Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Յաճախ քիչ բան գիտենք մեր մեծերու մայրերուն մասին: Մեզի հասած պատառիկները իրենց զաւակներէն քաղուած վկայութիւններ են, թէեւ հակիրճ, սակայն` յուզիչ ու խորիմաստ: Ահա թէ ո՛վ է մեծ երգահան Արամ Խաչատրեանի մայրը` Ղումաշը:
«Մայրս շատ գեղեցիկ կին էր, բարձրահասակ ու բարեկազմ: Հայրս ամբողջ օրը իր արհեստանոցը կ՛անցընէր, եւ մայրս կը զբաղէր երեխաներուն դաստիարակութեամբ:
«Մայրս խիստ էր, բայց միեւնոյն ատեն քնքուշ էր, բարեհոգի ու արդար:
«Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան հանդէպ իմ սէրս ժառանգեր եմ ծնողներէս: Մայրս քաղձրաձայն կ՛երգէր հայկական ժողովրդական երգեր, եւ այդ մեղեդիները խորապէս տպուեր էին յիշողութեանս մէջ:
«Երբեք չեմ մոռնար անոր երգած տխուր երգերէն մէկը, որուն մեղեդին` որպէս հիմք, տարիներ անց օգտագործեցի իմ երկրորդ սեմֆոնիայիս դանդաղ մասին մէջ:
«Առանձնապէս մեծ հաճոյքով կը դիտէի, թէ մայրս ինչպիսի՛ նազանքով կը պարէր հայկական ժողովրդական պարերը»:
Հետաքրքրական Փաստեր Աշխարհի
Տարբեր Դպրոցներու Մասին
Իւրաքանչիւր մշակոյթ կը մշակէ իր սեփական աւանդութիւնները, արժէքները եւ մանկավարժական մօտեցումները` կապուած երեխաներու կրթութեան հետ: Այս մօտեցումները կը ձեւաւորուին հասարակութիւններու պատմական զարգացման, աշխարհագրական դիրքի, տնտեսական պայմաններու եւ մշակութային համոզումներու հետ: Հետեւաբար կրթութիւնը ոչ միայն գիտելիքներու փոխանցում է, այլեւ` կամուրջ, որ հասարակութեան ինքնութիւնը, արժէքներն ու կենսակերպը կը տանի դէպի ապագայ:
Ստորեւ հետաքրքրական փաստեր` աշխարհի տարբեր դպրոցներու մասին:
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ մէջ դպրոցին առաջին օրը կը նշուի շատ գունեղ աւանդութամբ մը: Երեխաները կը ստանան «Schultute» կոչուած թուղթէ կոներ` լեցուած խաղալիքներով, քաղցրաւենիքներով եւ դպրոցական պիտոյքներով: Այս աւանդութիւնը գոյութիւն ունի 19-րդ դարէն եւ կը խորհրդանշէ երեխաներու մուտքը` դպրոցի «լուրջ» աշխարհ:
ՃԱՓՈՆԻ մէջ աշակերտները իւրաքանչիւր դպրոցական օրուան աւարտին կը մաքրեն իրենց դասարանները` ըստ «օ սոջի» կոչուող աւանդութեան: Անոնք կը հաւաքեն աղբը, կը մաքրեն յատակը եւ նոյնիսկ` բաղնիքները: Կ՛ենթադրուի, որ այս սովորութիւնը կը նպաստէ` բնաւորութեան զարգացման, խմբական աշխատանքին, եւ շրջակայ միջավայրի յարգանքին:
ՖԻՆԼԱՆՏԱՑԻ երեխաները դպրոց կը յաճախեն օրական ընդամէնը 5 ժամ եւ տնային պարտականութիւններ գրեթէ չեն ունենար: Ասիկա կրնայ զարմանալի թուիլ, քանի որ Ֆինլանտան կը համարուի աշխարհի լաւագոյն դպրոցական համակարգերէն մէկը` շեշտը դնելով որակի վրայ, քան` քանակի:
ՊԱՆԿԼԱՏԵՇի մէջ տարուան որոշ եղանակներուն աշակերտներուն շատ դժուար է դպրոց հասնիլը` անձրեւներու եւ հեղեղներու պատճառով: 2002 թուականին տեղական կազմակերպութիւն մը լուծեց այս խնդիրը` նաւակ դպրոցներ հասցնելով երեխաներուն բնակավայրերը: Կազմակերպութիւնը ունի 56 նաւերէ բաղկացած նաւատորմ` ծփացող դպրոցներով, որոնք կը գործեն ամբողջ տարուան ընթացքին: Եւս 55 նաւակ կը գործէ հեղեղային անձրեւներու եղանակին:
ՔՈԼՈՄՊԻՈՅ Աքասիաս գիւղի երեխաները դպրոց հասնելու համար երկու տարբերակ ունին. անոնք կրնան կա՛մ 2 ժամուան արշաւ կատարել լերան լանջով` կիրճը հատելու համար, կամ ալ կրնան ժամանակ խնայել եւ «զիփլայն» օգտագործել:
Երեխաներուն դպրոց տանող ճոպանը կախուած է կիրճէն 230 մեթր բարձրութեան վրայ եւ շուրջ 800 մեթր երկարութիւն ունի:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ մէջ ուսումնական ծրագիրը բաւական իւրայատուկ է, քանի որ նոյնիսկ ճաշի ժամերը կը համարուին անոր մէկ մասը: Ֆրանսայի մէջ ուտելու հմտութիւնները կ՛ամրապնդուին դպրոցներուն մէջ, ուր երեխաներէն կ՛ակնկալուի տիրապետել սեղանի շուրջ նիստուկացի կանոններուն եւ իմանալ տարբեր սննդամթերքներու ծագման եւ սննդական արժէքներուն մասին:
Գիտէ՞ք, Թէ…
ԹԻՊԵԹԻ մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենաբարձր դպրոցը. ան շատ մօտ է… երկինքին: Դպրոցը կը գտնուի աշխարհի ամենաբարձր լերան` Էւերեսթի վրայ, ծովու մակերեսէն 5373 մեթր բարձրութեան վրայ: Այս տարրական դպրոցը կը համարուի երկինք խոյացող դպրոց:
ՖԻԼԻՓԻՆԻ մէջ կայ դպրոց մը, որ ամբողջութեամբ կառուցուած է վերամշակուած կազաւորուած խմիչքներու շիշերով: Կառուցելու համար օգտագործուած է 9000 շիշ եւ բազմաթիւ կամաւորներ: Իւրաքանչիւր շիշ լեցուած է ջուրով, աւազով եւ ծղօտով, իսկ պատերը հիւսելու համար օգտագործուած է սիմենթի նման նիւթ մը:
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ Լաքնաու քաղաքի Մոնթեսորի դպրոցը 2023-ի օգոստոս 10-ին գերազանցեց «Կինես»-ի մրցանիշը` որպէս աշակերտներու թիւի իմաստով ամենամեծ դպրոց: 61,345 աշակերտ կը յաճախէ վերոյիշեալ դպրոցը:
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ «Կէսօրուան սնունդի ծրագիրը» 120 միլիոն երեխայի ամէն օր տաք ճաշ կը տրամադրէ: Այս ծրագիրը կը գործէ երկրին 1,72 միլիոն դպրոցներէն ներս: Իւրաքանչիւր կերակուր պէտք է պարունակէ որոշակի քանակութեամբ ջերմուժ, սպիտակուցներ եւ բանջարեղէններ:
ԿԱԶԱՅԻ մէջ հարիւր հազարաւոր աշակերտներ 3-րդ տարին ըլլալով զրկուած են դպրոց վերադառնալու հնարաւորութենէն: ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի տուեալներով, աւելի քան 700 հազար դպրոցական տարիքի երեխաներ դպրոց չեն յաճախեր, իսկ դպրոցներուն 86 առ հարիւրը քանդուած կամ վերածուած է տեղահանուածներու համար ապաստարաններու:
Ալ ի՛նչ դպրոցի մասին է խօսքը, երբ օրական տասնեակ երեխաներ սովամահ կ՛ըլլան իսրայէլեան բանակի ոճրային արարքներուն պատճառով:
Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ
– 1 –
Ֆրանսական կաթով հացը (փեն տը մի) կարագ կը պարունակէ:
Ճիշդ: Քառանկիւն, սպիտակ եւ համեղ հացը քառապատիկ կարագ կը պարունակէ, քան` մնացեալ հացերը: Հետեւաբար պէտք է սահմանափակել անոր սպառումը:
– 2 –
Բնասպիտով սննդականոնները ամէնէն ազդուներն են:
Սխալ: Գիտականօրէն փաստուած է, որ բնասպիտով սննդականոնները ազդու են կարճ ժամանակի վրայ: Միսի, ձուկի, հաւկիթի եւ կաթնեղէնի վրայ հիմնուած սննդականոնը կրնայ մինչեւ 7 քիլօ նիհարցնել մէկ ամսուան ընթացքին, բայց երկար ժամանակի վրայ քիլոները կրկին կը կուտակուին:
– 3 –
Ճերմակ հացը աւելի ջերմուժ կը պարունակէ, քան` ամբողջական կամ հացահատիկներով հացը:
Սխալ: Բոլորն ալ նոյնքան ջերմուժ կը պարունակեն. այսուհանդերձ, ամբողջական հացը աւելի հարուստ է բնաթելերով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով ու նուազ շաքար կը պարունակէ: Ահա թէ ինչո՛ւ անիկա աւելի յանձնարարելի է սննդականոնի հետեւողներուն:
– 4 –
Սխտորին հոտը բուժիչ յատկութիւն ունի:
Ճիշդ: Քանատացի գիտնականներու կարծիքով, սխտորին մէջ առկայ ալլիսին նիւթը (որ սխտորին համ եւ բոյր կու տայ) հակաօքսիտան մըն է, որ կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կը պաշտպանէ բջիջները:
– 5 –
Կիտրոնը ախորժակ կտրելու յատկութիւն ունի:
Ճիշդ: Արդարեւ, ան կը պարունակէ փեքթին կոչուած բնաթելը, որ ջուրին հետ խառնուելով` կ՛ուռի ստամոքսին մէջ: Փեքթինը նաեւ կը դանդաղեցնէ շաքարի ծծումը:
– 6 –
Թարմ եւ սառած ձուկը նոյն սննդական արժէքը ունին:
Ճիշդ: Սառած ձուկը չի կորսնցներ իր բնասպիտները, կենսանիւթերն ու հանքայինները: Ինչ կը վերաբերի Օմեկա 3-ին, անիկա կրնայ տուժել ժամանակի ընթացքին, բայց` շատ չնչին տոկոսով: Սառած ձուկին սպառման ժամկէտը 3-6 ամիսը պէտք չէ անցնի:
– 7 –
Աւոքատոն նոյնքան իւղոտ է, որքան` տապկուած գետնախնձորը:
Ճիշդ: Կէս աւոքատոն նոյնքան իւղ կը պարունակէ, որքան 100 կ տապկուած գետնախնձորը, այն տարբերութեամբ, որ աւոքատոյին իւղերը լաւ տեսակի իւղեր են եւ կը նպաստեն լաւ քոլեսթերոլին արտադրման եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէ պաշտպանելու յատկութիւն ունին:
Խոհագիր
Խորոված
Ծաղկակաղամբով Աղցան
– 1 միջակ չափի ծաղկակաղամբ
– 100 կ ֆեթա պանիր
– 4 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 200 կ խաշած սիսեռ
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Առատ նուռի հատիկներ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով: Ծաղկակաղամբը բաժնել փոքրիկ փունջերու, համեմել աղով, սեւ պղպեղով, ձէթով եւ 25 վայրկեան խորովել:
Աղցանի ամանին մէջ փոխադրել խորոված ծաղկակաղամբի կտորները, աւելցնել` ազատքեղը, սիսեռը, փշրուած ֆեթա պանիրը, նուռի հատիկները, կիտրոնի հիւթն ու աղը. զգուշութեամբ խառնել եւ մատուցել գաղջ կամ պաղ:
Ծաղկակաղամբ ուտելու համոզիչ պատճառներ
– Կը կարգաւորէ արեան ճնշումը եւ կը բարելաւէ երիկամներու գործառոյթը` շնորհիւ սիւլֆորաֆան կոչուած նիւթին:
– Կը պահպանէ ուղեղին առողջութիւնը:
– Հակաքաղցկեղային յատկութիւն ունի:
– Լաւ միզամուղ է:
– Կը խթանէ բջիջներու վերականգնումը, կը դանդաղեցնէ մորթին ծերացումը:
*
* *
Շաբթուան Մտածումը
Ի՜նչ կախարդական բան է այս հայրենիք ասուածը, այս Հայաստանը: Երբ նա մեր ձեռքին է, մենք չենք զգում, թէ որքան գրաւիչ է այն եւ թէ որքան շատ բանով ենք մենք պարտական նրան: Մենք կորցնում ենք նրա հետ վարուելու կերպը, նրան բոլորանուէր սիրելու եղանակը: Իսկ երբ նա կաշկանդուած է կամ ստրկութեան մէջ է, սկսում ենք մորմոքել նրա կարօտից: Երբ նա ազատ է, անփոյթ ենք դառնում նրա հանդէպ, երբ նա գերուած է, սկսում ենք ախ ու վախ անել ու տանջուել նրա համար, ուրիշներին էլ տանջելով մեզ հետ, եւ ճիգ ու ջանք թափել, որ ազատենք մեր ձեռքից անզգուշութեամբ փախցրած դրախտահաւը:
ԽԱՉԻԿ ԴԱՇՏԵՆՑ
«Ռանչպարների կանչը»