Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բազմազաւակ ծնողները երեխաներուն հետ կապուած շատ մը հարցերու վերաբերեալ արդէն իսկ եզրակացութիւններու յանգած են` շնորհիւ տարիներու ընթացքին ձեռք բերած իրենց փորձառութեան. մինչդեռ պարագան նոյնը չէ առաջին անգամ ծնողք դարձած զոյգերուն: Անոնք չսխալելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու համար կարիքը ունին մասնագէտ կամ փորձառու անձերու կարծիքին:
Ստորեւ` այս նիւթին հետ կապուած քանի մը հարցում-պատասխան.
– Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ Առանձին Լոգնալ
Հինգ-վեց տարեկան երեխան արդէն ինքնաբաւ կարելի է համարել, որպէսզի առանձինը լոգնայ ու հագուի:
Ծնողները պէտք է նախօրօք որոշ ցուցմունքներ տուած ըլլան, իսկ լոգանքի ատեն երեխան ձեռքի տակ պէտք է ունենայ անհրաժեշտ պիտոյքները` շամփուէն, օճառ, սպունգ եւ այլն…
Միւս կողմէ` լոգարանը պէտք է ըլլայ ապահով, օժտուած` յատուկ գորգով, հեռու` ելեկտրական գործիքներէ, իսկ ջուրին ջերմաստիճանը` ճշդուած:
Պէտք է յարգել երեխային մտերմութիւնը, փակել, բայց երբեք չկղպել բաղնիքին դուռը:
Լոգարանին առջեւ երեխան պէտք է մարմինը ցամքեցնէ, փոքրիկ գորգին վրայ կանգնած, կողքին` մուճակներն ու հագուստները:
Հոս կարեւորութեամբ ընդգծենք, որ տարիքը միակ հաշուի առնուելիք գործօնը չէ. երեխային յուզական եւ եւ ճանաչողական հասունութիւնը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղան: Նախքան երեխային առանձին լոգնալու թոյլտուութիւն տալը` կարեւոր է գնահատել, թէ արդեօ՞ք ան ունակ է`
– հետեւելու պարզ եւ ճշգրիտ հրահանգներու,
– ճանչնալու վտանգը եւ համապատասխան հակազդեցութիւն ցոյց տալու,
– Օգնութիւն խնդրելու անհրաժեշտ պարագային,
– Մնալու կեդրոնացած եւ երբեք չշեղուելու:
Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ Առանձին Խանութ Երթալ
Եօթը տարեկան երեխան կարելի է առանձին խանութ ղրկել, եթէ ճամբան կտրելու անհրաժեշտութիւն չկայ:
Երեխան կարելի է գնումի ղրկել մօտակայ խանութպանին մօտ, որուն վրայ վստահութիւն ունիք:
Երեխային ձեռքը մեծ գումար տալու չէ, որպէսզի ան կարենայ դիւրաւ հաշուակցիլ:
Այսպիսով, երեխան հպարտ եւ պատասխանատու կը զգայ եւ քիչ-քիչ անոր մէջ ինքնավստահութիւն կը ձեւաւորուի:
Թելադրելի է երեխային մէկ-երկու անգամ ընկերակցիլ եւ քանի մը ցուցմունք կատարել. օրինակ` անծանօթ մարդու հետ չզրուցել, մայթին անկիւնը նստած շնիկով չտարուիլ, վտանգ զգալու, պարագային օգնութիւն խնդրել եւ այլն…
Ո՞ր Տարիքի Երեխային Կարելի Է, «Գրպանի Դրամ» Տալ
Եօթը-ութ տարեկան երեխաները կը սկսին դրամ ուզել իրենց ծնողներէն, որպէսզի դպրոցի կրպակէն իրենց սիրած սենտիուիչը գնեն կամ խնայեն, որպէսզի սիրած մէկ խաղալիքը գնեն:
Շաբաթական դրութեամբ երեխային դրամ տալով` կարելի է անոր վարժեցնել, որ ինքզինք «կազմակերպէ» ծախսերը, «տնտեսէ», խնայել սորվի եւ այլն:
Կարգ մը երեխաներ քանի մը օրէն կը ծախսեն իրենց տրուած դրամը, ուրիշներ` ընդհակառակը, կը պահեն:
Պէտք չէ գրպանի դրամը կապել պատիժի կամ վարձատրութեան հետ:
Ինչ կը վերաբերի գումարի չափին, այդ արդէն ծնողքին որոշումն է:
Գեղեցկագիտական
Ինչպէ՞ս Խնամել Եղունգները
Տնային գործերը, քիմիական նիւթերը, ձեռքերը չափազանց լուալը եւ նոյնիսկ կլիմայական պայմանները կրնան վնասել ձեր եղունգներուն` զանոնք դարձնելով փափուկ, փխրուն եւ անփայլ:
Ստորեւ գործնական եւ օգտակար խորհուրդներ` գեղեցիկ եւ առողջ եղունգներ ունենալու համար:
– Ամուր եղունգներ ունենալու համար զանոնք շփեցէք գետնախնձորի խիւսով, որուն քիչ մը կաթ եւ քանի մը կաթիլ քացախ աւելցուցած ըլլաք:
– Դիւրաբեկ, եւ փխրուն եղունգները ամբողջ շաբաթ մը առաւօտեան եւ երեկոյեան շփեցէք կիտրոնի շերտով մը:
– Փխրուն եղունգները ամրացնելու համար շաբաթը քանի մը անգամ զանոնք օծեցէք ձիթապտուղի ձէթով, որուն քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցուցած ըլլաք:
– Եղունգներուն առողջ աճին եւ ամրութեան համար կերէք Ա. Տէ. կենսանիւթերով, սպիտակուցներով եւ Օմեկա 3-ով հարուստ մթերքներ, ինչպիսիք են` ձուկը, ընկոյզը, աւոքան, ընդեղէնները, պտուղներն ու բանջարեղէնները:
– Տան մաքրութեան ժամանակ կերպընկալ ձեռնոցներ կրեցէք ձեռքերն ու եղունգները քիմիական նիւթերէն պաշտպանելու համար:
– Պարտիզպանութեան ժամանակ նոյնպէս ձեռնոցեր կրեցէք հողի մնացորդներէն եւ մանրէներէն եղունգները պաշտպանելու համար:
– Զգուշութեամբ ընտրեցէք մատնայարդարման սրահները, ինչպէս նաեւ` մատնայարդարման ձեր պիտոյքները: Զանոնք իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք հականեխեցէք եւ ուրիշին փոխ չտաք, ոչ ալ ուրիշէն փոխ առնէք:
– Վերջապէս, յիշեցէք որ եղունգներու խնամքը միայն գեղագիտական նպատակ չունի, այլեւ` առողջական: Դուք կրնաք ձեր եղունգներուն միջոցով առողջական խնդիրներ յայտնաբերել: Անոնց գոյնը, կառուցուածքը եւ ձեւը կարեւոր ցուցանիշեր են, որոնց նկատմամբ անտարբեր կարելի չէ մնալ:
Փողկապներուն Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
Հինէն ի վեր փողկապը եղած է հեղինակութեան, մշակութային գերազանցութեան, վայելչութեան եւ նրբագեղութեան խորհրդանիշ: Այս անժամանցելի աքսեսուարը ոճաբաններու որոշումով կրնայ տարուէ տարի ձեւ, չափ, նախշ, գոյն կամ հիւսուածք փոխել, այնուհանդերձ մնալով տղամարդոց սիրելի եւ անփոխարինելի աքսեսուարը:
Եթէ ձեր մեծ հօր, հօր կամ ամուսինին պահարանին մէկ անկիւնը դիզուած են հնաձեւ համարուած փողկապներ, մի՛ նետէք զանոնք, անոնցմէ շատեր շատ հաւանաբար կապուած են յիշատակներու հետ` պսակ, տարեդարձ, առաջին վկայական եւ այլն… մտածեցէք զանոնք անմահացնելու մասին` անոնց երկրորդ կեանք մը տալով: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս հնարամիտ եւ ստեղծագործ մարդիկ հին փողկապներէն պատրաստած են`
Ա.- Սեղանի ծածկոց,
Բ.- «Փոշեթ» պայուսակ,
Գ.- Հագուստի օձիք,
Դ.- Բջիջային եւ քարտերու պահպանակ:
Խոհագիր
Առողջապահական Եւ
Յագեցնող Աղցան
1 տուփ խաշած սիսեռ
2 միջակ չափի խաշած ճակնդեղ
Հաստ շերտ մը ֆեթա պանիր
1/4 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
1 պճեղ ճզմուած սխտոր
Աղ, սեւ պղպեղ
Մանրուած ազատքեղ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել սիսեռն ու խորանարդաձեւ կտրատուած ճակնդեղը:
Երկրորդ ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը խառնելով կիտրոնի հիւթը, ձիթապտուղի ձէթը, ճզմուած սխտորը, աղն ու սեւ պղպեղը.
Թացանը պարպել սիսեռին եւ ճակնդեղին վրայ, լաւ խառնել, ապա աւելցնել ֆեթա պանիրի կտորները եւ, վերջապէս, զարդարել մանրուած ազատքեղով:
Գիտէ՞ք, թէ…
Ֆեթա պանիրը ոչ միայն հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով, այլեւ` կիրով եւ սպիտակուցով, որոնք կ՛ապահովեն մեր ոսկորներուն առողջութիւնը: Իսկ այս սննդանիւթերու բաւարար օգտագործումը կրնայ նաեւ կանխել ոսկորներու կոտրուածքները եւ օսթեոփորոզը:
Ճակնդեղը հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով, միեւնոյն ատեն ան քիչ ջերմուժ եւ ճարպ կը պարունակէ: Այս շատ սննդարար մթերքը կրնայ վերահսկել արեան բարձր ճնշումը, նպաստել մարսողական համակարգի խթանման եւ բարելաւել ուղեղին ճանաչողական կարողութիւնը եւ այլն…
Սիսեռը հարուստ է մանրաթելերով, սպիտակուցներով, կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով: Ան կ՛օգնէ կարգաւորելու արեան մէջ շաքարի մակարդակը, կը բարելաւէ մարսողութիւնը, կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի մակարդակը, կը նուազեցէ քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը եւ այլն…
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ըսաւ – Ըսինք
Ձեզի բան մը պիտի ըսեմ – ըսաւ –
Ըսէ – ըսինք –
Ըսելիք բան չգտաւ –
– Ինչ դժբախտ բան է
ըսելիք մը չունենալ – ըսաւ –
– Հապա եթէ ըսելիք մը ունիս
եւ չկարենաս ըսել – ըսինք –
– Ճիշդ ըսիք – ըսաւ –
Ամէնուն պիտի ըսեմ ասկէ վերջ –
– Բարիով ըսես – ըսինք
– Բայց ըսելէ առաջ
պէտք է խորհիմ – ըսաւ –
– Նայէ որ ըսես առանց խորհելու – ըսինք –
Քանի որ խորհիլը ընդհանրապէս արգելք է
ըսելիքդ ըսելու –
Մտածել սկսաւ –
– Աւելի լաւ է որ չըսեմ – ըսաւ –
հեռացաւ
ԶԱՀՐԱՏ
ԴԴՈՒՄԻ ՀԱՄ
յետմահու ժողովածուէն