Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) դարձած է գրեթէ անխուսափելի ընկերակից մը: Մենք անոր կը դիմենք` մեր դասերուն համար, մեր գործերուն, հարցումներու պատասխաններ գտնելու, կամ մեզի օգնելու` կազմելու տարբեր ծրագիրներ, աշխատանքներու... երբեմն ասիկա կը պատահի առանց մեր գիտակցութեան նաեւ: Վստահաբար պատահած է, որ դուն բերանացի հարցում մը ուղղես կամ հաղորդակցիս բջիջային հեռաձայնիդ կամ հակարգիչիդ հետ: Այս պարագային դուն խօսած պիտի...




















