Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Քանատահայ քանդակագործ եւ նկարիչ, Քանատայի Արուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ Արտօ Չաքմաքչեանի մէկ հարցազրոյցէն կ՛իմանանք`
«1960-ական թուականներու սկիզբը Խորհրդային Հայաստանէն Եղեռնի յուշահամալիրին համար քանդակի պատուէր ստացայ: Մէկ գիշերուան ընթացքին քանդակեցի, եկան, տեսան ըսին` խեղկատակութիւն է, վիրաւորեցին եւ չընդունեցին: Ըսին` այս ի՞նչ է, մէկ աչքը կայ միւսը, չկայ: Քանդակի էութեան ոչ ոք ուշադրութիւն չէր դարձներ, անոնց համար կարեւորը այն էր, որ քիթը, բերանը, աչքերը իրենց տեղը ըլլային:
Ես լռեցի, անցաւ որոշ ժամանակ, Մոսկուայի մէջ պատահաբար իմացայ, որ Հիրոշիմայի աղէտը խորհրդանշող քանդակներու մրցոյթ յայտարարուած է, ներկայացայ այդ նոյն արձանով, եւ պատկերացուցէք, առաջին մրցանակը շահեցայ: Ժամանակ անցաւ, ես Ճափոնէն նամակ ստացայ, որ որոշեր են «Հիրոշիմա» քանդակս 20 մեթր բարձրութեամբ ձուլել…»:
Արտօ Չաքմաքչեանի «Հիրոշիմա» քանդակը ներկայիս կը գտնուի Ճափոնի Ազգային թանգարանը:
Մէկ այլ հարցազրոյցի մէջ Չաքմաքչեան կը պարզաբանէ. «Իմ դիմաքանդակային ստեղծագործութիւններուս մէջ կան գործեր, որոնք դուրս են դիմաքանդակ հասկացողութեան ընդունուած չափանիշներէն. անոնք պայմանաւորուած չեն բնորդով, անոնց կը բացակայի ֆիզիքականը: Անոնք զուտ իմ մտայղացումով ստեղծուած կերպարներ են: Դիմապատկերներ ստեղծելու ժամանակ մարդուն ֆիզիքականը աւելի քիչ կը հետաքրքրէ զիս. ես աւելի շատ կը տեսնեմ մարդկային ներաշխարհը»:
Բանաստեղծութեան Դրական
Ազդեցութիւնը Երեխաներուն Վրայ
Երեխաներուն գեղեցիկ բանաստեղծութիւններ կարդալով` կը զարգացնենք անոնց ճաշակը, կը փոխանցենք արժէքներ եւ կ՛աշխուժացնենք անոնց միտքը, կ՛ըսէ լիբանանցի մտաւորական եւ բանաստեղծ Հանրի Զուղէյպ:
Զուղէյպի կարծիքով, երեխաները բանաստեղծութեան հետ պիտի ընտելանան տունը, դպրոցը, ինչպէս նաեւ` մշակութային ձեռնարկներու ճամբով: Բայց ամէնէն կարեւորը անոնց գեղեցիկ եւ լաւ կտորներ մատուցելն է:
Շատ փոքր տարիքէն կարելի է երեխաներուն սիրել տալ բանաստեղծութիւնը: Անոր յանգերը, երաժշտականութիւնը, գեղեցիկ պատկերներն ու հարուստ բառապաշարը կրնան հրաշքներ գործել երեխաներուն վրայ, կ՛ըսէ բանաստեղծը` աւելցնելով. «Բանաստեղծութիւններ գոց սորվեցնելը ոչ միայն օգտակար, այլ անհրաժեշտ է երեխաներուն համար: Գեղեցիկ կտորներ գոց սորվիլը կը նրբացնէ անոնց ճաշակը, կ՛ազնուացնէ հոգիները, կը հարստացնէ բառապաշարը եւ թռիչք կու տայ անոնց երեւակայութեան»:
Վերջապէս, Հանրի Զուղէյպ կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ պէտք է ընտրել երեխաներուն մատչելի, հասկնալի եւ ոչ երկար բանաստեղծութիւններ, ստեղծել յարմար միջավայր: Անոր կարծիքով, բանաստեղծութիւնը կարելի է լսել երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, կարելի է կտորին հետ կապուած գծագրութիւն մը պահանջել, եւ կամ, ինչո՞ւ չէ, զայն բեմականացնել:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Մրջիւնները հեռացնելու համար սփռիչ շիշի մը մէջ հաւասար քանակութեամբ ջուր եւ քացախ լեցուցէք եւ կէս թէյի դգալ փոշի կասիա աւելցուցէք: Լաւ ցնցեցէք եւ ապա ստացուած խառնուրդը սփռեցէք հոն, ուր մրջիւնները կ՛երթեւեկեն…
***
Որպէս մաքրութեան բնական միջոց` ապակեայ շիշի մը մէջ ճերմակ քացախ լեցուցէք եւ կիտրոնի կեղեւ աւելցուցէք. կափարիչը փակեցէք եւ ձգեցէք մէկ շաբաթ: Հեղուկը փոխադրեցէք սփռիչ շիշի մէջ, խնկունիի ճիւղ մը աւելցուցէք` անուշ բոյր հաղորդելու համար: Այս բնական միջոցով մաքրեցէք խոհանոցի աշխատանքի սեղանը, լուացարանը, տան մէջ զանազան մակերեսներ եւ նոյնիսկ` ապակիները: Իւրաքանչիւր գործածութենէ առաջ շիշը լաւ ցնցեցէք:
***
Երբ տապկոց կ՛ընէք, կամ շեշտուած հոտով որեւէ կերակուր կը պատրաստէք, քովի կաթսային մէջ ջուր եռացուցէք եւ 2-3 ապուրի դգալ քացախ աւելցուցէք: Ձգեցէք, որ ջուրը շոգիանայ, այդ ընթացքին դուք ձեր տապկոցը շարունակեցէք: Քացախով ջուրը պիտի կլանէ անախորժ հոտը:
***
Պտուղներն ու բանջարեղէնները ախտահանեցէք սոտայով: Փոքրիկ տաշտի մը մէջ ջուր լեցուցէք, աւելցուցէք 2 թէյի դգալ սոտա, լաւ լուծեցէք, ապա պտուղները կամ բանջարեղէնները 10-15 վայրկեան թրջեցէք նախքան հոսող ջուրի տակ ցօղուելը:
***
Հաւի խաշած սպիտակ միսը բարակ թելերու վերածելու համար զայն դրէք փոս ամանի մէջ եւ հարեցէք ձեռքի ելեկտրական հարիչով: Արագ եւ դիւրին միջոց մը` սենտուիչներ, «թաքօ»-ներ եւ աղցաններ պատրաստելու պարագային:
***
Խոտաբոյսերը երկար ժամանակ թարմ պահելու համար զանոնք փաթթեցէք խոնաւ թուղթէ անձեռոցիկներու մէջ եւ պահեցէք կերպընկալ «զիփլոք» տոպրակներու կամ կափարիչով օժտուած տուփերու մէջ:
***
sԱւելցած գինին լեցուցէք սառոյցի կաղապարի մէջ, ստացուած խորանարդները փոխադրեցէք «զիփլոք» տոպրակի մէջ. զանոնք աւելի ուշ օգտագործելու համար կերակուրներու, ապուրներու եւ թացաններու պատրաստութեան մէջ:
Եղանակի Պտուղներէն
Սեխը
Ամառը սեխի եղանակ է. զայն կարելի է համադրել մոցարելլա պանիրի, ռեհանի, խոզապուխտի, պալզամիք քացախի հետ… Ան ոչ միայն համ կը հաղորդէ մեր ուտեստներուն, այլեւ հիանալի է մեր առողջութեան համար:
Սեխը քիչ ջերմուժ պարունակող, բայց միեւնոյն ատեն յագեցնող, զովացնող եւ քաղցրահամ պտուղ է: 100 կ սեխը ընդամէնը 34 ջերմուժ կը պարունակէ:
Սեխը հարուստ է ֆլաւոնոիտներով` հակաօքսիտաններ, որոնք պաշտպանիչ դեր կը խաղան մասնաւորապէս կրծքագեղձի եւ հաստ աղիքի քաղցկեղի դէմ:
Ա. կենսանիւթով հարուստ սեխը կ՛օգնէ մորթի բջիջներու վերականգնման եւ կ՛արգիլէ կնճիռներու կանխահաս յայտնութիւնը: Սեխին մէջ առկայ Ա. կենսանիւթը նաեւ կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնը եւ տեսողութիւնը:
Սէ. կենսանիւթով հարուստ սեխը կ՛օգնէ պայքարելու վարակներու դէմ:
Սեխը կը պայքարի ջուրի կուտակման դէմ: Տաք եղանակին, երբ ձեռքերն ու մանաւանդ ոտքերը կ՛ուռին, սեխը դիւրին միջոց է ջուրի կուտակման դէմ պայքարելու համար: Հանքային աղերով, կիրով եւ փոթասիոմով հարուստ սեխը կ՛օգնէ մարմնէն դուրս բերել աւելորդ ջուրը եւ նուազեցնել ուռեցքները:
Այս հրաշք պտուղը նաեւ միզամուղ է. կ՛օգնէ մարմինէն հեռացնելու թունաւոր նիւթերը եւ կը պահպանէ երիկամներուն առողջութիւնը:
Չմոռնալ սեխին մէկ այլ առաւելութիւնը` ան կ՛օգնէ վերահսկելու արեան ճնշումը:
Փորձառուներու Կարծիքով…
Լաւ սեխ ընտրելու համար պէտք չէ շտապել: Զայն պէտք է առնել ափին մէջ եւ զգալ անոր ծանրութիւնը. ծանր սեխը ենթադրուած է աւելի համեղ ըլլալ: Ճանչնալու համար, թէ արդեօք սեխը բաւարար հասո՞ւն է, պէտք է մատով թեթեւակի սեղմել պտղակոթին կողքը, եթէ մատը քիչ մը խրի, սեխը հասուն է…
Սեխի ընտրութեան ժամանակ պէտք է անպայման զգալ անոր ուժեղ եւ քաղցր բոյրը:
Տուն բերելէ ետք թելադրելի է սեխը մէկ-երկու օրուան ընթացքին սպառել եւ սառնարանը չպահել` անոր համն ու բոյրը առաւելագոյնս պահպանելու համար:
Սեխը Մատուցելու Տարբերակներ
Սեխը գեղեցիկ տեսքով մատուցելը ինքնին արուեստ է: Ահաւասիկ` հետաքրքրական տարբերակներ, յատկապէս եթէ հիւրեր պիտի ընդունիք եւ պիտի տպաւորէք զանոնք:
Ա.- Մոցարելլա պանիրով եւ ռեհանի տերեւներով տարբերակ,
Բ.- Խնկունիի ցօղուններու վրայ, խոզապուխտի հետ մատուցուող տարբերակ,
Գ.- Բարակ շերտուած եւ վարդի տեսքով ձեւաւորուած տարբերակ,
Դ.- Պաղ ապուրի, խիւսի վերածուած տարբերակ:
Խոհագիր
Ձմերուկով Օշարակ
4 գաւաթ կտրատուած ձմերուկ` առանց կուտի
1/2 գաւաթ թարմ կիտրոնի հիւթ
1/4 գաւաթ մեղր, կամ շաքար` ըստ ճաշակի
2 գաւաթ պաղ ջուր
Սառոյցի կտորներ
Կիտրոնի շերտեր եւ թարմ անանուխի տերեւներ` զարդարանքի համար:
Պատրաստութիւն
Ձմերուկը հարիչէ անցընել եւ փոխադրել սափորի մէջ: Աւելցնել ջուր, կիտրոնի հիւթն ու մեղրը եւ լաւ խառնել:
Սափորը սառնարան փոխադրել եւ ձգել առնուազն կէս ժամ:
Մատուցման պահուն աւելցնել կիտրոնի շերտերը, անանուխի տերեւները եւ քանի մը կտոր սառոյց:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անհաշիւ
(Զարեհ Խրախունիին)
Անհաշիւ
Անհաշիւ պիտի սիրես ամէն ինչ
Ամէն ինչ – սուտ կամ իրաւ –
Թէ ոչ օր մ՛ալ հովուն ծովուն ինչպէս հաշիւ պիտի տաս
Անհաշիւ
Պիտի խաբես կամ խաբուիս
Ամէն օր – տիւ կամ գիշեր –
Թէ ոչ օր մ՛ալ հողին ջուրին ինչպէս հաշիւ պիտի տաս
Ու պիտի
Սիրաբանած աղջիկներուդ թիւը ճշգրիտ չգիտնաս
Կամ չգիտնաս թէ քանի զարկ սիրտն աւելի կը զարնէ
Երբ հոտն առնէ նոր սիրոյ մը խոստումին
Ապա թէ ոչ լիալուսնին ինչպէս հաշիւ պիտի տաս
Եւ օրերէն օր մըն ալ
Երբ Հաշուակալն յանկարծ քաշէ հաշուեփակին գիծը սէգ
Դարձեալ պէտք չէ որ գիտնաս
Քանի տարի քանի ամիս քանի օր
Ապա թէ ոչ այդ բոլորին հաշիւն ինչպէս պիտի տաս
ԶԱՀՐԱՏ