Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մարտիրոս Սարեանի յիսունվեց տարուան ընկերուհին, անոր յաւերժական սէրը` Լուսիկ Աղայեանը, իր պայծառ կերպարով ոգեշնչած է նկարիչը:
Սարեանի թոռնուհին` Ռուզան Սարեան կը պատմէ, թէ Մարտիրոս Սարեան առաջին հայեացքէն սիրահարեր է գրող, հեքիաթագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Ղազարոս Աղայեանի դստեր` Լուսիկ Աղայեանին` համոզուելով, որ Լուսիկը կանացի գեղեցկութեան իր իտէալն է: Երբ աւելի լաւ ճանցչեր է Լուսիկը, համոզուեր է, որ անոր արտաքինն ու ներքինը համահունչ են, եւ ա՛լ աւելի սիրած է զայն:
Այդ սէրը ապրած է յիսունվեց տարի, իրարու յենարան եղած են եւ համատեղ ջանքերով յաղթահարած կեանքի շատ մը դժուարութիւններ:
Մեծ նկարիչին համոզումով, Լուսիկը պէտք էր տունը մնար, ընտանիքին հոգ տանէր եւ ամուսինին թիկունք կանգնէր: Լուսիկ` յանուն իր հանճարեղ ամուսինին, զոհաբերեց երգչուհի դառնալու իր երազանքը. ան ամբողջապէս գիտակցելով իր առաքելութիւնը, երբեք չըմբոստացաւ եւ դարձաւ Սարեանի մուսան:
Մարտիրոս Սարեանի եւ Լուսիկ Աղայեանի սիրոյ պատմութեան նկարիչի տուն-թանգարանը անդրադարձած է ցուցահանդէսներով: Նաեւ հրատարակուած է «Լուսիկը` Սարեանի մուսան» ալպոմը, ուր Սարեանի եւ Լուսիկի փոխադարձ նամակները ամփոփուած են: Ստորեւ այդ նամակներէն օրինակ մը.
«Եղիր այնպէս, ինչպէս որ կաս, իմ սիրականս` համեստ, ազնիւ: Քեզ արհեստական ոչ մի բան պէտք չէ, արտաքին շքեղութիւնը ներքին պակասութիւն է: Ես քեզ հաւանեցի եւ սիրեցի ամենապարզ, ամենահամեստ քո շորերով, ես քեզ տեսայ իսկոյն: Գուցէ շքեղ շորերի մէջ քեզ իսկոյն չնկատէի»:
Ինչպէ՞ս Դիմակայել Ամրան Տապին
Ամառը հաճելի պահերէն, հանգիստէն, բնութեան գիրկը ըլլալու հնարաւորութենէն, թարմ պտուղներու եւ բանջարեղէններու առատութենէն բացի` իրեն հետ կը բերէ առողջական խնդիրներ:
Ամառնային եղանակը մարդու մարմնին վրայ իր բարերար դրական ազդեցութեան հետ մէկտեղ, կրնայ նաեւ յառաջացնել առողջական վիճակի տարաբնոյթ խանգարումներ, յատկապէս երբ օդի ջերմաստիճանը կը գերազանցէ մարդու բնական կենսագործունէութիւնը ապահովող միջին ջերմաստիճանային ցուցանիշը:
Ոմանք ամրան տապէն պաշտպանուելու համար ծովափ կը շտապեն, գիւղ կը մեկնին, սակայն բոլորը հնարաւորութիւնը չունին իրենց գործը ձգելու եւ հանգիստի մեկնելու: Ահա գործնական խորհուրդներ` բոլոր անոնց, որոնք ստիպուած են ամառը անցընել քաղաքը եւ դիմակայել ամրան տապին:
– Օրուան տաք ժամերուն, երբ արեւը կիզիչ է, շատ լաւ փակել փեղկերն ու պատուհանները: Իսկ օրուան զով ժամերուն` առաւօտեան եւ երեկոյեան, կրկին բանալ զանոնք` տան օդը թարմացնելու համար:
* * *
– Ելեկտրական հովահար կամ օդափոխիչ օգտագործել` առանց չարաշահելու:
* * *
– Գաղջ կամ պաղ ցնցուղներ ընդունիլ եւ պաղ ջուրով զովացնել արմուկները, թեւերն ու դաստակը:
* * *
– Առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ը տունէն չելլել եւ ինքզինք պաշտպանել արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն:
* * *
– Տան մէջ զով անկիւն մը չունենալու պարագային, ջանալ ժամանակը անցընել զովացուած վայրերու մէջ` հանրախանութներ, շարժապատկերի սրահներ, ցուցասրահներ եւ այլն…
* * *
– Օրուան մէջ տունէն դուրս ելլելու պարագային ակնոց եւ գլխարկ կրել եւ անպայման շիշ մը ջուր վերցնել:
* * *
– Թելադրելի է, որ երեխաները, յղիները, տարեցներն ու քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցողները ցերեկային շոգ ժամերուն քնանան կամ պառկին, քանի որ պառկած դիրքով կը դիւրանայ արեան շրջագայութիւնը եւ մարմնին ջերմաստիճանը վերահսկելու կարողութիւնը:
* * *
Գիտէ՞ք, Թէ…
Առատ ջուր խմելը, բաց գոյնի հագուստ կրելը, գաղջ ջուրով լոգանքը, զովացուած վայրեր այցելելը, օրուան տաք ժամերուն դուրսերը չթափառիլը լաւ սովորութիւններ են ամրան շոգին դիմակայելու համար: Ասոնց կողքին, սակայն, սննդագէտները կը յանձնարարեն վերատեսութեան ենթարկել ճաշացուցակը եւ հրաժարիլ որոշ մթերքներէ: Այսպէս, տաք օրերուն պէտք է խուսափիլ`
ա.- Իւղոտ ուտելիքներէն եւ կարմիր միսէն, քանի որ անոնք մարսուելու համար յաւելեալ ճիգ կը պահանջեն մարմնէն, ինչ որ իր կարգին կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը:
բ.- Միզեցնող խմիչքներէն, որոնք կը նպաստեն մարմնին ջրազրկման: Այսպէս, թելադրելի է չափաւորել թէյը, սուրճը, գարեջուրը եւ նախապատուութիւնը տալ սովորական ջուրին:
գ.- Շաքարէն եւ ոգելից ըմպելիներէն, ասոնք եւս հակում ունին մարմնին ջերմաստիճանը բարձրացնելու: Տաք օրերուն յանձնարարելի է հրաժարիլ` աղանդերներէն, պաղպաղակէն, պտուղի հիւթերէն եւ նախապատուութիւնը տալ թարմ պտուղներուն: Իսկ բաժակ մը խմիչք խմելու պարագային` բաւարարուիլ բաժակ մը «ռոզէ» գինիով:
դ.- Խուսափիլ բացօթեայ (փողոցները, բակերը, կրպակները…) պատրաստուող եւ վաճառուող մթերքներէն, որոնք պատրաստման եւ պահպանման յատուկ պայմաններ կը պահանջեն, ինչպիսիք են` պաղպաղակը, սերով քաղցրաւենիքները, պտուղի հիւթերը եւ այլն…
Մանկավարժին Կարծիքով
Խաղալիքները Հաւաքել Մերժող Երեխան
Եթէ ձեր երեխան կը մերժէ իր խաղալիքները հաւաքել, մի՛ պոռաք, մի՛ սպառնաք, մի՛ պատժէք, պարզապէս`
ա.- Նուազեցուցէ՛ք խաղալիքներուն թիւը:
բ.- Տուփեր, կողովներ տրամադրեցէք, որպէսզի դիւրացնէք անոր գործը:
գ.- Ձեռք երկարեցէ՛ք, օգնեցէք:
Դրական մօտեցումը աւելի՛ արդիւնաւէտ է:
Երեխային Սխալ Վարքագիծը
Ձեր երեխային վատ վարքագիծը ՊԱՏԳԱՄ է, եւ ոչ թէ` գրգիռ: Ան ձեզի կ՛ըսէ, «Ես չեմ հասկնար», «Ես շուարած եմ», «Ես կը վախնամ», «Ես օգնութեան կարիք ունիմ»…
Նախքան զայրանալն ու պատժելը` դուք ձեզի հարց տուէք. «Ի՞նչ կը փորձէ ըսել ինծի իր այս վարքագիծով»:
Ծնողին դերը պատժել չէ, այլ` վերլուծել եւ պարզել:
Երեխան Ինքնիրեն Հետ Կը Խօսի
Եթէ խաղալու ընթացքին ձեր երեխան ինքնիրեն հետ կը խօսի, սա լաւ նշան է, որովհետեւ կը մարզէ մտածելու իր ունակութիւնը:
Երբ երեխան բանաւոր կ՛արտայայտէ իր արարքները, ան կը կառուցէ իր միտքերը, կը զարգացնէ լեզուն, կը սորվի խնդիրներ լուծել: Սա ինքնակառավարման ձեւ մըն է… Ան կը կազմակերպէ իր միտքերը, աւելի լաւ կը կեդրոնանայ իր խաղին վրայ եւ աստիճանաբար կը զարգացնէ իր դատողութիւնը:
Փոխանակ ըսելու` «Առանձին մի՛ խօսիր», ըսէք` «Ապրի՛ս, ի՛նչ լաւ կը բացատրես ըրածներդ», այս խօսքերը վստահութիւն կը ներշնչեն եւ կ՛օգնեն, որ լաւ մտածող դառնայ:
Խոհագիր
Սուրճի Հետ Մատուցուող Խմորեղէն
– 3,5 – 4 գաւաթ ալիւր (նայած ալիւրի տեսակին)
– 1 գաւաթ գաղջ կաթ
– 1 գաւաթ շաքար
– 1 գաւաթ բուսական ձէթ
– 2 ծրար պէյքինկ փաուտըր
– Քառորդ թէյի դգալ աղ
– Քառորդ թէյի դգալ վանիլլա
– 1 կիտրոնի տաշուք
-1 գաւաթ եգիպտացորենի ալիւր
– 1 հաւկիթի դեղնուց եւ շաքարաւազ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ լուծել գաղջ կաթն ու շաքարաւազը, լաւ խառնել, ապա աւելցնել ձէթը եւ շարունակել խառնել` քիչ-քիչ աւելցնելով աղը, վանիլլան եւ կիտրոնի տաշուքը:
Ստացուած խառնուրդին աւելցնել եգիպտացորենի ալիւր ձեռքի հարիչով լաւ խառնել, ապա աւելցնել մաղէ անցած ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը եւ ձեռքով շաղել, մինչեւ որ կպչուն խմոր մը ստացուի:
Խմորը երկու մասի բաժնել եւ գրտնակել 1 սմ թանձրութեամբ, ապա փոքրիկ կաղապարներով ձեւաւորել եւ շարել մոմ թուղթով ծածկուած ափսէի մը մէջ: Իւրաքանչիւրին երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել եւ պտղունց մը շաքարաւազ ցանել: Եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 180 ջերմաստիճանով: Երբ յատակները կարմրին, փոխել կրակին ուղղութիւնը, որպէսզի երեսները ոսկեգոյն դառնան:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հաշիւը
Հաշիւով պիտի ընես ամէն բան –
Հաշիւով պիտի ուտես
Հաշիւով պիտի խմես
Հաշիւով պիտի ելլես
Հաշիւով պիտի նստիս
Հաշիւով պիտի խօսիս
Հաշիւով պիտի խնդաս
Ամէն ինչ հաշիւով…
Սարսափելի հաշուագէտ պիտի կտրիս ամէն տեղ
Ապա թէ ոչ` հաշիւդ շո՛ւտ կը մաքրեն.
Մեռնիլ անգամ չկա՜յ անժամ անհաշիւ
Վերջը – խորհէ՛ – դուռ դրացի ի՞նչ կ՛ըսեն…
Կամաց դանդաղ անզգալի անշշուկ
Ամէն օր ամէն վայրկեան
Հաշիւով պիտի մեռնիս:
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ