Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ

Հոկտեմբեր 16, 2025
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Պարզուեր է, որ մեր սննդային նախասիրութիւնները կապուած են սննդարար նիւթերու պակասի, հորմոնային եւ նիւթափոփոխականութեան խախտումներու եւ հոգեբանական խնդիրներու հետ:

Տուրմ

Օրուան ընթացքին յանկարծ տուրմ ուտելու մեծ պահա՞նջք կը զգաք, կը դառնաք ցրուած ու միայն այդ մասի՞ն կը մտածէք… Ասիկա կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ մակնեզիոմի պակասով: Քաղցր ուտելու անյագ ցանկութիւն կրնայ առաջանալ նաեւ մարմնին մէջ քրոմի, ֆոսֆորի, ինչպէս նաեւ կլիւքոզի պակասի պարագային:

Կերէ՛ք ընկոյզ, հացահատիկ, դդումի սերմեր, պրոքոլի, պտուղ եւ չափաւոր քանակութեամբ տուրմ:

Կծու

Եթէ օրուան ընթացքին յաճախ որեւէ կծու բան ուտելու փափաք կ՛ունենաք, կը նշանակէ` ձեր մարմինը կծու ուտելիքի կարիք ունի քրտնարտադրութիւնը դրդելու եւ զովանալու համար: Հնարաւոր է` պատճառը զինկի, ծծումբի պակասն է, կամ` վահանագեղձի հետ կապուած խնդիրները:

Կերէ՛ք ոչ իւղոտ միս, ծովամթերք, սխտոր եւ կանաչ բանջարեղէն:

Միս

Եթէ յաճախ կ՛երազէք սթէյք ուտելու մասին, ամենայն հաւանականութեամբ դուք Պէ. կենսանիւթի, մակնեզիոմի, ֆոլաթթուի կամ երկաթի պակաս ունիք:

Կերէք հաւկիթ, միս, բնականաբար` բանջարեղէնի համադրութեամբ:

Ճարպ

Իւղոտ ուտելիքի հանդէպ յանկարծակի սէրը կրնայ կիրի կամ հիմնական ճարպաթթուներու պակասի ահազանգ ըլլալ: Ասիկա կրնայ պատահիլ նաեւ սննդականոնի կամ վատ տրամադրութեան պարագային:

Իւղոտ ուտելիքի պահանջը կրնան զսպել ստեպղինը, աւոքատոն, ընկոյզը… Կանաչ բանջարեղէնները կը նպաստեն կիրի պաշարներու համալրման, իսկ տրամադրութիւնը կարելի է բարելաւել մարզանքի ճամբով:

Աղ

Եթէ անդադար փոփքորն, չիփս եւ աղի պիստակեղէն կ՛ուտէք, հնարաւոր է` ձեր մարմինը նատրիոմի (սոտիոմի) պակաս կը զգայ: Ասոր կրնան նպաստել ընկճախտն ու ջրազրկումը: Աղի որեւէ բան ուտելու ցանկութիւնը կրնայ զինկի պակասի կամ երիկամներու խնդիրի մասին ահազանգել:

Կերէ՛ք վարունգ, նեխուր, ձուկ եւ օրական 8-10 բաժակ ջուր խմեցէք:

Անհետ Կորած Իրեր

Տիկը

Տիկը մեծ պարկ է, որ անցեալին կ՛օգտագործուէր գինիի կամ որեւէ այլ հեղուկի պահպանման կամ խմորման համար: Զայն կը պատրաստէին այծի կամ ոչխարի կաշիէն:

Գիւղացիները կը վերցնէին ամբողջական այծի կամ ոչխարի մորթը (առանց կտրատելու), կը մշակէին աղով, կը ճարպազերծէին ու կը չորցնէին:

Մուտքը` պարանոցին մասը, բաց կը ձգէին հեղուկ լեցնելու համար: Մնացեալ բացուածքները` ոտքերու հատուածները կը կարէին կամ կը կապէին:

Գիւղերուն մէջ եւ քոչուոր համայնքներուն համար տիկը համարուած էր չափազանց կարեւոր, պիտանի եւ գործնական միջոց` ջուր բերելու, գինի տեղափոխելու եւ օղիի պահպանման համար: Անասուններուն մորթին ճկունութեան պատճառով այդ տիկերը կարելի կ՛ըլլար տեղափոխել ձիով, էշով, նոյնիսկ` ձեռքերով:

Նշենք, որ տիկի նմուշներ ներկայիս ցուցադրուած են Կոտայքի Երկրագիտական թանգարանին եւ Wine History Museum of Armenia-ի ցուցասրահին մէջ:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող`
Ճերմակ Քացախը

Քիմիական թունաւոր նիւթերէ զերծ ճերմակ քացախը հրաշք միջոց է տան մաքրութեան համար: Անիկա նոյնքան ազդու է, որքան` շուկան վաճառուող մաքրութեան դեղերը:

– Ճերմակ քացախը կիրը լուծելու, քակելու յատկութիւն ունի, զայն կարելի է օգտագործել արդուկներուն կիր կապած ծակտիկները մաքրելու եւ տան ծորակները փայլեցնելու համար:
– Ճերմակ քացախը գէշ հոտերը չէզոքացնելու յատկութիւն ունի. զայն կարելի է օգտագործել մանրալիքը, սառնարանը, լուացքի մեքենան կամ աղբին դոյլը հոտազերծելու համար:
– Ճերմակ քացախը նաեւ մանրէասպան է. զայն կարելի է օգտագործել խոհանոցին աշխատանքի քարը (եթէ մարմարեայ չէ), լուացարանը, մանրելու տախտակը հականեխելու համար:
– Ճերմակ քացախը հիանալի միջոց է կանաչեղէնները, պտուղներն ու բանջարեղէնները լուալու եւ հականեխելու համար:
– Ճերմակ քացախով կարելի է մաքրել սալայատակը, տան ապակիներն ու հայելիները:
– Ճերմակ քացախը նաեւ իւղազերծող է, հետեւաբար գործնական միջոց մը` կաթսաներն ու տապակները մաքրելու համար:
– Ճերմակ քացախը փայլք եւ փափկութիւն կու տայ մազերուն եւ ազդու միջոց է ոջիլները հեռացնելու:
– Ճերմակ քացախով կարելի է հականեխել մժեղի, մրջիւնի եւ այլ միջատներու խայթուածքները:

Զգուշացում

Ա.- Ճերմակ քացախ օգտագործելու պարագային զայն միշտ լուծել ջուրով:
Բ.- Երբեք ճերմակ քացախին «Օ տը ժաւէլ» չխառնել, այլապէս անդառնալի վնասներ կրնայ պատճառել շնչառական գործարաններուն:
Գ.- Ճերմակ քացախը նաեւ կը վնասէ` մարմարին, կրանիթին, փայտին եւ այլն:
Դ.- Բնական քարերը նոյնպէս կրնան ազդուիլ ճերմակ քացախէն. հետեւաբար քարով զարդեղէնները երբեք չմաքրել քացախի խառնուրդով:
Ե.- Ելեկտրոնային սարքերու (բջիջային, հեռատեսիլ, լեփ թոփ…) մակերեսները նոյնպէս կրնան վնասուիլ ճերմակ քացախէն:
Զ.- Վերջապէս, նուրբ գործուածքները, մետաքսը, սաթենը հեռու պահել ճերմակ քացախէն:

2026-ի Ձմեռնային
Նորաձեւութեան Միտումները

Փարիզէն մինչեւ Միլանօ եւ Նիւ Եորք աշխարհի մեծագոյն ոճաբաններն ու նորաձեւութեան տուները արդէն իսկ ամիսներ առաջ վճռեցին 2025-2026 աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան գլխաւոր միտումները, որոնք կը համատեղեն անցեալի կարօտախտն ու ապագայի համարձակութիւնը: Ահա թէ ի՛նչ կ՛առաջարկեն աշխարհի մեծագոյն ոճաբանները,

– Շքեղ վերարկուները եղանակի աստղերն են:

«shearling» բաճկոնները, ծաւալուն օձիքները, ազատ կտրուածքները եւ արհեստական մուշտակը կնոջ պիտի հաղորդեն վայելչութիւն, բայց նաեւ պիտի տան շարժումի ազատութիւն եւ յարմարաւէտ նրբագեղութիւն:

– Ժապաւէն հանգոյցներ եւ մարգարտեայ աքսեսուարներ կ՛առաջարկէ Շանել նորաձեւութեան տունը:

– Բարձր օձիքներ, երկար եւ վարէն լայն կիսաշրջազգեստներ ու ծաւալուն զարդասեղներ կ՛առաջարկեն Քարոլինա Հերերան եւ Սփորթմաքսը:

– Ծալքերով եւ բազմաշերտ կտրուածքով հագուստներ, կիսաշրջազգեստներ ու տաբատներ կ՛առաջարկեն Տոլչէ էնտ Կապանա եւ Փրատա:

– Կոնքին շուրջ փաթթուող էշարփներ կ՛առաջարկեն Միու Միուն եւ Քլոէն:

– Ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ ձմրան նորաձեւ գոյներուն, մոխրագոյնը, պիստակի կանաչը, գինեգոյնի բոլոր երանգները, մեղեսկիի մանիշակագոյնը, փայլուն մետաղական գոյները նորաձեւ են ու պիտի կոտրեն ձմրան միապաղաղութիւնը:

– Աքսեսուարներու կապակցութեամբ, նորաձեւ են մէջքը կամ կոնքը զարդարող տարբեր չափի գօտիները, որոնք կարելի է նաեւ զոյգ կրել: «Doctor Bag» մեծ պայուսակները կրկին նորաոճ են, իսկ սրածայր քիթով նրբագեղ, բարձրակրունկ կօշիկները, ինչպէս նաեւ պալըրին կօշիկները կը մնան միշտ նորաձեւ: Վերադարձած են նաեւ երկարավիզ եւ ծունկէն վեր բարձրացող մոյկերը, որոնք կարելի է կրել շորթերու, լեկինկներու կամ կարճ կիսաշրջազգեստներու հետ:

Փողկապներ, լայնեզր գլխարկներ, մեծ չափի զարդասեղներ, տանթել կամ խայտաբղէտ քոլաններ պիտի ամբողջացնեն վայելուչ կնոջ կերպարը:

– Վերջապէս կտորներու գծով` թաւիշը, արհեստական մուշտակը, բուրդը, կաշին, տանթելը, սաթէնն ու մետաքսը օգտագործուած են ցերեկային թէ գիշերային հագուստներուն որակ եւ հմայք տալու համար:

Խոհագիր

Կուաքամոլէ`
Մեքսիքական Թաթխան

Բաղադրիչներ

– 2 միջակ, հասած աւոքատօ
– 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 պզտիկ լոլիկ` միջուկը հանուած եւ մանրուած
– 1/4 գաւաթ մանրուած կարմիր սոխ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած գինձ
– 1 ապուրի դգալ մանրուած «jalapeno» (կծու կանաչ պղպեղ)
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1/2 թէյի դգալ աղ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ պատառաքաղով ճզմել հասուն աւոքատոները` առանց խիւսի վերածելու: Յաջորդաբար աւելցնել` կիտրոնի հիւթը, մանրուած սոխն ու լոլիկը, ճզմուած սխտորը, գինձն ու jalapeno-ն:

Խառնուրդը փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ զարդարել թորթիյա չիփսերով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Ձմեռների դէմ միշտ դալա՛ր մնաս
Ու պայքարներում մնաս յաղթակա՜ն,
Բռունցքդ չարին լինի պատուհաս,
Եւ զաւակներիդ համար հեռաւոր
Դու լայնաբաց գիրկ դառնաս մայրական
Եւ հեռուներից երգես մեզ օրօր`
Հէյ ջա՜ն Երեւան…
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Օրերդ անցնին ծափով ու երգով,
Օրօրոցներիդ վերեւ ապագան
Լինի գարնանային մեղմ ու անուշ հով.
Քրտինքդ հողիդ օրհնութիւն դառնայ,
Հողդ ոսոխիդ դառնայ գերեզման,
Ու վիշտը սրտէդ ընդմիշտ բացակայ`
Հէյ ջա՜ն Երեւան…
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Դրօշդ ձեռքիդ միշտ ամուր բռնես,
Մեծ երազը մեր անվթար պահես,
Ալիքն անցեալին զօդող կապ լինես,
Լոյսի ակերից անյագուրդ ըմպես,
Նայուածքիդ հուրով չարքերը վանես
Եւ հողմերի դէմ անխորտակ կանգնես`
Հէյ ջա՜ն Երեւան:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Երեւանը դարձաւ 2807 տարեկան:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (15 Հոկտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Քանդակի Մը Պատմութիւնը.  «Գրքասէրը»
Կնոջական

Քանդակի Մը Պատմութիւնը. «Գրքասէրը»

Հոկտեմբեր 2, 2025
Մեծեր Ծնած Մեծերը.  Սանամ Մկրտչեան
Կնոջական

Մեծեր Ծնած Մեծերը. Սանամ Մկրտչեան

Սեպտեմբեր 25, 2025
Մեծեր Ծնած Մեծերը.  Ղումաշ Խաչատրեան
Կնոջական

Մեծեր Ծնած Մեծերը. Ղումաշ Խաչատրեան

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?