Ձեր Մարմինը Օգնութիւն Կը Խնդրէ… Սննդանիւթերու Անբաւարարութեան Նախազգուշական Նշաններ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մարդուն մարմինը բարդ համակարգ է, եւ երբ անոր կը պակսին էական սննդանիւթեր, ան նախազգուշական նշաններ կ՛ուղարկէ, որոնք պէտք չէ անտեսել: Ստորեւ կը ներկայացնենք սննդանիւթերու անբաւարարութեան ամենատարածուած նշանները, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաք վերականգնել ձեր մարմնին հաւասարակշռութիւնը ճիշդ սնունդի միջոցով: - ՉՈՐ ՄՈՐԹ. ձեր մարմինը Էօ. կենսանիւթի պակաս ունի. ան հզօր հակաօքսիտան է, որ կ՛օգնէ խոնաւցնելու եւ պաշտպանելու մորթը վաղաժամ...




















