ խորունկ ամանի մը մէջ դիր ալիւրը, մէկ-մէկ աւելցուր միւս նիւթերը` միշտ խառնելով: Խմորը սեղանին վրայ մէկ ժամ ձգէ, որ ուռի:
2.- Մեծ եւ խորունկ ամանի մը մէջ դիր ալիւրը, մէկ-մէկ աւելցուր միւս նիւթերը` միշտ խառնելով:
Խմորը սեղանին վրայ մէկ ժամ ձգէ, որ ուռի:
1.- Կաթը թեթեւ մը տաքցուր կրակին վրայ եւ այդ գաղջ կաթին աւելցուր թթխմորը:
1.- Կաթը թեթեւ մը տաքցուր կրակին վրայ եւ այդ գաղջ կաթին աւելցուր թթխմորը:

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Դարձեալ խմորը ձգէ իր կաղապարին մէջ, որ  մէկ ժամ հանգչի: Որպէսզի խմորը լաւ ուռի, զայն տաքուկ տեղ մը դիր եւ կտորով մը զայն ծածկէ: Փուռը 180 աստիճանի վրայ տաքցուր եւ պրիոշը եփէ մօտաւորապէս 30 վայրկեան:
4.- Դարձեալ խմորը ձգէ իր կաղապարին մէջ, որ մէկ ժամ հանգչի: Որպէսզի խմորը լաւ ուռի, զայն տաքուկ տեղ մը դիր եւ կտորով մը զայն ծածկէ: Փուռը 180 աստիճանի վրայ տաքցուր եւ պրիոշը եփէ մօտաւորապէս 30 վայրկեան:
3.- Խմորը դարձեալ խառնէ հինգ վայրկեան: Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ խմորը անոր մէջ պարպէ:
3.- Խմորը դարձեալ խառնէ հինգ վայրկեան: Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ խմորը անոր մէջ պարպէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ծանօթ.- Թիւ 1 եւ 4 հանգրուաններուն համար, չափահասէ մը խնդրէ, որ քեզի օգնէ:2.- Մեծ եւ խորունկ ամանի մը մէջ դիր ալիւրը, մէկ-մէկ աւելցուր միւս նիւթերը` միշտ խառնելով:

 

Ձեռային Աշխատանք

Զատկուայ Վերջին Վայրկեանի
Պատրաստութիւններ

Եթէ այս շաբթուան ընթացքին ժամանակ չունեցար Զատիկի յատուկ պատրաստութիւններ տեսնելու եւ չկրցար հաւկիթներ զարդարել, ահա քանի մը ձեռայիններ` վերջին վայրկեանի պատրաստութիւններուդ համար:

Հաւկիթները Զարդարենք

  • 4-04-15_zadig-034-04-15_zadig-044-04-15_zadig-01

Վաղը արդէն Զատիկ է, եւ դուն ոչ մէկ գնում ըրած ես զանազան ձեւերով զարդարելու համար հաւկիթները: Մտահոգուելու հարկ չկայ: Դուն կրնաս պարզապէս տարբեր արտայայտութիւններ գծել սեւ ներկով հաւկիթներուն վրայ:

Հաւկիթները կրնաս գործածել առանց զանոնք ներկելու, ճերմակ կամ սրճագոյն (Բայց անշուշտ խաշուած): Կրնաս նաեւ զանոնք նախ գոյնզգոյն ներկել, կամ միայն դեղին համակարգիչի կամ բջիջային հեռաձայններու նամակներուն մէջ գորածածուած «ժպտուն երեսներուն» նման: Վերջապէս, կրնաս նաեւ պզտիկ ժապաւէններ, բուրդէ թելեր, եւ այլն փակցնել անոնց վրայ:

Պզտիկ Նապաստակներ

4-04-15_zadig-05Այս անուշիկ, պզտիկ նապաստակները կրնաս զետեղել իւրաքանչիւր անձի պնակին մէջ Զատկուան սեղանը զարդարելու համար:

Այս ձեռայինին համար պէտք ունիս յատկապէս փոքրիկ կերպընկալէ դգալներու (նախընտրաբար` ճերմակ): Դգալին վրայ սեւ ներկ-մատիտով գծէ նապաստակին աչքերը, քիթը, բերանը եւ ակռաները: Ճերմակ թուղթի մը վրայ գծէ եւ կտրէ նապաստակին ականջներ: Զանոնք փակցուր նապաստակին գլխուն ետեւը:

Նապաստակին մարմնին համար կրնաս գործածել ականջ մաքրելիք ցպիկներ` իբրեւ թեւեր եւ զարդարուն թուղթէ թաշկինակներ` իբրեւ հագուստ:

Կրնաս նաեւ կլոր բամպակ մը փակցել դգալին վրայ, նապաստակին գլխուն տակ, անասունին մարմինը ընելու, եւ առջեւը փակցնել կանաչ թուղթէ խոտեր: Կամ պարզապէս թուղթէ թաշկինակէ մը պզտիկ փողկապ մը շինել եւ փակցել նապաստակին վիզին վրայ:

 

Մրցանիշ

4-04-15_mertsanich-fԱշխարհի ամէնէն մեծ Զատկուան Հաւկիթը 8,32 մեթր բարձրութիւն ունի: Նախորդ մրցանիշը կը պատկանէր Հարաւային Ափրիկէի Քուազուլու Նաթալ քաղաքին, որուն տուրմէ հաւկիթին բարձրութիւնը 7,65 մեթր էր:

Պելճիքայի Սենթ Նիքլաաս քաղաքին կողմէ ապսպրուած այս տուրմէ հաւկիթը պատրաստելու համար քսան վեց տուրմի մասնագէտներ 525 ժամ աշխատած են եւ գործածած` 1950 քիլօ տուրմ:

 

 Ժամանց

1) Կէտերը իրարու միացուր 1-74` գտնելու համար պահուած պատկերը:
1) Կէտերը իրարու միացուր 1-74` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3) Կրնա՞ս գտնել այն հաւկիթը, որ կը նմանի նապաստակին բռնած հաւկիթին:
3) Կրնա՞ս գտնել այն հաւկիթը, որ կը նմանի նապաստակին բռնած հաւկիթին:

4-04-15_jeu-2

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Ապրիլ 1965)

Յաջորդը

Վարդօ. «1915, Երկու Փոքրիկներ Հայոց Ցեղասպանութեան Տառապանքին Մէջ». Գծանկարային Նոր Գիրք` Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?