Կնոջական

Համբարձում Եկաւ, Ծաղկունքը Ալուան, Զուգել Են Հանդեր Նախշուն Գորգերով…

Համբարձում Եկաւ, Ծաղկունքը Ալուան, Զուգել Են Հանդեր Նախշուն Գորգերով…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Զատիկէն ճիշդ քառասուն օր ետք կը նշուի Համբարձման, կամ ինչպէս ոմանք կը կոչեն, վիճակի կամ կաթնապուրի տօնը: Անիկա Քրիստոսի յարութիւն առնելէն ետք Երկրի վրայ քառասուն օր շրջելու, քարոզելու եւ ապա երկինք համբառնալու պատկերացումն է քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ: Համբարձումը շարժական տօն է, ամէն տարի տարբեր թուականի կը նշուի, սակայն ան միշտ կը զուգադիպի հինգշաբթի օրուան, իսկ հանդիսութիւնները կը...

Հետաքրքրական.  Պուլպուլակը` Յաւերժութեան Եւ Յիշատակի Խորհրդանիշ

Հետաքրքրական. Պուլպուլակը` Յաւերժութեան Եւ Յիշատակի Խորհրդանիշ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ցայտաղբիւրը կամ պուլպուլակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տարածուած յուշարձան-աղբիւրի տեսակ է: Առաջին պուլպուլակները Երեւանի փողոցներուն մէջ յայտնուած են 1920-ականներուն եւ ժամանակի ընթացքին դարձեր են մեծ ժողովրդականութիւն վայելող: «Պուլպուլակ» բառը կազմուած է «պուլ-պուլ»-էն, որ ջուրի ձայնի իմաստ ունի, եւ «ակ»-էն, որ կը նշանակէ «ջուրի աղբիւր»: Մէկ մեթր բարձրութեամբ քարէ այս յուշարձանները շատ տարածուած են յատկապէս Երեւանի մէջ. անոնք...

Գիտէ՞ք, Թէ…  Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Առաջին Յուշարձանը Հայաստանի Մէջ

Գիտէ՞ք, Թէ… Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Առաջին Յուշարձանը Հայաստանի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին կը գտնուի 1968-ին կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յուշահամալիրը, որ ուխտատեղի է ամբողջ հայութեան համար: Թէեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը իր նշանակութեամբ ամենակարեւոր վայրն է, սակայն քիչեր գիտեն, որ Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշարձանը կառուցուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն առաջ` 1965 թուականին: 1965 թուականին կը լրանար Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը, եւ անիկա կը շարունակուէր...

Հագուստի Սեւ Գոյնը Կը Պատմէ Մարդու Բնաւորութեան Մասին

Հագուստի Սեւ Գոյնը Կը Պատմէ Մարդու Բնաւորութեան Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Աշխարհի երեսին շատ մարդիկ սեւ հագուստ կը կրեն: Ոմանք այս գոյնը կը նախընտրեն գործնականութեան պատճառով, իսկ ոմանք ալ` անգիտակցաբար: Հոգեկան Լարա Ֆերերոն կ՛ըսէ, որ յաճախ սեւ գոյնը կը կապուի «չարի» հետ, բայց ան կրնայ նաեւ լաւ նշանակութիւն ունենալ: Ֆերերոյի կարծիքով, սեւ գոյնը կրնայ ներկայացնել ներքին կարգուկանոն եւ պարզութիւն: Ան յաճախ կ՛օգտագործուի, քանի որ դիւրութեամբ կարելի է համադրել...

Ե՞րբ Դիմել Մանկական Հոգեբանին

Ե՞րբ Դիմել Մանկական Հոգեբանին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մասնագէտ հոգեբաններու կարծիքով, երեխաներուն հոգեկան առողջութեան ուշադրութիւն դարձելը շատ կարեւոր է, քանի որ ակնյայտ խնդիրները անուշադրութեան մատնելը կրնայ հետագային դառնալ շատ աւելի լուրջ խնդիրներու զարգացման պատճառ: Հոգեբանին հետ խորհրդակցելու միտքը ծնողական ձախողութեան նշան չէ. բազմաթիւ պարագաներու այս օգնութիւնը կրնայ արդիւնաւէտ լուծում ըլլալ երեխային ներքին բարեկեցութիւնը վերականգնելու համար: Ըստ մասնագէտ հոգեբաններու, ակադեմական դժուարութիւններ, ընտանեկան հարցեր (ամուսնալուծում, նոր երեխայի...

Հետաքրքրական.  Աւագ Հինգշաբթիի Խորհուրդն Ու Աւանդութիւնները Հայերուն Մէջ

Հետաքրքրական. Աւագ Հինգշաբթիի Խորհուրդն Ու Աւանդութիւնները Հայերուն Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մեծ պահքը իր աւարտին կը մօտենայ, եւ արդէն օրեր անց` ապրիլ 5-ին, մենք պիտի նշենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան կամ Ս. Զատիկի տօնը: Ս. Յարութեան տօնին նախընթաց շաբաթը կը կոչուի Աւագ շաբաթ. ան կը բովանդակէ իր մէջ այն եօթը օրերը, որոնք ամէնէն բովանդակալից օրերն են Քրիստոսի կեանքին եւ վարդապետութեան: Այս շաբաթը երկու մասի կը բաժնուի. առաջին երեք օրերը,...

Հետաքրքրական.   Թութը` Հայկական Մշակոյթի Քաղցր Գանձը

Հետաքրքրական. Թութը` Հայկական Մշակոյթի Քաղցր Գանձը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Թութը ոչ միայն համեղ պտուղ է, այլ նաեւ` հայկական մշակոյթի անբաժան մասը: Հայաստանի մէջ թութը յայտնի էր հնագոյն ժամանակներէն` որպէս համեղ պտուղ, իսկ թթենին` որպէս տնտեսական նշանակութիւն ունեցող ծառ: Հայաստանի բերրի հողերն ու բարենպաստ կլիման միշտ ալ նպաստեր են թթենիներու աճման: Բացի պտուղէն թթենիի տերեւները կարեւոր նշանակութիւն ունեցեր են մետաքսագործութեան մէջ` որպէս մետաքսաթելի արտադրութեան համար անհրաժեշտ թրթուրներու...

Մանկավարժին Կարծիքով.  Խի՞ստ, Թէ՞ Բարի Ուսուցիչ

Մանկավարժին Կարծիքով. Խի՞ստ, Թէ՞ Բարի Ուսուցիչ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Դպրոցէն ներս ուսուցիչին կերպարը մեծ ազդեցութիւն ունի երեխայի անձին ձեւաւորման վրայ: Յաճախ կը խօսուի երկու տարբեր մօտեցումներու մասին` խիստ եւ բարի ուսուցիչ: Խիստ ուսուցիչը կը պահպանէ կարգապահութիւն, յստակ պահանջներ ունի եւ չի շեղիր կանոններէն: Անոր դասապահերուն աշակերտները կը սորվին` կարգապահութիւն, ժամանակի ճիշդ կառավարում, կարգ ու կանոն: Սակայն, եթէ խստութիւնը չափազանցուի, երեխան կրնայ վախնալ սխալելէ, փակուիլ եւ կորսնցնել...

Հետաքրքրական.  Նուագարանի Մը Պատմութիւնը Զուռնայ

Հետաքրքրական. Նուագարանի Մը Պատմութիւնը Զուռնայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Զուռնան հայ մշակոյթի ամենահին եւ խորհրդանշական երաժշտական գործիքներէն է: Զուռնային հայրենիքը կը համարուի Հայկական Լեռնաշխարհը, տարածուած է նաեւ Միջին Ասիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Հայկական զուռնան կը պատրաստուի ծիրանենիի, թթենիի, ընկուզենիի կոշտ փայտէն` ապահովելով զիլ, իւրայատուկ հնչերանգ: Դարեր շարունակ զուռնան եղած է հայ գիւղական եւ քաղաքային կեանքի անբաժան մասը` հնչելով հարսանիքներուն, բերքահաւաքներուն, ազգային ու կրօնական տօներուն:...

Հետաքրքրական.  Նուազապաշտութիւնը` Պարզութիւն Եւ Նպատակադրում

Հետաքրքրական. Նուազապաշտութիւնը` Պարզութիւն Եւ Նպատակադրում

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մեր աշխարհին մէջ, ուր սպառողականութիւնը կը գերակշռէ, եւ ամէնուր մեզ կը շրջապատեն գովազդներ` աւելին գնելու կոչերով, նուազապաշտութիւնը ոչ միայն գեղագիտական ոճ է, այլեւ` ապրելակերպի փիլիսոփայութիւն, որ կ՛առաջարկէ կեդրոնանալ կարեւորին վրայ` քիչ իրեր, բայց աւելի շատ արժէք: Ի՞նչ Է Նուազապաշտութիւնը (Մինիմանիզմ) Նուազապաշտութիւնը սեփական կեանքէն աւելորդը հեռացնելու վարժութիւն է նիւթական իրերէն մինչեւ ժամանակ խլող պարտականութիւնները: Այդ կը նշանակէ ոչ թէ...

Եթէ Ձեր Փոքրիկը Կը Ձանձրանայ…

Եթէ Ձեր Փոքրիկը Կը Ձանձրանայ…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Տեսէ՛ք, թէ հնարամիտ մայր մը ի՛նչ միջոցի դիմած է ձանձրացած իր մանչուկին խաղ-զբաղում մը ապահովելու համար: Անշուշտ այս հնարքը որոշ տարիքի փոքրիկներու կը յարմարի, բայց խոստովանինք, որ բաւական խելամիտ միջոց է զայն զբաղեցնելու համար: Խոհանոցի պահարանէն հանեցէք սնունդի համար օգտագործուող բոլոր փլասթիք տուփերը` իրենց կափարիչներով միասին, եւ ձեր երեխայէն պահանջեցէք, որ իւրաքանչիւր տուփի կափարիչը գտնէ ու փակէ զայն:...

Հետաքրքրական.  Անհետ Կորած Իրեր Քուրսի

Հետաքրքրական. Անհետ Կորած Իրեր Քուրսի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանին մէջ ցուցադրուած քուրսի Քուրսին փայտէ ցածրադիր սեղան էր, որուն շուրջ ընտանիքը կը խմբուէր ձմրան եղանակին: Փայտաշէն, ամուր կառուցուածքով ցածրադիր սեղանին տակ կը դրուէր կրակարանը, իսկ վրան կը փռուէր մեծ ու տաքուկ վերմակ մը (երբեմն` կարպետ մը), որ կը ծածկէր ամբողջ սեղանը եւ կ՛իջնէր ամբողջ սեղանը եւ կ՛իջնէր մինչեւ քուրսիին շուրջ հաւաքուածներուն ոտքերը: Ընտանիքին անդամներն ու...

Հոգեբաններուն Կարծիքով.  Արդեօ՞ք Երեխան Անձկութենէ Կը Տառապի

Հոգեբաններուն Կարծիքով. Արդեօ՞ք Երեխան Անձկութենէ Կը Տառապի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հոգեբաններու կարծիքով, կան անձկութեան 8 նշաններ, որոնք անտարբեր պէտք չէ ձգեն ծնողները: 1.- Երեխան յաճախ կը տառապի փորի կամ գլխու ցաւերէ, որոնք առողջական պատճառներ չունին: Անձկութիւնը յաճախ մարմնին միջոցով կ՛արտայայտուի երեխաներուն մօտ: 2.- Երեխան տեւաբար նոյն հարցումները կ՛ուղղէ` վստահ ըլլալու, հանգստանալու համար: 3.- Երեխան չափազանց զգայուն է ձախողութեան նկատմամբ: Ան կը տագնապի այն պարզ միտքէն, որ կրնայ սխալիլ:...

Տօներ, Աւանդութիւններ. Սուրբ Սարգիս Տօնին Հետ Կապուած Ժողովրդական Սովորութիւններ

Տօներ, Աւանդութիւններ. Սուրբ Սարգիս Տօնին Հետ Կապուած Ժողովրդական Սովորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ս. Սարգիսը շարժական տօն է. այս տօնով կը սկսի Բարեկենդանը, որուն անմիջապէս յաջորդող 49-օրեայ Մեծ պահքը կ՛աւարտի Զատիկով: Այսպիսով, անուղակիօրէն կապուելով 35 օրուան շարժականութիւն ունեցող Զատկուան հետ, Ս. Սարգիսի տօնը նոյնպէս կը շարժի 35 օրերու ընթացքին` նշուելով յունուար 18-էն մինչեւ փետրուար 23-ը երկարող այն շաբաթ օրը, որ տուեալ տարուան Զատկուան տօնէն ճիշդ 63 օր առաջ կու գայ: Ս....

Հետաքրքրական.  Հին Հայկական Պահանջուած Մասնագիտութիւններ, Որոնք Առաջ Կային Ու Հիմա Չկան

Հետաքրքրական. Հին Հայկական Պահանջուած Մասնագիտութիւններ, Որոնք Առաջ Կային Ու Հիմա Չկան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ - Ձայնարկու կուսանք կամ լալկան կիներ: Յուղարկաւորութեան ծէսերու ժամանակ այս կիները վարձատրութեամբ մեռելին վրայ ողբերգեր կը յօրինէին: Գլխաւոր լացասողը եղերամայր կը կոչուէր: Ի դէպ, Նարեկացին վկայաբերելով այս կիները, նշած է, թէ անոնցմէ սորված է «արտասուք հոսեցնելու չափ մորմոքեցուցիչ» տողեր գրել: - Դիւթ, որ դիւթել, կախարդել բառէն եկած է: Կախարդութեամբ կը զբաղէին կարդալ իմացողները, գիրք կարդացողները: Դիւթն այն անձն...

Ժողովրդական Հաւատալիքներ.  Ե՞րբ Պէտք Է Հաւաքել Տօնածառը

Ժողովրդական Հաւատալիքներ. Ե՞րբ Պէտք Է Հաւաքել Տօնածառը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բոլորս ալ գիտենք, որ նոր տարուան ամենակարեւոր խորհրդանիշներէն մէկը տօնածառն է: Ան ոչ միայն գեղեցիկ յարդարանք է, այլ նաեւ` յոյսի, նոր սկիզբի, բարեկեցութեան եւ ընտանեկան ջերմութեան խորհրդանիշ: Սակայն շատեր հարց կու տան, թէ ե՛րբ է տօնածառը հաւաքելու եւ վերցնելու ճիշդ ժամանակը, որպէսզի տարին յաջող ըլլայ, բախտն ու յաջողութիւնը պահպանուին... Ոմանք կը շտապեն տօնածառը հաւաքելու, ուրիշներ զայն կը պահեն...

«Loving Father, Bitter Son». Աքսորի, Լռութեան Եւ Հաշտութեան Հետքերով

Նոր Տարուան Սեղանի Խորհրդանիշները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Նոր տարուան տօնական սեղանը աւելին է, քան` պարզապէս ճաշկերոյթ. ան խորհրդանիշ է, որ կը կանխագուշակէ եւ կը ձեւաւորէ գալիք տարին: Հնագոյն հաւատալիքներու համաձայն, այն¬ ինչ մենք կ՛ուտենք Նոր տարուան նախօրէին կամ առաջին օրը, կ՛ապահովէ` մեր բախտը, հարստութիւնը եւ առողջութիւնը յաջորդ 12 ամիսներուն համար: Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ կ՛օգտագործեն այնպիսի մթերքներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն իրենց փափաքները` մետաղադրամի տեսքով հատիկներ, որոնք հարստութիւն...

Խոտաբոյսի Մը Պատմութիւնը

Խոտաբոյսի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Աւելուկը Հայաստանի մէջ շատ տարածուած խոտաբոյս է: Ան կ՛աճի մարգագետիններու, թփուտներու, խոնաւ վայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` անտառեզրերուն, լեռնալանջերուն եւ գետափներուն: Տարբեր բարբառներու մէջ ան կը կոչուի վիլուկ, աւլուկ, մզուկ, սիլխ եւ այլն... ըստ աճած վայրին, աւելուկը կրնայ ըլլալ թեթեւակի դառն (դաշտավայր), քաղցր կամ թթուաշ (բարձրադիրք գօտիներ): Հայկական աւանդական խոհանոցին մէջ աւելուկը կեդրոնական դեր կը խաղայ ապուրներու եւ աղցաններու...

Վիշապին Խորհուրդը Հայկական Գորգարուեստին Մէջ

Վիշապին Խորհուրդը Հայկական Գորգարուեստին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայկական գորգարուեստի ամենայայտնի եւ հզօր խորհրդանիշերէն մէկը վիշապն է: Նախաքրիստոնէական շրջանին վիշապը չարի խորհրդանիշ չէր. ընդհակառակը, վիշապագորգի վրայ պատկերուած վիշապը հզօր էակ եւ բնութեան ուժերու մարմնաւորում էր: Վիշապը կը համարուէր ջուրի եւ պտղաբերութեան խորհրդանիշ. ան երկնային ջուրերու` անձրեւի եւ ամպրոպի տիրակալն էր: Անոր պատկերը գորգին վրայ կոչուած է ապահովելու առատ բերք եւ պտղաբերութիւն: Վիշապը նաեւ կը համարուէր պահապան...

Հայկական Լաւաշը` Աշխարհի 50 Լաւագոյն Հացերու Ցանկին

Հայկական Լաւաշը` Աշխարհի 50 Լաւագոյն Հացերու Ցանկին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամերիկեան CNN միջազգային լրատուականը հրապարակած է «Աշխարհի 50 լաւագոյն հացեր»ու ցանկը: Ցանկին մէջ ներառուած են աւանդական հացեր բազմաթիւ երկիրներէ` Մալեզիայէն մինչեւ Վենեզուելա, Գերմանիայէն մինչեւ Հնդկաստան, Աֆղանիստանէն մինչեւ Հայաստան: Վերոյիշեալ լաւագոյն հացերու ցանկին մէջ ներառուած են` հայկական լաւաշը, ֆրանսական պակեթը, հնդկական նաանը, իտալական չիապաթթան, լիբանանեան քաըքը եւ այլն... Նոյն առիթով նշուած է, որ հացը պարզապէս սնունդ չէ, ան մշակոյթի,...

Page 2 of 25 1 2 3 … 25

Արխիւներ