Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Չինաստանի մէջ մարդամեքենաներ ստեղծողներ ուզած են լուսարձակի տակ բերել իրենց նոր գիւտերը: Հետեւաբար անոնք կազմակերպած են կէս մարաթոն մը` իրենց մարդամեքենաներուն եւ մարդոց համար: Ասիկա աշխարհի մեքենաներու եւ մարդոց մասնակցութեամբ վազքի առաջին մրցումն էր. անիկա տեղի ունեցաւ 19 ապրիլին, Ք-թաուն (Ե. քաղաք) Փեքինի թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուին արհեստագիտութեան բազմաթիւ ընկերութիւններ:
* * *
Օրէնքները խիստ էին: Միայն 2 ոտքերու վրայ յառաջացող մարդամեքենաները իրաւունք ունէին մասնակցելու` մրցումէն դուրս ձգելով անիւներով յառաջացող մեքենաները: Անոնք անկախ շարժող կամ հեռուէն անձի մը կողմէ կառավարուող մարդամեքենաներ կրնային ըլլալ, եւ կարելի էր մրցումին ընթացքին զանոնք կանգնեցնել` անոնց պաթըրիները լեցնելու կամ փոխելու համար… Քանի մը վայրկեանուան տուգանք ստանալով: Մարդամեքենաները կը վազէին մարդոց հետ, սակայն` տարբեր ճամբու մը վրայ, որ պահպանուած էր արկածներէն խուսափելու համար:
* * *
Չինաստանի տարբեր շրջաններէ եկած գիտնականներու 21 խումբեր մարդամեքենայ մը արձանագրած էին 12 հազար մարդ արարած մարզիկներու դէմ… եւ` բազմաթիւ հետաքրքիր հանդիսատեսներու առջեւ: Այս մրցումը անոնց կարելիութիւնը տուաւ փորձելու իրենց մեքենաներուն տոկունութիւնը, անոնց պաթըրիները, մեքենան, անոնց փրոկրամները, կարողութիւնները, ինչպէս` հաւասարակշռութիւնը եւ դիմացկունութիւնը… իբրեւ ապագայի հեռանկար ունենալով զանոնք մեծ թիւով արտադրելու եւ ծախելու համար:
* * *
Սակայն ո՞վ յաղթեց այս մրցումին: Մարդամեքենաները մեծ դժուարութիւններ ունեցան, բազմաթիւ մեքենաներ մրցումը լքեցին, ուրիշներ ինկան մրցումին ընթացքին… Անոնցմէ միայն 4-ը մրցումը աւարտեց պարտադիր 4 ժամերու սահմաններուն մէջ: Անոնց մէջ ամէնէն զօրաւորը եղաւ Թիակոնկ Ալթրա: Ան նաեւ ամէնէն մեծն էր իր 1,80 մեթր հասակով: Շնորհիւ իր մեծ քայլերուն` ան կրնար յառաջանալ ժամական մինչեւ 12 քմ արագութեամբ (կարգ մը մարզիկներուն արագութիւնը): Ան մէկ անգամ միայն ինկաւ, սակայն ան վերջնագիծը անցաւ 2 ժամ եւ 40 վայրկեանէն: Անշուշտ մարդ արարած մարզիկ մըն է, որ շահեցաւ այս կէս մարաթոնը` մրցումը աւարտելով 1 ժամ եւ 2 վայրկեանէն:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Անգլիական Կայսրութիւնը Պատմութեան
Ամէնէն Ընդարձակ Կայսրութիւնը Եղած Է
Ճիշդ է, որ Անգլիական կայսրութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի, սակայն 1920-ական թուականներուն ան կը տարածուէր աշխարհի բնակչութեան 23 առ հարիւրին եւ աւելի քան 35,5 միլիոն քառակուսի քմ-ի վրայ, այսինքն` երկրագունդի մօտաւորապէս մէկ քառորդ տարածքին վրայ:
30 Մայիս 1873,
«Ճինզ» Տաբատին Տարեդարձը
Ըստ Լեւի Սթրոս եւ ընկ. հաստատութեան, այս թուականին էր, որ Լեւի Սթրոս եւ Ճէյքոպ Տէյվիս` մեզի ծանօթ Լիվայ՛ս ճինզ տաբատը հնարողները, ստացան արտօնագիր մը, որուն հիմամբ անոնք կրնային իրենց տաբատին գրպաններուն ծայրը մետաղեայ «գամ» մը աւելցնելու: Այս տաբատները ուղղուած էին յատկապէս աշխատաւորներուն, եւ անոնք կը կոչուէին «օվըրօլզ», մինչեւ 1960 թուականները: Այդ թուականէն ետք է, որ ճանչցուեցաւ պարզապէս «ճինզ» անունով:
Ֆիլիփփինները Կազմուած Են
7641 Կղզիներէ
Ֆիլիփփինները կոչուած երկիրը արշիպեղագոս մըն է, որ կազմուած է 7641 կղզիներէ: Այս մեծ թիւով կղզիներուն վրայ կու գան նաեւ աւելնալու հազարաւոր փոքրիկ ցամաքաշերտեր եւ աւազակոյտեր, որոնք կը յայտնուին, երբ ովկիանոսին մէջ տեղատուութիւն ունենայ:
Աշխարհի Առաջին Վէպին Աւարտը
Կորսուած Է
«Տը թէյլ օֆ Կենճի» գրուած է 11-րդ դարուն, Մուրասաքի Շիքիպուի կողմէ: Ան կը համարուի աշխարհի առաջին վէպը: Սակայն փոխազդեցիկ կերպով գրուած 54 գլուխներէ ետք, պատմութիւնը յանկարծ կը կենայ, այնպէս մը, կարծէք թէ անոր գրութիւնը չէ աւարտած:
Անոր թարգմանիչներէն մէկը կ՛ենթադրէ, թէ գրութիւնը այդ վիճակին մէջ արդէն ամբողջական է, սակայն ուրիշներ կը հաստատեն, որ վէպէն քանի մը էջեր կը պակսին:
Ժամանց
Կրնա՞ս անզոյգ թիւերը իրարու միացնել` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել վարի տարբեր ձեւերուն ճիշդ տեղը`
ամբողջացնելու համար ձուկին պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները: