Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանդակի Մը Պատմութիւնը. «Գրքասէրը»

Հոկտեմբեր 2, 2025
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին 6-րդ հատուածին մէջ կը գտնուի «Ընթերցասէրը» պուրակը` իր «Գրքասէրը» քանդակով: Այս պուրակը կը յաւակնի դառնալ երիտասարդ ընթերցասէրներու սիրելի անկիւնը:

Քանդակը տեղադրուած է 2024 հոկտեմբեր 4-ին:

Արցախի հերոս, 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած, մեծ ընթերցասէր Ալեն Մարգարեանի կերպարով: Քանդակին հեղինակն է Մկրտիչ Մազմանեանը:

«Ընթերցասէրը» պուրակին միտք բանին կ՛ամբողջացնէ խորհրդանշական գրուածք մը`

«Կեանքի իմաստը վաղուայ օրուան աւելի լաւը լինելու հաւատի մէջ է…»:

Այս էր Արցախի հերոս, մեծ ընթերցասէր, «Ոսկէ արծիւ» շքանշանակիր Ալեն Մարգարեանի գաղափարախօսութիւնը:

Քլոտիա Քարտինալէն` «Մայրիկ»-ը,
Մահացաւ 87 Տարեկանին

Իտալացի դերասանուհի Քլոտիա Քարտինալէն` յետպատերազմեան եւրոպական շարժապատկերի ամենայայտնի դէմքերէն մէկը, մահացաւ անցեալ սեպտեմբեր 23-ին Ֆրանսայի Նըմուր քաղաքին մէջ, 87 տարեկանին:

Քարտինալէի մահը մեծ արձագանգ գտաւ հայերուն մէջ, քանի որ զինք յատկապէս կը յիշենք 1991-ին Հանրի Վերնոյի «Մայրիկ» ժապաւէնին մէջ հրաշալիօրէն խաղացած մօր դերը:

Առիթով մը դերասանուհին յայտարարած է, որ ինք բախտաւոր է այդ ժապաւէնին մէջ Վերնոյի մօր դերը խաղալուն եւ Հայոց պատմութեան ծանօթանալուն համար:

2010-ին Քլոտիա Քարտինալէն այցելեց Հայաստան` «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին առիթով: Այդ տարի փառատօնը կը նշէր Հայոց ցեղասպանութեան 95 եւ Հանրի Վերնոյի ծննդեան 90-ամեակները: Դերասանուհին ստացաւ պատուոյ մրցանակ եւ յուշամետալ:

Տարիներու ընթացքին իտալացի դերասանուհին պաշտպաներ է կիներու իրաւունքները, 2000-ին ան դարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան` կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:

2011-ին «Լոս Անճելըս Թայմզ» ամսաթերթը Քարտինալէն դասեց շարժապատկեի պատմութեան 50 ամենագեղեցիկ կիներու շարքին: Իսկ Իտալիոյ վարչապետ Ճ. Մելոնին զայն անուանեց «Իտալական շարժապատկերի խորհրդանիշ»:

Մանկավարժին  Կարծիքով

Յարգելի՛ ծնողներ, իմացէք, որ այսօրուան ձեր տուածով պիտի ձեւաւորուի ձեր երեխային վաղուան ԵՍ-ը:

Այնքա՛ն կարեւոր է երեխային տալ հարցեր եւ` ոչ միայն պատասխաններ: Տալ ժամանակ եւ ոչ` պարզապէս խաղալիքներ: Տալ ճիշդ օրինակներ, եւ ոչ` խօսքեր եւ խրատներ: Տալ խնդիրներ, ո՛չ պատրաստ լուծումներ: Տալ ընտրութեան հնարաւորութիւն եւ ոչ` պարտադրանք: Տալ խաղալու հնարաւորութիւն եւ` ոչ միայն պարտականութիւններ: Վերջապէս, տալ սխալելու հնարաւորութիւն` առանց սխալելէ վախ ձեւաւորելու:

* * *

Յարգելի՛ ծնողներ, երբ տան մթնոլորտը ծանր է, երեխան այդ ծանրութիւնը իրեն հետ կը տանի դուրս` դպրոց, ակումբ, խաղավայր եւ այլն…

Եւ այսպէս, տան մէջ ապրած յոյզերը` իւրաքանչիւր ժպիտ կամ լաց երեխան իրեն հետ կը տանի դուրս: Նոյնպէս ալ տան մէջ ապրած հիասթափութիւնները, տունը լսած բառապաշարը, տան անդամներուն փոխյարաբերութիւնները երեխան իրեն հետ կը տանի դուրս:

Երբ տունը «կը ծանրանայ» երեխային ուսերուն, անոր կեանքը նոյնպէս կը ծանրանայ:

Թեթեւցուցէ՛ք տան մթնոլորտը, որպէսզի ձեր երեխան չկքի այդ ծանր բեռան տակ:

* * *

Յարգելի՛ ծնողներ, սխալ է անտեսել ձեր երեխային վախերը:

«Բան մը չէ», «կը բաւէ վախնաս, արդէն մեծ ես», «ասիկա պատճառ չէ, որ լաս» եւ նմանատիպ խօսքեր պատճառ կ՛ըլլան, որ ան չսորվի կառավարել իր վախը, այլ սորվի պահել զայն, նոյնիսկ ամօթ զգալ իր ապրածն ու զգացածը արտայայտելու:

Փոխարէնը ընդունեցէք ձեր երեխային վախը` առանց դատելու, անտեսելու կամ հեգնելու: Երեխային վախը ընդունելով եւ այդ մասին հետը զրուցելով` դուք վստահութեան դուռը կը բանաք, մինչդեռ անտեսելով` ձեր երեխային կը վարժեցնէք լռելու եւ չհաղորդակցելու:

Ինչպէ՞ս Իրերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տալ

Մաքրող, հականեխող թաց թաշկինակի պարապ տուփերը այսուհետեւ մի՛ թափէք: Տեսէք, թէ ինչպէ՛ս հնարամիտ մարդիկ երկրորդ կեանք մը տուած են այդ պարապ տուփերուն:

ա.- Շուկայի կերպընկալ տոպրակներու պահեստի տուփ,

բ.- Երեխաներուն լեկոյի պահեստի տուփ,

գ.- Դեղատուփ,

դ.- Գրչատուփ:

Իսկ դուք ձեր երեւակայութեան զարկ տալով` կրնաք ստեղծել ձեր կարի պիտոյքներու տուփը, գործիքներու (գամ, պտուտակ, աքցան, չափերիզ…) տուփի եւ այլն…

Տեսողութիւնը Բարելաւող
Վեց Մթերքներ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով, աշխարհի մէջ աւելի քան երկու միլիառ մարդ կը տառապի տեսողական խնդիրներէ, իսկ առողջ սննդակարգը կրնայ մեծ դեր խաղալ այդ խնդիրները հարթելու հարցով: Ստորեւ` տեսողութիւնը բարելաւող վեց ուտելիքներ:

1.- ՇՈՄԻՆ-ը եւ մութ գոյնի կանաչեղէնները, շնորհիւ իրենց պարունակած քարոթենոյիտին, աչքերը կը պաշտպանեն տեսողութեան հետ կապուած հիւանդութիւններէն, որոնց կարգին` քաթարաքթէն:

2.- ՀԱՒԿԻԹԻՆ ԴԵՂՆՈՒՑ-ին մէջ գտնուող լիւթէին կոչուած հակաօքսիտանը կը կանխարգիլէ 65 տարիքը թեւակոխած անձերուն մօտ յայտնուող տեսողական խնդիրներու հաւանականութիւնը:

3.- ԻՒՂՈՏ ՁՈՒԿԵՐ-ը, ինչպիսիք են` սաղմոնը, ծովատառեխը, թոնը, որոնք մեծ քանակութեամբ օմեկա 5 կը պարունակեն, մեծապէս կը նպաստեն տեսողութեան պահպանման եւ բարելաւման:

4.- ՀԱՏԱՊՏՈՒՂՆԵՐ-ը աչքերուն ամէնէն օգտակար ուտելիքները կը համարուին` շնորհիւ իրենց պարունակած Ա., ՍԷ., ԷՕ. կենսանիւթերուն եւ զինկին: Սէ. կենսանիւթը աչքի ճնշումը կը կարգաւորէ, Ա. կենսանիւթը` որպէս հակաօքսիտան, կը կանխարգիլէ բորբոքումները, իսկ ԷՕ. կենսանիւթը կրնայ կանխարգիլել քաթարաքթի յառաջացումը:

5.- ՆՈՒՇ-ը նոյնպէս հարուստ է Ա. եւ ԷՕ. կենսանիւթերով, հետեւաբար անհրաժեշտ սնունդ մը` աչքերուն համար:

6.- ՍՏԵՊՂԻՆ-ը կենսանիւթերու եւ հանքայիններու աղբիւր է: Յաճախակի ստեպղին ուտելով` կարելի է բարելաւել գիշերային (մութին մէջ) տեսողութիւնը եւ ընդհանրապէս պահպանել լաւ տեսողութիւնը:

Խոհագիր

 Քինուայով Աղցան

Բաղադրիչներ

1 գաւաթ եփած քինուա
1 կտրատուած վարունգ
2 գաւաթ կտրատուած լոլիկ
կէս գաւաթ կտրատուած կարմիր սոխ
կէս գաւաթ կանաչ ձիթապտուղ
1/3 գաւաթ խաշած սիսեռ
1/3 գաւաթ ֆեթա պանիր` զարդարանքի համար թացանին համար
2 պճեղ ճզմուած սխտոր
Կէս թէյի դգալ տիժոնի մանանեխ
1/3 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
1 թէյի դգալ չոր խնկածաղիկ
1/4 գաւաթ կիտրոնի հիւթ
2 ապուրի դգալ քացախ
Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել` կտրատուած վարունգը, լոլիկը, սոխը, սիսեռն ու քինուան:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել թացանին բաղադրիչները եւ աւելցնել աղցանին վրայ:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել աղցանը, երեսը զարդարել փշրուած ֆեթա պանիրով:

Քինուա ուտելու համոզիչ պատճառներ

– Քինուան կը համարուի աշխարհի ամէնէն առողջարար սննդամթերքներէն մէկը: Ան հարուստ է` սպիտակուցներով, մանրաթելերով, մակնեզիոմով, Պէ. Խումբի կենսանիւթերով, փոթասիոմով, կիրով, օմեկա 3-ով եւ այլն…
– Յանձնարարելի է բոլոր անոնց, որոնք նիհարցնող սննդականոնի կը հետեւին:
– Յանձնարարելի է բուսակեր անձերուն:
– Կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
– Կը կանոնաւորէ աղիքներուն աշխատանքը:
– Կ՛օգնէ վերահսկելու արեան մէջ շաքարի մակարդակը:
– Կ՛ամրապնդէ դիմադրողական համակարգը:
– Կը պահպանէ ոսկորներուն առողջութիւնը:
– Կը բարելաւէ ուղեղին գործունէութիւնը:
– Կը կանխարգիլէ արեան տկարութիւնը:
–  Կը բարելաւէ մկաններուն աշխատանքը:

***

Շաբթուան Մտածումը

Ինչու, ինչո՞ւ եմ մտածում իմ ժողովրդի մեծերի բախտի մասին: Ինչպէ՛ս ենք մենք սկսում սիրել, երբ նրանք արդէն… Չկան:

Յուշեր ենք պատմում, օ՜, ինչ յուշեր ենք պատմում, երբ որ արդէն… չկան:

Եւ արձաններ ենք դնում, երբ որ արդէն չկան, որովհետեւ… չկան:

Սիրենք նրանց մտերմութեան վրայ, ներենք նրանց անկումներն ու նրանց արձաններն ունենանք, առնուազն մեր մէջ նաեւ այն ժամանակ, երբ դեռ մեր կողքին են եւ ապրում ու տառապում են… մենակ…

ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Մեծեր Ծնած Մեծերը.  Սանամ Մկրտչեան
Կնոջական

Մեծեր Ծնած Մեծերը. Սանամ Մկրտչեան

Սեպտեմբեր 25, 2025
Մեծեր Ծնած Մեծերը.  Ղումաշ Խաչատրեան
Կնոջական

Մեծեր Ծնած Մեծերը. Ղումաշ Խաչատրեան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Հոգեբանին Կարծիքով.  Վարքագիծներ, Որոնք Բացասաբար Կ՛ազդեն Մեր Հոգեկան Առողջութեան Վրայ
Կնոջական

Հոգեբանին Կարծիքով. Վարքագիծներ, Որոնք Բացասաբար Կ՛ազդեն Մեր Հոգեկան Առողջութեան Վրայ

Սեպտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?