Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը

Հոկտեմբեր 23, 2025
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Յառաջիկայ նոյեմբեր 21-ին, Թայլանտի մէջ պիտի կայանայ «Միս Եունիվըրս» մրցոյթը: Պաղեստինի գեղեցկուհի Նատին Այուպը կը պատպաստուի իր երկրին պատմական առաջին մասնակցութեան` այս համաշխարհային միջոցառման:

Պաղեստինցի գեղեցկուհիին մասնակցութիւնը ունի խորհրդանշական իմաստ: Անիկա ոչ միայն գեղեցկագիտական մասնակցութիւն է, այլեւ Պաղեստինի մշակութային ներկայութեան արտայայտութիւնը` ամբողջ աշխարհին կողմէ դիտուող հարթակէ մը:

Այս առիթով, պաղեստինցի ոճաբան Նեւին Քատին բացայայտած է Նատին Այուպի կրելիք հագուստին մանրամասնութիւնները` ոգեշնչուած «քէֆիէ»-էն որ լեցուն է խաղաղութեան եւ պատկանելիութեան խորհուրդներով: Քատիի կարծիքով «նորաձեւութեան դերը հասարակութեան բնոյթը եւ անոր մշակութային ու ժառանգական նախապատմութիւնը ներկայացնելն է: Իբրեւ նորաձեւութեան ձեւագէտ ես կը ձգտիմ մեր արաբական ժառանգութիւնը, մասնաւորապէս` պաղեստինեանը, աշխարհին փոխանցել ժամանակակից ձեւով, որպէսզի ամբողջ աշխարհը տեսնէ ու գնահատէ զայն»:

Գեղեցկուհի Նատին Այուպ իր կարգին հպարտութիւն արտայայտած է նման միջազգային մրցոյթի մը իր երկիրը ներկայացնելուն համար. «Ասիկա ոչ միայն անձնական մասնակցութիւն է, այլեւ պատասխատուութիւն` գեղեցիկ եւ իսկական ձեւով ներկայացնելու իմ ժողովուրդս, երկիրս ու արաբական աշխարհը: Ցոյց տանք աշխարհին, որ մեր մշակոյթը ոչ միայն տառապանք է, այլեւ արուեստ, գեղեցկութիւն, երաժշտութիւն եւ հարուստ պատմութիւն», աւելցուցած է ան:

Պաղեստինցի գեղեցկուհիին եւ պաղեստինցի ոճաբանին այս գործակցութիւնը հիմնուած է այն հաստատ համոզումին վրայ, որ Պաղեստինը ունակ է պատմելու իր պատմութիւնը գեղեցկութեան, եւ ոչ թէ ցաւի միջոցով: Պատմութիւն, որ ասեղնագործուած է թելերով եւ կը պատմուի բեմի վրայ, որպէսզի անոր ձայնը հասնի աշխարհին այնպէս, ինչպէս ուղերձին տէրերը նախատեսեր են` ազնիւ, իսկական եւ վստահ իր ինքնութեան մէջ:

(Քաղուած` «Նահար»-էն)

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

 Վերոնիք Նիշանեան

Վերոնիք Նիշանեանը հեռացաւ «Հերմես» նորաձեւութեան տան տղամարդոց հագուստի գեղարուեստական տնօրէնի պաշտօնէն: Անոր վերջին հաւաքածոն պիտի ցուցադրուի 2026-ի յունուար 24-ին` Փարիզի նորաձեւութեան շաբաթուան ընթացքին:

«Լը ֆիկարօ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին 71-ամեայ ոճաբանը բացատրեր է իր որոշումը. «Ես տակաւին կը սիրեմ իմ աշխատանքս, բայց անիկա շատ ժամանակ կը պահանջէ, իսկ այսօր ես կ՛ուզեմ այդ ժամանակը նուիրել այլ բաներու: Ժամանակն է յանձնել ջահը»:

Նշենք, որ ֆրանսահայ Նիշանեանը յաճախած է «École de la Chambre Syndicale de la Couture Parisienne» իր ասպարէզը սկսեր է 1976-ին «Չերութի» նորաձեւութեան տան մէջ, ուր աշխատեր է Նինօ Չերութիի ղեկավարութեամբ: 1988-ին տեղափոխուեր է «Հերմես» նորաձեւութեան տուն, ուր պաշտօնավարեր է 37 տարի:

Ասպարէզի ամբողջ տեւողութեան Նիշանեանը առաջնորդեց իր յստակ եւ հետեւողական տեսլականը` զուսպ տղամարդու հագուստը բարձրացուց նոր համաշխարհային չափանիշի: Անոր աշխատանքը երկարատեւ յաջողութիւն ունեցաւ ամբողջ աշխարհի յաճախորդներու շրջանակներուն մէջ, «Հերմես»-ը դարձնելով շքեղ նորաձեւութեան ոլորտի ամէնէն ազդեցիկ անուններէն մէկը:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 Ինչպէ՞ս Օգտագործել Օթեկ Հացը

Օթեկ հացը բնաւ չթափէք. ահաւասիկ զայն օգտագործելու հետաքրքրական տարբերակներ:

ա.- Զայն շերտեցէք եւ փուռին մէջ չորցուցէք, ապա աղացէք` էսքալոփի եւ քոթլեթներու պատրաստութեան մէջ:

բ.- Զայն խորանարդաձեւ փոքրիկ կտորներու վերածեցէք, փուռին մէջ խորովեցէք, ապա օգտագործեցէք ապուրներու եւ աղցաններու մէջ:

գ.- Զայն հարիչէ անցուցէք եւ օգտագործեցէք ձեր ապուրները թանձրացնելու համար:

դ.- Զայն սառցարան փոխադրեցէք, աւելի ուշ համեղ պրուսքեթաներ պատրաստելու համար:

ե.- Օթեկ հացի շերտ մը զետեղեցէք սառնարանին բանջարեղէնի գզրոցին մէջ` խոնաւութիւնը ներծծելու եւ բանջարեղէններուն թարմութիւնը աւելի երկար ժամանակով պահպանելու համար:

զ.- Զայն թարմացուցէք խոնաւ թուղթէ տոպրակի մէջ զետեղելէ ետք, տաք փուռի մէջ 2-3 վայրկեան տաքցնելով:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Պարզուեր է, որ մակնեզիոմը մեր մարմնին չափազանց անհրաժեշտ հզօր հանքանիւթ է:

Մակնեզիոմի անբաւարարութեան նշաններն են`

– Մկանային կծկումները:
– Յոգնածութիւնն ու ընդհանուր թուլութիւնը:
– Դիւրագրգռութիւնը:
– Ձեռքերու եւ ոտքերու ծակծկոցը կամ թմրութիւնը:
– Գլխացաւը եւ միկրենը:
– Վատ քունը եւ անհանգիստ գիշերները:

Մակնեզիոմի նոյնիսկ աննշան անբաւարարութիւնը կրնայ ազդել մեր տրամադրութեան եւ ընդհանուր բարեկեցութեան վրայ:

Մակնեզիոմով հարուստ սննդամթերքի օգտագործումով կրնանք մասամբ լրացնել անոր բացը, հետեւաբար կ՛արժէ մեր ճաշացուցակին աւելցնել այս կարեւոր հանքանիւթով հարուստ հետեւեալ սննդամթերքները` մեղրադդումի սերմեր, եփած շոմին, սեւ տուրմ նուշ, կարմիր լուբիա, աւոքատօ, պանան եւ այլն…

* * *

– Ընկճախտը դարձած է ժամանակակից կեանքի անխուսափելի մասը: Քիչեր սակայն գիտեն, որ որոշակի կենսակերպի սովորութիւններ ընկճախտի յարմար ենթահող կը պատրաստեն:

Ֆիզիքական վարժութիւններու պակասը վատ սննդակարգը եւ արեւի լոյսի անբաւարարութիւնը ընկճախտի հիմնական գործօններն են: Երբ մենք ժամանակ չենք յատկացներ մեր մարմնի խնամքին, ընկճախտը կրնայ կուտակուիլ եւ բացասաբար անդրադառնալ մեր մտաւոր եւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ:

Ընկճախտի մէկ այլ մեծ գործոն է մեր կապը` արհեստագիտութեան հետ: Ընկերային ցանցերը, ելեկտրոնային սարքերու պաստառներուն առջեւ անցուցած ժամանակն ու տեւական կապը կրնան ճնշել մեզ եւ սրել անհանգստութեան զգացումը:

Վերջապէս, մեր բարեկեցութեան առաջնահերթութիւն չտալը կրնայ յանգեցնել գերյոգնածութեան: Առողջ սովորութիւններ որդեգրելը, բաւարար քունը եւ հանգստանալու համար ժամանակ յատկացնելը կրնան նուազեցնել թեթեւ կամ անցողակի ընկճախտը եւ բարելաւել կեանքի ընդհանուր որակը:

* * *

Կայ վարկած մը, որ մարզանքը աւելի՛ խելացի կը դարձնէ… Անհերքելի փաստ է, որ մարզանքը կ՛օգնէ կանխել քրոնիկ հիւանդութիւնները, կ՛օգնէ լուծելու առողջական խնդիրներ, կը նուազեցնէ ընկճախտը, կը բարելաւէ քունի որակը, կը ձեւաւորէ մարմնին կազմուածքը, կ՛օգնէ նիհարնալու:

Այսուհանդերձ, Մասաչուսեցի արհեստագիտութեան հիմնարկի հետազօտողներուն տուեալներով մարզանք ընելը աւելի խելացի չի դարձներ. այսինքն` ան չ՛օգներ նոր գիտելիքներ ձեռք բերելու կամ IQ-ն բարձրացնելու: Այսուհանդերձ մարզանքը կրնայ տասնապատկել մարդուս մտաւոր կարողութիւնները. եւ այսպէս`

– Սիրտի զարկերու եւ արեան հոսքի արագացման միջոցով մարզանքը կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը (եւ ուղեղի թթուածինով յագեցուածութիւնը), եւ այսպիսով կը բարձրանայ մտածելու ունակութիւնը:

– Տարբեր հորմոններու, ինչպիսիք են տոփամինը, սերոթոնինը, արտադրութեան վրայ ազդելով` մարզանքը կը խթանէ ուղեղի բջիջներու առողջ գործունէութիւնը:

– Աւելին, մարզանքը կ՛օգնէ բարելաւելու ուսուցումը, կեդրոնացումը, յիշողութիւնը, ստեղծագործականութիւնը եւ այլն…

Խոհագիր

Խաչապուրի (Մեգրելական)

Բաղադրիչներ
– 100 մլ. գաղջ ջուր
– 100 մլ. գաղջ կաթ
– Կէս թէյի դգալ աղ
– 1 ապուրի դգալ  շաքարաւազ
– 1 հաւկիթ
– 4 կր. թթխմոր
– 300 կր. մաղէ անցած ալիւր
– 4 ապուրի դգալ բուսական ձէթ
– 450 կր. տաշուած հալող պանիր
– 1 հաւկիթի դեղնուց եւ մէկ ապուրի դգալ հեղուկ կաթ` երեսը քսելու համար:

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել ջուրը, կաթը, աղը, շաքարը, թթխմորն ու հաւկիթը եւ թել հարիչով խառնել: Ապա երկու անգամով աւելցնել ալիւրը եւ շաղել, մինչեւ փափուկ խմոր ստացուի: Խմորին աւելցնել ձէթը, կրկին շաղել, գունդի վերածել, երեսը ծածկել եւ ձգել, որ մէկ ժամ հանգչի տաքուկ տեղ մը:

Խմորը փոխադրել աշխատանքի սեղանին վրայ, ալիւր ցանել, զայն 2 հաւասար գունդերու վերածել եւ ձեռքով կամ գրտնակի օգնութեամբ կլոր բանալ, իւրաքանչիւր կլոր բացուած խմորին կեդրոնը գունդ մը առատ պանիր դնել եւ խմորին ծայրերը հաւաքելով ծրարի տեսք տալ: Ծայրամասը ամուր փակել եւ ծրարը շրջել, գրտնակով ուշադիր տափակցնել` գաթայի տեսք տալով:

Ձեւաւորուած խմորներուն երեսը կաթի եւ հաւկիթի դեղնուցով ծեփել եւ մոմ թուղթով ծածկուած ափսէի մէջ փոխադրել: Աւելցած տաշուած պանիրէն երեսը ցանել եւ 200 ջերմաստիճանով փուռի մէջ թխել 20-25 վայրկեան:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Խաչապուրին վրացական աւանդական ուտեստ է, պատրաստուած պանիրով լեցուած հացէ:

Վրաստանի տարբեր շրջաններ ունին խաչապուրիի իրենց տարբերակը: Կան մեգրելական, աճարական, իմերեթական, օսեթական եւ այլ անուանումներով խաչապուրիներ, որոնք կը տարբերին թէ՛ իրենց տեսքով` կլոր, նաւաձեւ, քառակուսի, եւ թէ՛ իրենց բաղադրութեամբ` պանիրով, հաւկիթով, միսով, հաւով եւ այլն:

Խաչապուրին ներառուած է Վրաստանի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Փետրուարը 27-ը յայտարարուած է Խաչապուրիի ազգային օր:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ես կը հաւաքեմ
աշնան բոլոր տերեւները
եւ կը կախեմ  կարօտի ծառից,
որ կարօտդ
երբեք չտերեւաթափուի:

Չէ՞ որ
աշխարհի ամենատխուր
հայեացքը
մերկ ծառի հաեացքն է`
քամուց յետոյ…

Քամին երբեք չի իմանայ
իմ տերեւների տեղը,
եւ աշխարհում
միայն մի ծառ
երբեք չի մերկանայ…

Սէրը իր սեփական
աշունն ունի,
որը չի հեռանում
ոչ մի աշնան հետ…

ՀԵՐՄԻՆԷ

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ
Կնոջական

Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քանդակի Մը Պատմութիւնը.  «Գրքասէրը»
Կնոջական

Քանդակի Մը Պատմութիւնը. «Գրքասէրը»

Հոկտեմբեր 2, 2025
Մեծեր Ծնած Մեծերը.  Սանամ Մկրտչեան
Կնոջական

Մեծեր Ծնած Մեծերը. Սանամ Մկրտչեան

Սեպտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?