Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Առողջութիւն չկայ` առանց հոգեկան առողջութեան»,- կը շեշտէ Առողջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ): Հոգեկան առողջութիւնը անընդհատ կը տատանի, քանի որ ան կախեալ է բազմաթիւ գործօններէ, ինչպիսիք են` կենսապայմանները, անձնական պատմութիւնները, ժառանգականութիւնը, եւ այլն…
Հոգեկան Մարիոն Թելիսոն բացայայտեր է վարքագիծի 6 եղանակներ, որոնք կ՛ազդեն ձեր հոգեկան առողջութեան վրայ:
1.- Համեմատութիւնը
Տեւաբար ուրիշներուն հետ համեմատուիլը իսկական աղէտ է: Ասիկա ոչ միայն նախանձ կ՛առաջացնէ, այլեւ կը խանգարէ գնահատել ձեր եզակի շնորհներն ու տաղանդը:
2.- Յետաձգումը
Երբ շատ յաճախ կը յետաձգէք առաջադրանքները, դուք կը դժուարացնէք անոնց կատարումը. այս աւելորդ ընկճուածութիւն եւ անհանգստութիւն կը պատճառէ: Յետաձգումը արտադրողականութեան թշնամին է:
3.- Կատարելապաշտութիւնը
Թէեւ կարեւոր է ձգտիլ գերազանցութեան, սակայն կատարելապաշտութիւնը կրնայ վնասել ձեր հոգեկան առողջութեան: Երբ դուք անընդհատ կը ձգտիք կատարելութեան, դուք ձեզ կ՛ենթարկէք հիասթափութեան եւ ընկճուածութեան:
4.- Ուրիշներու Կարիքները Սեփականէն Վեր Դասելը
Այս վարքագիծը եւս կրնայ վնասել ձեր հոգեկան առողջութեան, քանի որ երկար ժամանակի վրայ ան կրնայ յանգեցնել հիասթափութեան եւ ինքնագնահատականի կորուստի: Ան կրնայ նաեւ յանգեցնել հոգեկան հիւծումի` ուրիշներուն սպասելիքները բաւարարելու մշտական ճնշման պատճառով:
5.- Ուրիշներու Դատողութենէն Կախուածութիւնը
Եթէ դուք ձեր արժէքը կը չափէք ուրիշներու կարծիքներուն վրայ հիմնուելով, ասիկա սխալ վարքագիծ է, քանի որ երբ ձեր ինքնագնահատականը կախուած է ուրիշներու դատողութենէն, դժուար թէ լաւ զգաք եւ հաշտ ապրիք ձեր անձին հետ:
6.- Մարմինի Ազդանշաններու Անտեսումը
Հոգեկան առողջութեան համար սխալ է անտեսել հանգիստը` ցոյց տալու համար, որ դուք թոյլ մարդ չէք: Այս վերաբերմունքը կրնայ յանգեցնել լուրջ ֆիզիքական եւ հոգեկան խնդիրներու:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Աւստրալիացի հոգեբաններ առանձնացուցած են մարդկային չորս զգացում, որոնք բացասական ազդեցութիւն ունին մեր առողջութեան վրայ: Եւ այսպէս`
1.- Նախանձը 2,5 տոկոսով կ՛աւելցնէ սրտի հետ կապուած հիւանդութեան հաւանականութիւնը:
2.- Ագահութիւնը կ՛աւելցնէ պուլիմիայէ կամ անորեքսիայէ տառապելու հաւանականութիւնը:
3.- Ինքնամեղադրանքը ակամայ կ՛աւելցնէ քաղցկեղով հիւանդանալու եւ հոգեկան խանգարումներէ տառապելու վտանգը:
4.- Խղճահարութիւնը կը բարձրացնէ ասեթիլքոլին նիւթին քանակը, այս նիւթը ծանօթ է, որպէս «թուլութեան հորմոն», իսկ անոր բարձրացումը արեան մէջ շաքարի մակարդակի անկում կը պատճառէ:
Մանկական Դաստիարակութիւն
Վարքագիծի Հիմնական Կանոններ,
Զորս Երեխաները Պէտք Է Իմանան
Ճիշդ է, որ դպրոցը մեծ դերակատարութիւն ունի երեխաներուն լաւ վարքագիծի ձեւաւորման մէջ, սակայն մանկավարժները կը պնդեն, որ ծնողները երեխաներուն առաջին դաստիարակներն են եւ նախքան զանոնք դպրոցին յանձնելը` պարտաւոր են անոնց սորվեցնել նիստուկացի հիմնական կանոնները:
– Ուշադիր լսել, երբ մէկը կը խօսի:
– Կարգին սպասել եւ համբերել սորվիլ:
– «Կը խնդրեմ ըսել` «կ՛ուզեմ»-ի փոխարէն:
– Շնորհակալութիւն յայտնել:
– Բարեւել ժպիտով:
– Մարզական ոգի ունենալ եւ ընդունիլ պարտութիւնը:
– Կիսուիլ ուրիշին հետ, վարժուիլ կարգ մը բաներ քրոջ, դասընկերոջ հետ բաժնեկցելու:
– Տարբերութիւնները ընդունիլ` առանց ծաղրելու կամ մատնացոյց ընելու:
– Ներողութիւն խնդրել սխալելու պարագային:
– Յարգալիր վերաբերմունք ունենալ մեծերուն հանդէպ:
– Դպրոցէն ներս օգնել նեղութեան մատնուած ընկերոջը, խաղալ բոլորին հետ, վատ խօսքերով չարտայայտուիլ ընկերներուն մասին, հաշտ եւ ուրախ տրամադրութեամբ խաղալ, սորվիլ եւ վայելել դպրոցական տարեշրջանը:
Ճիորճիօ Արմանի Պարզութեան
Եւ Նրբագեղութեան Ջատագովը
91 տարեկանին մահացաւ աշխարհահռչակ ոճաբան Ճիորճիօ Արմանին: Ան ժամանակակից իտալական ոճի եւ նրբագեղութեան հոմանիշ էր:
Հռչակաւոր դերասաններ, փոփ երգչուհիներ, արքայադուստրեր իրենց կեանքի որոշ մէկ պահուն ընտրած են փայլիլ Արմանիի ստեղծագործութիւններով: Անոր հագուստները, քոսթիւմներն ու բեմական տարազները տասնամեակներ շարունակ իրենց հետքը ձգած են փոփ մշակոյթի պատմութեան մէջ:
Արմանիի հաւատարիմ յաճախորդներէն յիշենք` Ռիչըրտ Կերը, Ճուլիա Ռոպըրցը, Պիոնսէն, Լէյտի Կական Ժիւլիեթ Պինոշը. Տեմի Մուրը եւ շատ ուրիշներ:
Նշենք, որ աշխարհահռչակ ձեւագէտը նաեւ ունի` իր անունով օծանելիքներ, աքսեսուարներ, սրճարաններ, կահոյքի վերաբերող արտադրանքներ եւ հրուշակեղէնի խանութ:
Ստորեւ` մեծ ոճաբանին խօսքերէն քանի մը մէջբերումներ.
- «Վայելչութիւնը մէկուն աչքը գրաւելէ չէ, այլ` մէկուն յիշողութիւնը»:
- «Ոճի ու նորձեւութեան միջեւ տարբերութիւնը որակն է»:
- «Ճանչցէ՛ք պարզութեան նրբագեղութիւնը»:
***
«Իմ փիլիսոփայութիւնս է օգնել կիներուն եւ տղամարդոց, որ ինքնավստահ եւ յարմարաւէտ զգան իրենց կրած հագուստին մէջ»:
Առիթով մը իտալացի ոճաբանը յայտնած է, որ ինք երջանիկ մանկութիւն չէ ունեցած, որ` երիտասարդ տարիքին երբեք չէ խնդացած, միշտ տխուր եղած է, իսկ լուսանկարներուն վրայ դէմքին ժպիտ անգամ չկար:
Քիչեր գիտեն, որ Արմանին հայկական արմատներ ունի, անոր ծնողքը 1915-ի Ցեղասպանութենէն փախչելով` ապաստանած է Իտալիա: Ոճաբանը քիչ առիթներով անդրադարձած էր հայկական արմատներուն, սակայն գաղտնիք չէ, որ 2022-ի գարուն-ամառ իր հաւաքածոն, որ «Մեթիսաժ» խորագիրը կը կրէր, վերադարձ էր դէպի իր հայկական արմատները: Հաւաքածոյին տիրական գորշ գոյները, աքսեսուարները եւ յատկապէս քրոշէ, ուսէն կախուող պայուսակները ոճաբանին յիշողութեան խօսուն վկաներն էին: Ստորեւ` վերոյիշեալ հաւաքածոյէն նմուշներ:
Խոհագիր
Շոմինով Աղցան
250 կ. թարմ շոմին
2 կարմիր խնձոր
6 շերտ պէյքըն
1 սոխ
3 ապուրի դգալ խնձորի քացախ (կամ կիտրոնի հիւթ)
1 թէյի դգալ շաքարաւազ (կամ մեղր)
1 թէյի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
2 ապուրի դգալ սոճընկոյզ (սնոպար)
Աղ
Պատրաստութիւն
Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ դնել լուացուած եւ ցամքեցուած շոմինի թարմ տերեւները:
Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` յաջորդաբար խառնելով քացախը, շաքարը, մանանեխը, աղն ու ձէթը:
Շերտել խնձորները եւ աւելցնել շոմինին վրայ, աւելցնել նաեւ շերտուած սոխը:
Տապակի մը մէջ միասին խորովել պէյքընի շերտերն ու սոճընկոյզը:
Մատուցման պահուն բոլոր բաղադրիչները խառնել եւ ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել:
Շոմին Ուտելու 10 Համոզիչ Պատճառներ
1.- Շոմինը կը նպաստէ ստամոքսի խոցերու ապաքինման:
2.- Շոմինին տարբեր բաղադրիչները կ՛օգնեն դանդաղեցնելու ճանաչողական անկումը եւ նուազեցնելու Ալզայմըր հիւանդութեան յառաջացումը:
3.- Պեթա քարոթէնով, լիւթէինով եւ քզանթենով հարուստ շոմինը կը պահպանէ լաւ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
4.- Շոմինը կը կարգաւորէ արեան ճնշումը:
5.- Շոմինը հակաուռուցքային յատկութիւն ունի. կ՛օգնէ շագանակագեղձի քաղցկեղի բուժման եւ կանխարգիլման:
6.- ՔԱ. կենսանիւթով եւ տարբեր հանքանիւթերով հարուստ շոմինը կ՛ապահովէ ոսկորներու ամրութիւնը եւ կ՛օգնէ կանխելու օսթեոփորոզի զարգացումը:
7.- Մանրաթելով հարուստ շոմինը կը կարգաւորէ աղիքներուն գործունէութիւնը:
8.- Հակաօքսիտանով հարուստ շոմինը կարեւոր դեր կը խաղայ մկաններու եւ մասնաւորապէս սրտի մկաններու ամրապնդման գծով:
9.- Շոմինին տարբեր բաղադրիչները մորթը կը պաշտպանեն արեւին վնասակար ճառագայթներէն եւ երկար ժամկէտի վրայ` մորթի քաղցկեղէն:
10.- Պարզուած է, որ շոմինը ունի ընկճախտի դէմ յատկութիւն: Ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, որ շոմինը ունի ընկճախտի հորմոն` քորթիզոլը, նուազեցնելու եւ տրամադրութիւնը կարգաւորելու յատկութիւն:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Արցախ
Մենք մանկութիւնդ տեսնում ենք
ծերութեանդ շեմին
եւ ծերանում մանկութեանդ մէջ
ու սիրում ենք իրար անշպար սիրով
քանզի
աւերուած հայրենիք չի լինում
լինում են
աւերակներով լեցուն սրտեր
եւ
կորսուած հայրենիք չի լինում
լինում են
ուրիշի հայրենիքներում
կորսուած կարօտներ
ԱՐՍԷՆ ՆԵՐՍԷՍ
(Դադիվանուց Ժամագիրք)