Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վերջին տարիներուն Թիք-Թոք-ը, Եու Թիուպ Շորթցը եւ Ինսթակրամ Ռիլզ-ը դարձած են այնպիսի հզօր հարթակներ, որոնք գրաւոր են յատկապէս դեռահասներու եւ երեխաներու ուշադրութիւնը: Քանի մը վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթերը կը թուին անմեղ, սակայն հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնք կրնան փոխել ուղեղին աշխատանքը, ազդել ուշադրութեան, որոշումներու կայացման եւ նոյնիսկ տրամադրութեան վրայ:
Թիք-թոքի եւ նմանատիպ հարթակներու սկզբունքն է` արագ հաճոյք, անմիջական արձագանգ եւ անսահման հետեւորդներ: Իւրաքանչիւր տեսանիւթ կը տեւէ ընդամէնը քանի մը վայրկեան, սակայն ուղեղը անմիջապէս կ՛արձանագրէ սրամտութիւնը, երաժշտութիւնը կամ տեսողական շարժումը, եւ իւրաքանչիւր նման արձագանգ ուղեղին մէջ կ՛առաջացնէ տոփամինի` հաճոյքի հորմոնի արտադրութիւն: Ժամանակի ընթացքին կը ստեղծուի կախուածութիւն, որ շատ նման է բախտախաղի կամ նոյնիսկ ալքոլային կախուածութեան:
Գիտնականներու Կարծիքով
Չին հետազօտողներ վերջերս պարզեր են, որ Թիք-թոքի յաճախակի օգտագործումը կրնայ փոխել ուղեղին կառուցուածքը:
Շուրջ 100 ուսանողներու մասնակցութեամբ կատարուած փորձ մը ցոյց տուեր է, որ երկար ժամեր Թիք Թոք դիտող դեռահասներու մօտ նկատուեր է քունի խանգարում, ուշադրութեան նուազում եւ նոյնիսկ ուղեղի մոխրագոյն նիւթի 2 առ հարիւր նուազում` այն հատուածին մէջ, որ պատասխանատու է որոշումներու կայացման:
Այլ ուսումնասիրութեան մը ընթացքին 1500 դպրոցականներ նշեր են, որ Թիք-Թոքի երկարատեւ օգտագործումը ընկճախտ, անտրամադրութիւն եւ ինքնագնահատականի անկում պատճառած է:
Վերջապէս, ուսումնասիրութիւնը շեշտած է, որ մանչերու եւ աղջիկներու միջեւ տարբերութիւն գրեթէ չկայ. այս հարթակները բոլորին մօտ նոյն ձեւով եւ հաւասարապէս կախուածութիւն կը ստեղծեն:
Պայքար Թիք–Թոքի Դէմ
Տարբեր երկիրներ արդէն իսկ քայլերու ձեռնարկած են` սահմանափակելու Թիք-Թոքի ազդեցութիւնը:
Մ. Նահանգներու մէջ Թիք-Թոքը արգիլուած է շարք մը պետական կառոյցներու աշխատակիցներուն` անվտանգութեան եւ տուեալներու արտահոսքի վտանգի պատճառով:
Հնդկաստանը 2020-ին ամբողջովին արգիլեց Թիք-Թոքը` նշելով, որ ան կը սպառնայ ազգային անվտանգութեան:
Քանատան, Աւստրալիան, Բրիտանիան եւ Եւրոպական քանի մը երկիրներ սահմանափակած են Թիք-Թոքի օգտագործումը պետական պաշտօնեաներուն:
Չինաստանի մէջ, ուր ստեղծուեր է Թիք-Թոքը (Douyin), ան կը գործ շատ խիստ կանոններով. երեխաներուն համար սահմանուած է օրական ընդամէնը 40 վայրկեան, իսկ գիշերը Թիք-Թոքը ինքնաբերաբար կը փակուի: Այս քայլերը ոչ միայն ազգային անվտանգութեան, այլեւ հոգեբանական պաշտպանութեան նպատակ ունին:
Վնասակար Ազդեցութիւն Երեխաներուն Վրայ
Շատ մը երկիրներ նկատեր են, որ Թիք-Թոքը կը վնասէ երեխաներու հոգեբանական առողջութեան, կը ստեղծէ կախուածութիւն, կը վնասէ կեդրոնացումին, կը ստիպէ համեմատուիլ ուրիշներու հետ եւ ընկճուիլ:
Թիք-Թոքը շատ արագ կը տարածէ ամէն տեսակի տեսանիւթեր, նաեւ` վնասակար եւ անպատշաճ, իսկ երեխաները կը տեսնեն այն, ինչ իրենց տարիքին չի համապատասխաներ:
Մասնագէտները ծնողներուն կը թելադրեն չփորձել ամբողջութեամբ արգիլել Թիք-Թոք-ի օգտագործումը, այդ գրեթէ անհնար է: Փոխարէնը պէտք է ձեւաւորել գիտակցուած օգտագործման մշակոյթ:
Ա.- Սահմանել օրական դիտելու ժամանակ,
Բ.- Խօսիլ երեխային հետ բովանդակութեան որակի մասին,
Գ.- Ստեղծել հաւասարակշռուած ժամանակացոյց, ուր մարզանքը, ընթերցանութիւն եւ ընկերներուն հետ յարաբերութիւնը իրենց անհերքելի եւ մնայուն տեղը ունենան:
Մանկավարժ-Հոգեբանին
Կարծիքով
– Երեխան իր ընտանիքին եւ ապրած միջավայրին արտացոլացումն է:
Երբ երեխան կ՛ապրի քննադատող միջավայրի մէջ, ան դատապարտել կը սորվի: Երբ տեւական վախի մէջ կ՛ապրի, անձկոտ կը դառնայ: Իսկ թշնամական միջավայրը զայն կը դարձնէ վայրագ:
Մինչդեռ երբ քաջալերանքներով շրջապատուած է, ինքնավստահ կը դառնայ: Հանդուրժողական միջավայրը զայն կը դարձնէ համբերատար: Իսկ երբ երեխան բարեացակամութեան մթնոլորտի մէջ կ՛ապրի, բարեհաճութիւն եւ յարգանք կը սորվի:
* * *
– Երեխային իւրաքանչիւր սխալը սորվելու հնարաւորութիւն մըն է, եւ ոչ թէ` պատժելու առիթ:
Նեարդաբանական հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ կրկնուող պատիժները ոչ միայն արդիւնաւէտ չեն, այլեւ կը խաթարեն` երեխային յուզական հաւասարակշռութիւնը, ուսման ունակութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը: Առաւել եւս դատապարտելի են ֆիզիքական պատիժները, որոնք կը նուաստացնեն երեխան եւ բացասաբար կ՛ազդեն անոր ինքնագնահատանքին վրայ:
* * *
– Տարիքի հետ շատ մը ծնողներ կը սկսին աւելի սուր զգալ կեանքի վտանգները: Անոնց սիրտը կը լեցուի վախով, եւ այդ վախերը անընդհատ կը փոխանցեն իրենց մեծցած զաւակներուն: Հեռախօսի զանգեր, զգուշացումներ, տագնապալի հարցեր` «ո՞ւր ես», «որո՞ւ հետ ես հիմա» եւ այլն…
Երիտասարդը, որ պէտք է վստահ քայլերով կառուցէ իր ապագան, փոխարէնը` կը խեղդուի տեւական զգուշացումներով եւ մռայլ կանխատեսումներով: Եւ որքան որ ալ ծնողներուն այս մտահոգութիւնները կը բխին իսկական սէրէ, իրականութեան մէջ անոնք հակառակ ազդեցութիւն կ՛ունենան: Երիտասարդները կը սկսին փակուիլ եւ նոյնիսկ խուսափիլ ընկերներու հետ յարաբերելէ: Ծնողքին մտահոգութիւնը անոնց համար բեռ կը դառնայ եւ ոչ թէ` աջակցութիւն:
Ծնողներուն չափէն աւելի հսկողութիւնը չի պաշտպաներ, այլ կը խլէ վստահութեան մթնոլորտը: Վախեր արտայայտելու փոխարէն` ծնողները պէտք է փորձեն վստահութիւն ներշնչել, աջակցիլ եւ ոչ թէ` խեղդել: Կեանքի պատրաստուող երիտասարդին համար կարեւոր է զգալ, որ ծնողը իր կողքին է եւ կը վստահի իր առած քայլերուն:
Երբ ծնողը կը վերահսկէ իր անհանգստութիւնը, երիտասարդը կը դառնայ աւելի ազատ, ինքնավստահ, ուժեղ եւ կազմակերպուած:
Այլազան
Գիրքերու Ձեւաւորումը Կ՛ազդէ
Ընթերցանութեան Վրայ
Գիրք ընտրելու ժամանակ մենք սովորաբար կը կեդրոնանանք բովանդակութեան վրայ` հեղինակ, սեռ, նիւթ, եւ այլն… Սակայն գրեթէ երբեք չենք մտածեր այն անտեսանելի ուժին մասին, որ մեզ կը ստիպէ սիրել կամ անտարբեր մնալ տուեալ գիրքին նկատմամբ: Այդ ուժը գիրքի ձեւաւորումն է` կողքի գոյները, տառատեսակները, թուղթի տեսակը եւ էջադրումը:
Փորձագէտներու կարծիքով, գիրքի մը արտաքին տեսքը, ձեւաւորումը ոչ թէ երկրորդական, այլ հիմնական դեր կը խաղայ ընթերցանութեան մէջ: Ան կը ստեղծէ տրամադրութիւն, կ՛ուղղորդէ ընթերցողը եւ ընթերցանութեան գործընթացը կը դարձնէ աւելի յարմարաւէտ ու հաճելի:
– Առաջին տպաւորութիւնը` կողքին ուժը
Գիրքին կողքը անոր դէմքն է. ան է, որ կը ստեղծէ առաջին տպաւորութիւնը: Հոգեբաններու կարծիքով, մարդիկ գիրք գնելու որոշում կը կայացնեն ընդամէնը քանի մը վայրկեանի ընթացքին: Որոշումը հիմնուած կ՛ըլլայ ոչ թէ բովանդակութեան, այլ զգացմունքային արձագանգի վրայ, որ կ՛առաջանայ կողքէն:
– Կարդալու յարմարաւէտութիւնը եւ տառատեսակի դերը
Գիրքին էջադրումը, տառերու ընտրութիւնը, խորագիրներու եւ ենթախորագիրներու ձեւաւորումը, տողերու միջեւ հեռաւորութեան եւ պարբերութիւններու դասաւորումը կ՛ազդեն նիւթին ընկալման վրայ:
Նոյնպէս ալ կարեւոր է թուղթին որակը: Թուղթին գոյնն ու հիւսուածքը եւս իրենց դերը ունին: Շատ փայլուն եւ ճերմակ թուղթը կրնայ արտացոլացնել լոյսը եւ յոգնեցնել աչքերը, մինչդեռ բաց դեղնաւուն երանգով թուղթը աւելի յարմարաւէտ կը համարուի: Թուղթին հաճելի հիւսուածքը նաեւ կու տայ ֆիզիքական հաճոյք` գիրքը ձեռքերուն մէջ պահելու եւ թերթատելու ժամանակ:
Օդանաւին 5
Ամենաաղտոտ Մասերը
Օդանաւերուն մեծ մասը իւրաքանչիւր ուղեւորութեան ընթացքին կը տեղափոխեն 150-350 ուղեւոր եւ օրական բազմաթիւ ուղեւորութիւններ կը կատարեն: Հետեւաբար հաւաքարարները բաւարար ժամանակ չեն ունենար օդանաւին բոլոր անկիւնները մաքրելու եւ կը բաւարարուին հարեւանցի մաքրութեամբ մը: Այսպիսով, օդանաւին մէջ կան բազմաթիւ առարկաներ, որոնք կրնան աղտոտ եւ վարակուած ըլլալ:
Քանատայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, օդանաւին ամէնէն աղտոտ տեղը ուղեւորին դիմաց բացուող շարժական փոքրիկ սեղանն է: Անիկա ամէնէն աղտոտ իրն է ամբողջ օդանաւին մէջ: Հետազօտութենէն բխած արդիւնքին համաձայն, շարժական փոքրիկ սեղանը 1890 միաւոր աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը…
Եթէ օդանաւին ամէնէն աղտոտ առարկան շարժական փոքրիկ սեղանն է, նուազ աղտոտ չեն`
– Ճամբորդներու աթոռներուն գլխակալները, որոնք մանրէներու բազմացման իսկական վայր են:
– Նստարաններուն վերեւի բեռնախցիկներուն բռնակները:
– Բաղնիքի դրան բռնակը:
– Անվտանգութեան գօտին եւ փականը:
Ցանկը երկար է, իսկ պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը ախտահանիչ թաշկինակներու եւ ժելերու յաճախակի օգտագործումն է:
Խոհագիր
Այծի Պանիրով Արմաւի Պատառիկներ
Այս բաղադրատոմսը կարելի է մատուցել որպէս նրբագեղ նախուտեստ կամ թեթեւ աղանդեր:
Բաղադրիչներ
– 12 կորիզազերծուած արմաւ
– 115 կ այծի պանիր
– 2 ապուրի դգալ մեղր
– 2 ապուրի դգալ մանր կտրատուած պիստակ, ընկոյզ կամ նուշ
– Թարմ խնկունի` զարդարանքի համար:
Պատրաստութիւն
Նախապէս տաքցնել փուռը 180 ջերմաստիճանով:
Արմաւները ճեղքել դանակով, կորիզները հանել եւ յարմարաւէտ բացուածք մը ձեւաւորել` միջուկին համար:
Խորունկ ամանի մը մէջ պատառաքաղով ճզմել այծի պանիրը, աւելցնել 1 ապուրի դգալ մեղրը եւ ստացուած խառնուրդը որպէս միջուկ լեցնել արմաւներուն մէջ:
Արմաւները տեղափոխել փուռ գացող ափսէի մէջ եւ ձգել, որ խորովուին 8-10 վայրկեան, մինչեւ որ պանիրը թեթեւ գոյն առնէ, իսկ արմաւները քարամէլի տեսք ստանան:
Փուռէն ելած արմաւները փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, վրան աւելցնել մնացեալ մեղրը, ցանել մանրուած ընկուզեղէնը եւ զարդարել խնկունիով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Եթէ մթութեան խտացումից է միշտ լոյսը ծնուում,
Մի՞թէ մենք կեանքում քիչ մութ ենք ծամել` հացի փոխարէն,
Եւ մի՞թէ քիչ ենք քնել մեր քունը մղձաւանջային`
Մեզ, վերմակի տեղ, ծածկելով մթան մազեղէն քուրձով…
Մութը` անասեղ` կարկատանել է մեր աչքե՜րն անգամ,
Իր գոյնն է խառնել եւ մեր արեա՛նը,
Կարմի՜ր արեանը,
Որ չորանալիս սեւանում է միշտ,
Եւ չոր արեամբ էլ սեւն է շատանում,
Այսինքն` մութը…
Անգամ ամէն ծառ,
Ամէն թուփ ու խոտ
Կարծես ճօճուում է, որ աւլի մութը:
Բայց ճօճմամբ իրենց ո՛չ թէ աւելում,
Այլ յաւելում են նրանք նոյն մութը`
Իրենց ստուերո՜վ…
Կոյր ծնուածները բարի են անչափ:
Կարող է կարծել միայն մարդը չար,
Թէ կոյրերն անվերջ աղօթք են անում,
Որ ընդարձակուի կայսրութիւնն իրենց,
Ու թագադրուի մո՜ւթը,
Այդ մո՛ւթը`
Իրականների մէջ իրականը,
Տիրակալների մեծ տիրակալը…
Եւ իսկապէս էլ` մեր թիկունքն է մութ.
Անցեալը գիտենք գրքերով միայն:
Գուցէ առաւել մեր ճակատն է մութ.
Գրքերն են ճառում գալիքի՛ց նաեւ:
Մո՜ւթը առջեւից – մո՜ւթը ետեւից,
Մենք` երկու մթան նեղլիկ արանքում,-
Էլ ի՜նչ է մնում, որ էլ ի՞նչ անենք:
Պիտի սեղմուենք աջ ու ձախ թեւից,
Սեղմուե՛նք անվերջ-անվերջ խտանա՛նք,
Բայց… չբթանանք այնքան, որ կարծենք,
Որ եթէ մթան խտացումից է միշտ լոյսը ծնուում,
Ապա կը ծնուի ինքնաբերաբար`
Ինչպէս Յիսուսը Միածին Կոյսից,
Մինչեւ իսկ առանց… «Եղիցի լոյս»-ի…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ


