Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Խոհանոցին մէջ շատ բաներ կրնան սխալ ընթանալ, որոշ բաներ կարելի չէ սրբագրել, բայց շատերը կարելի է դիւրութեամբ կանխել:
Անկախ անկէ, որ սկսնակ խոհարար ենք թէ փորձառու, բոլորս ալ կերակուր պատրաստելու ժամանակ սխալներ կը գործենք. բարեբախտաբար անոնց մեծ մասը լուծումներ ունի: Ստորեւ կը ներկայացնենք խոհարարութեան մէջ ամենատարածուած սխալները եւ զանոնք սրբագրելու եղանակները:
ԱՂԻ կերակուրին աւելցնել`
– Կիտրոնի հիւթ, քացախ կամ որեւէ թթուային լուծոյթ` աղը նուազեցնելու համար:
– Քիչ մը ջուր` ապուրի պարագային:
– Կաթ, սերուցք կամ քիչ մը թթուասեր` աղին համը նուազեցնելու համար:
– Գետնախնձորի կտորներ, որպէսզի աղին համը կլանուի:
ՔԱՂՑՐ կերակուրին աւելցնել կիտրոնի հիւթ, քանի մը կաթիլ քացախ, պտղունց մը աղ, ինչպէս նաեւ` ձիթապտուղի կամ աւոքատոյի ձէթ:
ԹԹՈՒ կերակուրին կրնաք աւելցնել` քիչ մը շաքար, մեղր, սերուցք կամ ստեպղինի կտորներ` թթուն կլանելու համար:
ԿԾՈՒ կերակուրին կրնաք աւելցնել` քիչ մը սեր, ապուրի դգալ մը մածուն, կաթ, հնդկընկոյզի կաթ կամ մեղմ պանիր տաշուք` կծուն կլանելու համար:
– Քիչ մը մեղր կամ շաքար, թահին, ստեպղինի կամ գետնախնձորի տաշուքներ եւս տարբերակներ են կերակուրին կծուն կլանելու համար:
Խուսափեցէք Խոհարարական
Այս 7 Սխալներէն
– 1 –
Եփելէ ետք միսը շատ արագ կտրատելը պատճառ կ՛ըլլայ, որ անոր համեղ հիւթը հոսի տախտակին վրայ: Եփէն ետք հանգստացնելը միսին թոյլ կու տայ պահպանել իր խոնաւութիւնը` զայն դարձնելով աւելի հիւթեղ ու փափուկ: Հինգէն տասը վայրկեանը մեծ տարբերութիւն կ՛ընէ նաեւ հաւի կրծքամիսին պարագային:
– 2 –
Սխտորը արագ կ՛այրի ձգելով լեղի համ: Զայն աւելցնել աւելի ուշ` եփի ընթացքին բուրաւէտ բոյր եւ քաղցր համ ստանալու համար: Սխտորը աւելցնել, երբ արդէն այլ բաղադրիչներ կան տապակին մէջ: Ցած կրակը կ՛օգնէ կանխելու սխտորին այրիլը եւ հաճելի համ հաղորդելու կերակուրին:
– 3 –
Եփած դդմաճը հոսող ջուրի տակ բռնելը զայն կը զրկէ հաճելի ոսլայէն (նշայ), որ կը նպաստէ թացանի կպչունութեան եւ խտութեան:
Ոսլայէ զուրկ դդմաճով պատրաստուած որեւէ բաղադրատոմս չի կրնար բաւարարել դդմաճի սիրահարներուն ակնկալիքները:
– 4 –
Սառնարանէն անմիջապէս դուրս բերուած կարագը, կաթը, հաւկիթները կրնան փճացնել թխուածքին կառուցուածքը եւ պատճառ դառնալ, որ ան չուռի, չբարձրանայ:
Սենեկային ջերմաստիճանի բաղադրիչները կ՛օգնեն ստանալու աւելի բարձր արդիւնք եւ համեղ թխուածքներ:
– 5 –
Եփի ընթացքին բրինձը խառնելը մեծագոյն սխալներէն է: Զայն խառնելով` կը քայքայուին հատիկները, եւ բրինձը կը վերածուի խիւսի: Կափարիչը գոցելէ ետք բրինձը պէտք է եփել ցած կրակի վրայ` սպասելով, որ ան լաւ գոլորշիանայ:
Այսպիսով, կարելի է ստանալ լման հատիկներով, համաչափ եփած համեղ եղինձ:
– 6 –
Միշտ ձեռքի տակ ունենալ չափող գաւաթները, դգալները, ինչպէս նաեւ` կշիռքը: Կռահումներով կամ «աչքի չափով» պատրաստուած խոհագիրները, յատկապէս այն, ինչ կը վերաբերի թխուածքներուն, կրնան խախտել բաղադրիչներուն հաւասարակշռութիւնը եւ յանգեցնել ձախող արդիւնքի:
– 7 –
Եփի ընթացքին եւ աւարտին հարկաւոր է համտեսել կերակուրը, ի հարկին համեմունքներուն հետ «խաղալու» կամ ըստ քիմքի պզտիկ փոփոխութիւններ կատարելու համար: Առանց համտեսելու սեղան բերուած կերակուրը կնայ քննադատութիւններու արժանանալ:
Առողջապահական
Երաժշտական Գործիք Նուագելը Կը Բարելաւէ
Ուղեղին Առողջութիւնն Ու Բարեկեցութիւնը
Երկար ժամանակ երաժշտական գործիք նուագելը համարուած է պարզ հոպի, կամ գեղարուեստական հմտութիւն: Ներկայիս գիտական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ`
– Երաժշտութիւնը զուտ լսողական հաճոյք չէ, ան կը ներգրաւէ եւ կ՛ամրապնդէ ամբողջ ուղեղը: Նուագելը կը խթանէ ուղեղի ծաւալին աճը եւ կը բարելաւէ անոր տարբեր հատուածներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը: Այս բարելաւումը յատկապէս նշանակելի է անոնց մօտ, որոնք կը սկսին գործիք նուագել 7 տարեկանէն առաջ, այն ժամանակահատուածին, երբ ուղեղը աւելի ընդունակ է զարգացման եւ կառուցքաւորման նկատմամբ:
– Անկախ տարիքէն` երաժշտութիւնը միշտ օգտակար է ուղեղին համար: Երաժշտական դասերը նոյնիսկ 60 տարեկանէն ետք կ՛օգնեն նուազեցնելու յիշողութեան կորուստը եւ դանդաղեցնելու տարիքի հետ կապուած ճանաչողական անկումը:
Բացի ուղեղին վրայ ունեցած իր դրական ազդեցութենէն` ծանօթանանք երաժշտական գործիք նուագելու այլ առաւելութիւններուն:
1.- Կը սորվեցնէ ինքնակարգապահութիւն եւ յարատեւութիւն: Երեխաներուն մէջ այս երկու արժէքները սերմանելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը զանոնք երաժշտական գործիք նուագելու մղելն է:
2.- Կ՛արթնցնէ գեղարուեստական զգայնութիւնը:
3.- Կը զարգացնէ մտային կարողութիւնները, կ՛ամրապնդէ յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ` վերլուծումի, երեւակայութեան եւ կեդրոնացման կարողութիւնները:
4.- Կը նուազեցնէ ընկճախտն ու անհանգստութիւնը:
5.- Կը զարգացնէ երեւակայութիւնը. ստեղծագործութիւնը սահմաններ չունի, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի նուագին:
6.- Կը զարգացնէ ինքնավստահութիւնը. երաժշտական գործիք նուագելը կը բարձրացնէ ինքնագնահատականը` ընդունելով բարձունքներու հասնելու, նոր յաջողութիւններ ապահովելու եւ խոչընդոտներ յաղթահարելու մարտահրաւէրները:
7.- Կ՛ամրապնդէ ընկերային կապերը. երաժշտութիւնը ունի մարդիկը միաւորելու ուժ: Ընկերներու հետ, առանձին թէ հանդիսատեսի առջեւ նուագը կ՛օգնէ կառուցելու բարեկամական ամուր կապեր:
Հին Շրջանակներուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
Յաճախ մեր տան պատերը զարդարող շրջանակներուն մէջ ցուցադրուած կ՛ըլլան գեղանկարներ, լուսանկարներ, բայց ոչ` ասեղնագործեր, խոհանոցային իրեր, հագուստ եւ այլն…
Եկէք` տեսնենք, թէ վառ երեւակայութեան տէր, հնարամիտ մարդիկ ինչե՜ր ցուցադրած են սովորական շրջանակի մը մէջ:
Ա.- Հին տաբատի մը գրպանը… այո՛, այս գործնական շրջանակին գրպանին մէջ կարելի է զետեղել ամէնօրեայ անհրաժեշտ իրեր` բանալեկալ, արեւի ակնոց, գրիչ, տետր եւ այլն…
Բ.- Մեծ մայրիկի օժիտէն մնացած արծաթեայ դգալեղէնի նմուշներ:
Գ.- Կնունքի հագուստ, կօշիկ եւ լուսանկարներ:
Շարքը երկար է, կարելի է ցուցադրել նաեւ նուագարան մը` տուտուկ, շուի, ընտանեկան հին զարդ մը՛ մանեակ, ապարանջան, մեծ հայրիկէն մնացած շղթայով ժամացոյց մը եւ, ինչո՞ւ չէ, մեր կարօտախտը դարմանող, Արցախէն բերուած որեւէ մասունք:
Խոհագիր
Ամառնային Ապուր`
Վարունգով
– 1 քիլօ մածուն
– Կէս կիտրոնի հիւթ
– 2 վարունգ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– Թարմ անանուխի 6-7 տերեւ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ
Պատրաստութիւն
Լուացուած վարունգները քերոցէ անցընել: Անանուխին տերեւները մանրել եւ աւելցնել վարունգին վրայ, ապա յաջորդաբար աւելցնել ձէթը, սխտորը, կիտրոնի հիւթն ու աղը:
Մածունը պատառաքաղով կամ թել դգալով հարել միատարր դարձնելու համար, ապա աւելցնել խառնուրդին վրայ: Վարունգով ապուրը նախքան մատուցելը սառնարանը պահել առնուազն 2-3 ժամ:
Ապուրը մատուցել ներկայանալի բաժակներու մէջ եւ երեսը զարդարել վարունգի շերտերով կամ անանուխի տերեւներով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մարած կրակներու
մոխիրներով մի՛ զբաղիր
Նոր կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ
Դեղնած տերեւներով
մի՛ պարապիր
Թօշնած ծաղիկներով
մի՛ տագնապիր
Նոր ծառ մը – նոր ծաղիկ մըն
ալ դո՛ւն տնկէ
Հին առասպելներու հոսանքն
ի վեր մի՛ նաւարկեր
Նոր դիւցազներգութիւն մըն ալ
դո՛ւն կերտէ
Նոր հերոս մըն ալ դո՛ւն ստեղծէ
Լուռ հրաբուխներու
գագաթին թառած
Լիճերուն մէջ մի՛ լողար
Հրաբուխ մըն ալ
Նոր հրաբուխ մըն ալ
Նոր հրաբուխ մըն ալ դո՛ւն եղիր
Եւ գաղափարի լաւաներով
խաւարները փարատէ՛
Ժանգոտած կղպանքներով
մի՛ մաքառիր
Փակ դռներով մի՛ պայքարիր
Լուսաւոր հորիզոններու վրայ
բացուող
Նոր դուռ մըն ալ դո՛ւն եղիր
Մարած կրակներու մոխիրներով
մի՛ զբաղիր
Մի՛ վարանիր – վառէ՛
Ճրագ մըն ալ
Կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ
ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ