Կնոջական

Մեր Մեծերը. 10 Հետաքրքրական Փաստեր Սիլվա Կապուտիկեանի Կեանքէն

Մեր Մեծերը. 10 Հետաքրքրական Փաստեր Սիլվա Կապուտիկեանի Կեանքէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1.- Սիլվա Կապուտիկեանի հայրը ուսուցիչ Բարունակ Կապուտիկեանն էր: Սիլվան շատ գրութիւններ ունի հօր մասին, որ մահացեր էր իր ծնունդէն 3 ամիս առաջ: 2.- Հօր մահէն ետք Սիլվային ընտանիքը ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէ: Մայրը որպէս հաշուապահ կ՛աշխատի, իսկ իր խնամքը կը յանձնուի մօրաքոյրներուն եւ վանեցի տատին: 3.- Սիլվան ընդամէնը 19 տարեկան էր, երբ Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամակցելու առաջարկ կը...

Ինչպէ՞ս Ապահովել  Նորածին Երեխային Անվտանգութիւնը

Ինչպէ՞ս Ապահովել Նորածին Երեխային Անվտանգութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխան, ինչ տարիքի ալ ըլլայ, յատուկ ուշադրութեան եւ հոգատարութեան կարիք ունի, բայց երբ խօսքը կը վերաբերի նորածին երեխային, ծնողքին պատասխանատուութիւնները կը քառապատկուին: Ստորեւ մանկաբուժի օգտակար խորհուրդներ` նորածին երեխային անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Երբ կը վերցնէք ու կը գրկէք ձեր երեխան, մէկ ձեռքով ապահով պահեցէք անոր գլուխը: Թէեւ անիկա աւելի ուժեղ է, քան ինչ կը թուի, սակայն անոր վիզին մկանները...

Հայ Կին Շեֆերու Յաջողութիւնները.  «Վոկ» Ամսաթերթը Յօդուած Նուիրած Է Հայ Կին Շեֆ Խոհարարուհիներուն

Հայ Կին Շեֆերու Յաջողութիւնները. «Վոկ» Ամսաթերթը Յօդուած Նուիրած Է Հայ Կին Շեֆ Խոհարարուհիներուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Ամերիկեան «Վոկ» ամսաթերթը յօդուած տրամադրած է հայ կին շեֆ խոհարարուհիներու, որոնք վերաիմաստաւորած են ազգային խոհանոցը` անոր մէջ ժամանակակից շեշտադրումներ մտցնելով: Խօսքը կը վերաբերի Արեւիկ Մարտիրոսեանին, Վարդա Աւետիսեանին եւ Անի Յարութիւնեանին` խոհարարական կալուածէն ներս, Մարիամ Սաղաթելեանին` գինեգործութեան եւ Մարինա Շաքարեան-Միքայէլեանին` պանրագործութեան կալուածներէն ներս իրենց ձեռքբերումներուն, հմտութեան եւ նորարարական մօտեցման համար: Ստորեւ յօդուածէն կը մէջբերենք բաժիններ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին...

Խաղողօրհնէքի Աւանդութիւններ

Խաղողօրհնէքի Աւանդութիւններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ յայտնի է նաեւ որպէս խաղողօրհնէքի տօն, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 5 տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամենահինը: Տօնը կը նշուի օգոստոսի 15-ի մերձակայ կիրակի օրը եւ ունի շաբաթապահք, նաւակատիք եւ մեռելոց: Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք կը կատարուի խաղողօրհնէք: Խաղողօրհնէք Ինչպէս արտօնուած չէր...

Հետազօտութիւնները Կը Վկայեն…

Հետազօտութիւնները Կը Վկայեն…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հիւսելու Առաւելութիւնները Հարվըրտ համալսարանի հետազօտողներու կարծիքով, հիւսելը դրական ազդեցութիւն ունի մեր առողջութեան վրայ: Փրոֆեսէօր Հերպըրթ Պենսոնի կարծիքով, հիւսելը, որ առհասարակ մեծ մայրիկներու զբաղում համարուած է, յանձնարարելի է բոլորին` ընկճախտը յաղթահարելու համար: Պենսոնի կողմէ կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ անոնք, որոնք արդէն 70 տարիքը թեւակոխած են, բայց կը շարունակեն օգտագործել իրենց ձեռքերը` ըլլայ հիւսելով, դաշնամուր նուագելով, խեցեգործութեամբ զբաղելով,...

Հոգեբանին Կարծիքով.  Մանկութեան Տարիներուն Ծնողական Սիրոյ Պակասի Հետեւանքները

Հոգեբանին Կարծիքով. Մանկութեան Տարիներուն Ծնողական Սիրոյ Պակասի Հետեւանքները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Հագուստ ունի, խաղալիք` նոյնպէս, փորդ կուշտ է, դպրոց կ՛երթաս, ի՞նչդ կը պակսի...»: Այս խօսքերը շատ մը ծնողներ կը կրկնեն, սակայն անոնք յաճախ կը մոռնան, որ նիւթական բարիքները այն բոլորը չեն, որոնք անհրաժեշտ են երեխային: Առաջին հերթին անոր հարկաւոր են խնամք, հոգատարութիւն, սէր, հասկացողութիւն եւ աջակցութիւն: Այս բոլորէն զրկուած երեխաները անինքնավստահ, հոգեպէս ոչ կայուն անհատներ կը դառնան եւ չափահաս...

Մանկավարժին Կարծիքով.  Պարտադիր Չէ, Որ Իտէալական Ընտանիքը Կատարեալ Ըլլայ, Անիկա Պէտք Է Միասնական Ըլլայ

Մանկավարժին Կարծիքով. Պարտադիր Չէ, Որ Իտէալական Ընտանիքը Կատարեալ Ըլլայ, Անիկա Պէտք Է Միասնական Ըլլայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ընտանիքը այն ջերմ բոյնն է, ուր երեխաները կը զգան պաշտպանուած, սիրուած ու փայփայուած` մնացեալ անդամներուն կողմէ: Կատարեալ մարդ չկայ, ինչպէս որ չկայ կատարեալ ընտանիք, բայց կարեւորը միասնական ըլլալն է: Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք «միասնական ընտանիք» ըսելով. անշուշտ խօսքը չի վերաբերիր կատարեալ ընտանիքին, այլ` անվտանգ եւ խնամող միջավայրի մը մասին, ուր բոլոր անդամները զիրար կը յարգեն, կը լսեն, իրարու...

Բարեկազմ Երեխաները` Աւելի՞ Խելացի…

Բարեկազմ Երեխաները` Աւելի՞ Խելացի…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Սէյն Լուիսի Ուաշինկթըն համալսարանի գիտնականները յայտնաբերեր են, որ աւելորդ ծանրութիւն ունեցող երեխաները նոյնքան խելացի չեն` իրենց բարեկազմ հասակակիցներուն բաղդատած: Գիտնականները ուսումնասիրեր են 9-11 տարեկան աւելի քան 2.500 աղջիկներու եւ 2.700 մանչերու մտաւոր ունակութիւնները` յատուկ մտաւոր «թեսթ»-երու օգնութեամբ: Հետազօտութեան ընթացքին գնահատուեր են փորձարկուողներուն բառապաշարը եւ մտածողութեան տրամաբանութիւնը: Հետազօտութիւնը սկսելէ երկու տարի ետք գիտնականները պարզեր են, որ այն երեխաները, որոնք...

Ո՞ր Տարիքին Կարելի Է Երեխան Տունը Առանձին Ձգել

Ո՞ր Տարիքին Կարելի Է Երեխան Տունը Առանձին Ձգել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կարելի չէ մէկ օրէն միւսը որոշել ու երեխան տունը առանձին ձգել, այնքան ատեն որ անոր հնարաւորութիւն չէ տրուած ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ դառնալու: Ինքնուրոյն ըլլալու հնարաւորութիւնը երեխային պէտք է ընձեռել աստիճանաբար` հինգ-վեց տարեկանէն սկսած. հոգեբանին կարծիքով, նախ կարելի եղածին չափ մեծ ազատութիւն պէտք է տաք անոր` ձեր ներկայութեան: Յաճախ թոյլ տուէք ձեր երեխային ինքնուրոյն տնօրինել իր գործերը` առանձին հագուիլ,...

Տունը Հաճելի Եւ Հիւրընկալ Դարձնելու Պարզ Միջոցներ

Տունը Հաճելի Եւ Հիւրընկալ Դարձնելու Պարզ Միջոցներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երբեւէ մտածե՞ր էք, որ շատ քիչ բան պէտք է տունը հաճելի միջավայրի մը վերածելու համար: Ստորեւ` քանի մը հնարք, որպէսզի ուրախ եւ հանգիստ զգաք ձեր փոքրիկ բոյնին մէջ: Ո՛չ Ըսէք Աղմուկին Փորձեցէք տան մէջ աղմուկը նուազագոյնի իջեցնել: Անջատեցէք հեռատեսիլին ձայնը, փակեցէք փողոցին աղմուկը տուն փոխադրող պատուհանը, հրաժարեցէք տան մէջ բարձրակրունկ կօշիկներով շրջելէ, պոռալով խօսելէ... Աղմուկը դիւրագրգիռ կը դարձնէ...

Ոճաբանին Կարծիքով.  Հագուստներ` Ըստ Կազմուածքի

Ոճաբանին Կարծիքով. Հագուստներ` Ըստ Կազմուածքի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ   Ծագումով պրազիլցի ոճաբան Քրիսթինա Քորտիւլայի կարծիքով, «Բոլոր կիներն ալ գեղեցիկ են, գէր թէ նիհար` իւրաքանչիւրը ունի իր զօրաւոր կէտը, առանձնայատկութիւնը»: Ոճաբանին կարծիքով, նորաձեւութեան հետ քայլ պահելով հանդերձ, պէտք չէ դառնալ անոր գերին, այլ պէտք է ընտրել տարիքին եւ կազմուածքին համապատասխան հագուստներ: Եւ այսպէս` - Եթէ Գէր Էք... Հրաժարեցէք փայլուն հագուստներէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն ձեր գիրութիւնը: Նոյնպէս`...

Հետաքրքրական.  Կեղծանունի Մը Պատմութիւնը  Ակսել Բակունց

Հետաքրքրական. Կեղծանունի Մը Պատմութիւնը Ակսել Բակունց

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Գրագէտ Ակսել Բակունցի հօր տոհմական մականունը Բեկունց էր, որմէ ալ յառաջացած է Բակունց գրական անունը: Երբ Բակունցը ծներ է, անոր հօր ալեքսանդրապոլցի ընկերները նուէրներ ղրկեր են եւ խնդրեր են, որ զաւկին անունը Ալեքսանդր դնէ` ի պատիւ իրենց քաղաքին: Գրագէտին հայրը կ՛ընդառաջէ ընկերներուն խնդրանքին: Սակայն Ալեքսանդր անունը երկար չ՛ապրիր: Պատանեկան տարիներուն Բակունցը կը խաղայ նորվեկիացի թատերագիր Պիոռնսոնի «Նորապսակները» թատերախաղի...

Մանկավարժին Կարծիքով Քաջալերել Եւ Ոչ` Պարտադրել

Մանկավարժին Կարծիքով Քաջալերել Եւ Ոչ` Պարտադրել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Սխալ է այն համոզումը, որ երեխան պէտք է անպայման երաժշտանոց յաճախէ եւ նուագել սորվի արուեստասէր եւ նրբաճաշակ դառնալու համար: Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ ուղեղին բջիջները աւելի լաւ կը գործեն, եթէ երեխան փոքր տարիքէն դասական երաժշտութիւն լսէ: Կ՛ըսեն` դաշնակահարները բնաւորութեամբ աւելի կարգապահ, ճշդապահ եւ նպատակասլաց են: Այսուհանդերձ, պայման չէ, որ երեխան երաժշտանոց յաճախէ եւ երաժշտական գործիքի մը տիրապետէ...

«Փարաջանովը Եւ Նորաձեւութիւնը»

«Փարաջանովը Եւ Նորաձեւութիւնը»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ի պատիւ հայ ականաւոր շարժապատկերի բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովի հարիւրամեակին (9 յունուար 1924)` աւելի քան 40 հայ ձեւագէտ-ոճաբաններ կը ներկայացնեն եզակի գործեր` ոգեշնչուած անոր յաւերժական արուեստով: Մայիս 18-31 Սերգէյ Փարաջանովի տուն-թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փարաջանովը» եւ նորաձեւութիւնը» խորագրով աննախընթաց եւ իւրայատուկ ցուցահանդէսը: Փարաջանովը հսկայ ժառանգութիւն ձգած է իր ետին, անժամանցելի եւ անհերքելի արժէքներ են անոր «Մոռացուած նախնիների ստուերները»,...

Հետաքրքրական. «Ծաղկահաւաք»

Հետաքրքրական. «Ծաղկահաւաք»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ինչպէս ամէն տարի, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդական «Ծաղկահաւաք» ձեռնարկը: Այս նախաձեռնութիւնը կը մէկտեղէ քաղուած ծաղիկներուն «երկրորդ կեանք» հաղորդելու խորհուրդը եւ վերամշակման միջոցով կրկին օգտագործելու առաքելութիւնը: Այս տարի եւս ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ խոնարհուած ծաղիկները հաւաքուեցան, ու ցօղունները ծաղկաթերթերէն բաժնուեցան: Առաջիններէն ստացուած պարարտախառնուրդը պիտի օգտագործուի Յիշողութեան պուրակի հողի մշակման համար, իսկ ծաղկաթերթերէն պիտի...

Ծառապատում. Ղազար Պապիկի Խնձորենին

Ծառապատում. Ղազար Պապիկի Խնձորենին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հին ժողովուրդները, որոնց կարգին` նաեւ հայերը, ծառի պաշտամունք ունեցած են, որ մինչեւ օրս ալ որոշ չափով պահպանուած է: Օրինակ, ուխտավայրերուն մէջ երազանք կը պահեն եւ ծառի ճիւղերէն թաշկինակ կը կապեն: Հայաստանի մէջ կան ծառեր, որոնք առանձնայատուկ կենսագրութիւն ունին, պատմութեան կամ դիպուածի հերոսներ են: Այլ խօսքով, ծառ- առասպելներ են: Ծառ - առասպելներու շարքին է բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի պապիկի խնձորենին:...

Կին Դէմքեր.  Սոնա Զէյթլեան

Կին Դէմքեր. Սոնա Զէյթլեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վերջերս Կլենտէյլի մէջ պատուուեցաւ դաստիարակ, ազգագրագէտ, պատմաբան, մրցանակակիր հեղինակ, հայ կիներու պատմութեան եւ իրաւունքներու ջատագով Սոնա Զէյթլեանը` իր 70 տարիներու ծառայութեան համար, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութիւններուն կողմէ: Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեան ծնած է Եգիպտոս, վկայուած է տեղական Ամերիկեան համալսարանէն եւ նուիրուած ուսուցչական ասպարէզին` նախ Գահիրէի, ապա Պէյրութի ազգային վարժարաններուն մէջ: Սոնա Զէյթլեանի առաջին ուսումնասիրութիւնը`...

Դիմանկարի Մը Պատմութիւնը

Դիմանկարի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գրագէտ, թարգմանիչ Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանին մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւէ Մարտիրոս Սարեանի վրձինած Զօրեանի դիմանկարը: Սարեանը Զօրեան նկարած է 1945-ին, տարիներ անց գրագէտը պատմեր է իր զգացողութիւններուն եւ մեծ վարպետին հետ աշխատանքի մասին: Եւ ահա, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առեր է կտաւը` Զօրեանի խօսքերով. «Սարեանի բնաւորութեան հիմնական գիծը մեղմութիւնն էր, ան հանգիստ էր եւ սակաւախօս: Բայց դիմանկար նկարելու ժամանակ...

Աւագ Հինգշաբթիի Աւանդութիւնները Հայերուս Մէջ

Աւագ Հինգշաբթիի Աւանդութիւնները Հայերուս Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մեծ պահքը իր աւարտին կը մօտենայ, եւ արդէն օրեր անց` մարտ 31-ին, մենք պիտի նշենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան կամ Ս. Զատիկի տօնը: Ս. Յարութեան տօնի նախընթաց շաբաթը կը կոչուի Աւագ շաբաթ, եւ այսօր,  հետեւաբար, այդ շաբթուան հինգշաբթին կը կոչուի Աւագ հինգշաբթի: Այսօր Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքի յիշատակութեան օրն է: Ըստ Աւետարանին, այդ օրը հաստատուեր է Ս. հաղորդութեան խորհուրդը:...

Հետաքրքրական  Ծաղկազարդի Խորհրդանիշ Տիկնիկը` Նուրին

Հետաքրքրական Ծաղկազարդի Խորհրդանիշ Տիկնիկը` Նուրին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մեր մշակոյթի ամենագեղեցիկ եւ խորհրդաւոր արժէքներէն են հայկական ծիսական տիկնիկները: Անոնց մէջ ամփոփուած է մեր ժողովուրդին մտածողութիւնը: Անցեալին ժողովուրդը զանոնք օժտեր է մոգական ուժով, չարը խափանող, վտանգներէ զերծ պահող եւ յաջողութիւն ապահովող յատկութիւններով: Տիկնիկներուն միջոցով անոնք ձգտած են ապահովել` բերք ու բարիքի առատութիւնը, պտղաբերութիւնը, արգասաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան ու անձնական յաջողութիւնները: Հայկական ծիսական տիկնիկներէն իւրաքանչիւրը ունեցած է իր...

Page 4 of 23 1 3 4 5 23

Արխիւներ