Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Հայկական Գորգերու Գոյներու Լեզուն

Նոյեմբեր 6, 2025
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հայկական գորգերու գոյները պատահական չեն: Անոնք ստացուեր են բնական ներկանիւթերէ` բոյսեր, միջատներ, եւ իւրաքանչիւրը ունեցեր է իր խոր իմաստը: Եւ այսպէս`

– ԿԱՐՄԻՐԸ ստացուեր է որդան կարմիր միջատէն: Ան ամենահզօր գոյնն է, որ կը խորհրդանշէ` կեանք, արիւն, կիրք, ուժ եւ պայքար:

– ԿԱՊՈՅՏԸ ստացուեր է լեղակենիէն: Ան կը խորհրդանշէ` երկինք, հաւատք, յոյս, աստուածային իմաստութիւն եւ յաւերժութիւն:

– ԿԱՆԱՉԸ կը խորհրդանշէ` բնութիւն, գարուն, վերածնունդ եւ դրախտ: Ան յաճախ օգտագործուեր է կենաց ծառի պատկերներուն մէջ:

– ԴԵՂԻՆԸ-ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆԸ կը խորհրդանշեն` արեւ, լոյս, իշխանութիւն եւ աստուածային զօրութիւնը:

– ՍԵՒԸ-ՇԱՔԱՆԱԿԱԳՈՅՆԸ կը խորհրդանշեն` հող, սուգի յիշատակ, ինչպէս նաեւ` ստորերկրեայ աշխարհ: Այս գոյները յաճախ օգտագործուեր են գորգերուն եզրագիծերը շեշտելու համար:

* * *

Իւրաքանչիւր հայկական գորգ մշակութային անցագիր է, որ կը կրէ իր ստեղծման վայրի, ժամանակի եւ գործողի հոգիին դրոշմը:

Մանկական Առողջութիւն

 Ճի՞դ, Թէ՞ Սխալ

– Մանկական քայլակները ապահով միջոց են տան մէջ տեղափոխուելու համար:

ՍԽԱԼ: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ մանկական քայլակները եւ բարձրէն կախուած օրօրոցները աւելի վնաս կը պատճառեն, քան` օգուտ:

Քայլակներու անպատեհութիւնները շատ են` մկաններու անհաւասարաչափ ամրացում, ինքնուրոյն շարժողական հմտութիւններու զարգացման ուշացում, ողնաշարի կորութիւն եւ այլն…

Այս անպատեհութիւններուն առաջքը առնելու համար թելադրելի է այս գործիքները օգտագործել ծնողներու հսկողութեան տակ` օրական ոչ աւելի քան քառորդ ժամ: Երեխաներուն առողջութիւնը աւելի՛ կարեւոր է, քան` անոնց ժամանակաւոր զուարճանքը:

* * *

– Այլանդակ խաղալիքները սխալ անդրադարձ կ՛ունենան երեխային վրայ:

ՃԻՇԴ: Խաղալիքները սովորաբար առաջին դարպասն են երեխաներուն համար` ուսումնասիրելու զիրենք շրջապատող աշխարհը, յատկապէս` նախադպրոցական տարիքին, իսկ երբ երեխային կ՛առաջարկենք խաղալիքներ անսովոր գոյներով եւ ելեկտրոնային հնչիւններով, անոնք իրականութեան սխալ պատկերացում կու տան երեխային: Աղմկարար, փայլփլուն եւ այլանդակ խաղալիքները կրնան քանի մը վայրկեան հմայել եւ ուրախացնել երեխան, սակայն ստեղծագործական մտածողութեան եւ բնաւորութեան ձեւաւորման վրայ անոնք ժխտական անդրադարձ կ՛ունենան:

Հետեւաբար խորհուրդ կը տրուի ընտրել բնական գոյներով եւ նիւթերով խաղալիքներ, ինչպիսիք են` փայտը, կտորը, ընտրել ուսուցողական եւ ոչ թէ ժամանակաւոր զուարճանք պատճառող խաղալիքներ:

Կաղանդի նախօրեակին կ՛արժէ մտածել…

* * *

– Թանձր հագուստները երեխան կը պաշտպանեն ցուրտէն եւ ձմեռնային հիւանդութիւններէն:

ՍԽԱԼ: Որոշ մայրեր համոզուած են, որ երեխային բազմաշերտ հագուստներ կրել տալով` զայն կը պաշտպանեն հիւանդութիւններէ եւ մրսածութենէ, բայց խորքին մէջ հակառակը տեղի կ՛ունենայ. պատճառը այն է, որ իւրաքանչիւր մարմնի մէջ ջերմակարգաւորում կոչուող գործընթացը գոյութիւն ունի, եւ այդ գործընթացը ունակ է յարմարելու շրջակայ միջավայրի տարբեր ջերմաստիճաններուն: Որքան փոքր է երեխան, այնքան տկար է անոր ջերմակարգաւորումը, իսկ հագուստով ծանրաբեռնուածութիւնը թոյլ չի տար մարմնին պաշտպանական հակազդեցութիւններ զարգացնել` եղանակային փոփոխութիւններուն, ինչը կրնայ յանգեցնել մրսածութեան հետ կապուած հիւանդութիւններու եւ դիմադրողականութեան նուազումին:

Ձմրան եղանակի նախօրեակին կ՛արժէ մտածել…

Այլազան

Կրթութիւնը Կ՛ազդէ
Երկարակեցութեան Վրայ

Տիուք հետազօտական համալսարանի (Միացեալ Նահանգներ) գիտնականները յայտնաբերեր են, որ կրթութիւնը կ՛ազդէ երկարակեցութեան վրայ: Խօսքը կը վերաբերի կենսաբանական տարիքին, այսինքն` մարմնի բջիջներուն եւ գործարաններուն «երիտասարդութեան» վիճակին:

Տիուք համալսարանի ուսումնասիրութեան մասնակցեր են աւելի քան 14 հազար ամերիկացիներ: Պարզուեր է, որ կրթութիւն ստանալը ուղղակիօրէն կապուած է դանդաղ ծերացման հետ:

Որո՞նք են պատճառները: Գաղտնիքը տեղեկատուութիւնը կարդալու, վերլուծելու եւ մտածելու ունակութեան մէջ է: Կարեւոր է նաեւ մարմինը լսելու եւ ժամանակին բժիշկին դիմելու պատրաստակամութիւնը:

Ուսումնասիրութիւնը նաեւ պարզեր է, որ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող մարդիկ ընկճախտի իմաստով աւելի կայուն են, քանի որ շատ հմտութիւններ ունին զայն կառավարելու:

Ակռաները Ինչո՞ւ Կը Դեղնին

Ատամնաբուժներու կարծիքով, միշտ չէ, որ դեղին ակռաները վատ մաքրութեան հետեւանք են:

Որոշ ըմպելիքներ, ինչպիսիք են` սուրճը, կարմիր գինին եւ թէյը, ինչպէս նաեւ` որոշ համեմունքներ, կրնան «ներկել» ակռաները: Համեմունքներէն յիշուած է քրքումը:

Ակռաները կրնան դեղնիլ ծխախոտի եւ որոշ անթիպիոթիքներու օգտագործման պատճառով:

Վերջապէս, տարիքը իր դերը ունի, եւ բնական է, որ ժամանակի ընթացքին ակռաները դեղնաւուն դառնան, կը յուշեն ատամնաբոյժները:

Նոմոֆոպիան Եւ Ախտանիշները

Ժամանակակից հասարակութիւնը կը տառապի նոմոֆոպիա կոչուած յատուկ վիճակէն: Այս բառը յառաջացած է անգլերէն «no mobile phobia» արտայայտութենէն եւ ներմուծուած  մասնագէտներու կողմէ` բջիջային հեռախօսը կորսնցուցած մարդոց անհանգստութիւնը եւ անկէ կախուածութիւնը բնութագրելու համար:

Նոմոֆոպիան կը բնութագրուի հետեւեալ ախտանիշներով.

– Չափազանց նեղուիլ եւ անհանգստանալ բջիջայինը որեւէ տեղ մոռնալու, կամ կորսնցնելու պարագային:
– Անհանգստութիւն, երբ անձը կը գտնուի ինթերնեթէ զուրկ միջավայրի մէջ:
– Բջիջայինի լիցքաւորիչը ամէնուրեք տանիլ` մարտկոցի սպառումի վախէն դրդուած:
– Բջիջայինը կորսնցնելու պարագային անապահով եւ կորսուած զգալ:
– Գործի մէջ եւ ամէնուրեք հեռախօսը միշտ ձեռքը պահել եւ հաղորդագրութիւնները ստուգել:

Ասոնցմէ բացի, ֆիզիքական ախտանիշները, ինչպիսիք են սիրտի բաբախումները, չափազանց քրտնարտադրութիւնը եւ արագ շնչառութիւնը նոյնպէս կապուած են կախուածութեան հետ:

Գիտէ՞ք, Թէ…

– Շատեր պանանը կ՛ուտեն, երբ ամբողջովին դեղին է ու հասուն: Մինչդեռ թեթեւօրէն կանաչ տեսակը նուազ շաքար կը պարունակէ:
– Խնձորը կեղուելով` 50 առ հարիւրով կը նուազին բնաթելերն ու հակաօքսիտանները, որոնք առկայ են կեղեւին մէջ:
– Աւոքատոյին մութ բաժինը շատ հակաօքսիտան կը պարունակէ. պէտք է անպայման օգտագործել զայն եւ չմտածել, որ աւրուած է:
– Կիտրոնին կեղեւն ու միջուկը հինգ անգամ աւելի Սէ. կենսանիւթ կը պարունակեն, քան` հիւթը:

* * *

– Կայ վարկած, որ երեխաները հասակը կը ժառանգեն հօրմէ, իսկ ծանրութիւնը` մօրմէ:
– Ծամոն ծամելը կրնայ ժամանակաւոր խթանել յիշողութիւնը եւ կեդրոնացումը:
– Առանց բարձի պառկիլը կրնայ բուժել որոշ տեսակի կռնակի ցաւերը:
– Օրական 60 վայրկեան քալելը կրնայ կիսով նուազեցնել սոնքութեան վտանգը:
– Շաբաթը մէկ օր «ծոյլի օր» հռչակելն ու գործադրելը կրնայ օգնել` նուազեցնելու ընկճախտը, բարձր արեան ճնշումը եւ բարելաւել մտաւոր առողջութիւնը:

Խոհագիր

Կիտրոնով Եւ Նուշով
Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

– 1 գաւաթ կարագ
– 1 գաւաթ շաքար
– 3 հաւկիթ
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– 1/4 գաւաթ կիտրոնի հիւթ
– 1 գաւաթ ալիւր
– 1 գաւաթ նուշի ալիւր (աղացած նուշ)
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1/2 թէյի դգալ աղ

Կիտրոնով ծորին համար

– 1/2 գաւաթ շաքար
– 1/4 գաւաթ կիտրոնի հիւթ

Զարդարանքի համար`

Նուշի փաթիլներ, քերած կիտրոնի կեղեւ – շերտեր

Պատրաստութիւն

Հարել կարագը, շաքարը եւ հաւկիթները, ապա աւելցնել կիտրոնի հիւթն ու տաշուքը:

Տարբեր ամանի մը մէջ խառնել` 2 տեսակի ալիւրները, պէյքինկ փաուտըրն ու աղը, ապա աւելցնել թաց բաղադրիչներուն վրայ:

Խմորը պարպել կարագով եւ ալիւրով ծեփուած կաղապարի մէջ, երեսը ծածկել նուշի փաթիլներով եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել շուրջ 25 վայրկեան:

Փուռէն ելած կարկանդակը ձգել, որ շուրջ 20 վայրկեան պաղի, խորովածի փայտէ ցպիկով մակերեսը եւ մինչեւ յատակը ծակծկել ու վրան թափել կիտրոնով ծորը:

Մատուցել գաղջ կամ պաղ:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Օրը Մթնեց

Օրը մթնեց, ժամն է արդէն
Իրիկնահացի,
Տխրութիւնս կամաց-կամաց
Փոխւում է լացի:

Իջնում էին խոհուն,խոնարհ
Դեզերի ուսին
Մի կաթնահունց երկնակամար,
Մի ծերատ լուսին:

Մէկը մէկից ամաչելով,
Եւ զուսպ, եւ հաւաք,
Նստում էին մերոնք կարգով –
Կրտսեր ու աւագ:

Նստում էին եւ սպասում
Մինչեւ պապը գար,
Մինչեւ բակում Ծաղիկ եզան
Զանգը ծլնգար:

Պապը գալիս, սուփրի գլխին
Նստում էր շուքով,
Եւ լցւում էր տունը դաշտի
Բոյր ու շշուկով…

Ու երբ տատս ձեռքն էր առնում
Շերեփը իր հին,
Գդալները բնազդաբար
Աղմկում էին:

Թանապուրի տաք գոլորշին
Գերանին առնում
Եւ սիւնն ի վար գլոր-գլոր
Ուլունք էր դառնում:

Վայելում էր տաք թանապուր,
Լաւաշ ու սամիթ
Աշխարաւոր մի գերդաստան`
Պարզ ու միամիտ…

Հիմա այդ մեծ գերդաստանից
Ոչ մէկը չկայ…
Ես եմ մնում լոկ իբրեւ յուշ
Եւ իբրեւ վկայ:

Օրը մթնեց, ժամն է արդէն
Իրիկնահացի,
Տխրութիւնս կամաց-կամաց
Փոխւում է լացի:

 ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Ընթերցանութեան Սէր Ձեւաւորելու Արդիւնաւէտ Միջոցներ
Կնոջական

Ընթերցանութեան Սէր Ձեւաւորելու Արդիւնաւէտ Միջոցներ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը
Կնոջական

Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը

Հոկտեմբեր 23, 2025
Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ
Կնոջական

Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?