Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Ստեղծուեցաւ Երկիրը

Մայիս 24, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Աշխարհի վրայ առաջին մարդ արարածները շատ մեծ թիւով չէին: Անոնք կ՛ապրէին որսորդութեամբ, ձկնորսութեամբ, պտուղներ քաղելով: Անոնք թափառաշրջիկ էին, անդադար կը տեղափոխուէին` ըստ եղանակին կամ իրենց շուրջ գտնուած ուտելիքներուն:

Ապա կարգ մը մարդիկ սկսան իրենց ուտելիքները արտադրել, եւ ասիկա ամէն ինչ փոխեց մարդկութեան համար: Անոնք սկսան տուներ շինել իրենց մշակած հողերուն մօտ: Այս ձեւով յայտնուեցան յատուկ տեղի մը կապուած պզտիկ գիւղերը:

Դարերու ընթացքին կարգ մը գիւղեր մեծցան, եւ առաջին քաղաքները ծնան: Ապա դարձեալ ժամանակ անցաւ: Աշխարհի վրայ մարդոց թիւը սկսաւ պարբերաբար աճիլ, եւ անոնք սկսան տարբեր տեղեր հաստատուիլ:

Կարգ մը մարդիկ սկսան իշխել ուրիշ մարդոց վրայ: Անոնք սկսան յաճախ երազել` դառնալ աւելի հզօր, կամ դրացի ժողովուրդի մը հարստութիւնը ունենալ: Այս ձեւով սկսան իրարու վրայ յարձակումները: Կազմուեցան բանակներ:

* * *

Կը ծնին հսկայական կայսրութիւններ` Հին Եգիպտոսը, Հռոմէական կայսրութիւնը, սակայն նաեւ` Չինաստանն ու իսլամ-արաբական աշխարհը, որոնք ընդարձակ հողամասեր գրաւեցին: Թագաւորութիւններ կազմուեցան:

Օր մը եւրոպացիները կ՛որոշեն նուաճել հեռաւոր տարածքներ` Ամերիկայի, Ափրիկէի, Ասիոյ մէջ: Շնորհիւ նաւարկութեան մեծ յառաջդիմութիւններուն` հեռաւոր ճամբորդութիւնները կարելի էին այսուհետեւ: Մարդիկ սկսան նաեւ գծել միշտ աւելի ճշգրիտ քարտէսներ:

Եւրոպացիները իրարու մէջ բաժնուեցան այս հեռաւոր տարածքները` անոնց հարստութիւններէն օգտուելու համար, եւ գծեցին սահմաններ: Այս տարածքները դարձան գաղութներ: Քանի մը տասնեակ տարիներ ետք այս տարածքներու բնակիչները իրենց անկախութիւնը կը հռչակեն եւ ազատ պետութիւններ կը դառնան:

* * *

Սահմանները կը սկսին գծուիլ, հաստատուիլ: Սակայն ոչինչ վերջնական է: Տակաւին պետութիւններ կրնան ծնիլ, կորսուիլ կամ սահմանները փոխել:

Ինչպէ՞ս կրնայ պետութիւն մը ծնիլ

– Պետութիւն մը կրնայ բաժնուիլ տարբեր մասերու, ինչպէս եղաւ պարագան Խորհրդային Միութեան, Չեխոսլովաքիոյ: Այս երկիրները վերացան մօտաւորապէս 30 տարիներ առաջ:

– Կարգ մը պետութիւններ կրնան միանալ կամ վերամիանալ: Արեւմտեան Գերմանիան եւ Արեւելեան Գերմանիան վերամիացան 35 տարիներ առաջ` վերակազմելու համար ներկայի Գերմանիան:

– Ժողովուրդ մը կրնայ պահանջել եւ ստանալ իր անկախութիւնը, ինքն իր որոշումները կայացնելու իրաւունքը: Ասիկա պատահեցաւ, օրինակի համար, Սենեկալի պարագային, Հարաւային Ափրիկէի, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն, Ալճերիոյ: Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ այլն:

* * *

Իսկ ինչ կը վերաբերի սահմաններուն, անոնք կրնան գծուիլ ըստ աշխարհագրութեան (լեռ մը, գետ մը, կամ ծովը կրնան իբրեւ բնական սահման ծառայել): Սակայն ընդհանրապէս սահմանները արդիւնքն են քաղաքական բանակցութիւններու կամ պատմական դէպքերու, յաճախ` բախումներու կամ պատերազմներու: Եւ դժբախտաբար ասիկա տակաւին մինչեւ այսօր կը շարունակուի…

Երկիրներու Մասին

 Սէյնթ Լուսիա` Կնոջ Մը
Անունով Միակ Երկիրը

Գիտէի՞ր, թէ Սէյնթ Լուսիա միակ երկիրն է, որ կը կրէ կնոջ մը անունը: Այս կղզին անդադար բնակուած եղած է նուազագոյնը ՔԵ 200 թուականներէն ի վեր: Սակայն եւրոպացիները զայն գտած են 16-րդ դարուն:

Ըստ առասպելին, ֆրանսացի նաւաստիներու նաւը հոն ընկղմեցաւ 13 դեկտեմբեր 1502-ին: Եւ որովհետեւ 13 դեկտեմբերը Սրբուհի Լուսիայի անուան օրն է, անոնք կղզին կոչեցին Սէյնթ Լուսիա` անոր ի պատիւ

Սկովտիոյ Ազգային Անասունը
Միաեղջիւր Ձին Է

Միաեղջիւր ձին կը խորհրդանշէ հոգիի մաքրութիւն եւ հզօրութիւն: Ան ներկայ եղած է տարբեր մշակոյթներու մէջ` մինչեւ դարերէն ի վեր, անոնց մէջ ըլլալով կելտական աւանդութիւնները:

1500-ական թուականներու կէսերուն միաեղջերու ձին մուտք կը գործէ Սկովտիոյ թագաւորական զինանշանին պատկերին մէջ, ուր ան կը ներկայացուի իբրեւ Անգլիոյ ազգային անասունին` առիւծին բնական թշնամին:

Իսկ 1707-էն սկսեալ, երբ Անգլիա եւ Սկովտիա կը միանան, Միացեալ թագաւորութեան թագաւորական զինանշանը կ՛ընդգրկէ միաեղջիւր մը եւ առիւծ մը` խորհրդանշելով երկու երկիրներուն միջեւ միութիւնը:

Լոս Անճելըսի Իսկական Անունն Է…

… «Էլ Փուեպլօ տէ նուեսթրա Սենիորա Լա Ռէյնա տէ Լոս Անճելես տէ Փորսիունքուլա»:

Սպանացիներն էին, որոնք հիմնեցին այս քաղաքը, որ այժ ճանչցուած է Լոս Անճելըս անունով,1769 թուականին: Իսկ 1781-ին 44 գաղթական նորաբնակիչներու ուրիշ խումբ մը այս քաղաքը կ՛իւրացնեն:

Սպանացի նահանգապետը քաղաքը կ՛անուանէ էլ Փուեպլօ տը Նուեսթրա Սենիորա տը լա Ռէյնա տը Լոս Անժելես տէ Փորսիունքուլա, այսինքն` «Մեր տիկին Թագուհի Փորսինքուալայի հրեշտակներուն քաղաքը»:

Եւ որովհետեւ այս անունը շատ երկար է, ան կրճատուեցաւ, մինչեւ որ վերջապէս դարձաւ Լոս Անճելըս:

Իսկ այժմ ան ճանչցուած է պարզապէս «Տի Անճըլզ» անունով:

Ժամանց

Զոյգ Թիւերը Իրարու Միացուր Յայտնաբերելու Համար Պահուած Պատկերը:
Կրնա՞ս Գտնել Ելքի Ճամբան:
Կրնա՞ս Գտնել Երկու Պատկերներուն Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս Գտնել Պատկերին Մէջ Պահուած Առարկաները:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Անի Չպլաքեանի Յիշատակին. Կենսունակ Եւ Դրական Անին

RelatedPosts

«Հովանոց Ծառեր» Սոքոթրա Կղզիին Վրայ
Մանկապատանեկան

«Հովանոց Ծառեր» Սոքոթրա Կղզիին Վրայ

Յունիս 14, 2025
Ինչո՞ւ Պէտք Է Մեղուները Պահպանենք
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Պէտք Է Մեղուները Պահպանենք

Մայիս 31, 2025
Չինաստանի Մէջ` Մարդամեքենաներու Վազքի Մրցում
Մանկապատանեկան

Չինաստանի Մէջ` Մարդամեքենաներու Վազքի Մրցում

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?