Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Մօրս մասին խօսիլը դժուար է: Ինչ լաւ բան կայ մէջս, մօրս է, ինչ որ պակաս ու թերութիւն կայ, նոյնպէս մօրս է:
Հայրս մշեցի էր, մայրս` վանեցի: Հայրս գեղեցկադէմ, առնական տղամարդ էր, մայրս` հակառակը: Ան ծներ էր պարզապէս մայր դառնալու համար: Մայրս եղեր է եւ կը մնայ իմ պաշտամունքը: Ան հիմա` որպէս առաքինի հրեշտակ մը, Աստուծոյ կողքին նստած է:
Շատ բան սորվեր եմ մօրմէս: Խեղճ, անգրագէտ կին էր Սանամը, հազիւ կը ստորագրէր, բայց զիս կ՛ապշեցնէր անոր խոհուն պահուածքը, հասուն տրամաբանութիւնը:
Մեզմէ իւրաքանչիւրին տան մէջ կան եւ պիտի ըլլան «Սանամներ»: Անոնք կոչուին Անահիտ թէ Շուշանիկ, անգիր իմանան Թումանեան, գիտնան Յովնաթանեանի ներկապնակի բոլոր գոյները, մէկը ըլլայ վաստակաւոր, միւսը` մետալներու եւ պարգեւներու արժանացած, երրորդը չունենայ ոչինչ, միեւնոյնն է, անոնց բոլորին տրուած է երկրի բարձրագոյն կոչումը` մայր: Ու քանի ան դեռ կայ, դուն միշտ երեխայ ես: Դուն քեզի ամբողջապէս պաշտպանուած կը զգաս, երբ մայրդ քո կողքիդ է»:
ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Անվտանգութեան
Կանոնները
Դէպի դպրոց թէ մօտակայ խանութ, խաղավայրի թէ մարզասրահի մէջ երեխաներուն անհրաժեշտ է փոքր տարիքէն սորվեցնել անվտանգութեան տարրական կանոնները: Կարեւոր է, որ անոնք իմանան, թէ պէտք չէ խօսիլ անծանօթ մարդոց հետ, քանի որ միշտ չէ, որ բոլոր մարդիկ բարի նպատակներ ունին:
Անծանօթներէն ոչ մէկ բան` քաղցրաւենիք, նուէր, խաղալիք, կամ որեւէ առաջարկ պէտք է ընդունին, անկախ անկէ, թէ որքա՛ն հաճելի կամ վստահութիւն ներշնչող կրնայ թուիլ այդ անձը:
Պէտք է բացատրել, որ եթէ ոեւէ անծանօթ կը փորձէ խօսիլ կամ որեւէ բան առաջարկել, երեխան պէտք է անյապաղ հեռանայ եւ այդ մասին տեղեկացնէ ծնողքին կամ վստահելի չափահասի մը:
Այսպիսի զրոյցներն ու նախազգուշացումները կ՛օգնեն երեխաներուն` ճիշդ վարքագիծ ձեւաւորել եւ իրենք զիրենք պաշտպանել հնարաւոր վտանգաւոր իրավիճակներու պարագային:
Եթէ անծանօթ մարդը երեխային մօտենայ, երեխան պէտք է հետեւի քանի մը կարեւոր կանոններու`
Ա.- Չխօսիլ անծանօթին հետ,
Բ.- Ոչինչ առնել անծանօթէն,
Գ.- Խօսակցութիւնը չերկարել եւ արագ հեռանալ,
Դ.- Բարձրաձայն օգնութիւն խնդրել` վախ կամ վտանգ զգալու պարագային,
Ե.- Անմիջապէս պատմել պատահածը ծնողքին, ուսուցիչին կամ չափահասի մը:
Ծնողքներն ու դպրոցը պէտք է այս կանոնները յաճախ կրկնեն եւ խաղերու միջոցով, ամրապնդեն` օգնելու երեխային զգօն ըլլալու եւ ճիշդ արձագանգել նման պարագաներու:
Ինչպէ՞ս Կանխարգիլել
Սննդային Թունաւորումները
Կայ այն սխալ համոզումը, որ սննդային թունաւորումներու պատճառը ճաշարաններն են, կամ դուրսէն ապսպրուած պատրաստի ուտեստները: Մինչդեռ ան կրնայ սկսիլ տունը` սեփական մեր խոհանոցին մէջ:
Քորնել համալսարանի փրոֆ. Ռոպեր Կրաւանի կ՛ընդգծէ ձեռքերը տաք ջուրով եւ օճառով լուալու, հում հաւը չլուալու եւ այլ խոհարարական սովորութիւններու կարեւորութիւնը` առողջ սննդակարգ ապահովելու եւ թունաւորումները կանխելու համար: Եւ այսպէս`
– Ձեռքերը պէտք է լուալ տաք ջուրով եւ օճառով: Փոխնիփոխ հում միս, աղաման, կաթսայ եւ խոհանոցային այլ իրեր օգտագործելու ընթացքին մանրէները շատ արագ կը փոխանցուին հում ուտեստէն աղամանին, աշխատանքի տախտակէն` բանջարեղէններուն եւ այսպէս շարունակաբար… Կերակուր պատրաստելու ատեն պարտադիր է յաճախ ձեռքերը տաք ջուրով օճառելը, յատկապէս երբ հում մսեղէններու, ձկնեղէններու պատրաստութեան կը վերաբերի:
* * *
– Հում հաւը երբեք չլուալ հոսող ջուրի տակ: Հոսող ջուրը ոչ միայն չի սպաններ մանրէները, այլեւ զանոնք կը ցօղէ ամէնուրեք` սեղանին, սպասքին, սպունգին, եւ այլն…
* * *
– Երբեք չգործածել նոյն գործիքը (դգալ, դանակ, աշխատանքի տախտակ…) հում եւ եփած միսի համար: Այս սխալ սովորութիւնը եւս ճակատագրական կրնայ ըլլալ:
* * *
– Փուռէն ելած կրաթենը կամ կաթսայէն պարպուած տոլման կարելի չէ ժամերով դուրսը պահել` այն սխալ համոզումով, որ եփած են ու ապահով: Մէկը կաթ, սեր ու պանիր կը պարունակէ, միւսը` միս, հետեւաբար երկուքն ալ ենթակայ են փճանալու եւ թունաւորումի դուռ բանալու:
* * *
– Սառնարանը յաւերժական պահեստարան չէ ճաշերու մնացորդներուն համար: Սառնարանին մէջ չորս օր պահելէ ետք զանոնք պէտք է թափել, նոյնիսկ եթէ «դեռ լաւ հոտ ունին»: Հարցը հոտին մէջ չէ, այլ` ժամանակին: Նոյնիսկ պէտք չէ համտեսել ստուգելու համար:
* * *
– Մոռնալ սառցարանէն դուրս բերուած միսը սենեկային ջերմաստիճանով հալեցնելու տարբերակը: Այս տարբերակով մանրէները կը բազմանան. լաւագոյն եղանակը սառնարանը կամ մանրալիքն է:
Սննդագէտին Կարծիքով
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Չիփսի Մասին
Գետնախնձորի չիփսերը շատ տարածուած նախուտեստ են, որոնք սիրուած են իրենց խրթխրթանութեան եւ հաճելի համին պատճառով: Հակառակ անոնց մեծ ժողովրդականութեան գետնախնձորի չիփսերը վատ համբաւ կը վայելեն եւ անոնց մասին կան բազմաթիւ սխալ պատկերացումներ: Արդեօ՞ք անոնք իսկապէս վնասակար են, որքան սննդագէտները կը պնդեն, թէ՞ կարելի է զանոնք վայելել առանց մեղքի զգացումի: Ստորեւ ճիշդ եւ սխալ կարծիքներ չիփսի մասին:
– Չիփսը մի՛շտ ալ վնասակար է առողջութեան:
ՍԽԱԼ. Հակառակ անոր որ չիփսերու շատ տեսակներ հարուստ են ջերմուժով, իւղով եւ աղով, բայց եւ այնպէսմ, կան աւելի առողջապահական տարբերակներ, ինչպէս` բանջարեղէններու չիփսեր, խորոված չիփսեր, առանց աղի տարբերակներ եւ այլն… Տունը պատրաստուած եւ փուռի մէջ խորոված չիփսերը նուազ վնասակար են, քանի որ կարելի է նուազեցնել ձէթին, աղին քանակը:
– Բանջարեղէնի չիփսերը նուազ վնասակար են, քան` գետնախնձորի չիփսերը:
ՃԻՇԴ եւ ՍԽԱԼ. Ամէն ինչ կախեալ է անոնց պատրաստութեան եղանակէն, օգտագործուած համեմներէն եւ եփի (տապկուած կամ խորոված) ձեւէն:
– Չիփսը գիրութեան պատճառ է:
ՃԻՇԴ եւ ՍԽԱԼ. Չափէն աւելի չիփս ուտելը, ինչպէս` որեւէ բարձր ջերմուժով այլ ուտեստ, կրնայ գիրցնել: Պարտադիր չէ, որ պարբերաբար եւ չափաւոր քանակութեամբ չիփս ուտելը գիրցնէ. կարեւոր է ուշադիր ըլլալ չափաբաժիններուն եւ զայն չօգտագործել որպէս լիարժէք սնունդը փոխարինող:
– Տնային չիփսերը միշտ աւելի առողջապահական են:
ՃԻՇԴ. Սեփական չիփս պատրաստելը առիթ կու տայ վերահսկելու բաղադրիչները եւ պատրաստութեան եղանակը: Տունը պատրաստուած չիփսերու պարագային կ՛օգտագործուին թարմ բանջարեղէններ եւ բնական համեմունքներ, ինչ որ զանոնք կը դարձնեն ընդհանուր առմամբ աւելի առողջապահական, քան` առեւտրային տարբերակները:
– Չիփսերը կրնան առողջական խնդիրներ պատճառել:
ՃԻՇԴ. Վերամշակուած եւ իւղոտ սննդամթերքները, ինչպիսիք են գետնախնձորի չիփսերը, չափէն աւելի օգտագործուելու պարագային կրնան յանգեցնել երկարատեւ առողջական խնդիրներու, ինչպէս սրտանօթային հիւանդութիւններ, արեան բարձր ճնշում, նիւթափոխականութեան հետ կապուած հարցեր եւ այլն… բայց եւ այնպէս, չիփսի պարբերաբար եւ ողջմիտ քանակութեամբ օգտագործումը պէտք չէ առողջական հարցեր ստեղծէ:
– Չիփսը կախուածութիւն կ՛առաջացնէ:
ՃԻՇԴ. Հետազօտողներ նկատած են, որ ճարպերով եւ շաքարով հարուստ սննդամթերքի օգտագործումը կրնայ խթանել տուեալ սնունդին նկատմամբ փափաքը եւ աւելցնել անոր օգտագործումը: Այս անշուշտ չի նշանակեր, որ բոլոր չիփս ուտողները կախուածութիւն կ՛ունենան:
Բժիշկ եւ սննդաբան տոքթ. Ժան-Միշել Քոհեն, որ «La méthode Cohen» գիրքին հեղինակն է, կը բացատրէ, որ չիփս պէտք է ուտել մեծ չափաւորութեամբ: Անոր խօսքով` որպէս ախորժաբեր` պէտք չէ գերազանցել օրական մէկ անձի համար 30 կրամը: Կարեւոր է նաեւ զանոնք չափազանց յաճախակի չօգտագործել առողջական խնդիրներէ զերծ մնալու համար:
Խոհագիր
Դդումով Եւ Սխտորով
Պատառիկներ
– 1 գաւաթ քերոցէ անցած դդում
– 1 հաւկիթ
– 1/4 գաւաթ տաշուած փարմըզան պանիր
– 1/4 գաւաթ աղացած կսկուծ (քահքէի փոշի)
– 1 խոշոր պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1/4 թէյի դգալ չոր ռեհան
– 1/4 թէյի դգալ խնկածաղիկ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Ձեռոցը նախապէս տաքցնել 180 ջերմաստիճանով: Ափսէն պատել ձէթով, կամ յատուկ թուղթով:
Քերոցէ անցած դդումը մաքուր լաթի մը մէջ փոխադրել եւ շատ լաւ քամել: Այս քայլը շատ կարեւոր է խրթխրթան պատառիկներ ստանալու համար:
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել` դդումը, հաւկիթը, պանիրը, կսկուծը, սխտորը, ռեհանը, խնկածաղիկը, աղն ու սեւ համեմը: Լաւ խառնել` մինչեւ միատարր զանգուած մը ստացուի:
Ձեռքերով կամ դգալով ձեւաւորել խառնուրդը` կլոր կամ տաբակ, ապա շարել ափսէին վրայ:
Եփել 18-20 վայրկեան` եփի կէսին շրջելով, որպէսզի ոսկեգոյն գոյն ստանան եւ քիչ մը խրթխրթան դառնան:
Մատուցել տաք` մածունով պատրաստուած թաթխանի մը կողքին:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Եթէ Կամենաս
Եթէ կամենաս, եթէ հաւատաս`
Գալիքը լոյս է.
Եւ մինչեւ անգամ մահը վաղահաս
Յարութեան յոյս է…
Ես գուցէ իյնամ երազի ճամբան,
Ինձ համար ուշ է.
Բայց դուն կը տեսնես պայծառ ապագան,
Որ այսօր յուշ է…
Եթէ ականջ տաս հայոց լեռներուն`
Սիրտը ժիր զանգ է.
Եւ մինչեւ անգամ օտար տեղ ու տուն
Հայրենի վանք է…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ